Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Նիւ Ճըրզիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Շուշանիկ» Ճամբարը
12-16 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարը, որ այս տարի ունեցաւ 65 մասնակիցներ, որոնց ընկերակցեցան 30 հոգինոց անձնակազմ մը: 13 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան այցելեց ճամբար եւ հանդիպում ունեցաւ մասնակիցներուն ու ուսուցիչներուն հետ եւ քաջալերեց տարուող աշխատանքները:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հանդիպումը Համայնքային Ղեկավարներուն Հետ
21 օգոստոսին Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն հիւրընկալեց համայնքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները:
Ներկայ էին ՀՅԴ կոմիտէներու անդամներ, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀԵԴ-ի եւ պատանեկանի վարչութիւններու, Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ:
Հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Թովմասեան, շեշտելով, որ շրջանի հայ կեդրոնները պարզապէս հաւաքավայրեր չեն, այլ հոն գործող կազմակերպութիւններուն եւ անոնց անդամներուն տունը կը հանդիսանան:
Հանդիպումին ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ կարծիքներ փոխանակեցին միջհամայնքային համագործակցութիւնը սերտացնելու գծով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի պատգամին կիզակէտը միասնականութեան ամրապնդումը եւ համագործակցութեան սերտացումն էր: Ան շեշտեց, որ յատկապէս այս փուլին համայնքի բոլոր ուժերը պէտք է համախմբել` առաւելագոյն ճիգով դէմ դնելու համար հայութեան դիմագրաւած այլազան մարտահրաւէրներուն:Ան հաստատեց, որ միայն մեր կարելիութիւններուն ամբողջական եւ միացեալ օգտագործումով կարելի պիտի ըլլայ հայ ազգի արդար իրաւունքները պաշտպանել:
Մատէնլեան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին ամբողջական նեցուկը խոստացաւ ներկայ կազմակերպութիւններուն զանազան նախաձեռնութիւններուն եւ կոչ ըրաւ բոլորին` իրարու աջակցելու, Հայկական հարցին ջատագովումը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար:
Հաւաքին ընթացքին ներկաները վայելեցին «Սթրինկ Հարմոնիզ«-ի կատարումները:
Խաչանովի Մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ–ի «Արարատ»-ի Ձեռնարկին Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Ճամբով 15 Հազար Տոլար Յատկացուեցաւ Արցախցիներուն
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին նախաձեռնած «Արարատ-Խաչանով» ցուցադրական բարեսիրական մրցումին մասնաճիւղի գոյացած հասոյթէն 15 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուցած է հիմնարկութեան, որ իր կարգին գումարը տրամադրած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 12 համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակները հոգալու համար:
Արհեստավարժ թենիսի միջազգային դասաւորման 23-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ մարզիկ Կարէն Խաչանով, որ Անտրէյ Ռուպլեւի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ նշեալ մրցումին, ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ ճամբով կարելի եղած է օգնութեան ձեռք երկարել արցախցի ուսանողներուն` միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան, որոնք յաջողութեամբ պսակեցին այս նախաձեռնութիւնը:
Հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլերեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին, Կարէն Խաչանովին եւ Անտրէյ Ռուպլեւին, որոնք նպաստեցին Արցախի ուսանողներուն աջակցութեան ձեռք երկարելու հիմնարկութեան ջանքերուն:
Արցախի հայաթափումէն ետք հիմնարկութիւնը առաւել քան 100 արցախցի համալսարանական ուսանողներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ մասնագիտացող 50 այլ արցախցի ուսանողներու կրթանպաստներ յատկացուցած է, ինչպէս նաեւ օժանդակած է Արցախէն աշակերտներ ընդունած Արեւադաշտի եւ Վերին Արտաշատի վարժարաններուն: Նաեւ հիմնարկութիւնը գրենական պիտոյքներ նուիրած է աւելի քան 1000 արցախցի աշակերտներու:
Միայն այս կրթական տարեշրջանին, հայ ուսանողներու եւ աշակերտներու 1300 կրթանպաստներ տրամադրած Հայ կրթական հիմնարկութիւնը 1950-էն ի վեր կրթանպաստներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու` Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի տարածքին: Անիկա 2000-էն ի վեր նորոգած է աւելի քան 200 վարժարաններ:
Հայ կրթական հիմնարկութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ անոր գործունէութեան աջակցելու կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել aefweb.org կայքը:
Քանատա
ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային Վարչութեան Բ. Լիագումար Ժողով. ՀՄԸՄ Քանատայի Ընտանիքին Պիտի Միանայ ՀՄԸՄ Օթթաուայի Միաւորը
17 օգոստոսին Քեպեք նահանգին մէջ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը գումարեց 2023-2025 նստաշրջանի իր 2-րդ լիագումար ժողովը` ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քանատայի ներկայացուցիչ Լիոնի Սարմազեանի, որ ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան զեկոյցը, ապա քննարկուեցան շրջանի յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք նախաձեռնութիւնները, մասնաւորաբար` 51-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 29-30 նոյեմբեր եւ 1 դեկտեմբերին, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քէմպրիճ մասնաճիւղին: Օրակարգի վրայ էին Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ մարզախաղերուն նախապատրաստական աշխատանքները, մասնաճիւղերու խմբապետական ժողովները, մարզիչներու խորհրդակցական հանդիպումները, ինչպէս նաեւ` Օթթաուայի միաւորի հիմնադրութեան ծրագիրը:
Յայտնենք, որ 22 սեպտեմբերին շրջանի մասնաճիւղերուն պիտի միանայ ՀՄԸՄ Օթթաուայի միաւորը:
Լիագումարի ընթացքին վարչութիւնը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Քեպեքի մասնաճիւղերու, Մոնրէալի «Կամք» եւ Լաւալի վարչութիւններուն հետ:
Սերգէյ Խաչատրեանի Իզայի Սոնաթներու Ձայնասկաւառակը Յաղթեց Գերմանական Հեղինակաւոր Մրցոյթին
Հանրաճանաչ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանի վերջին ձայնասկաւառակը` նուիրուած Իզայի 6 սոնաթներուն, Preis der deutschen Schallplattenkritik-ի գերմանական քննադատներու եռամսեայ մրցոյթին յաղթեց սենեկային երաժշտութեան անուանակարգի ծիրին մէջ:
Նշենք, որ նախորդ երեք ամիսներու լաւագոյն եւ ամէնէն հետաքրքրական նոր հրապարակումները տեղ գտած են «Quarterly Critic՛s Choice»-ին մէջ: Գնահատման չափանիշներն են գեղարուեստական որակը, երգացանկային արժէքը, ներկայացումը եւ ձայնի որակը: 2014 թուկականէն ի վեր իւրաքանչիւր եռամսեակի քննադատները կ՛ընտրեն լաւագոյն ալպոմը:
Դատական կազմի անդամ Պենճամին Հերցոկը այս առիթով գրած է, թէ մոլախաղեր, վայրի կատաղութիւն եւ կատաղի նուրբ մելամաղձութիւն` բոլորը կարելի է գտնել Էժեն Իզայիի մենակատարած վեց սոնաթներուն մէջ: Սերգէյ Խաչատրեանը նման դժուարագոյն մասերը կը նուագէ` խիզախութեամբ, նրբագեղութեամբ, թեքնիկական համարձակութեամբ: Ան երբեք չ՛անտեսեր պատմողական որակը, որ բնորոշ է բոլոր սոնաթներուն մէջ, նաեւ ամբողջովին վստահ է Պախի նրբագեղ պտտուող նոր-պարոքքօ արձագանգներուն պարագային: Այստեղ կը պարզուի, թէ ի՛նչ բարձր մակարդակով ստեղծուած են 20-րդ դարու այս «Sei solo»-ները, որոնք յաճախ կը համարուին տաղանդաւոր ստեղծագործութիւններ: Եւ այն խորութիւնը, որով անոնք կարելի է նուագել:
Թուրքիա
Վաքըֆ Գիւղի Վերանորոգուած Եկեղեցին Վերաբացուեցաւ Պաշտամունքի Համար
Ալեքսանտրեթի Մուսա լերան Վաքըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ Ալեքսանտրեթի երկրաշարժէն վնասուած էր, նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով, 17 օգոստոսին Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնի նախօրեակին, Սահակ Բ. պատրիարքին ձեռամբ վերաբացուեցաւ պաշտամունքի համար: Արարողութեան մասնակցեցան` Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, լուսարարապետ Տրդատ Ա. քհնյ. Ուզունեան, Ալեքսանտրեթի հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան, Ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Պառնապաս հիմնարկի նախագահ Փաթրիք արք. Սուխտէօ եւ ուխտաւորներ:
Եկեղեցւոյ զանգակին զուարթ ղօղանջով սկսաւ նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը: Սահակ պատրիարքը սրբալոյս միւռոնով օծեց աւագ խորանը եւ տէրունական սրբանկարը, խորհրդանոցները, իսկ Յովակիմ եպս. Մանուկեան օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներուն ձօնուած սեղանները եւ մկրտութեան աւազանը, ապա պատրիարքին գլխաւորութեամբ թափօրը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ Յովակիմ եպս. Մանուկեան տեղւոյն հրշէջ գունդին յատուկ ինքնաշարժին վերելակով բարձրացաւ աղօթատան գագաթը եւ ս. միւռոնով օծեց գմբէթին եւ զանգակատան խաչերը:
Օծման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախատօնակը:
Արարողութեան աւարտին Սահակ պատրիարք անդրադարձաւ 6 փետրուարի Ալեքսանտրեթի երկրաշարժին, որ ցաւ պատճառեց բոլորին` իր հետ տանելով կեանքեր եւ շէնքեր, սակայն երկրաշարժէն տուժողներուն օգնութեան ձեռք երկարեցաւ ամէն կողմէ:
18 օգոստոսին Սահակ Բ. պատրիարքը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նախագահեց նորօծ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց: Պատարագը մատուցեց Յովակիմ եպս. Մանուկեան:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կը գտնուէր այս գիւղին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարք հօր, որ զինք հրաւիրած էր մասնակցելու տաղաւարի արարողութեանց եւ պատարագ մատուցելու այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւարտ պատարագի, եկեղեցւոյ դրան առաջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Ապա թափօրը յառաջացաւ հարիսայի կաթսաներուն քով, ուր կատարուեցաւ հարիսայի օրհնութիւնը:
Եկեղեցական հանդիսութիւններէն ետք Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անունին ձօնուած մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ:
Յունաստան
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ` Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Գիրքի Շնորհահանդէս Կրետէի Մէջ
Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Կրետէի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի եկեղեցիի Թաղական խորհուրդին, կիրակի, 25 օգոստոս, 2024-ի, պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը` եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:
Բացման խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը: Ան վեր առաւ քանի մը յօդուածներ եւ ընդգծեց անոնց միջոցով գիրքին միտք բանին: «Հայկական սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ հանդիպումներու մեծ հաւաքածոյ մըն է այս գիրքը», ըսաւ Եզնիկ արք. Պետրոսեան:
Գիրքի խմբագիր Արտա Ճէպէճեան ներկայացուց խմբագրական աշխատանքի տարբեր փուլերը: Ան նաեւ խօսեցաւ հայ մշակոյթի եւ մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութեան մասին, եւ թէ ինչպէս այս գիրքը կը նպաստէ հայկական մշակոյթի եւ լեզուի սատարման:
Գիրքին հեղինակը` Հրայր Ճէպէճեան, խօսեցաւ մէկ կողմէ գիրքի տարբեր հատուածներուն եւ մասերուն մասին, միւս կողմէ` ներկայացուց իր փորձառութիւն-տպաւորութիւնները տարբեր գաղութներու իր այցելութիւններուն մէջէն եւ ունեցած հանդիպումները հայերու հետ: Ան աւելի քան իննսուն երկիրներ ճամբորդած է իր աշխատանքային ասպարէզի բերումով եւ ժամանակ տուած է նաեւ տեսնելու հայկական իրականութիւնները: Հ. Ճէպէճեան խօսեցաւ սփիւռքահայ իրականութիւններու, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու մասին ու լուսարձակի տակ առաւ հայրենիքի կարեւոր դերը հայապահպանումի եւ ազգային ինքնութեան եւ գիտակցութեան պահպանումին մէջ, յատկապէս` երիտասարդ սերունդին համար: Ան քաջալերեց կրէտահայ գաղութը, որ չյուսահատի հայապահպանումի իր առաքելութեան մէջ: «Հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք բոլորս տարբեր գաղութներու մէջ», ըսաւ ան` եզրափակելով, որ այս պատերազմը որքան ալ դժուար ըլլայ, պիտի չյուսահատինք:
Աւարտին սրբազան հայրը նաեւ հակիրճ կերպով արտասանուած խօսքերուն միտք բանին արտայայտեց յունարէն լեզուով` նկատի ունենալով, որ ելոյթին ներկայ էին եկեղեցւոյ յոյն բարեկամները: