Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններէն, յատկապէս` Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրէն ետք, ամերիկացի եւ իրանցի վերլուծաբաններ ստորագրեցին շահեկան յօդուածներ, որոնցմէ երկուքը կը ներկայացնենք այս էջով:
Ն.
Ճեֆրի Սաքս դիմած է Հարաւային Կովկասի երկիրներուն. Թրամփ ձեզ լրջագոյն անախորժութեան մէջ կը ներքաշէ
Ես ամբողջովին չեմ աջակցիր Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն, քանի որ այս շրջանը կը գտնուի բազմաթիւ մեծ պետութիւններու` Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ, Պարսից ծոցի երկիրներու միջեւ: Այս յայտարարութիւնը ըրած է ամերիկացի տնտեսագէտ եւ պետական քաղաքականութեան ոլորտի վերլուծաբան Ճեֆրի Սաքս:
«Հարաւային Կովկասին պէտք է զգուշ վերաբերիլ: Այս Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի միջամտութիւն է, գունաւոր յեղափոխութիւններ կազմակերպելու փորձեր, Ռուսիոյ խոցելի կէտին կրկին հասնելու փորձեր: Բան մը, որ բաւական ապակայունացնող իրավիճակ է: Այդ կը բխի Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն, մասնաւորապէս` յատուկ ծառայութիւններէն:
Հարաւային Կովկասը Եւրոպա չէ: Հարաւային Կովկասը սշխարհագրական առումով Ասիա է: Եւրոպան պէտք է հեռանայ այնտեղէն: Խնդիրը այն չէ, որ Հարաւային Կովկասը պէտք է վատ յարաբերութիւններ ունենայ Եւրոպայի կամ ոեւէ մէկուն հետ: Խնդիրը այն է, որ միջամտութիւնը` շատ դժուար շրջանի մէջ գտնուող այս երեք անկայուն երկիրներու ներքին քաղաքականութեան, պէտք է իրականացուի ծայրայեղ զգուշ եւ ակնածանքով, որպէսզի անոնք Ուքրանիոյ չվերածուին:
Ուքրանիան կ՛այրի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տխմարութեան պատճառով: Անոնք կը փորձեն այդ կրկնել Հարաւային Կովկասի մէջ: Հարցնող եթէ ըլլայ` ինչո՞ւ Ազրպէյճան ներգրաւուած է Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան, աջակցելով Իսրայէլին եւ Իրանի վրայ անոր յարձակումներուն: Կը կատակէ՞ք: Անհաւատալի է: Այդ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (Սի.Այ.Էյ) գործն է, այն հանճարներուն, որոնք զանգուածային ճգնաժամ պիտի ստեղծեն. այս շրջանը ապակայունացնել:
Որեւէ տեղացի պէտք է ըսէ. «Մենք Հարաւային Կովկասի մէջ ենք: Մենք քանի մը պետութիւններու միջեւ ենք: Աւելի լաւ է միասին մնանք, քանի որ մեր ապագան տնտեսութեան եւ ապահովութեան առումով այստեղ է: Մենք պէտք չէ թշնամացնենք մեր դրացիները: Պէտք է գտնենք ճամբայ մը` դառնալու Ասիան եւ Եւրոպան կապող իրական միջին միջանցք եւ Ռուսիան ու Մերձաւոր Արեւելքը կապող հիւսիս-հարաւ միջանցք: Պէտք է հեռու մնանք մեծ տէրութիւններու քաղաքականութենէն եւ, ի սէր Աստուծոյ, չմիջամտենք Իսրայէլի պատերազմներուն»:
Այս այն խաղն է, որ այս խիստ անկայուն շրջանին մէջ կը խաղան «Մոսատ»-ը, Սի.Այ.Էյ-ը եւ Եւրոպան: Ես կը հիանամ Վրաստանի ներկայի կառավարութեամբ` իր ողջախոհութեան եւ գործնապաշտութեան համար: Ես խորապէս թերահաւատ կը վերաբերիմ անոր, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները հիմա խաղեր կը խաղան, կամ որ` Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան զանոնք կ՛օգտագործեն աշխարհաքաղաքական նպատակներով, որոնք չեն համապատասխաներ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի շահերուն:
Այդ Սի.Այ.Էյ. -ի վաղեմի գործելաոճն է` միջամտելու Ռուսիոյ, իսկ հիմա նաեւ Իրանի գործերուն: Այդ ճիշդ հիմա տեղի կ՛ունենայ: Շատ վտանգաւոր է:
Եւ ահա թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ ըսել Հարաւային Կովկասի բարեկամներուն. «Նայեցէ՛ք քարտէսին. Միացեալ Նահանգները բոլորովին չեն հետաքրքրուած Հարաւային Կովկասով: Անոնք խաղեր կը խաղան: Զգուշ եղէք:
Պրիւքսելը, որ ամբողջովին անգործունակ է եւ անկարող է որեւէ օգտակար բան ընելու, ցաւօք, ստիպուած է խոստովանիլ այդ, քանի որ ես ժամանակին Եւրոպական Միութեան մեծ համակիրն էի: Եւրոպական Միութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ տեղ չունի: Այնպէս որ, զգուշ եղէք եւ ծուղակը մի՛ իյնաք: Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր հարեւաններուն: Ձեր դրացիներն են` Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ այլն: Ահա թէ ի՛նչն է կարեւոր ձեզի համար: Մի՛ հաւատաք, որ Միացեալ Նահանգները, յատկապէս` Թրամփի օրով, ձեւով մը կը փրկեն ձեզ ձեր դրացիներէն: Անոնք ձեզ լրջագոյն անախորժութեան մէջ կը ներքաշեն:
Ես կը սիրեմ Հարաւային Կովկասը: Ի՜նչ գեղեցիկ շրջան: Ի՜նչ հարուստ պատմութիւն: Ի՜նչ հրաշալի մշակոյթ: Ի՜նչ հրաշալի վայրեր: Ի դէպ, հիանալի զբօսաշրջութիւն, ուտելիք եւ ալ ինչ ըսես: Բայց մի՛ խաբուիք, այդ կրնայ ձեզ Ուքրանիոյ վերածել:
Ձեզի կը թուի, թէ ամերիկացիներուն տարտն ու ցաւը Վրաստա՞նն է, Հայաստա՞նն է, Ազրպէյճա՞նն է: Կը կարծէք` անոնք ընդհանրապէս գիտե՞ն ուր կը գտնուին: Միակ բանը, որ անոնք գիտեն, այն է, որ Հարաւային Կովկասը Ռուսիոյ խոցելի կէտն է: Ճիշդ անոր համար ալ մենք պէտք է հրահրենք, ընդլայնենք մեր սահմանները, Ռուսիան մեր դէմ լարենք եւ մենք ի վիճակի ենք այդ ընել` անոր դրացի շրջանի միջոցով:
Անոնք կը փորձեն` ապակայունացնել Ռուսիան, խանգարել անոր տնտեսական բարգաւաճումը, խանգարել անոր բնականոն տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, ներառեալ` Հարաւային Կովկասի միջոցով:
Չինաստանի հետ լաւ յարաբերութիւնները Հարաւային Կովկասի տնտեսական ապագային համար աւելի կարեւոր են, քան` Միացեալ Նահանգներու հետ լաւ յարաբերութիւնները: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Չինաստանը Ասիոյ մեծագոյն տնտեսութիւնն է:
Հնդկաստանը եւս մեծ պետութիւն կը դառնայ եւ, ի դէպ, ապագային կարեւոր դեր կը խաղայ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ: Միացեալ Նահանգները հովանաւորչական, դանդաղ զարգացող շուկայ են եւ բաւական հեռու կը գտնուին:
Հարաւային Կովկասի համար ռազմավարութիւնը այն է, որ այն կայուն, անվտանգ եւ հիւսիսն ու հարաւը եւ արեւելքն ու արեւմուտքը իրարու կապող խաղաղ միջանցք ըլլայ, ինչպէս նաեւ` բոլոր տեսակի ճարտարարուեստներու, յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու, երկրագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ արտադրութեան զարգացման համար հիանալի վայր: Այդ ապագան է: Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս հասնիլ այդ ապագային:
Այդ հիմնուած չէ ՕԹԱՆ-ի վրայ: Իսկ որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ բոլորին համար պարզ ըլլայ. Հարաւային Կովկասի ոչ մէկ երկիր ՕԹԱՆ-ի անդամ կը դառնայ, որովհետեւ մինչեւ որ այդ տեղի ունենայ, Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմ կը բռնկի: Ռուսիան նման բան երբեք թոյլ չի տար:
Ռուսիան մտադիր չէ Հարաւային Կովկաս ներխուժել, եթէ Միացեալ Նահանգներ այդ չհրահրեն: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այս շրջանին մէջ բազմաթիւ կարեւոր շրջանային պետութիւններ կան: Թուրքիա չ՛ուզեր ռուսական ներխուժումը: Իրանի չ՛ուզեր ռուսական ներխուժումը:
Ռուսիա կը ցանկար, որ Հարաւային Կովկասը այս պետութիւններու միջեւ իւրայատուկ անվտանգութեան գօտի դառնար: Կայունութեան նկատմամբ խոր հետաքրքրութիւն կայ:
Չինաստան եւս խիստ հետաքրքրուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ, քանի որ այն Արեւելք-Արեւմուտք հաղորդակցութեան հիմնական միջանցք է, որ, ինչպէս բոլորը կը հասկնան, Չինաստանի գլխաւոր նպատակն է: Բոլորը Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն կը ցանկան` բացի, թերեւս, Պրիւքսելէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
«Կովկասը Կրնայ Ըլլալ Սիոնական
Վարչակարգի Նկատմամբ
Իրանի Յաղթանակի Բանալին». Իրանցի Մասնագէտ
Աւելի քան 10 օրուան ռազմական դիմակայութեան ընթացքին սիոնական վարչակարգի հետ Ազրպէյճանի կառավարութեան չարամիտ ռազմական եւ պաշտպանական գործընկերութեան հսկայական ծաւալներու բացայայտումէն ետք, Իրան նոր հնարաւորութիւններ ստացած է սիոնական վարչակարգին հետ անխուսափելի ապագայ պատերազմին մէջ: Այս մասին գրած է միջազգային իրաւունքի իրանցի մասնագէտ Ահմատ Քազեմի:
«Հակառակ ազդեցիկ շրջանակներու ջանքերուն, որոնք կը փորձեն Ազրպէյճանի գործընկերութիւնը սիոնական վարչակարգին հետ յանգեցնել միայն Ազրպէյճանի վրայով սիոնական վարչակարգի անօդաչուներու եւ կործանիչներու թռիչքներուն, որուն մասին, հնարաւոր է, Պաքուի վարչակարգը տեղեակ չէ եւ փրկել Ալիեւներու ընտանիքը իրենց իսկ ստեղծած այս անդունդէն, իրանցիներու սպանութեան գործով Պաքուի գործընկերութեան ծաւալները չափազանց ընդարձակ են եւ չեն կրնար համեմատուիլ որեւէ այլ երկրի հետ, բացառութեամբ Միացեալ Նահանգներու:
Պաքուի եւ սիոնական վարչակարգի միջեւ այս թշնամական գործընկերութեան կարգ մը երեւոյթներ.
– Ցամաքային, օդային եւ ծովային (Կասպից ծով) տարածքներու լիակատար յանձնում «Հերմես» եւ «Հարուփ» կործանիչներու եւ անօդաչուներու թռիչքներու համար:
– Հիմնականին մէջ Կասպից ծովու ափերուն, Իրանի հետ սահմանամերձ շրջաններու մօտ գտնուող հինգէն աւելի խարիսխներու, ինչպէս նաեւ Զանգելանի, Լենքորանի, Պաքուի եւ այլ վայրերու խարիսխներու յանձնում` «Օրպիթր 3 եւ 4», «Հարուփ», «Հերմէս», «Հերոն» անօդաչուներու եւ կործանիչներու էջքի ու թռիչքի համար:
– Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերու եւ բանակի զգալի կուտակում Իրանի սահմաններուն` Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումէն միայն քանի մը օր առաջ, այն ենթադրութեամբ, որ Թել Աւիւի երաշխիքներով Իրանի պարտութիւնն ու կործանումը անխուսափելի են: Այս ուժերու կուտակումը երկու նպատակ հետապնդած է.
- Անջատողական շարժումներուն հոգեբանական եւ գործնական աջակցութիւն եւ նախապատրաստում քրտական մարտական միաւորներու, «Գորշ գայլերու» եւ այլ հրոսակախումբերու ուղարկման Սուրիայէն, հիւսիս-արեւմուտք` Իրանի ռազմական ենթակառոյցներու վերջնական ոչնչացումէն ետք:
- Ապահով երթուղիի ստեղծում Իսրայէլի համար, Ֆորտոյի ռմբակոծումէն ետք, Պաքուի միջոցով Իրանի հարստացուած իւրանիոմը գողնալու եւ դուրս բերելու ծրագիրը իրականացնելու (նման է 2018 թուականին Քահրիզիկէն Իրանի միջուկային փաստաթուղթերը գողնալու եւ Ազրպէյճանի միջոցով զանոնք դուրս բերելու Մոսատի ծրագրին):
– Կեղծ Զանգեզուրի միջանցքի (ՕԹԱՆ-ի թուրանական միջանցք) գաղափարի ռազմական յառաջ մղում, միաժամանակ սիոնական վարչակարգի ռազմական յարձակումին հետ` սահմանը փոխելու եւ Իրանի աշխարհաքաղաքական դիրքը խեղդելու նպատակով:
– Միջանցք, որ նաեւ ռազմական գործառոյթ ունի եւ աջակցութիւն կը ստանայ սիոնական եւ լոնտոնեան ճակատներէն, քանի որ այդ միջանցքի տարածքը նաեւ հարթակ է Թեհրանի վրայ յարձակումներու համար: Ռազմական յարձակումին ընթացքին սիոնական կործանիչները օգտագործած են նաեւ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան ուղին:
– Խաբուած անձերու եւ ցեղային անջատողականներու նախապատրաստում եւ հաւաքագրում 2003 թուականէն, ի դէմս արտերկրի պետական կոմիտէի կամ Իրանէն դուրս գտնուող ազրպէյճանցիներու եւ անոնց տնտեսում ՍՕՔԱՐ նաւթային ընկերութեան միջոցներու հաշուոյն:
– Հրթիռներու եւ զէնքի զինանոցի («Պարաք» ՀՕՊ համակարգ) ստեղծում սիոնական վարչակարգի համար Ազրպէյճանի մէջ, աւելի քան տասը տարի Իսրայէլէն զէնքի լայնածաւալ գնումներու քողին տակ, անոնք ղարաբաղեան պատերազմին օգտագործելու պատրուակով:
– Տեղեկատուութեան տրամադրում Ազրպէյճանի հիւսիսը գտնուող Կապալայի տեղորոշիչ կայանէն` իրանեան երկինքը վերահսկելու, նաեւ իրանեան հրթիռներու եւ անօդաչուներու տեղաշարժին հետեւելու համար: Կապալան կը նկատուի Կովկասի եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ խորհրդային մեծագոյն տեղորոշիչ կայաններէն մէկը:
– 12-օրեայ յարձակումի ընթացքին Պաքուի կողմէ սիոնական վարչակարգին տեղեկատուական լիակատար աջակցութիւն, պաշտօնական ցանցերով քրտական եւ թրքական անջատողական յայտարարութիւններու պատկերասփռում, ինչպէս նաեւ` սիոնական վարչակարգի կողմէ յեղափոխութեան առաջնորդը սպաննելու սպառնալիքի հաւանութիւնը եւ Իրանի առաջնորդի նկատմամբ «սատանայ» բառի օգտագործումը:
– Պաքուն` որպէս Իրանի հետ սահմանակից այն միակ երկիրը, որ հրաժարած է դատապարտել սիոնական վարչակարգի ռազմական յարձակումը մինչեւ 12-օրեայ պատերազմի աւարտը:
Կարելի էր աւելցնել եւս տասնեակ կէտեր:
Այժմ, Ալիեւներու ընտանիքի պատմական սխալէն ետք, իւրայատուկ հնարաւորութիւն ստեղծուած է փոխելու շրջանային հաւասարակշռութիւնը եւ ամրապնդելու երկրի պաշտպանունակութիւնն ու զսպման ներուժը, քանի որ այս չարիքին պատասխանելը Իրանի օրինական իրաւունքն է` հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի վրայ:
Հեռանկարին մէջ Ազրպէյճան սիոնական վարչակարգին դէմ ռազմական գործողութիւններու հիմնական թատերաբեմ դարձնելը կը զօրացնէ սիոնական վարչակարգին Իրանի մահաբեր հարուածներու զսպող ուժն ու ազդեցութիւնը: Այս պայմանաւորուած է անով, որ Ազրպէյճան, ըլլալով նաւթով ամենահարուստ երկիրներէն մէկը, սիոնական վարչակարգի եւ անոր հետ կապուած եւրոպական կարգ մը երկիրներու նաւթի եւ կազի հիմնական մատակարարն է:
Ներկայիս Ազրպէյճանը կը մատակարարէ վարչակարգին կողմէ սպառուող նաւթի աւելի քան 60 առ հարիւրը` Պաքու-Ճէյհան խողովակաշարով, որ կը շահագործուի բրիտանական Պի.Փի. ընկերութեան կողմէ: Պաքուի նաւթավերամշակման գործարանը եւ Սումկայիթի նաւթային կեդրոնները նոյնպէս վառելանիւթ կը մատակարարեն սիոնական վարչակարգի կործանիչներուն եւ բանակին:
Կազայի պատերազմի եւ 12-օրեայ ռազմական յարձակումի ընթացքին Պաքուն երաշխաւորած է վարչակարգի նաւթի եւ վառելանիւթի մատակարարումը, յատկապէս` Հայֆայի նաւթավերամշակման գործարանին հասցուած հարուածէն ետք: Բացի անկէ` Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք Պաքուն աջակցութիւն ցուցաբերած է այդ պատերազմին ՕԹԱՆ-ի ճակատին` Հարաւային Կովկաս-TANAP-TAP խողովակաշարով տարեկան շուրջ 13 միլիառ խորանարդ մեթր կազ տեղափոխելով տասը եւրոպական երկիրներ:
Ազրպէյճանի սիոնական վարչակարգին աջակցող ուժանիւթային եւ ռազմական ենթակառոյցներուն օրինական հարուածները վնաս կը հասցնեն միայն Թել Աւիւին, ի դէմս Պաքուի` սիոնական վարչակարգի դաշնակցին, ինչպէս նաեւ այդ վարչակարգին աջակցող եւրոպական կարգ մը երկիրներուն` Անգլիոյ գլխաւորութեամբ:
Ինչպէս սիոնական վարչակարգը օգտագործած է եւ կ՛օգտագործէ բոլոր միջոցները` Իրանը անակնկալի բերելու համար, այնպէս ալ Իրան պէտք է գործածէ օրինական բոլոր միջոցները` խստօրէն պատժելու այդ վարչակարգը եւ անոր դաշնակիցները, որպէսզի անոնք այլեւս չհամարձակին գաղտնի ծառայել Իրանի թշնամիներուն եւ ձեւանալ բարեկամ:
Կովկասը կրնայ ըլլալ սիոնական վարչակարգի նկատմամբ Իրանի պատմական յաղթանակի բանալին: