Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ղնեմիէ Հայկական Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Ուխտի Օր
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս 24 օգոստոսին նշուեցաւ Ղնեմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տօնը, որ միշտ կը յիշատակուի Աստուածամօր Վերափոխման տօնին յաջորդող շաբաթ օրը:
Նախքան պատարագը, սրբազան հայրը հայ եկեղեցւոյ կանոնակարգին եւ ծէսին համաձայն, օրհնեց եւ օծեց եկեղեցւոյ նոր զանգը, որ նուիրուեցաւ սրբազան հօր եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ: Օծումէն անմիջապէս ետք նորօծ զանգը զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ զանգակատան մէջ եւ առաջին անգամ հնչեց «Խորհուրդ խորին» երգեցողութեամբ:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցեց սուրբ պատարագ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըլլալ Աբրահամի զաւակներ եւ ժառանգորդ` Աստուծոյ խոստումներուն, աւելցնելով, որ Աբրահամի սերունդ եւ Աստուծոյ ժառանգորդ կարելի է ըլլալ ապաշխարութեամբ եւ Աբրահամի ցուցաբերած հաւատքը արտայայտելով, նաեւ ինքնագիտակցութեամբ եւ ամենակարեւորը` ճանչնալով Աստուծոյ կամքը, լսելով Տիրոջ ձայնը Աստուածաշունչին ընդմէջէն` զայն կարդալով ու սերտելով, աղօթքի նուիրուելով եւ քալելով այն նեղ ճամբայէն, ուրկէ Տէր Յիսուս քալեց:
Նոյնպէս, սրբազանը օրինակ բերաւ Ս. Գէորգ զօրավարին կեանքը, որուն ընթացքին սուրբը անտեսեց ամէն փառք, հարստութիւն եւ աշխարհիկ ուժեր` ի սէր Քրիստոսի եւ Անոր ուսուցումներուն, որոնք մարդը կը կերպարանափոխեն` վերածելով այնպիսի մարդու, որ Տէրը կ՛ուզէ տեսնել, եւ որ` Տէրը ստեղծած է իր պատկերով ու նմանութեամբ:
Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն սրբագրել անձնական սխալներն ու տկարութիւնները, զօրանալ Տիրոջ հետեւելով եւ Անոր կամքը կատարել:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեանը` իր անսակարկ ծառայութեան համար: Նոյնպէս, ան շնորհաւորեց ու բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որոնք մեծ բծախնդրութեամբ կը պահեն ու կը պահպանեն իրենց գիւղը, եկեղեցին եւ տեղւոյն աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:
Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան, իր կարգին, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ սրբազանին` անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք: Ապա մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:
ՀՄԸՄ–ի Հալէպ–ի Մասնաճիւղի «Վարդան Բախշեան» Բանակում
12-18 օգոստոսին Քեսապի Էքիզոլուք շրջանի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի «Վարդան Բախշեան» տարեկան բանակումը` մասնակցութեամբ 145 սկաուտներու, որոնք բաժնուեցան ութ խումբերու, որոնք կը կրէին անունները ՀՄԸՄ-ական նահատակներու` Յակոբ Աստարճեանի, Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի, Էրիկ Գալստեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Գէորգ Հաճեանի, Վիգէն Զաքարեանի եւ Արտակ Իշխանեանի:
Բանակումը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, տեսական եւ գործնական օգտաշատ գիտելիքներով: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր` դասախօսութիւններ, զրոյցներ, ձեռային աշխատանք, երգերու ու կանչերու ուսուցում, խաղեր, ինչպէս նաեւ` խմբային աշխատանք, մարզանք քայլարշաւ, խրախճանք եւ ծովագնացութիւն: Բանակողներուն կը յատկացուէր նաեւ ազատ ժամ` Քեսապի հրապարակը:
16 օգոստոսին բանակավայր այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան` ընկերակցութեամբ Քեսապի հովիւ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի, Հալէպէն Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի եւ Արմէն աբղ. Գալաճեանի, նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Սուրիոյ Շրջանային սկաուտ խորհուրդին եւ վարչութեան անդամներուն:
Սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կողմէ: Բանակող սկաուտները, փողերախումբին ընկերակցութեամբ, տողանցեցին բանակավայրէն ներս, ապա խմբովին երգեցին բանակումին անունը կրող Վարդան Բախշեանի յիշատակին նուիրուած երգը:
Մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդի լիազօր Թալին Յովհաննէսեան-Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ հրաւիրեց զայն իր սրտի խօսքը արտասանելու:
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական իր ուսին պարտք ունի հայը հայ պահելու առաքելութիւնը` մեր մայրենի լեզուն օգտագործելով, հայրենիքին ծառայելու միջոցներ որոնելով եւ մեր անմահ հերոսներուն յիշատակը վառ պահելով: Սրբազանը գնահատեց պատասխանատուները եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ բանակող քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
17 օգոստոսին սկաուտները, շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, մասնակցեցան մատաղօրհնէքին` Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ:
18 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, սկաուտները մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած աւանդական տողանցքին:
Նոյն օրը երեկոյեան Քեսապի բանակավայրէն ներս տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, որուն ընթացքին հայերէնով բացման խօսք արտասանեց «Վարդան Բախշեան» բանակումի փոխպատասխանատու, փոխխմբապետ Աքելա Հրակ Փայասեան, իսկ արաբերէն խօսքը` խմբապետուհի Մարիա Չաղլասեան: Այնուհետեւ ներկայացուեցան բանակումի խմբակներուն անունները կրող ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն կենսագրականները, ինչպէս նաեւ` Վարդան Բախշեանի կենսագրութիւնը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, իսկ փունջ մը ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգչուհի Լորի Կիւլումեան:
Սկաուտ խորհուրդի լիազօր Թալին Յովհաննէսեան-Արոյեան ներկայացուց բանակումի եօթնօրեայ աշխատանքը: Այնուհետեւ խմբապետ Կարօ Տիշչեքենեան հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ իր ձեռամբ կատարէ Բ. կարգի վկայականի տուչութիւնը:
Խարուկահանդէսի աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաներուն Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնը, ապա յորդորեց յարգել մեր նահատակներուն պատգամը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել զայն:
Միացեալ Նահանգներ
Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները
20 օգոստոսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն` գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:
Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը գովեստով արտայայտուեցաւ մարդկային կեանքի փրկութեան ժամանակակից միջոցներէն` ոսկրածուծի պատուաստումով ծանր հիւանդներ բուժելու ուղղութեամբ ժրաջան աշխատանքի լծուած հայկական այս հիմնարկին գործունէութեան մասին եւ վերահաստատեց Ազգային առաջնորդարանին զօրակցութիւնը հիմնարկի ծրագիրներուն: Տոքթ. Ճորտըն վարչութեան անունով շնորհաւորեց սրբազան հօր առաջնորդ ընտրութիւնը, ներկայացուց հիմնարկին 25-ամեայ գործունէութեան արձանագրած նուաճումները ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ` մարդկութեան մեծ ընտանիքի բժշկագիտական կեանքին մէջ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տուաւ հիմնարկի ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին: Ապա, յանուն վարչութեան, ան խնդրամատոյց եղաւ առաջնորդ սրբազանին` իր ներկայութեամբ պատուելու հիմնարկին 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:
Սրբազանը շնորհաւորեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի քառորդ դարու երթը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր աշխատանքներուն, գնահատեց անձնուէր վարչութիւնը եւ նախագահը, որոնք անվճար կը շարունակեն գիտական արդի ձեւերով փրկել մարդկային կեանքեր, հայրաբար յաջողութիւն մաղթեց հիմնարկին եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց այցելուներուն:
Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայութիւնը Մեծարեց Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոն
22 օգոստոսին Հայ դատի Սան Կապրիէլ Հովիտի մասնաճիւղը հիւրընկալեց մեծարումի հաւաք մը` ի պատիւ հայութեան իրաւանց ջատագով քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոյի:
Հաւաքը կազմակերպուած էր նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ քոնկրեսականին առաւել քան 35-ամեայ քաղաքական կեանքը կը մօտենայ իր աւարտին, եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն ու Հայ դատի Սան Կապրիէլ Հովիտի մասնաճիւղը կը փափաքին պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնել` յատկապէս ամերիկահայութեան Նափոլիթանոյին ընծայած սպասարկութիւններուն համար:
Հայ դատի Սան Կապրիէլ Հովիտի մասնաճիւղին եւ Կրէյս Նափոլիթանոյի միջեւ յարաբերութիւնները հաստատուած էին նախքան անոր քոնկրեսական առաջին ընտրապայքարը:
Իրենց ելոյթներուն ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան եւ երկար տարիներու Հայ դատի գործիչ Լեւոն Կիրակոսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցին 1990-ականներուն սկսած այդ յարաբերութիւններուն մասին:
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճեք Հաճինեան այս առիթով «Գնահատանքի մրցանակ» մը յանձնեց քոնկրեսականին` յիշեցնելով, որ Նափոլիթանոյի հետ իր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 1998-ին, երբ ան Քոնկրեսի թեկնածու էր: Ան աւելցուց, որ Նափոլիթանօ իր քաղաքական կեանքին կարեւոր խորհրդականներէն մէկը եղած է եւ երախտագիտութիւն յայտնեց հայութեան ցուցաբերած անոր նեցուկին համար:
Իր քաղաքական ամբողջ կեանքին ընթացքին, Նափոլիթանօ շարունակաբար A+ վարկանիշը ստացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:
Դոկտ. Դաւիթ Զաքարեան Նշանակուեցաւ Ֆրեզնոյի Հայագիտականի Դասախօս
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրը կը տեղեկացնէ, որ դոկտ. Դաւիթ Զաքարեան նշանակուեցաւ Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեաններու անուան հայագիտական ուսմանց դասախօսի պաշտօնին:
Դոկտ. Զաքարեան նախապէս կը դասաւանդէր Օքսֆորտ համալսարանի ասիական եւ միջինարեւելեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ: Ան դոկտորի իր կոչումը ստացած է Օքսֆորտ համալսարանէն:
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց դոկտ. Դաւիթ Զաքարեանին` վստահութիւն յայտնելով, որ ան կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ հայագիտականին շարունակուող յաջողութիւններուն մէջ:
Արաքսիա Կարապետեան Հայ Դատի Ձեռնարկին Ընթացքին Պիտի Յանձնէ Սթիւ Արթինեանի Անուան Մրցանակը
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին հռչակաւոր հաղորդավար եւ լրագրող Արաքսիա Կարապետեան ընտրեալ մեծարեալներուն պիտի յանձնէ Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով գործիչ» մրցանակը, որ կը յատկացուի Հայ դատը ջատագովելու գործին մէջ արտակարգ ծառայութիւններ մատուցած գործիչներուն:
Արաքսիա Կարապետեան 2019-ին հանդիսացած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատին կողմէ մեծարեալներէն մէկը, երբ ստացած էր «Լրատուական մարզին մէջ գերազանցութիւն» մրցանակը, հայութեան եւ յատկապէս ամերիկահայութեան մատուցած իր ծառայութիւններուն համար; Ան նաեւ ստանձնած էր հանդիսավարի պաշտօնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կրթական յանձնախումբին 2023-ի մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան յայտնեց, որ իրենց համար պատիւ է «Էմի» մրցանակին արժանացած Արաքսիա Կարապետեանի մասնակցութիւնը իրենց տարեկան ձեռնարկին դրուատելով ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով անոր առած քայլերը: Իր կարգին, Արաքսիա Կարապետեան, որ ներկայիս հաղորդավարն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ֆաքս 11» կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրին, յայտնեց, որ լրագրութիւնը համայնքային կարեւոր սպասարկութիւն մըն է եւ հայութեան փորձառութիւններն ու պայքարները բոլորին հետ կիսելու իր ջանքերը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տան իրեն:
Հայ դատի տարեկան ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ 20 հոկտեմբերին «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, առիթ մը պիտի ըլլայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ` մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ:
Իրան
Գնահատանքի Երեկոյ` Նուիրուած Սպահանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Ամպիոնի Վերջին Տարիներու Շրջանաւարտներուն
Նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Հանրային կապին, 28 յուլիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սպահանի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի շրջանաւարտ հայ ուսանողներու գնահատանքի երեկոն:
Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան արք. Քէչէճեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Թեմական խորհուրդը նախատեսած էր իւրաքանչիւր ուսումնական տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպել նման գնահատանքի երեկոներ, սակայն բոլորին ծանօթ պատճառներով չիրականացաւ: Ան ուրախութեամբ նշեց, որ այդ դժուարութիւնները դիմագրաւելով` կրցան ունենալ նման հաւաքոյթ շեշտելով, որ հայագիտական ամպիոնի շրջանաւարտները իրենց համար կարեւոր նշանակութիւն ունին, որովհետեւ անոնք այս ճիւղը ընտրած են ոչ միայն շահեկան դիտանկիւնէն, այլեւ` որպէս նախասիրութիւն եւ նիւթի կարեւորութիւնը նկատի առնելով:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեան նշելով, որ ժամանակի Թեմական խորհուրդը հայագիտական ամպիոն մուտք գործելու ցանկութիւն ունեցող համայնքի անդամներուն համար դիւրութիւններ ընծայելով անոնց` նիւթապէս օժանդակած է, տեղեկացուց, որ խորհուրդը նոր ծրագիրներ մշակած է հայագիտական ամպիոնը աւելիով աշխուժացնելու եւ մեծ թիւով հայ ուսանողներ ընդունելու համար: Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան շրջանաւարտները, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Թեմական խորհուրդին` հայագիտական ամպիոնի մէջ ուսումը շարունակելու ուղղութեամբ զիրենք քաջալերելու համար, որ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է թէ՛ անձնապէս եւ թէ՛ իրենց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ: Անոնք առաջարկեցին կարելիութեան սահմաններու մէջ հնարաւորութիւն ստեղծել ամպիոնին մէջ մագիստրոսի մակարդակի ուսումը շարունակելու համար:
Աւարտին շրջանաւարտներուն յանձնուեցան գնահատագիրներ եւ նուէրներ:
Յունաստան
Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը Ժամանեց Աթէնք
1 սեպտեմբերին Աթէնք ժամանեց Յունաստանի թեմի նորընտիր առաջնորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան: Հայր սուրբին դիմաւորելու համար օդակայան կը գտնուէին Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեանի, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեանի, կրօնական դասը, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Էմմանուիլ վարդապետը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, Հ.Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիզա Աւագեանը, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յուլիանա Մանուկեանը: Աւելի ուշ Աթէնքի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ շքախումբին միացաւ յունահայոց Թեմական ժողովի ատենապետ Արա Մանկոյեան:
Առաջնորդ հայր սուրբը դիմաւորուեցաւ օդակայանի հիւրասրահին մէջ, ուր արտասանուեցան բարի գալստեան խօսքեր եւ յաջողութեան մաղթանքներ: Հայր սուրբը առիթը ունեցաւ զրուցելու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին հետ եւ ընդգծելու երկու դարաւոր եկեղեցիներու կապերը եւ գործակցութիւնը: Յոյն կղերականը նշեց, որ կը սպասուի նորընտիր առաջնորդին ծանօթացման պաշտօնական այցելութիւնը Աթէնքի արքեպիսկոպոսին:
Յաջորդաբար առաջնորդ հայր սուրբը ուղղուեցաւ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցի ուր կատարուեցաւ կարճ կանոնական աղօթք մը:
Նորընտիր առաջնորդը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ապա` ներկայ ժողովականներուն եւ գաղութի մարմիններուն: Ան նշեց գործակցութեան կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ դրուատեց յունահայ գաղութը:
Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան ծանօթացաւ գաղութի ընդհանուր պատկերին եւ անոր գործունէութեան:
Յայտնենք, որ նորընտիր առաջնորդը իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ կիրակի, 22 սեպտեմբերին, Աթէնքի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: