Երկար ամիսներու մարզական ոգիով մրցակցելէ ետք, Կիրակի, 7 Յոլիսի գիշերը, իրենց յաղթական աւարտին հասան ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը, պատուոյ նախագահութեամբ ազգային բարերարներ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, դարձեալ ոգեւորելով համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդները եւ անդամները:
ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը սկիզբ առին 4 Մայիսին Birmingham High School-ի մարզադաշտին վրայ։ Այնուհետեւ մարզական մրցումները շարունակուեցան ամէն շաբաթավերջ, շրջանիս զանազան մարզադաշտերու վրայ:
Աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան փառատօնը տեղի ունեցաւ 4-էն 7 Յոլիսին, Birmingham High School-ի շրջափակին մէջ, ուր ներկաները վերապրեցան հայութեան անցեալի փառահեղ պատմութիւնը, վայելեցին հայկական եւ ազգային տոհմիկ երաժշտութիւնը, ականատես եղան մեր երիտասարդութեան յաղթանակներուն։ Անոնք գոհունակութեամբ հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական խումբերու շքերթին եւ ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումին։
Այս բոլորին հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակի տողանցքը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յոլիսի երեկոյեան, Birmingham Community Charter High School-ի մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներու, ծնողներու, համակիրներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Նշենք, թէ նախքան տողանցքը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքի մետալներու յանձնումը՝ թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, պատուոյ նախագահներու, տիպար ՀՄԸՄ-ականներու եւ Շրջանային վարչութեան ներկայութեամբ. սրբազան հայրը օրհնեց ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք»-ի մարզիկները եւ ծնողները, բարձր գնահատեց բաժանմունքին պատասխանատուները եւ անոնց գործունէութիւնը: Ապա, սրբազանը Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կատարեց սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը, որ պիտի նպաստէ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքի աշխատանքներուն:
Նախքան հանդիսութիւնը, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու գայլիկ-արծուիկները եւ արի-արենուշները ելոյթ ունեցան «ՀՄԸՄ» երգով՝ խանդավառելով ներկաները, ապա հանրածանօթ երգիչ Հրաչ Կայծակեան շարք մը ազգային երգերով դաշտին մէջ հաճելի եւ զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծեց։
Օրուան խօսնակներն էին՝ Կարինէ Գենտոյեան (հայերէն) եւ Արա Քէշիշեան (անգլերէն), որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին օրուան յայտագիրը։ Բիւրաւոր ՀՄԸՄասէրներուն եւ առաջնորդին առընթեր, մարզադաշտ փութացած էին նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աբէլեան, Մհեր Դաւիթեան եւ Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիայէն), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ Սարգիս Թաթիկեան, Ճորճ Չորպաճեան եւ Ծովիկ Զէյթլեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան: Հոն էին նաեւ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւններու, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, քաղաքական անձնաւորութիւններ, ՀՄԸՄ-ի անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄ-ականներ, ՀՄԸՄ-ի համակիրներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ, ծնողներ եւ ՀՄԸՄ-ականներ:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու խմբապետներու առաջնորդութեամբ՝ մարզադաշտ ներկայացան եւ պատուոյ հարթակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններ, «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պէքարեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան։
Ապա, մարզադաշտ ներկայացան ՀՄԸՄ-ի սկաուտները եւ մարզիկները բարձրացուցած՝ բռնագրաւուած Արցախի քարտէսի մասերը եւ միացուցին վիրաւոր Արցախը Հայաստանին՝ ներկայացնելով հայու անխորտակելի կամքը, ըսելու համար, որ պիտի վերականգնինք եւ վերատիրանանք մեր հողերուն եւ մեր ժառանգութեան:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Շարլին Գեոզալեանս արտօնութիւն խնդրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեանէն՝ սկսելու հանդիսութիւնը։ Դրական պատասխան ստանալէ ետք, ան հրահանգեց հանդիսութիւնը սկսելու դրօշակի արարողութեամբ: Ազգային երգերու խանդավառ քայլեղանակներու նուագով մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, մեծապէս ոգեւորելով ներկաները։ Մթնոլորտը առաւել շիկացաւ, երբ ժողովուրդին մէջէն ինքնավստահ քալուածքով ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշները մարզադաշտ ներկայացան, իրենց հետ բերելով Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Նեւատայի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄ-ի եւ «Նաւասարդեան»ի դրօշները։
Ապա, մարզադաշտին վրայ գեղեցիկ տեսարան մը կազմելով՝ անոնք պատուի կանգնեցան եւ քարացած ունկնդրեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները, զորս դարձեալ նուագեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը։ Ապա, անոնք մարզադաշտին վրայ գեղեցկօրէն յարդարուած բեմին կողքը յարգանքով զետեղեցին դրօշները, որոնք ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին ծածանեցան, առաւել փայլք մը տալով հանդիսութեան։
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Փիեռ Մանուկեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ ուրախութեամբ ըսաւ. «Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, այսօր հանգամանօրէն իրենց աւարտին կը հասնին ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը, որոնց յաջողութեան լաւագոյն վկան դուք՝ բոլորդ էք, որ խուռներամ ներկայ կը գտնուիք եզրափակիչ այս հանդիսութեան։ Բարի եկած էք»։
Եղբայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, իր կը շարունակէ ամէն ջանք ի գործ դնելով՝ զօրավիգ կանգնիլ արցախահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: «Մեր մարզիկները եւ սկաուտները, ազատ ու անկախ Արցախը խորհրդանշող յատուկ «պէճ»եր կրելով իրենց տարազներուն վրայ` ամէն օր մեր ժողովուրդին կը յիշեցնեն, թէ մեր հաւաքական կամքը տկարութիւն չի ճանչնար, ՀՄԸՄ-ական մարզիկները եւ սկաուտները իրենց խոստումով, երդումով եւ իրենց ջամբուած ազգային դաստիարակութեամբ կը դառնան այն պահանջատէր հայորդիները, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու «Յաջորդ Սերունդ» խորագիրի հաւատքով եւ հաստատ համոզումով կը նորոգենք մեր ուխտը՝ երիտասարդութեան նկատմամբ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ական բոլոր մարզիկներն ու սկաուտները, «Առողջ միտք, առողջ մարմին» կարգախօսով, հաստատ քայլերով կերտեն իրենց փայլուն ապագան, որովհետեւ երիտասարդութիւնն է ՀՄԸՄ-ի ներկան եւ ապագան»:
Եղբայրը յատուկ շնորհաւորանքներ ուղղելէ ետք Պատուոյ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն եւ տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պէքարեանին՝ Շրջանային վարչութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ական կամաւոր քոյր-եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նպաստեն ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան եւ իսկական թարգմանը հանդիսացան ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսին։
Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ողջունեց Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը եւ անհուն սիրով եւ մեծ գնահատանքով ողջունեց ՀՄԸՄ-ը՝ յայտնելով. «Աշխարհով մէկ ՀՄԸՄ-ը ուր որ գտնուեցաւ, թէեւ որպէս սկաուտական շարժում եւ մարզական միութիւն չեղաւ միայն այդ, ՀՄԸՄ-ը եղաւ մարդակերտումի համահայկական սկզբունքներով, հայակերտումի այն դարբնոցը, որ մեր հաւաքական ազգային կեանքին համար շարունակաբար նուիրեալներու կամաւոր փաղանգներ պատրաստեց եւ կը պատրաստէ: ՀՄԸՄ-ը ներշնչեց աննկուն կամք եւ յաղթական ոգի: Պատահական չէ որ այսօր մենք ալ ականատես ըլլանք որ այստեղ հաստատուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը ինքը հրաշալի միութիւն է, բնական է որ իրմէ առաջ պիտի գայ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքը: ՀՄԸՄ-ը իր մարզական խումբերով մեծ յաղթանակներ պարգեւեց մեր ժողովուրդին, որ յաղթանակի կարօտ էր, իր սկաուտական տողանցքներով, կարգապահ, կազմակերպ. ներկայանալի եւ շքեղ շքերթներով միշտ պատիւ բերաւ հայու առ հասարակ ոչ հայկական միջավայրերուն մէջ որպէս օրինակելի, կազմակերպ եւ բարձր գնահատելի սկաուտական մէկ շարժում»:
Առաջնորդ հայրը մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ականներու անսակարկ նուիրումը եւ բոլոր անոնք, որոնք միշտ զօրակից են ՀՄԸՄ-ին. սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց անցեալի եւ յատկապէս այս տարուան պատուոյ նախագահները՝ տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները՝ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն՝ իրենց հաւատքին եւ քաջալերանքին համար:
Իր խօսքը փակելով՝ առաջնորդը ըսաւ. «Այս բոլորէն ետք, սիրելիներ, ՀՄԸՄ-ի այսքան վաստակէն ետք, երբ այսօր մենք ներկայ պիտի ըլլանք ՀՄԸՄ-ականներու տողանցքին, այն ՀՄԸՄ-ը, որ միշտ «Պատուի առ» ըրաւ մեր բոլոր խորհրդանիշներուն, մեր պաշտօնական հանգամանքներուն եւ մեր ազգային արժէքներուն, միշտ պատուեց իր «Պատուի առ»ով: Երբ մենք այսօր հանդիսատես ենք իրենց տողանցքին, այսօր մեր կարգն է սիրելի ՀՄԸՄ, որ մենք ալ մեր կարգին այսօր ձեզի ըսենք «Պատուի առ»»:
Կեդրոնական վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Աբէլեան, որ շնորհաւորեց Շրջանային վարչութիւնը, իր բոլոր կամաւորները, յանձնախումբերը եւ անդամները: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, որոնք կը ջանան, որ իրենց զաւակները ստանան ՀՄԸՄ-ի դաստիարակութիւն եւ կազմաւորուին ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ: Աբէլեան յատուկ շնորհաւորանքներ ուղղեց Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու նախագահներ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնեցին այս մեծ իրագործութեան հովանաւորութիւնը:
Ան շարունակեց իր պատգամը՝ ըսելով. «Կը տօնենք Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակցողներու եւ մասնակցող խումբերու թիւերը նոր մրցանիշներ կ՛արձանագրեն: ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ կը շարունակէ ծաղկիլ աշխարհի այս անկիւնը: ՀՄԸՄ-ը միշտ պիտի շարունակէ նպաստել սփիւռքահայութեան ժառանգութեան պահպանման, բարձրանալով եւ բարձրացնելով, որովհետեւ իր կամաւոր բանակը եւ անդամները միշտ պատրաստ են ծառայելու եւ օգնելու բոլոր հայերուն, ուր ալ գտնուին անոնք: Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը եւ կեցցէ՛ անոր ծնունդ տուած հայ ազգը»:
Փոխանցուած երեք տպաւորիչ պատգամներէն ետք, տեղի ունեցաւ հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ այնքան սպասուած տողանցքը։ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան փողերախումբի քայլեղանակներով ոգեւորուած՝ յաջորդաբար մարզադաշտ ներկայացան ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքի հրաշքները, որոնք տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»ին եւ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքի հիմնադիր անդամ Արամ Պէքարեանին նուիրեցին ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» բաժանմունքի մարզական շապիկը: Անոնց հետեւեցան նախկին խմբապետները, ապա շրջանի նորագոյն՝ ՀՄԸՄ-ի Սանթա Քլարիթայի «Կիլիկիա» միաւորը եւ մինչեւ շրջանի հիմնադիր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական խումբերը, յանձնախումբերը եւ անդամները՝ իրենց վարչութիւններուն գլխաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական բաժանմունքը:
Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը սկաուտական եռագոյն փողկապ մը նուիրեց իր վաստակաշատ անդամներէն, տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» տիտղոսին արժանացած Արամ Պէքարեանին եւ մասնաճիւղի շապիկը՝ Պատույ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն: Անոնք տողանցեցին հպարտ եւ ինքնավստահ, հրճուանքով բարեւեցին ներկաները եւ գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտի վրայ:
Այնուհետեւ, Շրջանային խբապետուհի Շարլին Գեոզալեանս, մինչ այդ մարզադաշտին վրայ ծածանած «Նաւասարդեան»ի դրօշը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետին, որ իր հերթին զայն նուիրեց Պատուոյ նախագահին։ Տողանցքին աւարտին, Շրջանային վարչութիւնը յատուկ հիւրասիրութեամբ պատուեց բոլոր պաշտօնական հիւրերը։
Կիրակի, 7 Յոլիսին, Main Gym-ին մէջ, մեծ ոգեւորութեամբ տեղի ունեցան ախոյեանութեան մրցումները՝ առաւել քան 500 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ: Մրցումները սկիզբ առին դրօշակի արարողութեամբ: A Upper-ի աղջկանց աւարտական խաղէն ետք, Շրջանային մարզական խորհուրդը «Սանան Մահսէրէճեան» տիպար մարզիկի գնահատագիրը շնորհեց լաւագոյն յատկանիշներ (մարզական ոգի, պարկեշտութիւն, յանձնառութիւն եւ կարգապահութիւն) ունեցող մարզիկին՝ Յակոբ Եազճեանին (Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ) եւ մարզիկուհիին՝ Լար Ջուլճեանին (Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ):
Իսկ մարզական յաղթող խումբերը եւ մարզիկները հպարտութեամբ ստանձնեցին իրենց ախոյեանութեան բաժակները եւ մետալները, Main Gym-ին դիմաց պատրաստուած յատուկ յաղթանակի բեմին վրայ:
Նշենք, թէ Ուրբաթ, 5 Յոլիսին, նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ այցելեց փառատօնի վայրը եւ իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, այս տարի եւս Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը յաջողութեամբ իրականացնելու առիթով։
Նաւասարդեան չորսօրեայ փառատօնը շարունակուեցաւ 4էն 7 Յոլիսին, նոյն վարժարանի շրջափակին մէջ: Այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն կողմէ սպասարկուեցան կրպակները փառատօնի համադամ ճաշերու, որոնց հասոյթը տրամադրուեցաւ մասնաճիւղերու հոգածութեան յանձնուած մարզական եւ սկաուտական շարքերու կարիքներուն: Իսկ անոնց առընթեր, առեւտրական եւ փոքրերու խաղի եւ արուեստի կրպակները առաւել եւս ճոխացուցին փառատօնը:
Ներկաները վայելեցին շրջանիս սիրուած արուեստագէտներու հրամցուցած երգերը, հայկական երաժշտութիւն, համադամ ուտեստեղէն եւ հրավառութիւն:
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր անսահման երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՄԸՄ-ական հսկայ կամաւոր բանակին՝ «Նաւասարդեան»ը կազմակերպող բոլոր յանձնախումբերուն, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ շրջանային յանձնախումբերուն, որոնց անսակարկ նուիրումին, զոհաբերութեան եւ հաւաքական աշխատանքին շնորհիւ, Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուեցան:
Եւ վերջապէս յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր այն անհատներուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնց նիւթական օժանդակութիւնը մեծապէս նպաստեց այս մեծածաւալ ձեռնարկի յաջողութեան:
Ստորեւ՝ ՀՄԸՄ-ի 47-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու արդիւնքները.
ՊԱՍՔԷԹՊՈԼ
Ա. ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղ
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա. ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի «Անի» մասնաճիւղ
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա. ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի եւ «Ազատամարտ» մասնաճիւղեր
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ
Ա. ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի «Կարս» մասնաճիւղ
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
Ա. ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի «Մասիս» մասնաճիւղ
ԹԵՆԻՍ
Ա. ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի «Անի» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի «Լոռի» միաւոր
ԼՈՂ
Ա. ՀՄԸՄ-ի «Անի» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ-Ի ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ ԻՐԱ՛Ւ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԵՂԱՒ
Շաբաթ, 29 Յունիսի երեկոյեան, Beverly Hilton պանդոկի սրահը հեղեղուած էր ՀՄԸՄ-ականներով ու համակիրներով։ Շուրջ 600 հայորդիներ մէկտեղուած էին՝ տօնախմբելու յաղթանակները այն երիտասարդութեան, որ թրծուելով Շաւարշ Քրիսեաններու, Յովհաննէս Հինդլեաններու եւ Տիգրան քհնյ. Խոյեաններու նման ազնուագոյն դաստիարակներու հիմնած կազմակերպութեան մէջ, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսին հաւատքով դաստիարակուած եւ յուսադրած էին իրենց շրջապատը։
Այո, նուիրումով համախմբուած էին մեծ թիւով ՀՄԸՄասէրներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եւ աջակցելու ՀՄԸՄ-ի նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, որոնք հաւատալով ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն, մեծ ոգեւորութեամբ ստանձնած էին իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պէքարեանին, որ հաւատաւոր միութենականի իր վարքով՝ բարի օրինակ հանդիսացաւ մեր շրջապատին:
Այս համոզումով սրահ ժամանած էին թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աբէլեան եւ Մհեր Դաւիթեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Սարգիս Թաթիկեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ Վիքի Մարաշլեան եւ Քրիսթինա Խանճեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Մանուկեան, Հայ Դատի ներկայացուցիչ Օշին Յարութիւնեան եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Փաթիլ Աբոշեան եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, անցեալի Պատուոյ նախագահներ, «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»ներ, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան փողերախումբին եւ անոր հետեւող ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներու տպաւորիչ մուտքով եւ դրօշակի արարողութեամբ։ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները քնքուշ ձայնով մեներգեց Ալին Արուսդամեան։
Տէրունական աղօթքը եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նաեւ հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցելով՝ դրուատեց աշխարհատարած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ազգային, սկաուտական եւ մարմնակրթական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանին մէջ գործող միաւորին աշխատանքները, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Նաւասարդեան խաղերը, որոնք ամէնամեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան, շարունակելով աւանդը. ան սրտագինս շնորհաւորեց 47-րդ տարուան խաղերուն բոլոր մասնակցողները, պատասխանատուները, ծնողները, կամաւոր աշխատողները, բարերարները եւ համայնքի զաւակները, իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
««Յաղթանակի պարահանդէս» բառակապակցութիւնը սոսկ զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ, որովհետեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿը հիմնական յատկանիշը եւ էատարրն է այս պատուաբեր միութեան, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Մէկ խօսքով՝ յաղթանակը հիմքն է ՀՄԸՄ-ի էութեան, դաւանած կարգախօսին եւ համահայկական գործունէութեան», դիտել տուաւ առաջնորդը եւ յատկապէս ա՛յս առումով գնահատեց Նաւասարդեան 47-րդ խաղերու նախագահ տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեան զոյգը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարեզարդման ծրագիրներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար, ապա իր խնդութիւնը արտայայտեց՝ այս տարեշրջանի «Տիպար ՀՄԸՄ»ական տիտղոսին արժանացած Արամ Պէքարեանին եւ սրահը լեցուցած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն ու աջակիցներուն մաղթեց անսպառ առողջութիւն, որպէսզի շարունակեն իրենց նիւթական եւ բարոյական անսակարկ ներդրումը բերել՝ վասն Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ազգային, եկեղեցական եւ միութենական ծրագիրներու յաջողութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը եւ աշխատանքները արտացոլող հետաքրքրական տեսաժապաւէն մը, որմէ ետք բեմէն բացման խօսք արտասանեց պարահանդէսի յանձնախումբի անդամներէն Սարէլ Ճանոյեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու «Յաջորդ Սերունդ» (Next Generation) խորագիրին՝ շեշտելով երիտասարդներուն դերը, որոնք ՀՄԸՄ-ի ներկան ու ապագան են:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Փիեռ Մանուկեան, որ ողջունելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը եւ ներկաները՝ վեր առաւ ՀՄԸՄ-ի գոյութիւնը՝ ըսելով. «106ամեայ համագաղութային այս հսկայ միութիւնը, 55 տարիներէ ի վեր աշխուժօրէն կը գործէ շրջանիս մէջ, ազգային ինքնութեամբ դաստիարակելով բազմաթիւ սերունդներ՝ մարզական եւ սկաուտական հայաբոյր եւ առողջ միջավայրի մը մէջ: Շրջանս իր աշխատանքային օրակարգին մէջ առաջնահերթ տեղ վերապահեց արցախահայութեան, որուն բարօրութեան ի խնդիր, պիտի շարունակենք ամէն ջանք ի գործ դնել եւ զանազան միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ պապենական հողէն տեղահան դարձած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն»:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու «Յաջորդ Սերունդ» խորագիրին՝ ըսելով. «Պիտի շարունակենք մեր երթը եւ միութեան սրբազան առաքելութիւնը՝ ամէն ճիգ ի սպաս դնելով ապահովելու հայ նոր սերունդներուն եւ երիտասարդներուն ազգային առողջ դաստիարակութիւնը, որպէսզի ՀՄԸՄ-ական բոլոր մարզիկները, սկաուտները, արենուշները, արծուիկները եւ գայլիկները, անմահ ցեղի ժառանգորդներու յատուկ ներկայութեամբ, «Առողջ միտք, առողջ մարմին» կարգախօսով, շարունակեն իրենց հաստատ եւ վստահ քայլերը դէպի փայլուն եւ լուսաւոր ապագայ»:
Ապա Մանուկեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Մայք Եւելինա Սարեաններուն, որոնք մեծ սիրով ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի 47-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պէքարեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն, նուիրատուներուն, որոնք իրենց անսակարկ եւ անձնազոհ գործունէութեամբ, միշտ դէպի բարձունքներ առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ը։
Ճաշի դադարէն ետք ցուցադրուեցաւ տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Արամ Պէքարեանի կենսագրական գիծերը եւ ՀՄԸՄ-ական կեանքը ներկայացնող տեսաժապաւէն մը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ մեծարեալը, որ, փոխանցելով իր սրտի խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան՝ իրեն ընծայուած պատիւին համար, որ կ՛ընդունի, ոչ թէ իբրեւ մեծարանք, այլ՝ իբրեւ արժեւորումը ՀՄԸՄ-ին մատուցած իր երկար տարիներու աշխատանքին։ Տպաւորիչ իր ելոյթէն ետք, ատենապետ Փիեռ Մանուկեան անոր յանձնեց «Տիպար ՀՄԸՄ-ական. 2024» տիտղոսը հաստատող յուշատախտակը՝ առ ի գնահատանք անոր միութենական նուիրումին եւ անսակարկ գործունէութեան: Որմէ ետք, մեծարեալը ողջունեց ներկաները եւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Շրջանային վարչութեան՝ այս տիտղոսին համար; Ան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց «Հրաշք» բաժանմունքի յանձնախումբի անդամները եւ կամաւորները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններու կենսագրական գիծերը, միութենական կեանքը եւ արձանագրած յաջողութիւնները ներկայացնող տեսերիզը, որմէ ետք երկարաշունչ ծափողջոյններու ներքոյ բեմ առաջնորդուեցան դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեանները՝ ստանձնելու պատուոյ նախագահութիւնը խորհրդանշող եռագոյն երիզները եւ յուշատախտակը: Սարեան ամոլը մեծ սիրով ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը եւ յայտնեց ՀՄԸՄ-ին միշտ նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը: Անոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ ﬔծապէս պիտի նպաստեն այս հսկայ կազմակերպութեան վերելքին:
Գեղեցիկ այս անակնկալէն ետք, երեկոն խանդավառեց Ալըն Ճի եւ իր նուագախումբը՝ յաղթական ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ:
Ուշ երեկոյեան, ներկաները ոգեւորութեամբ մեկնեցան տուն, 4էն 7 Յոլիս տիրական ներկայութիւն հանդիսանալու Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած փառատօնին, մարզական մրցումներուն եւ փակման գեղեցիկ հանդիսութեան։


