Համաճարակէն Հինգ Տարի Ետք. «Քորոնա»-ն Ինչպէ՞ս Փոխած Է Մեր Աշխարհը
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Կարտիըն» թերթը քաղաքականութեան, առեւտուրի, գրականութեան, հոգեբանութեան, աշխատանքի եւ այլնի խումբ մը մասնագէտներու հարցուցած է, թէ ի՞նչ եղած է «Քորոնա»-ի ամէնէն զարմանալի կամ ցնցող հետեւանքը իրենց ոլորտին մէջ: ---------------------- Յոռետեսական անհատականութեան արժէքը կը չափուէր տասնեակ հազարաւոր կեանքերով Սթիվըն Ռայխեր, հոգեբանութեան դասախօս Մեծ աղէտները յաճախ մարդու վիճակին մասին մտորումներ կը յառաջացնեն: 1755 թուականի Լիզպոնի երկրաշարժը ստիպեց մարդոց` վերանայելու իրենց յարաբերութիւնները...




















