Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարը Գահիրէի Մէջ Աւարտեց Իր Աշխատանքները

September 2, 2024
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորս օրուան քննարկումներէ, աշխատանքային նիստերէ եւ գործնական հանդիպումներէ ետք, շաբաթ, 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական Թ. համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններ ներկայացնող 38 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներ համագումարին ընթացքին լսեցին բազմաթիւ զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ ծաւալեցին խոր քննարկումներ: Այսպէս, «Սկաուտական համագումարներու նպատակն ու դերը» նիւթին շուրջ զեկուցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան: «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը այսօր» նիւթը վիճակագրական մանրամասն տուեալներով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան: Զուգահեռ, մասնակիցները աշխատանքային խմբակներու բաժնուելով սերտեցին միութեան սկաուտական կարգերու, գիրքերու ծրագիրները եւ ներկայացուցին բարեփոխման իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները:

Խմբապետական համագումարը քննեց նաեւ «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան արդիականացման մարտահրաւէրը» նիւթը, զոր ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: Այնուհետեւ, մասնակիցները ունեցան գործնական, դաշտային փորձարկումներ` արարողութիւններ կատարելու եւ աստիճանատուչութեան ձեւերու մասին: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ միջցամաքամասային սկաուտական ձեռնարկները, որոնք պիտի ըլլան գալիք հանգրուանի գլխաւոր նորութիւններու շարքին:

Համագումարին Երկրորդ Օրը

Համագումարին երկրորդ օրը ներկայացուեցան զեկուցական հինգ նիւթեր.

– «ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կանոնագիրը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեան:

– «Ի՞նչպէս կատարել ՀՄԸՄ-ի սկաուտական աշխատանքներու քարոզչութիւնը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան:

– «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը եւ արդի արհեստագիտութիւնը» – ՀՄԸՄ-ի արհեստագիտական բաժանմունքի պատասխանատու Շանթ Տէմիրճեան:

– «Սկաուտական Արարատեան կարգը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան:

– «Սկաուտական Վկայեալ կարգը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան:

Զեկուցումներուն յաջորդեցին քննարկումներ եւ աշխատանքային խմբակներու մէջ առաջարկներու ու բանաձեւումներու մշակումներ:

Համագումարի մասնակիցներ քննարկեցին նաեւ խմբապետական գործուղումներու, սկաուտական պեճերու, կարգերու եւ արարողութիւններու պայմաններու, իրագործման եւ միօրինականացման կապուած հարցեր:

Եգիպտոսի Տեսարժան Վայրեր Այցելութեան Օրը

Համագումարը երրորդ օրը առաւ դադար, եւ զանազան երկիրներէն Եգիպտոս ժամանած ՀՄԸՄ-ական խմբապետ-խմբապետուհիները այցելեցին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն նկատուող պատմական բուրգերը (Սաքարա եւ Կիզէ) եւ Սփինքսի արձանը: Նոյն օրը, երեկոյեան, անոնք ընթրիքի հիւրը եղան Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»-ին, որ այս օրերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը:

Համագումարին Չորրորդ Օրը

Իր աշխատանքներուն չորրորդ օրը համագումարը քննեց սկաուտական կանոնագրութեան բարեփոխման առաջարկները եւ լսեց առցանց զեկուցում մը` միջազգային սկաուտական շարժումի կառոյցին եւ այդ կառոյցին մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներկայութեան մասին: Զեկուցումը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան:

Օրակարգի նիւթ դարձան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական մասնագիտական պեճերը, ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սկաուտական աշխատանքներու մէջ, մարդուժի պատրաստութեան, սկաուտական տեղեկութիւններու շտեմարանի (Database-ի), համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումի (2026), սկաուտական առցանց գրադարանի եւ վաճառատան ստեղծման կապուած հարցեր:

Համագումարի փակման նիստին, ժողովականներուն այցելեց Եգիպտոսի մէջ յունական սկաուտական բարձրաստիճան պատասխանտուներէն Եաննիս Մելախրինուտիս: Ան ողջունեց ՀՄԸՄ-ը եւ արտասահմանի յունական սկաուտութեան անունով հայ-յունական սկաուտական գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները, իրենց կարգին, գնահատեցին յարգելի հիւրին այցելութիւնը եւ արտայայտուեցան հայ-յունական պատմական միացեալ ճակատագիրի եւ ապագայ գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին:

Հուսկ, համագումարը իր աւարտին հասաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարումով:

Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան,
Եկեղեցի Եւ Գերեզմանատուներ

Կիրակի, 1 սեպտեմբերին, համագումարի մասնակիցները այցելեցին Եգիպտոսի Ազգային առաջնորդարան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հայկական գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներու զետեղումով անոնք յարգանքի տուրք ընծայեցին ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի անդամներէն Հայկ Ճիզմէճեանի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նուիրեալներու` Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի, Սրբուհի Թիրեաքեանի, Բենիամին Թաշեանի, Օննիկ Մաճառեանի եւ այլ գաղափարակիցներու:

 

Նախորդը

Թենիս. Ալքարոսէն Ետք Ճոքովիչն Ալ Դուրս Մնաց

Յաջորդը

«Էմ. Էյ. Էս.». Մարաշլեան 1 Կոլ Եւ Էսիսթ Կատարեց

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.