Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Լիբանանեան երաժշտական կուռքերու որդին ինքն ալ, իր կարգին, դարձաւ կուռք` իր երկրի սխալ ընթացքի երգիծական քննադատութիւններով, որոնք միահիւսեցին արաբական եւ արեւմտեան երաժշտութիւնը:

Զիատ Ռահպանի 2014 թուականին Սայտայի մէջ «Կազայի համար» խորագիրով համերգին ընթացքին

Լիբանանցի թատերագիր եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանի, որ  բնութագրեց ժամանակաշրջան մը, եւ որուն երգերը նոր հնչեղութիւն ստեղծեցին արաբական աշխարհին համար, իսկ անոր թատերախաղերը սուր քննադատութիւններ էին իր երկրի փտած քաղաքականութեան վերաբերեալ, մահացաւ Լիբանանի մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 69 տարեկանին:

Լիբանանի 1975-90 թուականներու քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր, որմէ երկիրը երբեք ամբողջովին չէ վերականգնած, լիբանանցիներու սերունդներ մեծցած են անգիր սորվելով Ռահպանիի արաբական ու արեւմտեան երգերը եւ յաճախ մէջբերելով անոր երգիծական թատերախաղերը` «Ամերիկեան երկար ժապաւէն» եւ «Ի՞նչ կ՛ըսէք վաղուան մասին»:

Պատերազմի ընթացքին մեծցածները, ինչպէս` Զ. Ռահպանին, անոր մտախոհ, հեգնական գրութիւններուն մէջ տեսան Միջերկրական ծովուն արեւելեան ափին գտնուող իրենց փոքր երկրի դաժանութիւններն ու հակասութիւնները, երբ Լիբանան ինքզինք կը մասնատէր:

Զիատ Ռահպանին սիրեցին լիբանանցիները, որոնք մեծցան պատերազմի երկար ստուերին մէջ, երբ կրօնական բաժանումները, փտածութիւնը եւ տնտեսական անկայունութիւնը սկսան հետապնդել երկրին կեանքը:

Ան սերած էր Լիբանանի երաժշտական ազնուական ընտանիքէ: Անոր մայրը` Ֆէյրուզը, ապրող խորհրդանիշ է եւ կը նկատուի արաբական աշխարհի մեծագոյն երգչուհիներէն մէկը: Անոր հայրը` Ասի Ռահպանին, առաջամարտիկ երաժիշտ էր, որ եղբօր` Մանսուրի հետ գրած է Ֆէյրուզի երգերուն մեծ մասը: Հօր մահէն ետք Զիատ Ռահպանին ստանձնեց Ֆէյրուզի գլխաւոր երաժիշտի պաշտօնը` փոխելով անոր ոճը ասպարէզի վերջաւորութեան:

Ֆէյրուզի երաժշտական առաջին շրջանին Ֆէյրուզ եւ Ռահպանի եղբայրները ոսկեգոյն, կարօտի կախարդանք մը ստեղծեցին` հիւսելով Լիբանանի լեռնային գիւղերու կեանքի իտէալական տեսլականը, երբ երկիրը կը վայելէր բարգաւաճ օրեր` նախքան պատերազմը, տեղահանութիւնն ու խռովութիւնները, որոնք Միջին Արեւելքը բաժան-բաժան կ՛ընէին:

2001 թուականին Ռահպանի կը ղեկավարէ նուագախումբ մը` Պէյթէտտինի փառատօնի ընթացքին

Մօրը եւ ուրիշներուն համար Զիատ Ռահպանիի գրած ստեղծագործութիւնները ոճի եւ բովանդակութեան առումով իւրայատուկ էին: «Հուտու նիսպի» եւ «Ապու Ալի» ալպոմներուն մէջ ան կը համատեղէր աւանդական արաբական երաժշտութեան քառորդ թոները, ձայնական հնչիւնները եւ գործիքները` արեւմտեան ոճի ճազի եւ ֆանքի հետ: Զիատ անգամ մը հարցազրոյցի ատեն իր երաժշտութիւնը նկարագրած էր որպէս «արեւելեան ճազ» կամ «բան մը, որ նման է համպըրկըրի, բայց ունի ֆալաֆիլի համ»:

Բայց եւ այնպէս, մինչ ան կը հիանար արեւմտեան երաժիշտներով` Չարլի Փարքըր եւ Տիզի Կիլեսփի, Զիատ Ռահպանի կ՛ըսէր, որ իր երաժշտութիւնը լիբանանեան էր: Այդ երաժշտութիւնն էր, որ կը խօսէր Լիբանանի իւրայատուկ դիրքի մասին` որպէս արաբական հասարակութիւն, որ գրկեց Եւրոպան եւ Արեւմուտքը: Ի տարբերութիւն մօր նախնական շրջանի գործերուն` անոր երգերը աւելի մօտ էին Լիբանանի ժողովուրդին ապրած իրականութեան:

«Ան մէկ կողմ դրաւ, այսպէս կոչուած,  միասնական Լիբանանի պատկերացումը կամ իտէալական հայրենիքի կերպարը եւ փոխարէնը ներկայացուց իրական, բաժնուած եւ մասնատուած Լիբանանը», ըսաւ լրագրող եւ շարժապատկերի բեմադրիչ Ժատ Ղոսըն, որ 2019 թուականին նկարահանած էր Զիատ Ռահպանիի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:

«Ան Ֆէյրուզին ետեւէն եկաւ ըսելու` բաւարար է ռոմանթիկ արուեստը, մուտք գործենք իրապաշտ արուեստի մէջ` ճազի, ժամանակակից երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան միջոցով»:

Եթերային Ֆէյրուզը կը մնար քաղաքականութենէն վեր, բան մը, որ դժուար սխրանք էր երկրի մը մէջ, ուր մարդոց մեծ մասը կը բնութագրուի եւ կը բաժնուի իր կրօնական եւ ցեղային պատկանելիութեամբ:

Սակայն անոր որդին` Զիատը, բացայայտ քաղաքական գործիչ էր, թէեւ` ոչ այնպէս, ինչպէս կրնար կանխատեսուիլ անոր յոյն ուղղափառ քրիստոնէական ինքնութեան մէջ: Բացայայտ համայնավար Զիատ Ռահպանին երկար ժամանակ աջակցած է պաղեստինցիներու իրաւունքներուն եւ պետականութեան համար պայքարին: Ան ըսած է, որ իր գաղափարները ձեւաւորուած են, երբ 1976 թուականին` քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, աջակողմեան քրիստոնեայ զինեալները պաշարած եւ կոտորած են պաղեստինցիները Լիբանանի

Թել Զաաթար գաղթակայանին մէջ:

53-օրեայ պաշարման ընթացքին ան ապրած է իր ծնողներու հետ գաղթակայանին դիմաց եւ աւելի ուշ տուած հարցազրոյցի մը մէջ  ըսած է, որ գաղտնի ձայնագրած է սուրիական հետախուզութեան սպաներու եւ աջակողմեան քրիստոնեայ ղեկավարներու միջեւ իր ծնողներու տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, որպէսզի կարենայ անոնց մասին հաղորդել պաղեստինամէտ խումբերուն:

Հարցազրոյցին մէջ նոյնպէս  ըսած է, որ «չէր կրնար դիմանալ իրավիճակին», ուստի որոշած է տեղափոխուիլ իսլամներով գերիշխող արեւմտեան Պէյրութ եւ լքել ընտանեկան տունը` քրիստոնեաներով գերիշխող արեւելեան Պէյրութի մէջ, ուր անոր պաղեստինամէտ դիրքորոշումը զայն անցանկալի դարձուցած էր:

Զիատ Ռահպանի ծնած է 1956 թուականին եւ մեծցած է Անթիլիասի` Պէյրութի հիւսիսը գտնուող ափամերձ քաղաքին մէջ: Ժ. Ղոսըն ըսած է, որ ան սկսած է ստեղծագործել 7 տարեկանին: Պատանեկան տարիներուն արդէն սկսած էր իր ասպարէզը` որպէս երգահան եւ երաժիշտ:

Զիատ Ռահպանի` պատանի տարիքին, երբ արդէն իսկ սկսած էր իր երաժշտական ասպարէզը

Անոր թատերախաղերը, զորս ան գրած է դեռահաս տարիքին, յայտնի դարձան Լիբանանի քաղաքականութեան եւ հասարակութեան վերաբերեալ իրենց հեգնական մեկնաբանութիւններով` սեւ հիւմըրով:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք վաղուան մասին» թատերախաղին մէջ, զոր Զ. Ռահպանին գրած, բեմադրած եւ գլխաւոր դերով ելոյթ ունեցած է 1978 թուականին` միայն 22 տարեկանին, ան ներկայացուց զոյգ մը, որ կը պայքարէր Պէյրութի նորաձեւ Համրա թաղին մէջ պար (գիշերային զբօսավայր) մը բանալու համար:

Ներկայացման ելոյթներու ժամանակ նկարահանուած հատուածներու միացումով, 2016 թուականին հրապարակուեցաւ շարժանկար մը, որ դիտողներու մրցանիշ հաստատեց Լիբանանի մէջ, որ տակաւին  կը պայքարի թատերախաղին մէջ նշուած խոչընդոտներու դէմ:

«Կ՛ըսեն` վաղը աւելի լաւ կ՛ըլլայ, բայց ի՞նչ կ՛ըսէք այսօրուան մասին», Զիատ Ռահպանիի մահէն ետք  հասարակական ցանցերուն մէջ կը հարցնեն բազմաթիւ լիբանանցիներ:

Երկրի քաղաքական գործիչները յարգանքի տուրք մատուցեցին Զ. Ռահպանիին: Հանրապետութեան նախագահ Ժ. Աուն զայն անուանեց «կենդանի խիղճ, անարդարութեան դէմ ապստամբ ձայն եւ ազնիւ հայելի անոնց համար, որոնք տառապած են եւ մեկուսացուած»: Նախագահը  աւելցուց.

«Ան կը գրէր մարդոց ցաւին մասին եւ կը խաղար ճշմարտութեան լարերու վրայ` առանց կեղծիքի»:

Հասարակական ցանցերուն մէջ արձագանգող բազմաթիւ լիբանանցիներ կը նշեն, որ նման հեղինակաւոր դէմքերը ճիշդ այն մարդիկն են, զորս Զ. Ռահպանին իր ասպարէզին ընթացքին  խիստ քննադատեց:

Զ. Ռահպանի` 2019-ին Պէյրութի տօներ փառատօնի ընթացքին

Կեանքի աւելի ուշ փուլի Զ. Ռահպանին բացայայտօրէն զօրակցեցաւ Հըզպալլային` քաջալերելով Իսրայէլի դէմ 2006 թուականի պատերազմը, որուն ընթացքին Հըզպալլա դիմադրեց եւ ետ մղեց  շատ աւելի լաւ զինուած հակառակորդը: Ան նաեւ աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատին, երբ այդ երկրին մէջ  2011 թուականին սկսան ներքին խլրտումները:

Նման կեցուածքը պատճառ դարձած էր, որ կարգ մը համակիրներ հեռանան իրմէ: Սակայն Զ. Ռահպանին ինքնիրմէ օտարացած էր` տարիքը առնելուն հետ յուսահատելով Լիբանանի հեռանկարներէն, աւելի եւ աւելի դառնանալով եւ մեկուսանալով:

«Ան չէր պատասխաներ հեռաձայնի զանգերու մեծ մասին եւ լեարդի հիւանդութենէ կը տառապէր», յայտնեց Ղոսն:

Մօրմէն` Ֆէյրուզէն բացի, ան ունի եղբայր մը` Հալի եւ քոյր մը` Ռիմա:

Աղբիւր` «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»

Երաժշտութիւն Քաոսի Մէջ. Ինչպէ՞ս Զիատ Ռահպանին
Նկարագրեց Ազգին Պայքարն Ու Ոգին

Մինչ Լիբանանի պատմութիւնը կը գրուէր փողոցներուն մէջ, Զիատ Ռահպանին կը ստեղծէր անոր ձայնուղին: Զիատի երաժշտութիւնը` ճազի, ֆանքի, տիսքոյի, դասական արաբական եւ քաղաքական առատ երգիծանքի խառնուրդ, ան կ՛արտացոլացնէր լիբանանեան կեանքի հիւմըրը, պայքարը եւ հոգին:

Ահաւասիկ` անոր ամէնէն նշանաւոր երգերը եւ անոնց պատմութիւնները:

  1. Ապու Ալի (1979)

13 վայրկեան տեւողութեամբ գործիքային գլուխգործոց, որ կը համատեղէ արաբական նուագախմբային ոճը տիսքօ երաժշտութեան հետ` գրուած եւ ձայնագրուած Աթէնքի մէջ: Շատերուն կողմէ կը համարուի արաբական ֆանք ոճի ռահվիրայ ստեղծագործութիւն եւ դարձած է պաշտամունքային սիրուած ստեղծագործութիւն` ժողովուրդին եւ երաժշտական քննադատներուն համար:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ գրուած «Ապու Ալի»-ն կ՛առանձնանայ իր փախուստի ոճով, ինչպէս նաեւ  տիսքոն արաբական երաժշտական աշխարհ բերելու անզուգական համարձակութեամբ` այդպիսի անհանդարտ  ժամանակի մը մէջ:

  1. Պալա Ուալա Շի (1985)

Բառացի` «Առանց որեւէ բանի», այս երգը կը միաձուլէ ճազի, ֆանքի եւ պուկիի տարրերը: Այս Ռահպանիի փորձառարութեան վառ օրինակ է եւ մնացած է անոր բացառիկ ստեղծագործութիւններէն մէկը:

Հրապարակուելով «Հուտու նըսպի» (Յարաբերական հանդարտութիւն») ալպոմին մէջ, այդ կ՛արտացոլացնէ Լիբանանի դառն-քաղցր տրամադրութիւնը փխրուն զինադադարի ժամանակ` ներկայացնելով անորոշութեան մէջ կեանքի մասին ծաղրական, անկեղծ հայեացք:

  1. Եա զաման էլ թաէֆիյէ (1980)

Կը նշանակէ «Համայնքայնութեան ժամանակաշրջան» եւ ներառուած է «Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ» («Ամերիկեան երկար ժապաւէն») ժապաւէնի երաժշտութեան ցանկին վրայ: Այս երգը կ՛օգտագործէ երգիծանքը Լիբանանի խոր պառակտումները քննադատելու համար:

Ճոզեֆ Սաքրի կատարումով երգը Ռահպանիի ամէնէն սուր քննադատութիւններէն մէկն է Լիբանանի մէջ համայնքային քաղաքականութեան մնայուն եւ երբեմն անհեթեթ  իրականութեան վերաբերեալ:

  1. Անա Մուշ Քաֆեր (1985)

Ռահպանիի ամէնէն յայտնի եւ վիճայարոյց երգերէն մէկը, որ բազմիցս կատարուած է անոր բեմական ստեղծագործութիւններուն ընթացքին եւ կրկին հրապարակուած է 2008 թուականին:

Երգը կ՛անդրադառնայ Լիբանանի մէջ կրօնական կեղծաւորութեան, կոչ ուղղելով առաջնորդներուն` ուշադրութիւն դարձնելու աղքատներու ծանր վիճակին, այլ ոչ թէ` միայն իրենց սեփական հետեւորդներուն: Երգին խօսքերը դարձած են աշխարհիկ անհնազանդութեան կարգախօս:

  1. Ռաժաա Պի Իզն Ալլահ (1980)

Յաճախ կը նկատուի մշակութային յենակէտ մը` խաղաղութեան եւ վերադարձի տենչանքի արտացոլումը:

Այս երգը արմատաւորուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանի յուսահատութեան եւ յոյսի մէջ` դառնալով միաժամանակ ողբերգութիւն եւ տոկունութեան քայլերգ: Ինչպէս իր շատ մը երգերուն, այս մէկուն մէջ ալ երգիծանք կայ: Այն ստեղծուած է յարաբերական խաղաղութեան փուլի մը վերջաւորութեան, այն ատեն, երբ շատեր կը կարծէին, թէ պատերազմը աւարտած է: Բայց իրապաշտ եւ երգիծաբան Զիատը այս երգով ցոյց կու տայ այլ իրականութիւն մը, որ պատերազմը չէ աւարտած, այլ պարզապէս դադրած է:

  1. Ալ Պոսթա (1979)

Ներառուած ըլլալով «Պի նըսպէ լա պուքրա շու» (Ի՞նչ կ՛ըսէք վաղուան մասին) շրջադարձային երաժշտախառն ներկայացման, երգը դարձաւ սերունդի մը օրհներգը:

Կեանքի փորձութիւններու մասին երգի խաղային գրութիւնը նոր իմաստ կը ստանայ պատերազմէն տուժած Լիբանանի մէջ, ուր նոյնիսկ հանրակառք` «պոսթա» նստիլը կրնար վտանգներով եւ անհեթեթութիւններով լեցուն ըլլալ:

  1. Սաալունի Նաս

Գրուած է իր մօր` Ֆէյրուզի համար:

Զիատ այս երգը գրած է, երբ իր հայրը` Ասին, ծանր հիւանդ էր: Գրութեան մէջ կ՛արտացոլայ կորուստը, կարօտը եւ  ընտանեկան ցաւի շուրջը թաքնուած գաղտնիքը: Այդ ժամանակէն ի վեր երգը դարձած է Ֆէյրուզի ամէնէն հանրածանօթ երգերէն մէկը:

  1. Մարպա էլ Տալալ եւ 9. Պիսարահա

Անձնական, ինքնադիտարկման երգեր:

Երկուքն ալ գրուած են Ռահպանիի եւ Տալալ Քարամի միջեւ շատ խօսուած եւ անհանդարտ յարաբերութիւններու մասին, որոնք աւարտած են ամուսնալուծութեամբ: Այս երգերը կարելիութիւն կու տան տեսնելու անոր հեգնական հանրային կերպարի ետին թաքնուած անձնական ցաւն ու խոցելիութիւնը:

Ռահպանիի երաժշտութիւնը անբաժանելի է Լիբանանի ժամանակակից պատմութենէն: Ռահպանիի ժառանգութիւնը կը գերազանցէ երաժշտութիւնը: Անոր երգերը մշակութային յիշողութեան հիմնական սիւներն են, եւ զանոնք հասկնալը Լիբանանի ոչ հին անցեալը հասկնալու բանալին է:

 

Աղբիւր` Beirut.com

Նախորդը

Դեգերումներ Դար Մը Լիբանանահայ Թատրոնի Հետքերով Բ. 50-ականներէն Ետք

Յաջորդը

Քաղաքական Սփիւռք. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Ա.

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
Grateful Dead Խումբը  Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը
Մշակութային եւ Այլազան

Grateful Dead Խումբը Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը

Յուլիս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?