Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար այլեւս ընդմիջում, դադար չկայ, բոլոր ոլորտներուն մէջ արհեստագիտութիւնները ամէն ժամ նորութիւններ պիտի բերեն: Գլխապտոյտ պատճառող այս հոլովոյթին մէջ մարդկային անմիջական, ջերմ յարաբերութիւնները ո՞ւր պիտի հասնին:
Ն.
Բանաւորը`
Ընդդէմ Գրաւոր Հաղորդակցութեան
Ի՞նչ է տարբերութիւնը
Թէեւ բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութիւնները իմաստ փոխանցող խորհրդանիշներու համաձայնեցուած կանոններով կարգաւորուող համակարգեր են, սակայն անոնց միջեւ կան տարբերութիւններ:
Պահ մը պատկերացուցէք, որ դուք համալսարանի ուսանող էք, որ դրամի անմիջական կարիք ունի: Աշխատանք փնտռելու փոխարէն` դուք կ՛որոշէք ձեր ծնողներէն խնդրել այն գումարը, որ ձեզի անհրաժեշտ է կիսամեակի թոշակը վճարելու:
Հիմա ունիք քանի մը տարբերակ. կրնաք հեռաձայնել ձեր ծնողներուն կամ անձամբ խօսիլ անոնց հետ: Կրնաք այլ մօտեցում մը կիրարկել եւ անոնց նամակ գրել կամ բջիջայինով քանի մը տող` հաղորդագիր: Հաւանաբար կրնաք կազմել այս մօտեցումներէն իւրաքանչիւրին համար ձեր սեփական դրական եւ բացասական կողմերու ցանկը:
Բայց իրականութեան մէջ ի՞նչ տարբերութիւն կայ գրելու եւ խօսելու միջեւ` այս իրավիճակներուն մէջ:
Եկէ՛ք դիտարկենք երկուքին միջեւ եղած հիմնական չորս տարբերութիւնները.
1) Պաշտօնական` ընդդէմ ոչ պաշտօնականին,
2) Համաժամը` ընդդէմ անհամադէպ (synchronous versus asynchronous)
3) Ձայնագրուածը` ընդդէմ չձայնագրուածին,
4) Գաղտնիութիւն
Բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութիւններուն միջեւ առաջին տարբերութիւնը այն է, որ մենք սովորաբար բանաւոր հաղորդակցութիւնը կը գործածենք ոչ պաշտօնական, մինչ գրաւոր հաղորդակցութիւնը` պաշտօնապէս:
Նկատի առէք, թէ ինչպէս ձեզ վարժեցուցած են խօսելու եւ ինչպէս` գրելու:
Երբեւիցէ ուսուցիչին յանձնա՞ծ էք թուղթ մը, որ կը «հնչէ» ձեր խօսելու ձեւին պէս:
Ինչպէ՞ս գնահատուած է այդ աշխատանքը` համեմատած անգլերէնի աւելի ճշգրիտ կառոյցներուն եւ կանոններուն հետեւող այլ աշխատանքի մը հետ:
Արեւմտեան հասարակութիւններու մէջ գրաւոր հաղորդակցութեան համար աւելի կը հետեւինք օրինական չափանիշներու, քան` բանաւոր հաղորդակցութեան համար: Քանի մը բացառութիւններով, մենք սովորաբար կը հանդուրժենք բանաւոր սխալները, կմկմալը, «ը՜հ», «ը՜մմ», «գիտե՞ս» եւ այլ արտայայտութիւնները մեր բանաւոր, այլ ոչ մեր գրաւոր խօսքին մէջ, ուր այդպիսիք անընդունելի են:
Մենք կրնանք սխալներ նկատել ուրիշներու խօսքին մէջ, սակայն որպէս կանոն` հակուած չենք այդ սխալները ուղղելու, ինչպէս կ՛ընէինք գրաւոր արտայայտութիւններու մէջ: Հակառակ անոր որ մեծ մասը կը փորձէ խօսիլ առանց որակական յատկանիշներու եւ սխալներու, զրոյցի ատեն մեր խօսքին մէջ այդ արտայայտութիւններու մասին ըսելիք մը կայ:
Երկու անձերու միջեւ զրոյցի ընթացքին արտայայտութիւններու գործածութեան եւ նախադասութիւններու կառուցման ձեւը կարելիութիւն կը ստեղծէ լեզուին մէջ նոր իմաստ մը գտնելու եւ զարգացնելու «զուգահեռականութիւն» (parallelism), որ կրնայ յանգեցնել զրուցակիցին մէջ համակրանքի բնական զգացողութեան:
Այսպիսով, թէեւ կրնայ թուիլ, թէ ճշգրիտ, օրինական լեզուն աւելի կը գնահատուի, քան` խօսակցականը, սակայն մեզմէ շատեր զրուցելու ընթացքին կ՛օգտագործեն երկրորդը, որ կը նպաստէ մարդոց մտերմացման:
Թէեւ գրաւոր արտայայտութիւնը ընդհանրապէս խօսակցականէն աւելի պաշտօնական, ճշգրիտ է, սակայն կան կարգ մը բացառութիւններ, յատկապէս` նոր արհեստագիտութիւններու աճող ժողովրդականութեան պայմաններուն լոյսին տակ: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ հիմա կը տեսնենք բացառութիւններ` մեր խօսքին եւ գրածին մէջ:
Գործածելով հեռաձայնային հաղորդագրութիւններ եւ ելեկտրոնային նամակներ` մարդիկ կը գրեն այնպէս, ինչպէս կը խօսին` առանց կանոններու: Նմանապէս, գրելու այս ոճը յաճախ կը փորձէ օգտագործել «ոչ բառացի» հաղորդակցութիւն` emoticons, գրուածը շեշտելու համար:
Դիտարկենք շրջանակի երկու օրինակները: Մէկը հեռաձայնային հաղորդագրութեամբ գրաւոր նամակագրութեան օրինակ մըն է, մինչ միւսը նամակի աւելի պաշտօնական գրաւոր ուղեցոյցներուն հետեւող մօտաւորապէս համարժէք տարբերակ է:
Օրինակ
Բջիջային բնագիր
«FYI (for your information-առ ի տեղեկութիւն) … ժողով ուրբաթ… յետոյ փարթի… byob է (bring your own bottle- ուզած խմիչքդ բեր): Անցեալ տարի խենթանալիք էր, պարելդ բոլորը lol (laugh out loud-բարձրաձայն խնդացուց) ըրաւ…կը տեսնուինք հոն» – Թ:
Նամակ
«Անն,
Քեզի տեղեկացնեմ, որ մենք պիտի հանդիպինք ուրբաթ, 6 նոյեմբերին : Անկէ ետք գրասենեկային երեկոյթ տեղի կ՛ունենայ: Կ՛ուզե՞ս երթալ: Այդ կ՛ըլլայ «Բերէ՛ք ձեր սեփական խմիչքը» երեկոյթ, այնպէս որ, խնդրեմ, հետդ բեր ուզած խմիչքդ: Անցեալ տարի շատ զուարճալի էր, պարդ բոլորը բարձրաձայն խնդացուց:
Յուսամ կը տեսնուինք,
Թեզիա»:
Ուշադրութիւն դարձուցէք հեռաձայնային հաղորդագրութեան տարբերակի ոչ պաշտօնականութեան, անճշգրտութեան: Թէեւ այդ ընթեռնլի է, սակայն կը կարդացուի այնպէս, կարծես Թեզիան իրականութեան մէջ կը խօսի, այլ ոչ թէ նամակ կը գրէ: Նկատա՞ծ էք, որ երբ կը յանձնէք ելեկտրոնային նամակի ծրագիրներուն մէջ գրուած գրաւոր աշխատանք մը, անոր պաշտօնականութեան մակարդակը կը նուազի:
Սակայն երբ ուսանողները կը գործածեն խմբագրիչ ծրագիր, ինչպէս` Microsoft Word-ը, հեռաձայնային հաղորդագրութիւնը աւելի յաճախ կը հետեւի կանոններուն: Քանի որ մենք կը շարունակենք նոր արհեստագիտութիւն գործածել հաղորդակցելու նպատակով, այդ միջոցներուն համար նոր կանոններու համակարգերը կը շարունակեն փոխուիլ:
Բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութեան միջեւ երկրորդ տարբերութիւնը այն է, որ բանաւոր հաղորդակցութիւնը կամ խօսքը գրեթէ ամբողջութեամբ համաժամ է, մինչ գրաւոր հաղորդակցութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ` անհամադէպ:
Համաժամ հաղորդակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ իրական ժամանակին մէջ, օրինակ` ընկերոջ հետ զրոյցի ատեն: Երբ մենք զրոյցի մէջ ենք եւ նոնիսկ` հրապարակային ելոյթներու ժամանակ, ընդունողի անմիջական արձագանգը կանոն է: Օրինակ, երբ մէկու մը «բարեւ» կ՛ըսէք, կ՛ակնկալէք, որ այդ անձը անմիջապէս արձագանգէ: Չէք սպասեր, որ ան ժամանակ մը ետք պատասխանէ ձեր բարեւին:
Ի տարբերութիւն անոր` անհամադէպ հաղորդակցութիւնը անմիջական չէ եւ տեղի կ՛ունենայ աւելի երկար ժամանակահատուածներու մէջ, ինչպիսիք են` նամակները, ելեկտրոնային նամակը կամ նոյնիսկ երբեմն հեռաձայնային հաղորդագրութիւնները: Երբ մէկը գիրք, նամակ կամ հեռաձայնային հաղորդագրութիւն կը գրէ, ոչ մէկ ակնկալութիւն կ՛ունենայ, որ ստացողը անմիջապէս պատասխանէ: Ան կ՛արձագանգէ, երբ ժամանակ ունենայ:
Այս այն պատճառներէն մէկն է, որ մարդիկ երբեմն կը նախընտրեն ելեկտրոնային նամակ ղրկել` հեռաձայնելու փոխարէն, քանի որ այդ թոյլ կու տայ ստացողին պատասխանել, երբ ժամանակ ունենայ, այլ ոչ թէ կը ստիպէ զանոնք անմիջապէս պատասխանել:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս նոր արհեստագիտութիւնները կը փոխեն կանոնները, անոնք նաեւ կը ստեղծեն նոր իրավիճակներ, որոնք կը խախտեն գրաւոր հաղորդակցութեան անհամադէպ եւ բանաւորի` համաժամ կանոնները:
Ձայնային փոստը հեռաձայնը եւ մեր զրոյցը վերածած է հաղորդակցութեան անհամադէպ ձեւերու:
Թէեւ կը խօսինք այս ծիրերուն մէջ սակայն, կը հասկնանք, որ եթէ հաղորդագրութիւն մը ձգենք ձայնային փոստին մէջ, անմիջապէս պատասխան չի գար: Փոխարէնը` մենք գիտենք, որ ստացողը կը հեռաձայնէ մեզի, երբ որ իրեն յարմար է: Այս օրինակին մէջ, հակառակ անոր որ կապի միջոցը խօսիլն է, ղրկուած հաղորդագրութեան անյապաղ պատասխանի ակնկալութիւն չկայ:
Նմանապէս, հաղորդագրութիւնը գրաւոր կապի ձեւ մըն է, որ կը հետեւի բանաւոր զրոյցի կանոններուն, այսինքն կ՛աշխատի որպէս համաժամ հաղորդակցութիւն: Երբ դուք կը գրէք ձեր ծանօթներէն մէկուն, կ՛ակնկալուի, որ ան գրեթէ անմիջապէս արձագանգէ: Գիծերը կը շարունակէին աղօտիլ, երբ տեսազրոյցները(video chats) ներկայացուեցան որպէս հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւն:
Անոնք համաժամ կապի ձեւեր են, որոնք կը նմանակեն դէմ առ դէմ փոխադարձ ազդեցութիւնը եւ կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ ունին ուրիշներուն գրաւոր պատգամներ(message) ղրկելու տարբերակ:
Գրաւոր եւ բանաւոր հաղորդակցութեան միջեւ ազդեցութիւնը յանգեցուցած է բազմաթիւ հարցերու` կանոններու եւ իմաստի վերաբերեալ:
Հակառակ անոր որ մարդիկ համաժամ զրոյց կը վարեն եւ իմաստ կը փոխանակեն իրենց բառերու միջոցով, անոնք, ի վերջոյ, կը գտնուին տարբեր սենեակներու մէջ եւ կը հաղորդակցին մեքենայի միջոցով, բան մը, որ անոնց զրոյցներուն բովանդակութիւնը երկիմաստ կը դարձնէ:
Պատմաբանները մշակած են շարք մը չափանիշներ, որոնք մարդիկ պէտք է ունենան քաղաքակրթութիւն համարուելու համար: Անոնցմէ մէկը գրելն է, մասնաւորապէս` կառավարման եւ հաճոյքի նպատակներով:
Գրաւոր հաղորդակցութիւնը կը գործածուի գրականութեան, կրօնի, ուսուցման, պատմութեան արձանագրութեան եւ կառավարման համար: Պատմական ազդեցիկ գրաւոր հաղորդակցութիւնը կը ներառէ.
1) Տասը պատուիրանները, որոնք հրեաները կ՛օգտագործեն որպէս իրենց հաւատքի ուղեցոյց:
2) Համուրապիի օրէնքներու ժողովածուն, որ հին բաբելոնացիներու արձանագրուած օրէնքներն էին:
3) Քուրանը, որ իսլամական հաւատքի կորիզն է:
4) Աստուածաշունչը, որուն կը հետեւին քրիստոնեաները:
5) Անկախութեան հռչակագիրը, որ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու անկախութիւնը Մեծն Բրիտանիայէն:
6) Մաոյի Կարմիր գիրքը, որ կ՛օգտագործուէր Չինաստանի մէջ` համայնավար կառավարումը խթանելու համար:
Բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութեան երրորդ տարբերութիւնը այն է, որ գրաւոր հաղորդակցութիւնը` որպէս կանոն, կ՛արխիւացուի եւ կը ձայնագրուի հետագայ վերականգնման համար, մինչ բանաւոր հաղորդակցութիւնը` որպէս կանոն, չի ձայնագրուիր:
Երբ մենք կը խօսինք ընկերներու հետ, մենք հակուած չենք արձանագրութիւններ ընելու կամ ձայնագրելու մեր զրոյցները: Անոր փոխարէն` զրոյցները շարունակական կ՛ըլլան եւ կը մնան մեր անձնական յիշողութիւններուն մէջ, այլ ոչ թէ կը ձայնագրուին դիւրաւ վերականգնելի գրաւոր դրութեամբ:
Միւս կողմէ` բաւական դիւրին է յղումներ կատարել գրաւոր աշխատանքներուն (գիրքեր, ամսագրեր, թերթեր, ելեկտրոնային աղբիւրներ, կայքէջեր եւ ե-նամակներ), ղրկողին կողմէ անոնք գրելէն երկար ժամանակ ետք: Vine-ի նման նոր հաղորդակցութեան նոր յաւելուածները կը խորացնեն խառնաշփոթը:
Այս յաւելուածը թոյլ կու տայ ձայնագրել եւ տեղադրել կայքէջին վրայ: Այս կը նկատուի բանաւոր հաղորդակցութեան ձեւ մը, սակայն այդ արխիւացուած է եւ անհամադէպ, որպէսզի միւսները կարենան դիտել տեսանիւթերը սկզբնական հրապարակումէն տարիներ ետք:
Իրավիճակը աւելի բարդացնելու համար Snapchat-ի բազմաթիւ գործառոյթները կը բանին: Snapchat-ի մէջ ունիք կարելիութիւն` ղրկելու տեսանիւթեր կամ լուսանկարներ, որոնք աւանդաբար արխիւացուած չեն, քանի որ ղրկողն է որոշողը, թէ որքան ժամանակ կրնայ զանոնք դիտել ստացողը, ապա տեսականօրէն անոնք ընդմիշտ կ՛անհետանան:
Վերջերս «Իմ պատմութիւնս» գործառոյթի հրապարակման շնորհիւ` կարելի դարձած է լուսանկար հրապարակել 24 ժամ եւ ձգել, որ մարդիկ քանի մը անգամ դիտեն:
Արհեստագիտական հաղորդակցութեան արխիւացուած չըլլալու զգացումը կրնայ յանգեցնել գաղտնիութեան կեղծ զգացողութեան, ինչ որ կրնայ յանգեցնել որոշ բացասական հետեւանքներու:
Նոր արհեստագիտութիւնները կը փոխեն խօսքի եւ գրելու ներուժին մեծ մասը: Պարզապէս նայեցէք «Բանաւոր հաղորդակցութիւն այսուհետեւ» կողային վահանակին եւ տեսէք, թէ որքա՛ն յառաջացած ենք:
Թէեւ մեզմէ շատեր վարժուած են գործածելու այնպիսի արհեստագիտութիւններ, ինչպէս` հաղորդագրութիւնները եւ ակնթարթային պատգամները, այնպիսի ձեւերով, որոնք նման են մեր խօսակցական զրոյցներուն, սակայն մենք պէտք է նաեւ նկատի առնենք հաղորդակցման արհեստագիտութիւններու այս եղանակով օգտագործման հետեւանքները, քանի որ անոնք յաճախ արխիւացուած են եւ գաղտնի չեն:
Վերջին տարիներուն արխիւացուած հաղորդագրութիւններէն բացասական արդիւնքներու օրինակներ կրնանք տեսնել բազմաթիւ լայնօրէն հրապարակուած սեռային յարաբերութիւններու խայտառակութիւններու միջոցով:
Միջադէպերէն մէկը նախկին քոնկրեսական եւ Նիւ Եորքի քաղաքապետի նախկին թեկնածու Էնթոնի Վայներն էր` հաղորդակցութեանց արհեստագիտութիւններու միջոցով կիներու հետ շարք մը անպատշաճ անոր զրոյցները: Իր իշխանական դիրքի եւ լրատուամիջոցներու լայն լուսաբանման պատճառով անոր անձնական կեանքը շատ սահմանափակ էր: Քանի որ ան այս զրոյցները կը վարէր ձայնագրուած միջավայրի մէջ, ան չէր կրնար պահպանել իր անանունութիւնը կամ գաղտնիութիւնը տուեալ հարցին մէջ:
Այս գործողութիւնները հանրութիւնը նկատեց որպէս անպատշաճ, ուրեմն Վայների համար եղան ե՛ւ մասնագիտական ե՛ւ անձնական հետեւանքներ, երբ տեղեկատուութիւնը հանրային դարձաւ:
Ակներեւ է, որ նոր արհեստագիտութիւնները մեզի համար աւելի շատ հաղորդակցման եղանակներ կ՛ապահովեն, խօսքի եւ գրելու մեր աւանդական կանոններէն շատերը կը շարունակեն մշուշոտիլ, քանի որ մենք կը փորձենք որոշել այս նոր կապի արհեստագիտութիւններու «ամէնէն յարմար» կիրարկութիւնները:
Քանի որ իրարու հետ հաղորդակցելու եղանակներուն մէջ շարունակաբար աւելի շատ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, ուսումնասիրութեան աւելի շատ ուղիներ կը շարունակեն բացուիլ անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են հաղորդակցութեան իրականացման եղանակի զարգացման մասնակցելու մէջ:
Օգտագործուած աղբիւր` Lumen Learning


