Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2024 Թուականի Աշխարհի Ամէնէն Հզօր Կիները

Դեկտեմբեր 20, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

 «Ֆորպս» պատրաստած է ցուցակ մը 100 կիներու, որոնք 2024 թուականին աշխարհի ամէնէն հզօր կիները եղած են` քաղաքական, ելեւմտական, տնտեսական արհեստագիտական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Նաեւ նշուած են քանի մը անուններ, որոնք 2025-ին պիտի փայլին:

Կը ներկայացնենք յօդուածէն հատուածներ:

Ն.

Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենէն մինչեւ Թէյլըր Սուիֆթ` շուրջ 100 կիներ նոր ձեւերով հզօր են քաղաքականութեան եւ առեւտրական ասպարէզներուն մէջ: Անոնք միասնաբար ունին 33 թրիլիոն տոլար տնտեսական հզօրութիւն եւ ազդեցութիւն` աւելի քան 1 միլիառ մարդոց վրայ:

Հոկտեմբերին, երբ Քլոտիա Շէյնպոմ երդում տուաւ որպէս Մեքսիքայի կին նախագահ, Քոնկրեսի դահլիճը պատեց պատմական ուրախութիւնը. «Նախագահուհի՛, նախագահուհի՛»:

62-ամեայ Շէյնպոմ առաջին կինն է, որ կը նախագահէ աշխարհի 12-րդ ամէնէն մեծ տնտեսութիւնը ունեցող Մեքսիքայի` որպէս անկախ երկիր իր 200 տարուան պատմութեան ընթացքին:

«Երբ տակաւին մանուկ էինք, մեզմէ շատերուն սորվեցուցած են պատմութեան տարբերակ մը, թէ մարդկութեան ընթացքը կ՛առաջնորդեն միայն տղամարդիկ: Բայց կամաց-կամաց այս տեսլականը շրջուեցաւ,- ըսաւ ան երդման արարողութեան խօսքին մէջ: Այժմն կիներուն ժամանակն է»:

2024 թուականի ամէնէն հզօր կիներու ցուցակ ներառուածները որոշուած են չորս հիմնական ցուցանիշներով` դրամ, արհեստագիտութիւն, լրատուամիջոց եւ ազդեցութեան ոլորտներ:

Մինչ Շէյնպոմ կը գրաւէ աշխարհի 100 ամէնէն հզօր կիներու Ֆորպսի ցուցակին չորրորդ դիրքը, քանի մը տարեկիցներ կորսնցուցած են իրենց բարձր դիրքերը:

Միաժամանակ Եօթներու երկիրներու համապարփակ հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ հասարակութեան վստահութիւնը կին ղեկավարութեան նկատմամբ` առեւտուրի ասպարէզին եւ քաղաքականութեան մէջ կը նուազի:

«Կին ղեկավարութիւնը աջակցութիւն չի գտներ միայն այն պատճառով, որ մենք կ՛ենթադրէինք, որ պատմութիւնը աշխարհը աւելի հաւասար կը դարձնէ: Կիներ կը դիմագրաւեն շարք մը ճնշող ուժեր, որոնք ոչ թէ կը դիւրացնեն, այլ կը դժուարացնեն իշխանութեան հասնելու եւ պահելու անոնց կարողութիւնը», կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը պատրաստած մասնագէտներէն Միշէլ Հարիսըն:

Ինչպէս նշուեցաւ, 2024 թուականի ամէնէն հզօր կիներու ցուցակ ներառուածները որոշուած են չորս հիմնական ցուցանիշներով` դրամ, արհեստագիտութիւն, լրատուամիջոց եւ ազդեցութեան ոլորտներ:

Քաղաքական առաջնորդներու համար նկատի առնուած են  համախառն ներքին արդիւնքը եւ բնակչութեան թիւը, իսկ ընկերութիւններու տնօրէններուն համար եկամուտները, գնահատումները եւ աշխատակիցներու թիւը չափազանց կարեւոր էին: Բոլորին համար վերլուծուած են լրատուամիջոցներու մէջ անոնց մասին յիշատակումները եւ ընկերային ցանցերու վրայ անոնց մատչելիութիւնը:

Արդիւնք. ցուցակի 100 կիներ միասնաբար ունին 33 թրիլիոն տոլար տնտեսական հզօրութիւն եւ ազդեցութիւն` աւելի քան 1 միլիառ մարդոց վրայ:

Անոնց ղեկավարումը` տնտեսութեան, արհեստագիտութեան, լրատուամիջոցներու եւ այլ ոլորտներու մէջ, կը ներկայանայ որպէս ուժգին պատասխան անոնց, որոնք կասկածի տակ կը  դնեն տիրապետելու կնոջ կարողութիւնը:

Մինչ տնտեսական անորոշութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը կը վերափոխեն համաշխարհային կարգը 2024 թուականին, կը յառաջանայ կարեւոր հարց մը:

Նայեցէ՛ք իշխանութեան ամէնէն բարձր օղակներուն. անոնք կը շարունակեն յամառօրէն տղամարդոց գերիշխանութիւնը: Աշխարհի չորս մեծագոյն տնտեսութիւններէն երեքը երբեք կիներ չեն ղեկավարած:

Քամալա Հարիս, որուն փոխնախագահ դառնալը ազդարարեց յառաջընթացը, վճռական պարտութիւն կրեց նախագահի պաշտօնի համար:

Ուժային ներուժը պարզ է համաշխարհային ազդեցութեան գերաստիճանին մէջ:

Եւրոպական յանձնախումբի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն (թիւ 1) եւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան նախագահ Քրիստին Լագարտ (2) միասին կը ձեւաւորեն Եւրոպական Միութեան 18 թրիլիոն տոլար արժողութեամբ տնտեսութեան ճակատագիրը, եւ անոնց որոշումները կը ճշդեն  ամէն բան` արհեստական բանականութեան կարգաւորումէն մինչեւ կլիմայի քաղաքականութիւն: Իտալացի Ճորճիա Մելոնին (3) կը ղեկավարէ Եւրոպական Միութեան երրորդ մեծ տնտեսութիւնը, իսկ Մեքսիքայի Քլոտիա Շէյնպոմ (4)` երկրին առաջին կին նախագահը, շրջանային փոխակերպումի պահուն կը գլխաւորէ աշխարհի 15-րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը:

Սթրիմինկի մէջ Նեթֆլիքսի գլխաւոր բովանդակութեան տնօրէն Պելլա Պաճարիա (62-րդ) եւ Amazon MGM Studios-ի ղեկավար Ճենիֆըր Սալքէ (65) ոչ միայն կը հսկեն ալկորիթմներն ու տուեալները, որոնք կ՛որոշեն, թէ ի՛նչ կը դիտեն միլիառները, այլեւ` այն ձայներն ու պատմութիւնները, որոնք կը ձեւաւորեն համաշխարհային մշակոյթը:

Կիներու ազդեցութիւնը մեծապէս կը տարածուի համաշխարհային ելեւմտական ոլորտին եւ քաղաքականութեան վրայ:

Կիներ հետզհետէ կը ձեւաւորեն շուկայական ենթակառոյցը. Ատենա Ֆրիտման (46) ՆԱՍՏԱՔ-ի, Լին Մարթին (47) NYSE-ի եւ Պոնի Չան (61) Հոնկ Քոնկի սակարանին մէջ կը հսկեն գումարներու հոսքերը` աճող թուային տնտեսութեան մէջ:

Տնտեսական քաղաքականութեան մէջ ի յայտ եկած է կիներու հզօր խումբ:

Կիներու ազդեցութիւնը երբեք այսքան խոր չէ եղած: Այս առաջնորդները կ’ապացուցեն, որ աշխարհի մը մէջ, ուր փոխակերպումը ազդեցութեան չափանիշ է, կիներ ոչ միայն կը մասնակցին փոփոխութիւններուն, այլ նաեւ կը կառուցեն զանոնք: Եւ այս չափով կիներու հաւաքական ուժը կ՛աճի:

Հզօրութիւնը կայուն չէ: Գործադիր տնօրէնը, որ տարի մը աշխարհի ամէնէն հզօր կիներու տասնեակին մէջն է, կրնայ յաջորդ տարի դուրս գալ, ինչպէս` այժմ CVS-ի նախկին ղեկավար Քարեն Լինչ:

Քաղաքական գործիչը, որ կ՛երազէ տարի մը դառնալ իր երկրին առաջին կին նախագահը, կրնայ յաջորդ տարին նախագահական երդում տալ, ինչպէս` մեքսիքացի Քլոտիա Շէյնպոմ:

Աշխարհի 100 ամէնէն հզօր կիներու Ֆորպսի ցուցակը կազմելու ատեն միշտ այդ փոփոխութիւնները կը ճշդուին:

Քանի մը կիներ, որոնք 2025 թուական
մուտք կը գործեն հաստատ քայլերով

Նեթումպօ Նանթի-Նտայիթվա

Դեկտեմբերի սկիզբին Նանթի-Նտայիթվան ստացած է քուէներու 57 առ հարիւրը` Նամիպիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ եւ դարձած` առաջին կինը, որ ընտրուած է իր երկրի բարձրագոյն պաշտօնին մէջ: Նեթումպօ Նանթի-Նտայիթվա, որ փաղաքշականօրէն կը կոչեն «ՆՆՆ», ներկայիս Նամիպիոյ փոխնախագահն է, եւ կը նախատեսուի, որ  նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ մարտ 2025-ին:

Հանա-Ռոհիտի Մայիպի- Քլարք

Այդ խորհրդարանական բողոքն էր, որ լսուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Նոր Զելանտայի պատգամաւոր Հանա-Ռոհիտի Մայիպի-Քլարք նոյեմբերին պատռեց վիճահարոյց օրէնսդրութեան կտոր մը, որ պիտի  վերաիմաստաւորէր կառավարութեան եւ մաորի ժողովուրդի պայմանագիրը: Ապա ան առաջնորդեց  հաքա մը` աւանդական մաորի պար, խորհրդարանի յատակին: Անոր բողոքի տեսանիւթը երկու օրուան ընթացքին  դիտուած է աւելի քան 200 միլիոն անգամ: 22 տարեկանին Մայիպի-Քլարք 1853 թուականէն ի վեր ամէնն երիտասարդ կին պատգամաւորն է եւ դարձած է քաղաքական աստղ: Ան նաեւ հանդիսաւոր հաքա կատարեց, երբ 2023 թուականին տեղի ունեցաւ իր  երդման արարողութիւնը:

Միցուքօ Թոթորի եւ Ճոաննա Կերակտի

Կիներ կը ղեկավարեն օդը, կամ առնուազն` աշխարհի օդանաւային ամէնէն մեծ ընկերութիւնները: Ճոաննա Կերակտին դարձաւ առաջին կինը, որ գլխաւորեց ամերիկեան օդանաւային խոշոր ընկերութիւնը, երբ ստանձնեց «Ճեթ պլու»-ի ղեկը փետրուար 2024-ին: Երկու ամիս ետք Միցուքօ Թոթորի նշանակուեցաւ Ժեփըն էրլայնզի (JAL) գործադիր տնօրէն: Ան ասպարէզը սկսած է որպէս օդանաւի մէջ հիւրընկալուհի եւ այժմ ղեկավարն է ընկերութեան մը,  որ անցեալ տարուան ընթացքին ունեցած է աւելի քան 10 միլիառ տոլար եկամուտ: Երկու կիներն ալ կը ղեկավարեն սպառողներու պահանջ, որ ոչ միայն դուրս եկած է «Քորոնա»-ի ժամանակաշրջանի ցած մակարդակէն, այլեւ գերազանցած է 2019 թուականի գործունէութեան մակարդակը:

Սելենա Կոմես

Դժուար է գիտնալ, թէ ո՛ր տիտղոսը պէտք է տալ Կոմեսի: Հիւսիսային Ամերիկայէն այս  դերասանուհին ունի ամէնէն շատ հետեւորդներ հասարակական ցանցերուն մէջ  (610 միլիոն հետեւորդ` Ինսթակրամի, Էքսի, Դիմատետրի եւ ԵուԹիուպի մէջ): Ո՞ր տիտղոսը պէտք է տալ անոր. «Կրեմմի»-ի մրցանակակիր դերասանուհի՞, որ արժանացած է Օսքարի` Էմիլիա Փերեսի երաժշտական շարժապատկերին մէջ իր կատարման համար: Շպարումի նիւթերու հսկայ Րէյր Պիութիի ետին կանգնած գործարա՞ր, հոգեկան առողջութեան երկարամեայ պաշտպա՞ն: Պատասխանը անշուշտ հետեւալն է. նշուած բոլորը:

Ճէյ Կրէյպըր

Որպէս Պլասքիի գործադիր տնօրէն` Կրէյպըր կը ղեկավարէ այն, որ դարձած է 2024 թուականի ամէնէն աղմկոտ հասարակական ցանցը` «Պլուսքայ»-ը: Հարթակը առաջին անգամ ստեղծած է Ճեք Տորսի, 2019 թուականին, որպէս Թուիթըրի ապակեդրոնացած, անկախ այլընտրանք եւ համեստ աճ արձանագրած է անկէ ետք: Իլոն Մասք գնած է Թուիթըրը (այժմ` X) 2022 թուականին, սակայն գրառումներ ընողներու ամէնէն մեծ հոսքը արձանագրուած է նախագահական ընտրութեան օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին: Դեկտեմբերի սկիզբի դրութեամբ «Պլուսքայ»-ը ունէր 24 միլիոն անձ եւ Կրէյպըրին յանձնարարուած է կառավարել աճը` առանց արտադրութեան վատացման: «Իրականութեան մէջ ես թուային իրաւունքներու գործիչ եմ: Մարդիկ պէտք է կարողանան վերահսկել հասարակական ցանցերը, որոնցմով անոնք կը հաղորդակցին, քանի որ այդ ցանցերը իսկապէս կենսական կառոյցներ դարձած են», ըսաւ ան:

Ռէյչել Փրոֆֆիտ

Ինքն իրեն բնորոշող «պատահական իրաւաբան», որ կ՛ուզէր յաճախել առեւտրական համալսարան, կը յայտնուի երկու աշխարհներու խաչմերուկին վրայ: Շուրջ տարի մը առաջ ան  դարձաւ Միացեալ Նահանգներու  լաւագոյն իրաւաբանական 50 ընկերութիւններէն մէկուն` «Քուլի»-ի գործադիր տնօրէնը եւ Սիլիքոնեան Հովիտի գործարարներու խորհրդատուն: Ընկերութիւնը արհեստագիտական եւ կենսական գիտութիւններու թիւ մէկ խորհրդատուն է եւ վերահսկած է աւելի քան 500 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքներ` 2020 թուականէն ի վեր:

Մարին Լը Փեն

Ֆրանսան քաղաքական քաոսի մէջ ինկաւ դեկտեմբերի սկիզբին անվստահութեան քուէէն ետք, երբ պաշտօնանկ եղաւ վարչապետ Միշել Պառնիէ, պաշտօնավարութիւնը սկսելէ երեք ամիս ետք: Ծայրայեղ աջ առաջնորդ Մարին Լը Փեն օգնեց կազմակերպել անոր անկումը եւ այժմ աշխարհը կը սպասէ, թէ արդեօ՞ք ան կը կարողանայ իշխանութեան տիրանալ` նախագահ Էմանուել Մաքրոնը նոյնպէս զգուշացնելէ ետք: Պատասխանը եւ անոր յաջորդ քայլը կրնան կախուած ըլլալ Լը Փենի եւ Ազգային հանրահաւաք կուսակցութեան երկու տասնեակ այլ պաշտօնատարներու դէմ դատավարութեան վճիռէն: Անոնք կը մեղադրուին Եւրոպական Միութեան գումարները իւրացնելու համար, եւ ֆրանսացի դատախազները կը պահանջեն Լը Փենը հինգ տարուան բանտարկութեան ենթարկել` արգիլելով անոր քաղաքականութեամբ զբաղիլ հինգ տարի:

Էլիզ Ստեֆանիկ

Միացեալ Նահանգներու մէջ  Տ. Թրամփի ընտրութենէն միայն քանի մը օր ետք ան յայտարարեց պատգամաւոր Էլիզ Ստեֆանիկը ՄԱԿ-ի դեսպան նշանակելու մասին: Ստեֆանիկ իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութեան մէջ եղած է Իսրայէլի կողմնակից եւ անոր նշանակումը կ՛ազդարարէ Թրամփի գալիք վարչակազմին մէջ ուժեղ իսրայէլամէտ դիրքորոշման մասին: Թրամփի երկարամեայ դաշնակիցը եւ Ներկայացուցիչներու տան ամէնէն բարձրաստիճան կին հանրապետականը ընդունած է նշանակումը նախարարներու խորհուրդին մէջ, սակայն պաշտօնը յառաջիկայ տարեսկիզբին պէտք է վաւերացնէ ծերակոյտը:ականին տեղի ունեցաւ իր  երդման արարողութիւնը:

 

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԳ.)

Յաջորդը

Ուիլսընեան Հայաստան. Գագաթ Մը, Որ Պէտք Է Նուաճել

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?