Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

600 Հիւրերու Մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Յաղթանակի Պարահանդէս

July 11, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան 600 հիւրերու ներկայութեամբ կայացաւ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերու Յաղթանակի հեղինակաւոր պարահանդէսը, շաբաթ, 29 յունիսի երեկոյեան, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի  Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ներկայացուցիչներ, աջակիցներ, նուիրատուներ, մասնաճիւղերի ներկայացուցիչներ, նուիրեալ կամաւորներ, սկաուտներ եւ մարզիկներ, որոնք եկած էին Արեւմտեան շրջանի բոլոր մասնաճիւղերէն:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան մեծարումներ, եւ ելոյթներ ունեցան այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պեքերեան, ինչպէս նաեւ` այս տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ, ազգային բարերար Մայք եւ Եւելինա Սարեանները:

Նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցան մարզախաղերուն յաջող իրականացման մէջ մեծ դեր ունեցած ծնողներուն, կամաւորներուն եւ մասնաճիւղերուն նուիրեալ աշխատանքները:

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան կատարեց բացման աղօթքը եւ դրուատեց աշխարհատարած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ազգային, սկաուտական եւ մարմնակրթական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանին մէջ գործող միաւորին աշխատանքները, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Նաւասարդեան խաղերը, որոնք ամէնամեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան` շարունակելով աւանդութիւնը, ըսաւ ան եւ սրտագին շնորհաւորեց` 47-րդ տարուան խաղերուն բոլոր մասնակցողները, պատասխանատուները, ծնողները, կամաւոր աշխատողները, բարերարները եւ համայնքի զաւակները իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

«Յաղթանակի պարահանդէս» բառակապակցութիւնը սոսկ զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ, որովհետեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿ-ը հիմնական յատկանիշը եւ էատարրն է այս պատուաբեր միութեան` իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Մէկ խօսքով, յաղթանակը հիմքն է ՀՄԸՄ-ի էութեան, դաւանած կարգախօսին եւ համահայկական գործունէութեան», դիտել տուաւ առաջնորդը եւ յատկապէս ա՛յս առումով գնահատեց Նաւասարդեան 47-րդ խաղերու նախագահ Մայք եւ Եւելինա Սարեան զոյգը` Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի բարեզարդման ծրագիրներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար, ապա իր ուրախութիւնը արտայայտեց այս տարեշրջանի «Տիպար ՀՄԸՄ»-ական տիտղոսին արժանացած Արամ Պեքերեանին եւ սրահը լեցուցած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն ու աջակիցներուն մաղթեց անսպառ առողջութիւն, որպէսզի շարունակեն իրենց նիւթական եւ բարոյական անսակարկ ներդրումը բերել` վասն Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ազգային, եկեղեցական եւ միութենական ծրագիրներու յաջողութեան:

Նախորդը

Պլինքըն. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Շատ Մօտ Են Հասնելու Վերջնական Համաձայնութեան»

Յաջորդը

Վկայութիւն. «Դո՞ւք Էլ Եկած Էք Փրկելու»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.