Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մեզի անշուշտ ծանօթ է թուրք գրող եւ հասարակական գործիչ Էլիֆ Շաֆաքի անունը: Ան գեղարուեստական գրականութեամբ, հարցազրոյցներով եւ յօդուածներով արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան բնաբանին, խիզախ կեցուածքով: Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը վերջերս անոր հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Էլիֆ Շաֆաք Կը Խօսի Իր Վերջին Գիրքին Եւ
Թուրքիոյ Մէջ Լարուած Քաղաքականութեան Մասին
«Որպէս վիպասանի` Թուրքիոյ մէջ կրնան ձեր դէմ դատական հետապնդումի հոլովոյթ սկսիլ, կրնաք բանտարկութեան դատապարտուիլ… գրեթէ թուային հալածանքի (ամբոխավարութեամբ մահապատիժի) ենթարկուիլ», կ՛ըսէ թրքական արմատներով բրիտանացի գրող, ակադեմիկոս եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպան Էլիֆ Շաֆաք:
«Թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» համար դատուելէ գրեթէ երկու տասնամեակ ետք Շաֆաք դարձած է Բրիտանիոյ ամէնէն յայտնի հեղինակներէն մէկը:
Հէյ փառատօնին ընդառաջ, Շաֆաք խօսեցաւ իր վերջին վէպին եւ Թուրքիոյ մէջ լարուած քաղաքականութեան մասին: Թուրքիոյ մէջ վիպասան ըլլալը բոլորովին այլ բան կը նշանակէ, քան` Բրիտանիոյ մէջ:
«Այդ ծանր փորձառութիւն է,- կ՛ըսէ 53-ամեայ Էլիֆ Շաֆաք, որ յաճախ նկարագրուած է որպէս երկրի ամէնէն յայտնի կին գրողը: – Անշուշտ Թուրքիոյ մէջ կին վիպասան ըլլալը… այդ ուրիշ պատմութիւն է»:
«Գիշերուան մը ընթացքին կրնաս ենթարկուիլ հարցաքննութեան, դատական հետապնդման, գրեթէ թուային հալածանքի», կ՛ըսէ ան:
Էլիֆ Շաֆաք այդ շատոնց գիտէ:
2006 թուականին զինք դատեցին «թրքականութիւնը վիրաւորելու» համար, իր «Պոլսոյ ապօրինի զաւակը» վէպով, այն պարզ փաստին համար, որ ան կը ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ քայլով մարտահրաւէր կը նետէր թրքական պետութեան պաշտօնական տեսակէտին:
Այս առաջին դէպքն էր, երբ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը նման ձեւով կը դատուէր:
«Իմ վէպէս առնուած էին գեղարուեստական կերպարներու խօսքերը եւ որպէս ապացոյց` օգտագործուած դատարանին մէջ,- կ՛ըսէ ան: -Դատարանին դուրսը ծայրայեղ ազգայնականները կը թքէին նկարներուս վրայ, կ՛այրէին նկարներս եւ Եւրոպական Միութեան դրօշը: Այդ բաւական անհանգստացնող էր»:
Ի վերջոյ ան արդարացուեցաւ:
2019 թուականին Շաֆաքի այլ գիրք մը` «Այս տարօրինակ աշխարհին մէջ 10 վայրկեան 38 երկվայրկեան» գեղացուցական (kaleidoscopic) վէպը, որ կը պատմէ սպաննուած պոլսեցի մարմնավաճառի մը մասին, թրքական իշխանութիւններու կողմէ անպարկեշտութեան յանցանքի համար հետաքննուող բազմաթիւ գիրքերէն մէկն էր: Այդ նաեւ «Պուքըր» մրցանակի քանի մը թեկնածուներէն նկատուած էր:
Գրեթէ մէկ տասնամեակ անցած է այն ժամանակէն, երբ Շաֆաք «յարմարաւէտ» զգացած է Թուրքիա վերադառնալ: Ան 16 տարի ապրած է Լոնտոն, որմէ եօթը տարի աշխատելով Պոլսոյ մէջ` մինչեւ ընդհանրապէս կանգ առնելը:
Բայց եւ այնպէս, այսօր Լոնտոնի կեդրոնը գտնուող իր հրատարակչատան գրասենեակին մէջ Շաֆաք կ՛արտացոլացնէ թրքականութիւնը` իր կապոյտ աչքերու շուրջ գծուած Kohl աչքի մատիտով եւ իր խմած անանուխի թէյի բոյրով: Անոր առոգանութիւնը նոյնպէս կը կրէ մայրենի լեզուի կշռոյթը: «Բայց եւ այնպէս, կան անգլերէն բառեր, որոնք ես չեմ կրնար արտասանել», ան կ՛ըսէ ժպտելով:
Անոր վէպերուն մէջ, որոնք գրուած են անգլերէն, այդ անվստահութիւնը բացարձակ չի դրսեւորուիր: Անոնք յաւակնոտ են իրենց ծաւալով, տարածուելով դարերու եւ աշխարհագրական շրջաններու մԷջէն` հին Միջագետքէն մինչեւ ժամանակակից Լոնտոն:
Անոր 21 գիրքերէն գրեթէ բոլորը կը մարմնաւորեն անոր բնորոշ հետաքրքրութիւնը յիշողութեան եւ քաղաքականութեան նկատմամբ:
Շաֆաքի վերջին վէպը` «Երկինքին մէջ գետեր կան», կը պատմէ ջուրի կաթիլի մը մասին, հազարամեակներու ընթացքին Տիգրիսէն մինչեւ Թէյմզ` ներկայացնելով այնպիսի բազմազան կերպարներ, ինչպէս ասորեստանցի թագաւոր Ասուրպանիփալը, 19-րդ դարու գիտնական մը, որ ծնած է Լոնտոնի լքուած շրջանի մը մէջ, եւ` երիտասարդ եզիտի աղջիկ մը, որ կը մեծնայ Թուրքիոյ մէջ:
Թէեւ անոր առաջին վէպերը գնահատուած են հայրենիքին մէջ, սակայն Շաֆաք միջազգային ճանաչում ստացած է միայն այն ժամանակ, երբ սկսած է գրել անգլերէն: Անկասկած «Պոլսոյ ապօրինի զաւակը» գիրքին շուրջը ծագած իրաւական աղմուկը նպաստած է այդ ճանաչման: Մարդիկ թերեւս գիրքը առած են վերնագիրներու համար, բայց կարդացած են ամբողջութիւնը:
Այժմ, երկու տասնամեակ եւ 11 գիրք ետք, Շաֆաք Բրիտանիոյ ամէնէն յայտնի վիպասաններէն մէկն է:
Հարցազրոյցին մէջ Շաֆաք բացայայտ գրող է` փոխաբերութիւններ գործածելով նոյնքան դիւրութեամբ, որքան` ուրիշներ «լայք» կամ «ըմմ» կ՛օգտագործեն:
Հաճելի փաստ մըն է, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին heavy metal-ի համակիր է. դժուար է պատկերացնել, որ «Քառասուն տարուան սէր» գիրքի բանաստեղծական արձակը միաձուլուի մեղեդային death metal-ի գլխապտոյտ հնչիւններու հետ:
Շաֆաք ծնած է Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ, ուր անոր հայրը, որ մտաւորական դաստիարակութիւն ստացած էր, կ՛ուսանէր փիլիսոփայութեան դոկտորական աստիճան նուաճելու համար:
«Ես շրջապատուած էի միջազգային բազմաթիւ ձախակողմեան ուսանողներով, գաղափարական գիրքերով, ծխելով, բարձրակրունկ կօշիկներով», կ՛ըսէ ան տխուր ձայնով մը:
Երբ ծնողները բաժնուեցան, ան մօրը հետ տեղափոխուեցաւ Անգարա:
«Մեր թաղը շատ պահպանողական էր, շատ ազգայնամոլ, – կ՛ըսէ ան: – Ես չափազանց փոքր էի այդ Ֆրանսայի հետ համեմատելու եւ հասկնալու համար, բայց այնքան ալ մանուկ չէի` զգալու, որ մենք տարբեր ենք: Որ` մենք կ՛առանձնանայինք»:
Անոր մայրը ամուսնալուծուած էր, փաստ մը, որ զանոնք անմիջապէս առանձնացուց. աւելի տարօրինակ էր այն, որ ան կը դիմադրէր համայնքին` նոր ամուսին գտնելու փորձերուն:
«Սովորաբար նման իրավիճակներու մէջ գտնուող կիները այդ ժամանակ անմիջապէս կ՛ամուսնացնէին իրենցմէ տարիքով մեծ մէկու մը հետ, բայց մեծ մայրս միջամտեց, – կ՛ըսէ Էլիֆ: – Ան հոգ տարաւ ինծի, որպէսզի մայրիկս կարողանայ վերադառնալ համալսարան, ասպարէզ եւ ընտրութեան հնարաւորութիւն ունենալու: Այդ անհաւատալի էր: Այն, որ ըրաւ, շատ յառաջադէմ էր»:
Տան մէջ Շաֆաքի մեծ մայրը զայն կը զուարճացնէր` Մերձաւոր Արեւելքի, Պալքաններու, Լեւանթի մասին պատմութիւններով, օրօրոցայիններով, հանելուկներով եւ առասպելներով, որոնց արձագանգը մինչ այսօր բարձրաձայն կը հնչէ անոր գիրքերուն մէջ:
«Իմ մեծ մայրս շատ զարգացած կին չէր, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ զայն դպրոցէն հանած էին աղջիկ ըլլալուն համար, բայց ան շատ իմաստուն անձ մըն էր»:

Անոր մայրը հետագային որպէս պաշտօնեայ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, աշխատանք մը, որուն շնորհիւ անոնք հետագային տեղափոխուեցան Սպանիա:
«Ես իսկապէս կը հաւատամ բարեկամութեան, մտերմութեան: Երբ կիներ կ՛աջակցին իրարու, յատկապէս` կարեւորագոյն պահերուն, անոնց ազդեցութիւնը կը տարածուի սերունդներէն անդին»:
Սպանիոյ մէջ Շաֆաք իր դպրոցին միակ թուրք աշակերտուհին էր:
«Կը յիշեմ, երբ թուրք ահաբեկիչ մը փորձեց սպաննել Հռոմի պապը, յաջորդ օրը ես մտայ դասարան, եւ բոլոր երեխաները կը ծաղրէին զիս եւ կը պոռային. «Ինչո՞ւ փորձեցիք սպաննել Հռոմի պապը»:
Այլ պարագաներու, երբ Թուրքիա Եւրոտեսիլի մէջ քուէ չէր ստանար, աշակերտները կը ծաղրէին Էլիֆը:
Որքան ալ քլիշէ հնչէ, գիրքերը անոր ընկերներն էին, իսկ գրելը` անոր փախուստը:
«Ես կ՛ուզէի, որքան հնարաւոր է շատ փախչիլ իմ երեւակայութեանս մէջ», կ՛ըսէ Շաֆաք:
Ան դեռ կը յիշէ այն օրը, երբ յայտնաբերեց Տոն Քիշոթը եւ իսկական ազատութիւն գտաւ գրականութեան մէջ:
Երկրորդ անգամ շատ աւելի ուշ էր` երեսուն տարեկանին, երբ Շաֆաք առաջին անգամ սկսաւ գրել անգլերէն:
«Զգացողութիւնս այնպիսին էր` կարծես կը կտրէի այն ձեռքը, որով կը գրէի: Իմ գրական ձայնս այլ լեզուով մը կատարելագործելը նման էր զերոյէն սկսելուն, բայց անգլերէն լեզուին գաղթը ինծի տուաւ ճանաչողական հեռաւորութիւն եւ ազատութեան այս լրացուցիչ զգացումը»:
Ան այդ կը համեմատէ նկարին նայելու հետ. «Երբ կ՛ուզես բան մը աւելի լաւ տեսնել, քայլ մը ետ կը քաշուիս, եւ այդ քեզ աւելի կը մօտեցնէ»:
Այդ լեզուական ետքայլը թոյլատրած է Շաֆաքին` աւելի յստակ լսել այն լռութիւնները, որոնք ան կը ցանկանայ լեցնել:
«Թուրքիան շատ երկար եւ հարուստ պատմութիւն ունի, բայց այդ պարտադիր չէ, որ վերածուի ուժեղ յիշողութեան, – կ՛ըսէ ան: Ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ մէջ մենք հաւաքաբար մոռացկոտ հասարակութիւն ենք: – Երբ կը նայիս մեզի դասաւանդուած պատմութեան, այնքան շատ լռութիւններ կան: Ինչպիսի՞ն էր Օսմանեան կայսրութիւնը կիներու համար: Մեծ լռութիւն: Փոքրամասնութիւններո՞ւ համար` մեծ լռութիւն: Թրքական գրականութեան մէջ մեծ լռութիւն կայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այդ կրնայ ընդգրկել ոչ միայն աջակողմեան, այլեւ ձախակողմեան թեւը: Այդ տակաւին Թուրքիոյ ամէնէն մեծ թապուներէն մէկն է»:
Այդ նպատակով Շաֆաք կը սիրէ ինքն իրեն եւ միւս գրողները նկատել յիշողութիւններու պահապաններ:
Անգլերէնին անցնելու անոր որոշումը բացասական արձագանգ յառաջացուց:
«Մարդիկ կ՛ըսէին, որ ես հրաժարած եմ իմ լեզուէս եւ այլեւս չեմ կրնար թուրք գրող կոչուիլ,- կ՛ըսէ ան: – Բայց ազգայնականութեան հետ կապուած խնդիրը այդ է, միշտ կայ «կամ/կամ» մտածելակերպ: Ես չեմ հրաժարիր իմ մայրենի լեզուէս, ինչպէ՞ս կրնամ: Այդ մեծ մօրս, մօրս եւ մանկութեանս լեզուն է»:
Երբ Շաֆաքի համար նոր տուն ընտրելու ժամանակը եկաւ, ան քանի մը պատճառներով կանգ առաւ Լոնտոնի վրայ: Անշուշտ մայրաքաղաքին մտաւոր եւ մշակութային խորութեան, բայց նաեւ` բազմազանութեան պատճառով:
«Ես կը գնահատեմ այն փաստը, որ երբ երեխաները դպրոց կ՛երթան, անոնք ընկերներ ունին տարբեր ծագում ունեցող մարդոցմէ, որոնցմէ կը սորվին տօնել իրարու մշակոյթն ու աւանդութիւնները», կ՛ըսէ ան:
Շաֆաքին հաճելի կը թուի նաեւ այն, թէ որքա՛ն հաւասարակշռուած էին բրիտանացիները քաղաքականութեան առջեւ:
«Ես կը մտածէի, թէ որքա՛ն զարմանալի է, որ բրիտանացիները այդքան հանգիստ կը մնան նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ համաձայն չեն: Ապա տեղի ունեցաւ Պրեքզիթը, եւ մենք կորսնցուցինք այդ»:
Շաֆաք զգուշաւոր է ապագայի նկատմամբ:
«Մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք: Մենք կրնանք տարբեր կարծիքներ ունենալ զանազան հարցերու շուրջ, բայց մենք պէտք է պահպանենք մեր ընդհանուր արժէքները: Ինծի համար այդ ժողովրդավարութեան գնահատանք է: Ես չեմ ըսեր, որ ժողովրդավարութիւնը կատարեալ է, բայց լաւագոյն համակարգն է, որ մենք մշակած ենք եւ մենք պէտք է այն բարելաւենք, այլ ոչ թէ հրաժարինք անկէ: Այս աշխարհին մէջ ոչ ոք, ոչ մէկ քաղաքական կուսակցութիւն, ոչ մէկ արհեստագիտական ընկերութիւն բացարձակ իշխանութիւն պէտք է ունենայ: Մենք բոլորս սխալական արարածներ ենք: Մենք բոլորս մարդիկ ենք: Մենք պէտք է զգուշ ըլլանք` կապուած ժողովրդավարական կանոններու, որոնք, ցաւօք, երբեմն կը կորսնցնենք»:
Ան պահ մը կը լռէ. «Ես չեմ ըսեր, որ այդ տեղի կ՛ունենայ Բրիտանիոյ մէջ, բայց ես անոր սերմերը կը տեսնեմ»:
Էլիֆ Շաֆաք յատկապէս ուշադիր է այս ահազանգին նկատմամբ: Անոր ականջները կը ցցուին բռնապետութեան առաջին ձայներէն, քանի որ այս յաճախականութեամբ լարուած է հայրենիքի մէջ տիրող քաղաքականութիւնը, ուր, ինչպէս ան կ՛ըսէ. «Մենք տեսած ենք թրքական ժողովրդավարութեան մնացորդներու կայուն անկում` Էրտողանի 22-ամեայ նախագահութեան օրօք»:

Պոլսոյ փողոցներուն մէջ ցուցարարներու վրայ կը կրակեն արցունքաբեր կազով եւ ռետինէ փամփուշտներով:
«Թուրքիոյ մէջ այնքան շատ մարդիկ կան, որոնք կ՛ուզեն եւ արժանի են իսկական ժողովրդավարութեան: Մենք կը մերժենք բռնապետութիւնը»:
«Թուրքիան մեզի ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ օրէնքի գերակայութիւնը կը խաթարուի, երբ չկայ իշխանութիւններու տարանջատում, եւ անկախ լրատուամիջոցներ չկան,- կ՛ըսէ ան: – Երբ դուք ունիք միայն քուէատուփ, այդ համակարգը երկարատեւ հեռանկարով չի կրնար գոյատեւել որպէս ժողովրդավարութիւն: Այդ կրնայ ըլլալ միայն մեծամասնական համակարգ եւ այդտեղէն դէպի բռնատիրութիւն անկումը կրնայ շատ կարճ, շատ արագ ըլլալ: Անկումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ վայրի մէջ»: