Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Grateful Dead ռոք խումբի անդամները եւ անոնց համակիրները, որոնք յայտնի են որպէս Deadheads, նշանակալի դեր խաղացած են համացանցի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ, մասնաւորապէս` առցանց համայնքներու խթանման եւ թուային մշակոյթի ստեղծման գործին մէջ: Թէեւ անոնք չեն «կառուցած» համացանցը բառացի իմաստով, սակայն առաջին առցանց հարթակներուն անոնց ներգրաւուածութիւնը եւ հետեւորդներու հետ փոխադարձ ազդեցութեան նկատմամբ անոնց իւրայատուկ մօտեցումը զգալիօրէն ազդած են համացանցի աճի եւ առցանց համայնքներու զարգացման վրայ: Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայքը այս մասին վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Սիլիքոնեան Հովիտը խոր արմատներ ունի 1960-ականներու հակամշակութային շարժումներուն մէջ: Grateful Dead-ը միաւորեց եւ ոգեշնչեց առաջին արհեստագիտական ռահվիրաները:
Նախքան համացանցը աշխարհը գրաւելը` The Grateful Dead ռոք խումբը առաջին եւ ամէնէն ազդեցիկ ուժերէն մէկն էր առցանց հաղորդակցութեան արշալոյսին:
Grateful Dead-ը պարզապէս խումբ մը չէր: Անոնք ապրելակերպ էին: Սկզբնապէս տեղական պլուզ խումբ, յայտնի` որպէս Warlocks, շուտով անոնք հռչակաւոր դարձան Քեն Քիզիի «Acid Tests» երգով եւ 1960-ականներու վերջաւորութեան դարձան ուժ մը` երկրին մէջ համերգային շրջագայութիւններու շնորհիւ:
The Dead-ը, ինչպէս շատեր կ՛անուանեն, նպաստեց Սան Ֆրանսիսքոյի բնորոշ հակամշակոյթի ձեւաւորման` համատեղելով ժողովրդականի եւ ամերիկեան ազդեցութիւնները արեւելեան հոգեւոր երգերուն հետ, նաեւ կատարելով յառաջադէմ մտածողութեան փորձարկումներ` ապագայապաշտական գործիքներով:
Սակայն The Dead-ը ձեւաւորեց շատ աւելին, քան` պարզապէս ռոքը, psychedelia-ն եւ 60-ականներու թմրանիւթերու մշակոյթը: Արհեստագիտութիւններու սիրահար երաժիշտներուն շնորհիւ` խումբը տարածեց այն, որ ոմանք կ՛անուանեն առաջին իրական առցանց հանրութիւնը: Սերունդներ ետք այս յառաջամարտիկ թուային տարածքին մէջ ձեւաւորուած գաղափարները տակաւին կ՛արձագանգեն մեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Deadheads անունով յայտնի Fan of the Dead խումբին հետեւորդները ոգեշնչուած են խումբին օգտագործած արհեստագիտութեան զանազան միջոցներէն` իրենց առաջատար ձայնային համակարգերէն մինչեւ իրենց տեսանիւթերը: Բազմաթիւ հետեւորդներ իրենք ճարտարագէտներ եւ ճարտարապետներ էին, կ՛աշխատէին Սիլիքոնեան Հովիտին կամ Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ` մատչելիութիւն ունենալով առաջին համացանցային արհեստագիտութիւններուն, որոնք անոնք կը գործածէին 1970-ականներու վերջաւորութեան` փոխանակելու համար այնպիսի պահանջուած բաներ, ինչպիսիք են Grateful Dead-ի երգացանկերը եւ ապօրինի թմրանիւթերը:
1980-ականներուն, Համաշխարհային սարդոստայնի (World Wide Web) ծնունդէն տարիներ առաջ ի յայտ եկաւ վըրչուալ առցանց հասարակութիւն մը` Well-ը, ամբողջ Երկրի «Ելեկտրոնային կապը» անունով (Well – Whole Earth ‘Lectronic Link): Կեդրոնացած ըլլալով Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի տարածքին մէջ` Well-ը ոչ միայն առանձին ծաղկում ապրեցաւ, այլեւ դարձաւ այսօրուան համացանցի ծնունդին ամէնէն ազդեցիկ գործօններէն մէկը: Անոր երկարակեցութիւնը մեծ մասամբ կարելի դարձաւ Grateful Dead-ի հետեւորդներով, համակիրներով:
Well-ը ծնած է գրող, գործիչ եւ գործարար Ս. Պրենտի սկսած նախագիծին շնորհիւ: Պրենտ 1970-ականներուն սկսաւ տպագրել հրատարակութիւն մը, որ անուանեց «Ամբողջ Երկրի ցուցակ»:
«Վերադարձ դէպի բնութիւն» շարժումէն ոգեշնչուած` Միացեալ Նահանգներու մէջ հազարաւոր հիփփիներ համայնքներ կը հիմնէին: Մինչ ցուցակը մշակուած էր իր կարգախօսով` «գործիքներուն մատչելիութիւն» ապահովելու համար, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարենար իր կեանքը կառուցել շարժումին բնապահպանական եւ հոգեւոր սկզբունքներուն շուրջը:
Այդ կը նշանակէր, որ կայուն կեանքի համար առաջարկուող ֆիզիքական գործիքներու կողքին, ինչպէս` արեւային մարտկոցները, հաստոցները եւ սերմնացանի հաւաքածոները, այն կը ներառէր շարք մը գիրքեր եւ թռուցիկներ` գրուած այնպիսի մտաւորականներու կողմէ, ինչպիսիք են Պաքմինսթեր Ֆուլլերը եւ Մարշալ ՄաքԼուհանը: Այդ գործիքները նախատեսուած էին աւելի լաւ եւ մտածուած կեանք վարելու վերաբերեալ պատկերացում տալու համար:
Ցուցակը չափազանց ազդեցիկ էր ոչ միայն հիփփիներու վրայ: Ափփլ-ի համահիմնադիր Ս. Ճոպս 2005 թուականի իր յայտնի խօսքին մէջ այդ անուանած է «իմ սերունդիս Աստուածաշունչերէն մէկը»:
Grateful Dead-ի անդամները երաժշտութեան, հիփփի մշակոյթի եւ, ինչպէս կը պարզուի, արհեստագիտութեան ռահվիրաներ էին:
«Մենք աստուածներու նման ենք եւ պէտք է ընտելանանք այդ մտքին», կը պնդէր Ցուցակը իր 1969 թուականի գարնանային հրատարակութեան նախաբանին մէջ: Ան կը ներկայացնէր Ցուցակը եւ անոր առաջարկներն ու գաղափարները որպէս «մտերիմ, անձնական ուժ» զարգացնելու միջոց` հակազդելու անդրդուելի կառավարութեան եւ հսկայ առեւտրական հաստատութիւններու գերիշխող իշխանութեան ու փառքին:
Ցուցակը շատ ժողովրդականութիւն գտաւ, եւ անկէ վաճառուեցաւ մէկ միլիոն օրինակ մինչեւ 1972 թուականը: Բժիշկ եւ գործիչ Լարի Պրիլիանթը, որ նաեւ «Networking Technologies International» համակարգչային ընկերութեան սեփականատէրն էր, դիմեց Պրենտին` Ցուցակը առցանց տեղադրելու գաղափարով: Այդ արմատական գաղափար էր այն ժամանակ, երբ մարդոց մեծ մասը երբեք չէր լսած համացանցի մասին: Սակայն Պրենտ տեսաւ Ցուցակի ընթերցողներուն իրարու հետ խօսելու վայր տրամադրելու ներուժը: Պրիլիանթ տրամադրեց գումարը եւ սարքերը, մինչ Պրենտ օգնեց` ներգրաւելու մասնակիցներ եւ կառուցելու համայնքի մշակոյթը, եւ Well-ը 1985 թուականին դարձաւ առցանց:
Well-ը յայտարարութիւններու տախտակի համակարգ էր (ՅՏՀ)` առցանց հաղորդակցութեան համար զարգացած նախնական հաղորդագրութեան վրայ հիմնուած ձեւաչափ մը, որ շատոնց նախորդած էր հիմնական համացանցին: Մարդիկ կրնային համակարգիչի եւ հեռաձայնի գիծով միանալ, ուր անոնք կրնային հաղորդագրութիւններ ղրկել եւ թղթածրարներ փոխանակել: Սակայն Well-ը աւելի յառաջադէմ էր, քան` միւս ՅՏՀ-ները: 1980-ականներուն այս համակարգերը կ՛աշխատէին մէկ մոտեմով, սովորաբար մէկու մը տան մէջ եւ միաժամանակ միայն մէկ անձ կրնար միանալ: Քանի մը անհատներու միջեւ իրական ժամանակի մէջ զրոյցը անկարելի էր:
«Well-ը, որ կ՛աշխատէր Whole Earth Catalog-ի Սան Ֆրանսիսքոյի գրասենեակին մէջ, առաջիններէն մէկն էր, որ այդ փոխեց: Մասնագիտօրէն այդ կ՛աշխատէր PicoSpan համակարգին շնորհիւ, որ ունէր բազմամարդ զրոյցի համար անհրաժեշտ սարքերը, որոնց միջոցով յիսուն անձեր միաժամանակ առցանց կրնային զրուցել: Այս յեղափոխական փորձառութիւն էր:
Well-ը շատ տարբեր էր այդ ժամանակ գործող զուտ առեւտրային նպատակով ստեղծուած ծառայութիւններէն, ինչպիսին է CompuServe-ը. այդ ստեղծուած էր հակամշակութային հոգեբանութեամբ, որ հիմնուած էր «Whole Earth Catalog»-ի «Դուն ըրէ՛» պատգամին վրայ: Նպատակն էր քաջալերել տարբեր ոլորտներէ եւ դասակարգերէն մարդոց հաղորդակցութիւնը` հրահրելով հետաքրքրական զրոյցներ եւ ընկերային փոփոխութիւններ:
Հ. Ռէյնկոլտ գրող էր, որ կ՛աշխատէր տունէն, կը փնտռէր հաղորդակցելու միջոցներ: Առաջին թիւէն ի վեր «Whole Earth Catalog»-ի նուիրուած ընթերցող ըլլալով` ան սկիզբէն արձանագրուած էր Well-ին, 1985-ին թուականին, անոր հանրութեան մատչելի դառնալէն անմիջապէս ետք:
«Գրելը առանձին գործ է: Դուն այնտեղ մինակ ես գրամեքենայիդ եւ խօսքերուդ հետ: Սրճարանի կամ ճաշարանի մէջ ժամանակ անցընելու փոխարէն` հասկցայ, որ կրնամ մտնել Well եւ նման զրոյց ունենալ գործի դադարներուս ժամանակ», կ՛ըսէ Ռէյնկոլտ: Ան Well-ը կը նկատէր ելեկտրոնային կապի խոստմնալից դրսեւորում: Ան յօրինած է «վըրչուալ համայնք» եզրը` Well-ը նկարագրելու համար, 1992 թուականի իր համանուն գիրքին մէջ` «Վըրչուալ համայնք. ինքնաբաւ կեանք թուային սահմանի մէջ»: Գիրքին մէջ ան գրած է, որ մարդիկ, որոնք դեռ չեն գործածած ցանցային հաղորդակցութիւնը, անտեղեակ են, թէ որքա՛ն խոր կրնան համակարգչային ցանցերու միջոցով այսօր տեղի ունեցող ընկերային, քաղաքական եւ գիտական փորձառութիւնները մօտիկ ապագային փոխել բոլորիս կեանքը:
Well առցանց հարթակը համացանցի տարածման շարժիչ ուժն էր:
Սակայն Well-ը ատեն մը դժուարութիւններ դիմագրաւեց կառավարման հարցին մէջ իր ազատ խօսքին պատճառով:
Ժամանակի ընթացքին Well-ը դարձաւ սեփականութիւնը տարբեր ընկերութիւններու, որոնց շարքին` «Սալոն» ամսագրին, 1999 թուականէն մինչեւ այսօր, ունենալով դանդաղ նուազող, բայց հաւատարիմ գործածողներու խումբ մը, որոնցմէ շատերը Well-ին մէջն են գրեթէ 40 տարիէ: Այժմ սկսած են քննարկումներ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս լաւագոյնս արխիւացնել եւ փակել հարթակը ապագային` պահպանելով այդ ապագայ սերունդներու համար:
Ետ նայելով վըրչուալ համայնքներու եւ հասարակական լրատուամիջոցներու պատմութեան, սկսած Well-ի ծաղկման շրջանէն, Ռէյնկոլտ կը մտածէ այն փաստի մասին, որ փոքր համայնքները մեռնող տեսակ են:
«Դիմատետրը իսկապէս խոչընդոտեց ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդոց փոքր համայնքներու տարածումը», կ՛ըսէ ան` նախապատուութիւնը տալով լսարաններով լի աւելի մեծ հարթակներուն, որոնցմէ կարելի էր տուեալներ ստանալ եւ ծանուցումներ տրամադրել:
«Երբ ձեր համայնքի անդամները ապրանքն են, այլ ոչ թէ` յաճախորդը, դուք համայնք չունիք», կ՛ըսէ ան:
Well-ը կը ներկայացնէ պատմութեան այն պահը, երբ, ինչպէս հիմնադիր Ս. Պրենտ նշած է Ռէյնկոլտի գիրքին մէջ, «անձնական համակարգչային յեղափոխականները հակամշակոյթ էին»:
Հասարակական լրատուամիջոցներու եւ սմարթֆոններու լայն տարածումէն շատ առաջ վըրչուալ համայնքը իսկապէս նորարարական գաղափար էր: