Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Է Զայրոյթ Հրահրող Բովանդակութիւնը Եւ Ինչո՞ւ Այդ Շահաբեր Է

Յունուար 10, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հասարակական ցանցերու սխալ օգտագործումը կը շահագործուի զանազան ուժերու կողմէ, որոնց համար մարդկային ոչ մէկ արժէք գոյութիւն ունի: Շատեր անգիտակցաբար կը տարուին եւ կ՛այլափոխուին: Ներկայ արհեստագիտութեան զուգահեռ, վերջերս սկսած է շարժական ձայնասփիւռներն ու ձայնագրիչները նորոգելու հոլովոյթ մը: «Պի.Պի.Սի.» այս նիւթերուն մասին հրապարակած է յօդուածներ:

Վինտա Զեսու շահաբեր գործ սկսած է` զայրոյթ հրահրող բովանդակութեան շնորհիւ: Ան կ՛ըսէ. «Ես մեծ ատելութիւն կը ստանամ»:

Ն.

Վինտա Զեսու անցեալ տարի 150 հազար տոլար շահած է հասարակական ցանցերու մէջ բովանդակութիւն ստեղծելով: Ի՞նչ  բանն է, որ կ՛առանձնացնէ Վինտան այլ ազդեցիկներէն (influencers): Մարդիկ, որոնք կը մեկնաբանեն անոր արձանագրութիւնները եւ կ՛այցելեն անոր տեսանիւթերը, յաճախ այդ կ՛ընեն զայրոյթէն:

«Իմ իւրաքանչիւր տեսանիւթս, որ միլիոնաւոր դիտողներ կ՛ունենայ, ատելութեան մեկնաբանութիւններու պատճառով է», կը բացատրէ 24-ամեայ երիտասարդուհին:

Այդ տեսանիւթերուն մէջ ան կը վաւերագրէ կեանքը Նիւ Եորքի մէջ բնորդի մը, որուն ամէնէն մեծ խնդիրը չափազանց գեղեցիկ ըլլալն է: Մեկնաբանութիւններուն մէջ ոմանք չեն հասկնար, որ Վինտան կերպար մը կը խաղայ:

«Ես շատ տհաճ մեկնաբանութիւններ կը ստանամ: Մարդիկ կ՛ըսեն, որ ես ամէնէն գեղեցիկ աղջիկը չեմ, կ՛ըսեն` չափազանց ինքնավստահ եմ», կ՛ըսէ ան` նստած Նիւ Եորքի իր բնակարանին մէջ:

Վինտա առցանց բովանդակութիւն ստեղծողներու աճող խումբին մաս կը կազմէ: Անոնք կը ստեղծեն «զայրոյթ հրահրող» բովանդակութիւն, որուն նպատակը պարզ է. տեսահոլովակներ ձայնագրել, միմեր պատրաստել եւ ընել արձանագրութիւններ, որոնք խիստ կը զայրացնեն միւսները, ապա կ՛օգտուին հազարաւոր կամ նոյնիսկ միլիոնաւոր կիսումներէն եւ լայքերէն:

Այդ կը տարբերի համացանցի վրայ իր զարմիկէն` clickbait-էն, որուն հիմնական նպատակն է ուշադրութիւն գրաւել վերնագիրի մը միջոցով եւ խրախուսել այցելուները` սեղմել յղումը, տեսանիւթ մը դիտելու կամ յօդուած մը ընթերցելու համար:

Ոլորտի մասնագէտ Անտրէա Ճոնս կ՛ըսէ. «Գրաւիչ տարրը կ՛արտացոլացնէ տուեալ բովանդակութեան էութիւնը եւ հիմնուած է վստահութեան վրայ, մինչդեռ զայրոյթ հրահրող բովանդակութիւնը ստեղծուած է խարդախութեան նպատակով»:

«Բացասական բովանդակութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մարդու հոգեբանութեան վրայ, եւ այդ ազդեցութիւնը մեր մէջ խորապէս արմատացած է», կը բացատրէ դոկտ. Ուիլիըմ Պրէյտի, որ կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս ուղեղը կը փոխազդէ նոր արհեստագիտութիւններուն հետ: «Այս այն բովանդակութիւնն է, որուն մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնէինք մեր անցեալին»:

Անտրէա Ճոնս առաքելութիւն մը ունի. համացանցը դարձնել աւելի ընկերային վայր:

 

Զայրոյթ հրահրող բովանդակութեան աճը կը զուգադիպի այն իրողութեան հետ, որ ընկերային լրատուամիջոցներու հիմնական հարթակները բովանդակութեան ստեղծողներուն աւելի շատ կը վճարեն իրենց արձանագրութիւններուն համար: Այս ստեղծող ծրագիրները, որոնք օգտատէրերը կը պարգեւատրեն լայքերու, մեկնաբանութիւններու եւ կիսումներու համար եւ թոյլ կու տան անոնց հրապարակել հովանաւորուող արձանագրութիւն, կապուած են զայրոյթ հրահրող բովանդակութեան աճին:

 

«Եթէ մենք կատու կը տեսնենք, մենք «Օ՜հ, այդ աղուոր է» կ՛ըսենք եւ կ՛անցնինք: Բայց եթէ մենք կը տեսնենք, որ անձ մը անպարկեշտ բան կ՛ընէ, մենք կրնանք մեկնաբանութիւններու բաժին մտնել եւ գրել` «Այս սարսափելի է» եւ նման բաներ, որոնք ալկորիթմի կողմէ կը դիտուին որպէս աւելի բարձր որակի ներգրաւուածութիւն», կը բացատրէ Անտրէա Ճոնս:

«Որքան շատ արձանագրութիւն կ՛ընէ անձ մը, այնքան աւելի շատ ներգրաւուածութիւն կը ստանայ, այնքան աւելի շատ կը վճարուի: Այսպէս, կարգ մը ստեղծագործողներ կ՛ընեն ամէն բան` աւելի շատ դիտումներ ստանալու համար, նոյնիսկ եթէ այդ բացասական է, կամ` մարդոց մէջ զայրոյթ հրահրող: Այդ կը յանգեցնէ ընկերային ցանցերու հանդէպ անտարբերութեան, կամ` նուազ մասնակցութեան», կ՛ըսէ ան մտահոգ:

Զայրոյթ հրահրող բովանդակութիւնը տարբեր ձեւերով է` արտառոց ուտելիքի բաղադրատոմսերէն մինչեւ ձեր սիրած ժողովրդային աստղի վրայ յարձակումները: Սակայն համաշխարհային ընտրութիւններու (յատկապէս Միացեալ Նահանգներու) տարուան մը մէջ զայրոյթ հրահրող բովանդակութիւնը տարածուած է նաեւ քաղաքականութեան վրայ:

Ընկերային հոգեբան Ճ. Պրէյտի կ՛ըսէ. «Ընտրութիւններու մէջ աճ արձանագրուած է, քանի որ այդ արդիւնաւէտ միջոց է ձեր քաղաքական խումբը զօրաշարժի ենթարկելու, քուէարկողներ հաւաքելու քայլեր ձեռնարկելու համար»: Ան կը նշէ, որ ամերիկեան ընտրութիւնները քաղաքականութեան վրայ ծանր չէին եւ փոխարէնը` կեդրոնացած էին զայրոյթի շուրջը: «Այդ գերկեդրոնացած էր Թրամփի  եւ Հարիսի այս կամ այն պատճառով «սարսափելի» ըլլալու վրայ», կ՛աւելցնէ Պրէյտի, ըստ որուն, այս տարուան ընտրութիւնները զայրոյթի աճ յառաջացուցած են:

«Պի.Պի.Սի.»-ի յօդուածագիր Մարիանա Սփրինկի ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ X-ի մէջ արձանագրութիւն կատարող կարգ մը օգտատէրեր կայքին կողմէ վճարուած են «հազարաւոր տոլարներ»` գրութիւն, ապատեղեկատուութիւն, արհեստական բանականութեան կողմէ ստեղծուած պատկերներ եւ անհիմն դաւադրութեան տեսութիւններ տարածելու համար:

Ոմանք, որոնք կ՛ուսումնասիրեն միտումները, մտահոգ են, որ չափազանց շատ բացասական բովանդակութիւնը կրնայ յանգեցնել անոր, որ միջին մարդը «անտարբեր դառնայ կամ այլեւս չմասնակցի»:

«Միշտ այդքան բարձր յոյզեր ունենալը կրնայ յոգնեցնել», կ՛ըսէ Միշիկընի համալսարանի հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու ոլորտի օգնական Արիէլ Հէյզել: «Այդ զանոնք կ՛անջատէ լրատուական միջավայրէն, եւ մենք ամբողջ աշխարհին մէջ կը տեսնենք լուրերէն խուսափողներու մեծ քանակ»:

Միւսները կ՛անհանգստանան զայրոյթի բնականոնացման համար, ինչպէս նաեւ` այն քայքայող հետեւանքներուն համար, որոնք կրնան նուազեցնել մարդոց վստահութիւնը` իրենց դիտած բովանդակութեան նկատմամբ:

«Ալկորիթմները կ՛ուժեղացնեն զայրոյթը, այդ կը ստիպէ մարդոց մտածել, որ այդ աւելի բնականոն է», կ՛ըսէ ընկերային հոգեբան Պրէյտի: Ան կ՛աւելցնէ. «Այն, որ մենք գիտենք X-ի նման հարթակներէն, այն է, որ քաղաքականապէս ծայրայեղ բովանդակութիւնը իրականութեան մէջ կ՛արտադրուի արձանագրութիւններ կատարողներու շատ փոքր մասին կողմէ, բայց ալկորիթմները կրնան զօրացնել այդ եւ այնպէս ցոյց տալ, որ անոնք կը կատարուին մեծամասնութեան մը կողմէ»:

Հոկտեմբեր 2024-ին Մեթայի գործադիր տնօրէն Ատամ Մոսերի Threads-ի մէջ հրապարակեց հարթակին վրայ «ներգրաւուածութեան զայրոյթ հրահրող բովանդակութեան աճի» մասին` նշելով. «Մենք կ՛աշխատինք այդ հակակշիռի տակ պահելու համար»:

Մինչ մրցակից Իլոն Մասքի X հարթակը վերջերս յայտարարեց Ստեղծողներու եկամուտներու բաշխման ծրագիրի (Creator Revenue Sharing Program) փոփոխութեան մասին, որուն շնորհիւ ստեղծողները հատուցում կը ստանան կայքին մարդոց ներգրաւուածութեան հիման վրայ, ինչպիսիք են` լայքերը, պատասխանները եւ վերահրապարակումները: Նախապէս հատուցումը հիմնուած էր դիտուած ծանուցումներու վրայ:

ԹիքԹոքը եւ ԵուԹիւպը մարդոց կը թոյլատրեն գումար շահիլ իրենց արձանագրութիւններէն կամ կիսել հովանաւորուող բովանդակութիւն, սակայն ունին կանոններ, որոնց միջոցով կարելի է կասեցնել ապատեղեկատուութիւնը: X-ը նոյն ձեւով ապատեղեկատուութեան վերաբերեալ ուղեցոյցներ չունի:

Վերադառնալով Վինտա Զեսուի Նիւ Եորքի բնակարանը, խօսակցութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն օրեր առաջ, կը վերածուի քաղաքականութեան:

«Այո՛, ես համաձայն չեմ, որ մարդիկ քաղաքական նկատառումներով օգտագործեն զայրոյթ հրահրող ձեւը,- կ՛ըսէ արձանագրողը: – Եթէ անոնք այդ իսկապէս կը գործածեն  մարդիկը կրթելու եւ իրազեկելու համար, լաւ է: Բայց եթէ անոնք կ՛օգտագործեն այդ ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար, ես բացարձակապէս համաձայն չեմ անոր: Այդ այլեւս կատակ չէ»:

Ինչո՞ւ vintage audio սարքերը կը ծաղկին

«Բրիտանիոյ մէջ Մանչեսթերի Mars Tapes-ը վերջին խանութն է, որ կը վաճառէ երաժշտութիւն` ձայներիզներու վրայ», կը յայտնէ սեփականատէր Ալեքս Թատրոս:

Առեւտուրը կը զարգանայ. «Երբ յայտարարուեցաւ Oasis խումբի շրջագայութեան մասին, մենք վաճառեցինք Oasis-ի գրեթէ ամէն բան: Բան չմնաց», կ՛ըսէ ան:

Նաեւ յայտնի են 80-ականներու երաժշտութեան ձայներիզները, օրինակ` Քէյթ Պուշը:  Ըստ Թատրոսի, պատճառը հաւանաբար այն է, որ անոր երաժշտութիւնը ներկայացուած է «Նեթֆլիքս»-ի «Stranger Things» ֆիլմաշարին մէջ:

 

«Մենք կ՛ունենանք տարբեր տարիքի յաճախորդներ-, կ՛ըսէ ան: – Անոնցմէ շատերը 20-նոց են եւ դեռահասներ, որոնք առաջին անգամ կը գործածեն ձայներիզը, ապա` ուրիշներ, որոնք 40-50 տարեկանին ձայներիզներ ունէին եւ անոնք կը գնեն կարօտի զգացումի առումով: Բայց մեծամասնութիւնը 30 տարեկանէն վար է: Մենք ունինք բազմաթիւ դեռահասներ, որոնք կու գան իրենց ծնողներուն հետ»:

Խանութին սեփական ձայներիզները նոյնպէս յայտնի են:

Մարդիկ կու գան գնելու իրենց առաջին ձայներիզի սարքերը», կ՛ըսէ Թատրոս:

Vintage audio սարքերը կրնան բարելաւել երաժշտութեան փորձառութիւնը

Mars Tapes-ի աշխուժ առեւտուրը մարդոց հին երաժշտական սարքեր գնելու եւ նորոգելու աւելի լայն միտումի մէկ մասն է:

2020-2024 թուականներուն Կուկըլի որոնումները` «CD սարքի վերանորոգում տանս մօտ», աւելցած են 23 առ հարիւրով, մինչ  «լսողական սարքերու վերանորոգում տանս մօտ» որոնումը աճած է 91 առ հարիւրով:

Հրապարակուած զեկոյցի մը մէջ կը կանխատեսուի, որ այսպիսի սարքերու վերանորոգման ծառայութիւններու համաշխարհային շուկան կը կրկնապատկուի. 2021 թուականի 122 միլիառ տոլարէն մինչեւ 240 միլիառ տոլար` 2033-ին:

Այս պատճառով է, որ կարգ մը երաժշտասէրներ կը փնտռեն թուային երաժշտութեան ծառայութիւններու այլընտրանքներ:

Հաւանաբար ժամանակակից Bluetooth բարձրախօսները, ականջակալները չունին հին սարքերու բնոյթը:

«Շուկան յագեցած է սարքերով, որոնք կ՛առաջարկեն ցած գին եւ յարմարաւէտութիւն, սակայն կ՛առաջարկեն ոչ անձնական, յատուկ փորձառութիւն», կ՛ըսէ Սառա Տոճ` Էլեն ՄաքԱրթուր հիմնադրամի ռազմավարական ձեւագիտութեան տնօրէնը:

«Երբ դուք կը վերանորոգէք որեւէ իր, դուք աւելի շատ կապուածութիւն կը զգաք անոր. այնպէս որ, մարդիկ կրնան ձգտում ունենալ դէպի սեփականութեան աւելի հզօր եւ պարգեւատրող փորձառութիւն»:

Մարք Մահերի համար ելեկտրական սարքերու նորոգութիւնը զբաղում էր, սակայն աճող պահանջը ստիպեց սեպտեմբերին ձգել իր աշխատանքը` որպէս ուժանիւթի փոխանցման սարքերու ընկերութեան տնօրէն, որպէսզի ամբողջ ժամանակով կեդրոնանայ այս գործին վրայ: Փաստօրէն պահանջը «դուրս եկած է հակակշիռէ». Մարք Մահեր փակած է իր կայքի հաղորդակցային բաժինը:

«Vintage audio սարքերու նորոգութեան բացարձակապէս աճող միտում կայ-, կ՛ըսէ ան: – Մարդիկ կ՛ուզեն վերականգնել բոլոր տեսակի սարքերը, ինչպիսիք են` Sony Walkman-ները, շարժական ձայնասփիւռները, CD-ի սարքերը, որոնք ունեցած են եւ` սիրած, երբ պատանի եւ երիտասարդ էին: Այնտեղ շատ կարօտ կայ»:

Ան կ՛ըսէ, որ մարդիկ կը վերականգնեն հին լսողական սարքերը, որոնք գնած են Ebay-ի նման հարթակներէն:

«Այն ժամանակ իրերը, ի հարկէ, աւելի լաւ կառուցուած էին եւ շատ աւելի վերանորոգելի են, քան` նորագոյն սարքերը»:

Ըստ Մարք Մահերի, ինք պահանջուած է, որովհետեւ սարքերը նորոգողներու իսկական կարիք կայ: Ան նաեւ կը ղեկավարէ «Mend it Mark» ԵուԹիւպ ալիքը, որ ունի գրեթէ 100 հազար բաժանորդ:

Նորոգուած արհեստագիտութեան շուկայ Back Market-ը կ՛ըսէ, որ իր լսողական սարքերու մակարդակը տարեկան կտրուածքով աճած է 123 առ հարիւրով` 2016 թուականին հարթակին մէջ սկիզբ առնելէ ետք: Ձայնագրութեան սարքերը իր ամէնէն վաճառուող արտադրանքներն են հին լսողական սարքերու շարքին մէջ:

Լոնտոնի Քեմտեն քաղաքին մէջ գտնուող Fixing Factory-ի նորոգութեան կեդրոնի, նորարարութեան եւ զարգացման տնօրէն Տերմոտ Ճոնս կ՛ըսէ, որ լսողական նախկին սարքերը կը կազմեն նորոգութեան մեծ մասը:

«Մենք ամէն տեսակի բան կը ստանանք-, կը նշէ Ճոնս: – Հին ձայներիզներ, CD նուագելու սարքեր, ականջակալներ, բարձրախօսներ: Հին սարքերու լաւ կէտը այն է, որ անոնք աւելի երկար կը դիմանան, եւ դուք կրնաք պարզել բնութագրերը եւ կան ծառայութեան գրքոյկներ, որոնք մատչելի են սարքերէն շատերու համար` մինչեւ 80-ականներ: Այսպիսի սարքերու միջոցով դուք նոյնիսկ` կրնաք բանալ պատեանը, իսկ ներսը կայ գծապատկեր, թէ ինչպէս կազմուած է, նոյնիսկ` պտուտակի վրայ ուղղուած սլաքներով. անոնք գեղեցիկ ձեւաւորուած են»:

Ան կ՛ըսէ, որ այս օրերուն ալ ելեկտրական սարքերը կարծես թէ «նախատեսուած են կոտրուելու համար»:

Ճոնս կ՛աւելցնէ. «Այդ նախագծուած է եւ արագ կը վերակազմուի այնպէս, ինչպէս ոչ ոք կը մտածէր, որ այդ կը կոտրուի»:

«Նորոգութեան քայլը կ՛աջակցի շրջանաձեւ տնտեսութեան անցման համակարգի մը, ուր նիւթերը երբեք թափօն չեն դառնար, իսկ բնութիւնը կը վերականգնուի: Շրջանաձեւ տնտեսութեան սկզբունքներէն մէկը այն է, որ արտադրանքը կարելի եղածին չափ երկար գործածուի` իրենց առաւելագոյն օգտակարութեամբ եւ արժէքով: Եթէ CD նուագող սարքի նման ապրանք առնես եւ ղրկես աղբավայր, այդ կը դառնայ թափօն: Նոյնիսկ եթէ վերամշակէք այդ եւ վերադարձնէք իր նիւթական մակարդակին, դուք կը զրկէք այն ամբողջ ուժը, որ սկիզբէն գործածուած է այդ նիւթերը CD նուագող սարքի վերածելու համար»:

Հին երաժշտական սարքերը կեանքի կոչելը կրնայ իւրայատուկ յիշողութիւններ բերել:

Անցեալ տարի, Սուրբ Ծնունդին ընդառաջ,  Մայք Համոնտ ոգեշնչուած էր կազմակերպել յիշարժան նուէր մը` իր աւելի քան 50 տարուան կնոջ համար: Վերնատան մէջ փոշին մաքրած ատեն գտաւ այն ձայնագրիչը, որ անոր կինը` Էլեն, նուէր ստացած էր ծնողներէն 1960 թուականին, երբ 10 տարեկան էր: Խնդիրն այն էր, որ այդ կոտրուած էր:

«Ես երբեք չէի պատրաստուեր այդ մէկ կողմ նետել-, կ՛ըսէ Համոնտ: – Չափէն աւելի շատ պատմութիւն կար անոր կապուած»:

Ան գտաւ Մարք Մահերը, որ սարքը նորոգեց Սուրբ Ծնունդէն առաջ: Տօնին օրը Համոնտ խնդրեց Էլենէն երթալ նստասենեակ, ուր ան գտաւ ձայնագրիչը, որ կը նուագէր իրենց սիրելի երգերէն մէկը` Պիթլզի A Hard Day՛s Night-ը:

Էլեն արձագանգեց. «Արցունքներս հոսեցան: Շատ զգացական էր: Իմ զարմիկներէս ոմանք այցելեցին եւ ըսին, որ ժամանակին եկած են մեր տունը եւ տեսած են այդ ձայնագրիչը»:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը Կ՛օժտուի Արդիական Նոր Գրադարանով Մը

Յաջորդը

Միտքի Խթանումի Նոր Առիթ

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?