Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Տասնհինգ Տարիներու Բացակայութենէ Ետք Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ճամբար
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչակազմին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծման 90-ամեակին առիթով, 24-30 յունիսին Համա նահանգի Պարշին գիւղի Ս. Աստուածածին անտառի պահապան վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեզիրէի երեք շրջաններու` Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի, Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտական աստուածաշնչական ճամբար` մասնակցութեամբ շուրջ 60 աշակերտներու:
Ճամբարի ընթացքին աշակերտները օգտաշատ դասապահեր ունեցան` մասնակցելով պատրաստուած բոլոր ծրագիրներուն: Տեղի ունեցան դասախօսութիւններ, շարականներու եւ սաղմոսներու ուսուցում, նաեւ` աստուածաշնչական խաղեր: Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ ուրախ ժամանց, աւազանագնացութիւն եւ քայլարշաւներ: Ժամերգութիւնները կատարուեցան շրջանի եկեղեցիներէն Պարշինի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, Մաշթա ալ-Հլույի Ճապալ ալ-Սէյտայի վանքին եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
28 յունիսին սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեանի եւ Եսայի վրդ. Էօրտէկեանի, այցելեց ճամբար: Աշակերտները իրենց սորված շարականները երգեցին, իսկ ճամբարի պատասխանատու քահանայ հայրը բարի գալուստ մաղթեց սրբազանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր օրհնաբեր այցելութեան համար, ապա Լեւոն վրդ. Եղիայեան սրբազան հօր ներկայացուց ճամբարի անուանումը եւ աշխատանքները: Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց անմիջական ներդրումը բերին յաջողցնելու համար սոյն ճամբարը, որ խորքին մէջ աստուածահաճոյ մեծ առաքելութիւն մըն է եւ դժուար ու ծանր պատասխանատուութիւն: Ան շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ 15 տարի ետք Ճէզիրէի շրջանի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները կարողացան Ճէզիրէէն դուրս կատարել իրենց Աստուածաշունչի ճամբարը: Աւարտին հայր սուրբը սրբազանին յանձնեց յուշանուէր մը, որուն վրայ գծուած էր գիւղին բարձր լերան վրայ կանգնած Պահապան խաչին պատկերը:
Ռումանիա
Ռումանահայ Յայտնի Գրող Վարուժան Ոսկանեանը Ընտրուեցաւ Ռումանիոյ Գրողներու Միութեան Նախագահ
26 յունիսին Ռումանիոյ Գրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ նոր նախագահի ընտրութիւն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ միութեան փոխնախագահ, Ռումանիոյ հայոց միութեան երկարամեայ նախագահ, յայտնի գրող Վարուժան Ոսկանեան, որ նաեւ գործօն քաղաքական գործիչ էր, եղած է Ռումանիոյ նախկին ծերակոյտի անդամ, ֆինանսական եւ տնտեսական նախկին նախարար:
Աւարտին Վարուժան Ոսկանեանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուած է Ռումանիոյ Գրողներու միութեան նախագահ` չորս տարուան ժամկէտով:
Ոսկանեան կոչ ուղղած է միութեան անդամներուն` աւելի տեսանելի ըլլալ եւրոպական մշակութային ցանցերու մէջ: Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ընդունիլ Ռումանիոյ մշակութային ռազմավարութիւնը, որ ներկայիս առաջնահերթութիւն է: Նորընտիր նախագահը շեշտած է կազմակերպութեան մէջ երիտասարդներ ներառելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ աշխատանք պիտի տանի Գրողներու միութեան տեսանելիութեան բարձրացման եւ արտաքին կապերու զարգացման գծով:
Կիպրոս
Յուշ Երեկոյ` Յունահայ Հերոս Բարսեղ Պիպեռեանի Յիշատակին
Կազմակերպութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբին, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի թրքական ներխուժման 50-ամեակին առթիւ յուշ-երեկոյ մը` նուիրուած 1974 օգոստոսին Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ համար մղուող մարտերու ընթացքին նահատակուած յունահայ հերոս Բարսեղ Պիպեռեանի յիշատակին:
Ձեռնարկին ներկայ էր զոհուած զինուորին քոյրը` Վիքթորիան, ինչպէս նաեւ` իր որդին, որոնք անընդմէջ ամէն տարի կ՛այցելեն նահատակներու գերեզմանոցը` իրենց հարազատի շիրիմին ծաղկեփունջ մը զետեղելու եւ ննջեցեալի հոգիին համար աղօթելու:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Կիպրոսի Ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Եորիոսի ներկայացուցիչ հայր Տիմոսդենիսը, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը, հոգեւոր հայրերը, երեսփոխանական եւ Ազգային ժողովի ատենապետները, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, յոյն կիպրական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ստրովոլոս քաղաքի փոխքաղաքապետը եւ աւագանիի շարք մը անդամներ, ինչպէս նաեւ` կիպրական եւ յունական բանակի սպաներ:
Բացման խօսք արտասանեց յանձնախումբի անդամ Վարդենի Գասապեանը: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք զոհուեցան Թուրքիոյ` Կիպրոս ներխուժման շրջանին: Ապա խօսք առաւ պետական «ՌԻՔ» ձայնասփիւռի կայանի ծանօթ հաղորդավար Լիցա Մաւրիտուն, որ աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր կը զօրակցի զոհուած ազատամարտիկներու ծնողներու տարբեր ծրագիրներուն եւ իր հաղորդումներով հանրութիւնը իրազեկ կը դարձնէ տարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Յաջորդեց քահանայ հօր` տէր Մաշտոցի պատգամը ներկաներուն, իսկ Արմէն Մկրտչեանի տուտուկի ճարտար նուագը տպաւորեց ներկաները:
Ապա Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան` իբրեւ յիշատակ, յուշանուէր մը յանձնեց հերոսին քրոջը: Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ Լիցա Մաւրիտունին` իր մատուցած ծառայութեան համար:
Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Զառա Բարխուդարեանը, որուն հայերէն եւ յունարէն երգերու կատարումները հրապուրեցին ներկաները:
Վերջին բաժինով ներկաները առաջնորդուեցան նախասրահ, ուր աղօթքէ մը ետք, նահատակ հերոսին քոյրը` Վիքթորիան, իր եղբօր` Բարսեղ Պիպեռեանի քանդակի բացումը կատարեց: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Քուէյթ
2023-2024 Տարեշրջանի Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Աւարտական Հանդէս
Հովանաւորութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի, 14 յունիսին Քուէյթի Ազգային վարժարանը հրաժեշտ տուաւ, շրջանաւարտներու նոր հունձքի մը, որ մկրտեց «Շարլ Ազնաւուր սերունդ» անունով:
Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Մարիա Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Այնուհետեւ աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ժաննա Սերոբեանի, մեկնաբանեց հայրենասիրական երգերու փունջ մը, իսկ 9-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը` ղեկավարութեամբ Մարիէլա Թեմամեանի:
Վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան իր խօսքին մէջ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց վարժարանի միամեայ գործունէութիւնը, ապագայի հեռանկարները, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու առկայ բազմազան մարտահրաւէրները: Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ վարժարանին հրաժեշտ տուող վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանի անցած ուղիին, որմէ ետք ուսուցիչը պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով մը:
Այնուհետեւ դարձեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ պար, Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, տեսերիզ մը` Ազնաւուրի կեանքին եւ գործունէութեան մասին: Տեղի ունեցան նաեւ` ուղերձներու ընթերցում, վկայականաց բաշխում, գերազանց աշակերտներու պարգեւատրում:
Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի սրտի խօսքով ու հայրական օրհնութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրներուն Մասնակցողները Ուաշինկթընի Մէջ Հայ Դատը Կը Ջատագովեն
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են Հայ դատի ամառնային «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրները, որոնք պիտի երկարին վեց շաբաթ:
Այս տարուան ծրագիրներուն մասնակցողներն են` Ռընէ Վան Լիւվըն, Մանէ Դաւիթեան, Սապրինա Թոմարճի, Լորիկ Քորաճեան, Նարէ Ասէեան, Մարալ Գրիգորեան, Վանայ Յովսէփեան, Արմէն Պաղտասարեան, Անթրիանա Պիկիազեան, Աննա Լիկի եւ Ալիք Գալաճեան:
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած եւ Հայ դատը ջատագովող այս երիտասարդները գործնական դերակատարութիւն պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական ու մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն, նոյն ատեն անոնք արժէքաւոր փորձառութիւններ ձեռք պիտի բերեն:
Ծրագիրներուն մասնակցողները արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են: Հայ դատի ներկայացուցիչներուն ընկերանալով` անոնք քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ ունեցան եւ արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին` Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներուն իրավիճակը եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը:
Հայ դատի վարժողական ծրագիրները համակարգող Կարէն Մկրտիչեան յայտնեց, որ վերջին գրեթէ չորս տասնամեակներուն հարիւրաւոր երիտասարդներ անցած են Հայ դատի զանազան վարժողական ծրագիրներու բովէն` իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերելով հայութեան շահերը պաշտպանելու գործին, եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելով` այդ առաքելութիւնը շարունակած են իրենց կեանքին ընթացքին:
ՀՅԴ–ի 133-Ամեակին Նուիրուած Խրախճանք
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, 22 յունիսին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 133-ամեակին նուիրուած խրախճանք` մասնակցութեամբ Գառնիկ Սարգիսեանի:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Վարդգէս Աքմաքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ-ի առաքելութեան կենսական կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ եւ յոյժ կարեւոր նկատելով համայնքին ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեան խօսեցաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին ՀՅԴ-ի կենսական դերակատարութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հետ սերտ յարաբերութեան կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը նեցուկ կը կանգնի «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին` գլխաւորութեամբ Բագրատ արք. Գալստանեանի, որ սկսաւ իբրեւ հակադարձութիւն Տաւուշէն 4 գիւղեր յանձնելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միակողմանի որոշումին դէմ:
Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը անցաւ 100 հազար ամերիկեան տոլարի սահմանը: Յայտնենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՅԴ-ի զանազան ծրագիրները իրականացնելու:
Քանատա
Օնթարիոյի Մէջ Տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Փրկարար Սառա Քորնինկի Յուշարձանը
Նախաձեռնութեամբ Մարքամի քաղաքապետութեան եւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին, 13 յուլիսին Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար քանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը: Քանդակին հեղինակն է քանատահայ քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանը:
Սառա Քորնինկ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եղած է Ամերիկայի Կարմիր խաչի բուժքոյր: 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէին կողմէ գործուղուած է Փոքր Ասիա` օժանդակելու թրքական սպանդներէն փրկուած յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներուն: Քորնինկ փրկած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբեր: Իբրեւ բուժքոյր` ան 1919-ին որոշ ժամանակահատուած մը գործած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ օգնութեան ձեռք երկարած` հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներու, որոնցմէ շատեր վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին:
Օրուան հանդիսավար, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ալիք Պարսամեանի բացման խօսքէն ետք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան ծ. վրդ. Թաշճեան մատուցեց աղօթք: Յատուկ ուղերձներով ելոյթ ունեցան` Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, Եարմութի քաղաքապետ Փեմ Մուտ, Քանատայի խորհրդարանի անդամներ` Հելենա Ժազեք, Փոլ Չիանկ եւ Պրետ Ռետեքոփ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամներ` Լոկըն Քենըփեթի եւ Արիս Պապիկեան, Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան, որոնք դրուատեցին իր կեանքը մարդկութեան նուիրաբերած քանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի բարեգործական առաքելութիւնը:
Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր «Սառա Քորնինկ սենթըր ֆոր ճէնոսայտ էճիւքէյշըն» հիմնարկի հիմնադիր Րաֆֆի Սարգիսեան, որ ներկայացուց եւ արժեւորեց Սառա Քորնինկ մարդասէրի կեանքը եւ գործունէութիւնը:
Յայտնենք, որ Քորնինկի գործունէութիւնը առաւել եւս հանրածանօթ դարձնելու նպատակով 2016-ին հիմնուեցաւ «Սառա Քորնինկ» կազմակերպութիւնը, իսկ 2011-ին Թորոնթոյի Ցեղասպանութիւններու ուսմանց կեդրոնը անուանակոչուեցաւ Սառա Քորնինկի անունով: