Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»-ը Ձօնուեցաւ Լիբանանի Հայ Գաղութին

Յուլիս 11, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի Բաբախող Սիրտը` Չքնաղ Լիբանան

ՍՈՆԻԱ ԳՐԱՃԵԱՆ

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-ուան 29-րդը` «Սփիւռքի բաբախող սիրտը` չքնաղ Լիբանան» խորագիրը կրող ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ երկու օրերու տեւողութեամբ, այս տարուան սկիզբը:

Սպասուած օրը Հայ կեդրոնը լի էր հոծ բազմութեամբ: Մուտքին, մեծ պաստառի վրայ հայերէնով, արաբերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով արձանագրուած էր հետեւեալ խօսքը` «Բարի եկաք Լիբանան», եւ սեղանի մը վրայ հիւրերուն համար տեղաւորուած էին լիբանանեան ժալլապ կոչուած օշարակները: Նախասրահին մէջ զետեղուած էին Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ Հարիսայի Աստուածածնայ ուխտավայրի քանդակները` հայերէն եւ անգլերէն բացատրութիւններով: Ուշագրաւ էր բարձրադիր զետեղուած Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշարձանը: Գրակալներու վրայ ցուցադրուած էին Լիբանանի մայրիներու, Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ, Ղազիրի որբերուն գորգի նկարները` երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) բացատրութիւններով: Նախասրահին աւելի խորը, պատին վրայ տեղ գտած էր Հայերու շուկան` «Սուք էլ արման», ուր կը վաճառուէին Լիբանանէն բերուած յուշանուէրներ եւ արուեստի գործեր: Շուկային կողքին կը գտնուէր գեղեցկօրէն պատրաստուած լիբանանեան սենեակը` իւրայատուկ նստարաններով, բարձերով եւ իրերով, ուր փափաքողները յիշատակի նկարներ կ’առնէին:

Սրահի դռները բացուեցան, եւ բեմին ետեւը պատկերուած Պաալպեքի հնութիւնները մեզ դիմաւորեցին: Իւրաքանչիւր ընտանիք կը ստանար Լիբանանի հայ գաղութին ձօնուած, եզակի բծախնդրութեամբ պատրաստուած եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններով լի գիրքերը: Պատերը զարդարուած էին Լիբանանը խորհրդանշող տեսարժան վայրերու լայնածաւալ նկարներով, իսկ ցուցատախտակներու վրայ զետեղուած էին փողոցներու անունները, եւ իւրաքանչիւր սեղանի թիւ կը կրէր գիւղի կամ քաղաքի մը անունը: Ամէնէն յատկանշական երեւոյթը Ճիւնիէն Հարիսա բարձրացող ճոպանուղին էր: Այս բոլորին հետ միատեղ Վարագ Մեսրոպեանի պատրաստած տեսերիզները եւ նկարաշարի տեսանիւթը, լիբանանահայ երգիչներու երգերու եղանակներու ընկերակցութեամբ, մեզ մտքով փոխադրեց «Չքնաղ Լիբանան»:

Հանդիսավարներ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան եւ Ալին Թիթիզեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ օր»-ուան համաատենապետ Զեփիւռ Տորնան եւ նշեց. «Հայ օգնութեան միութեան մեծ ընտանիքը իր 114-ամեայ կեանքը արժեւորեց հաւատարիմ իր առաքելութեանց` բարեսիրական, ընկերային, դաստիարակչական եւ հայակերտումի ու հայապահպանման բնագաւառներուն մէջ փայլուն գործունէութեամբ: Առաւել, ՀՕՄ-ը հայկական պատմական արժէքները, մշակութային հարստութիւնն ու հայկական բարքերը պահպանելու, տարածելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու սրբազան նպատակը կը հետապնդէ: Ահա այս գծով է, որ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը ճիշդ 30 տարիներ առաջ, տարեկան դրութեամբ, սկսած է կազմակերպել տոհմիկ օրեր: Այս տարի կարգը եկած է մեր սիրելի եւ չքնաղ Լիբանանին: Տարիներէ ի վեր սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ լիբանանահայեր մաս կազմած են հայկական գաղութներու ղեկավար մարմիններուն: Հետեւաբար Լիբանանը իսկապէս դարձած է սփիւռքի բաբախող սիրտը եւ մղիչ ուժը: Այսօր իսկ, երբ Լիբանանը կ’ապրի տնտեսական եւ ընկերային դժուար օրեր, լիբանանահայութիւնը կանգուն կը մնայ, վճռակամութեամբ կը յարատեւէ եւ կը պահէ սփիւռքի մէջ իր նո՛յն դերակատարութիւնը»: Ան շարունակեց` ըսելով, որ այս ձեռնարկի հասոյթէն կոկիկ գումար մը պիտի ուղարկուի Լիբանանի հայ գաղութի մարդկային օժանդակութեան ծրագիրներուն, եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց` բոլոր հովանաւորներուն, նուիրատուներուն, գիրքի յօդուածագիրներուն, երկու օրերու յայտագրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն, խօսք առնողներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան, որ գեղարուեստական բաժնի համադրման պատասխանատուն էր, յուզմունքով յիշեց իր պատանեկութեան շրջանը, զոր անցուցած էր այդ օրերու եռուն կեանք ունեցող Լիբանանի մէջ, ապա Յարութիւն Պէրպէրեանի յուշերէն մէջբերումներ կատարեց: Այնուհետեւ ան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Տեսնե՞մ արդեօք», Վեհանոյշ Թեքեանի «Պէյրութ» եւ Փանոս Ճերանեանի «Լիբանան» քերթուածները: Տօնապետեան-Գուզուեան խօսքը աւարտելէ ետք ըսաւ, որ այսօր պատիւ կը զգայ բեմ հրաւիրելու այն հրաշք մանուկը, որ «Սթիւտիօ Ֆանի» օրերէն մեր սրտերը գրաւեց` աշխարհահռչակ դաշնակահար, յօրինող, բոլորիս սիրելի Սէրուժ Գրաճեանը:

Սէրուժ Գրաճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Թամար Տօնապետեան-Գուզուեանին, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին եւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբին` հրաւէրին համար, եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ թէեւ ինք 13 տարեկանին ձգած է Լիբանանը, սակայն Լիբանանը զինք երբեք չէ ձգած եւ միշտ իր հոգիին մէջ մնացած է: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, մէկ կողմէ` մեր դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական հաստատութիւնները, միւս կողմէ` մեր տնօրէնները, ուսուցիչները, քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարները ստեղծած էին եզակի մթնոլորտ մը, որ կը բաշխէր հայրենասիրութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, խաղաղութեան եւ լիբանանեան հայրենիքի հանդէպ անսակարկ նուիրում եւ ամենակարեւորը` մթնոլորտ մը, որ կը սորվեցնէր արժանապատուութիւն` ի գին ամէն զոհողութեան: «Իմ մտքիս մէջ մնացած է Լիբանանի յատուկ արտայայտութիւն մը` «մաալեշ» բառը, բառ մը, որուն մէջ խտացած են լիբանանցիի վերապրելու եւ վերաշինելու տենչը, ինչպէս նաեւ` ներելու պատրաստակամութիւնը»:

Այնուհետեւ Սէրուժ Գրաճեան ներկաներուն հրամցուց երաժշտական բարձրարուեստ եւ բարձրորակ կատարումներ եւ հանդէս եկաւ իր մշակած դաշնաւորումով, լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի երկու երգերով` «Պհըպաք եա Լըպնան» եւ «Նասսամ ալայնա էլ հաուա», ներկաներուն մէջ ստեղծելով յոյզերու աշխարհ մը, իսկ իր «Զարթի՛ր, լաօ՛» նուագով մեծապէս խանդավառեց ներկաները:

Ապա կատարուեցաւ մեծարեալներու գնահատանք. Հուրի Նաճարեան ներկայացուց երեք մեծարեալներ` դոկտ. Արաքսի Ալթունեանի, Սէրուժ Գրաճեանի եւ Բաբգէն արք. Չարեանի կենսագրութիւններն ու անոնց արժանիքները: Ապա մեծարեալները բեմ հրաւիրուեցան եւ ՀՕՄ-ի «Տոհմիկ օր»-ուան համաատենապետներ Զեփիւռ Տորնայի եւ Սիլվի Օհանեանի ձեռամբ իւրաքանչիւրին նուիրուեցաւ Հայաստանէն յատկապէս բերուած եւ շրջանակուած մանրանկարչութեան արուեստի նմուշներէն օրինակներ:

Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ կարեւոր նկատեց այն, որ մենք Լիբանանը կը տեսնենք իբրեւ ոչ սովորական երկիր մը, Լիբանանը մեր ծննդավայրն է, մեր տունն է, հոն, ուր մենք թրծուեցանք, ոգեշնչուեցանք եւ զարգացանք: Ցեղասպանութենէն ետք լիբանանահայը շատ դժուար պայմաններու տակ շինեց թիթեղաշէն դպրոցներ, եկեղեցիներ, հետզհետէ ծաղկեցաւ, ծաղկեցուց. երբ նայինք, կը տեսնենք Պուրճ Համուտը, Ս. Նշան եկեղեցին, Ճեմարանը, Զմմառու վանքը, Անթիլիասի կաթողիկոսարանը, մատուռը, Ցեղասպանութեան Պիքֆայայի յուշարձանը, ակումբները, մեր երիտասարդութիւնը, որոնք ամենադժուար օրերուն արթուն պահակները եղան մեր ժողովուրդին: Լիբանանը մարդուժ պատրաստեց եւ պատրաստելու առաքելութիւնը ունի: Թէեւ սփիւռքի բաբախող սիրտը ներկայիս վիրաւոր է, սակայն ոտքի է եւ պիտի մնայ կանգուն:

Առատ սեղաններու շուրջ խմբուած ներկաները վայելեցին Արարատ Ահարոնեանի եւ իր նուագախումբին բացառիկ կատարողութեամբ երգերն ու նուագները: Լիբանանեան համադամ ճաշատեսակները, քաղցրեղէններու ճոխ տեսականին` նուիրուած «Արզ ֆայն ֆուտզ»-ի կողմէ, գեղարուեստական կատարումները, վիճակահանութիւնը, վկայութիւններու տեսանիւթերը, երգն ու պարը խրախճանքի ճոխ ու աննախընթաց մթնոլորտ մը ստեղծած էին:

«Տոհմիկ օր»-ուան երկրորդ օրը նուիրուած էր Լիբանանի հայ համայնքային կեանքին` զրոյցներու եւ գեղարուեստի ընդմէջէն:

Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ` Լիբանանի հայ զոհերու եւ նահատակ հերոսներու յիշատակին ու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբը կազմակերպած էր զրուցաշարք մը Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին թորոնթոհայերը: Սրահի նկարներուն, իրերուն եւ զարդերուն կողքին, ներկաները ըմբոշխնեցին լիբանանահայերու կողմէ հաւաքուած վկայութիւններու տեսանիւթեր` Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ բնակող ազգայիններէ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սոնիա Գրաճեան, որ ներկաները ողջունեց Ժպրան Խալիլ Ժպրանի հետեւեալ խօսքերով. «Եթէ Լիբանանը երկիրս չըլլար, ես պիտի ուզէի Լիբանանը ընտրել որպէս իմ երկիրը»: Երախտագիտութեամբ կ’ողջունենք ձեզ, ըսաւ Գրաճեան, որպէսզի այսօր միասնաբար դրուատենք ու մեր մտքերը հարստացնենք` ըմբոշխնելով լիբանանահայութեան հարուստ մշակոյթը Լիբանանի մէջ եւ այլուր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբի համաատենապետ Սիլվի Օհանեանը եւ շեշտեց, որ այս  նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն հայկական մշակոյթը ծանօթացնելու, զարգացնելու եւ անոր սէրը ծաղկեցնելու ներկայ սերունդին մէջ: Ան կրկին յիշեց, որ այդ տարուան հասոյթէն կոկիկ գումար մը ՀՕՄ-ի ճամբով պիտի ուղարկուի` օժանդակելու Լիբանանի հայ գաղութի մարդասիրական ծրագիրներուն: Վարչութեան անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց` երկու օրերը ճոխացնող արուեստագէտներուն, զրուցաբերներուն եւ գեղարուեստական բաժնի մասնակցողներուն, բոլոր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ հնարաւոր եղաւ այս զոյգ ձեռնարկները յաջողութեամբ կազմակերպել, ապա գնահատանքի խօսք ուղղեց յանձնախումբի անդամներուն` իրենց երկար ամիսներու տքնաջան եւ նուիրեալ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց Լիբանանի հայ գաղութին ձօնուած «Տոհմիկ օր»-ուան երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) գիրքին հրատարակութիւնը:

Այնուհետեւ հանդիսավարը ներկայացուց զրուցավարը, զրուցաբերները եւ իրենց ներկայացնելիք նիւթերը: Զրուցավարը Մոնրէալէն Թորոնթօ ժամանած ճարտարագէտ, գրող Րաֆֆի Աճեմեանն էր, որ զրուցավարութեան կողքին, ներկայացուց «Պէյրութը եւ հայութիւնը» նիւթը: Յաջորդ զրուցաբերը երաժշտագէտ դոկտ. Արաքսի Ալթունեանն էր, որ ներկայացուց «Հայ երաժշտական կեանքը»: Բանաստեղծ, պատմաբանասէր Խաչիկ Տէտէեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախկին դիւանապետը ներկայացուց «Յարանուանական եւ համայնքային կեանքը», իսկ Մոնրէալէն Թորոնթօ ժամանած բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան ներկայացուց «Հրատարակչական եւ գրական կեանքը»:

Րաֆֆի Աճեմեան իր նիւթը ներկայացուց անչափ հարազատօրէն` զուգահեռաբար ցուցադրելով նկարաշարի տեսանիւթ մը, ուր թուագրուած քարտէսով նկարագրեց իւրաքանչիւր շրջան եւ հայութիւնը` Պուրճը, շրջակայքը, ոսկերչանոցը, պանդոկ «Լիւքս»-ը, Պապ Իտրիսը, Ժորժ Փիքոն, Ս. Եղիա, Ս. Նշան, Արլըքեն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան` Նշան Փափազեան` ջութակով, Գէորգ Մանուկեան` սաքսոֆոնով, Վրէժ Ղազարեան` դաշնամուրով, լիբանանցի եւ լիբանանահայ երգիչներու կարգ մը սիրուած երգերու կատարումներով:

Զրուցաշարքի երկրորդ նիւթով Րաֆֆի Աճեմեանի հետ զրոյցով հանդէս եկաւ դոկտ. Արաքսի Ալթունեանը` նիւթ ունենալով «Հայ երաժշտական կեանքը». ան ներկայացուց` 1920-1960 առաջին երկու սերունդները, 1960-1975 լիբանանեան մշակոյթի ոսկեդարը եւ հայ աստղերը, հայրենիքէն այցելուները, երաժշտանոցները եւ այլ հաստատութիւնները, 1990-2020-ականներու աստղերը, ժողովրդական երգի աստղերը եւ ներկայ սերունդը:

Երրորդ զրուցաբերը` Խաչիկ Տէտէեան, ներկայացուց «Յարանուանական եւ համայնքային կեանքը` Հայ առաքելական համայնք, Հայ կաթողիկէ համայնք եւ Հայ աւետարանական համայնք» նիւթը` բազմաբնոյթ մանրամասնութիւններով:

Չորրորդ զրուցաբերը` Յարութիւն Պէրպէրեան, հանդէս եկաւ «Հրատարակչական եւ գրական կեանքը» նիւթով եւ նկարաշարի հետ զուգահեռ ներկայացուց գրական դէմքեր եւ մամուլ 1903-էն մինչեւ 2005:

Իւրաքանչիւր զրուցաշարի կը յաջորդէր վկայութիւններու տեսերիզ մը:

Հայկական պարը լիբանանահայու մշակութային ինքնութեան կարեւոր անկիւնաքարը դարձած է: Հայկական պարախումբերու բարձրորակ մասնակցութիւնը Պաալպեքի փառատօներուն հիացուցած է լիբանանցի հանդիսատեսը` անկախ իր համայնքային պատկանելիութենէն: Յայտագրի յաջորդ բաժինով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբը, որուն պարուսոյցն է բեմադրիչ Նելլի Կարապետեանը: Պարախումբը բացառիկ կատարողութեամբ ներկաները խանդավառեց «Քոչարի» պարով:

Լիբանանն ու լիբանանահայը հարուստ են իրենց բանաստեղծներով, գրողներով, հրապարակագիրներով եւ արձակագիրներով: Լոռի Պէրպէրեանը քաղցրութեամբ մեկնաբանեց Լիբանանի մասին գրուած Մուշեղ Իշխանի քերթուածներէն մին` «Անկիւն մը եդեմի»:

Առ ի գնահատանք «Տոհմիկ օր»-ուան առթիւ իրենց մասնակցութիւնը բերած չորս զեկուցաբերներուն, Սիլվի Օհանեանի եւ Սոնիա Գրաճեանի ձեռամբ, նուիրուեցան լուսանկարիչ եւ համալսարանի դասախօս Արա Մածունեանի «Թռչնոց բոյն» խորագրուած հատորը, որ հրատարակուած է 2015-ին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի առիթներով:

Փակման խօսքով Սոնիա Գրաճեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց զրուցաբերներուն, որոնք իրենց գիտելիքներով հարստացուցին ներկաներուն միտքերը եւ աւելի խորացուցին անոնց սէրն ու երախտագիտութիւնը` հանդէպ մեր ծննդավայրին: Ան յայտնեց, որ այժմ վիրաւոր է Լիբանանը, խոշտանգուած է, հարուածուած է, փայլող փարոսը գրեթէ մարած է, սակայն չի դադրիր մեր մտքի հորիզոնին մէջ ըլլալ այն Լիբանանը, որ հիւրընկալեց եւ բազուկները լայն բացաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, կիսամերկ, յուսահատ, գրեթէ մահամերձ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ: Սակայն մինչեւ այսօր լիբանանահայը պատնէշի վրայ կը մնայ` իր մտաւորականներով, բանաստեղծներով, մտքեր զարգացնող ուսուցիչներով, տնօրէններով, աշխարհահռչակ երաժիշտներով եւ գիտնականներով, Լիբանանի եւ սփիւռքի այլ երկիրներու մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ճոխացուցին յայտագիրը` իրենց նուագներով, ասմունքով եւ պարով, ինչպէս նաեւ` հանդիսատեսներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ՀՕՄ-ի «Տոհմիկ օր»-ուան Լիբանանի հայ գաղութին ձօնուած սոյն ձեռնարկը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տաթեւ Ա. քհնյ.  Միքայէլեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հաստատման պատմականը ըրաւ եւ հաւաստիացուց, որ կաթողիկոսարանի ներկայութիւնը փայլք տուաւ Լիբանանին` թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային առումով: Հետեւեալ խօսքերով յիշեցուց, որ այժմ Լիբանանը թէեւ կ’անցնի դժուարութիւններէ, սակայն իր փառքը չէ կորսնցուցած եւ կը մնայ ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ աշխարհի մարգարիտը: Ապա ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս ձեռնարկը կազմակերպողներուն, որոնք կը շարունակեն հայապահպանման այս երթը:

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած 29-րդ «Տոհմիկ օր»-ը մեծ ապացոյց մը եղաւ լիբանանահայու գոյատեւելու վճռակամութեան եւ իր փայլուն դրոշմը հաստատեց Թորոնթոյի հայ գաղութին մէջ: «Տոհմիկ օր»-երու շարունակականութեան արգասիքը հանդիսացող սոյն երկօրեայ ձեռնարկները փակուեցան հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ:

 

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Պատրաստութեան Ամառ, Թէժ Աշունի Համար

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?