Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մանաւանդ արեւմտեան աշխարհին մէջ շատ տարածուած երեւոյթ դարձած է ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններու խզումը, որ անշուշտ ի վերջոյ կը տանջէ երկու կողմերն ալ: «Պի.Պի.Սի.» հրապարակած է այս բնաբանով Միրիամ Ֆրանքելի յօդուածը:

Ն.

Ծնողներու եւ անոնց երեխաներու միջեւ օտարացումը զարմանալիօրէն տարածուած է: Այս կ՛ըսէ հետազօտութիւնը` նման դժուար որոշում կայացնելու վերաբերեալ:

Սառան առաջին անգամ կապը խզեց մօր հետ իր 21-ամեակէն միայն քանի մը օր ետք: «Ես շատ կը զայրանայի», կ՛ըսէ ան, որ  յարաբերութիւնները խզեց հեռաձայնային բուռն զրոյցի մը ժամանակ: Անոր ծնողները չափազանց զբաղած էին անոր ծննդեան օրը նշելու համար: Բայց կար անկէ աւելին: Սառան յոգնած էր մօր սառնութենէն, եսասիրութենէն եւ իր կեանքին նկատմամբ անտարբերութենէն: Ան կը նսեմացնէր Սառային կրթութիւնը եւ անընդհատ ճնշում կը բանեցնէր անոր վրայ, որպէսզի օգնէ ընտանեկան ագարակին մէջ: Ամէնէն շատ Սառա վիրաւորուած էր զինք բռնատէր հօրմէն պաշտպանելու մօրը անկարողութենէն: Երկու կամ երեք տարի Սառան կապ չունէր մօրը հետ, որ նոյնպէս երբեք չէր հաղորդակցած իր աղջկան հետ: «Այդ  ձեւով բաւական  ազատագրուած զգացի», կը յիշէ ան:

Բայց եւ այնպէս, երբ վերջապէս որոշեց տեղափոխուիլ արտասահման, չուզեց նեղուած լքել եւ վերականգնեց կապը ծնողներուն հետ: Անոնք չէին զղջար, կը վարուէին այնպէս, կարծես ոչինչ պատահած էր, կ՛ըսէր ան, եւ յաջորդ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին յաջորդեցին օտարացման հետագայ շրջաններ:

Շատեր կը պնդեն, որ ընտանիքի անդամներէն օտարացումը կ՛աճի, բայց դժուար է գտնել այդ հաստատող տուեալներ: Այդ զարմանալիօրէն տարածուած է` ըստ գոյութիւն ունեցող տուեալներու: Ծնողներէն բաժնուելու որոշումը մեծ նշանակութիւն ունի: Ե՞րբ ճիշդ է այդ բանը ընել, եւ հնարաւո՞ր է, որ այդ մեզ աւելի երջանիկ կամ իմաստուն դարձնէ: Ի վերջոյ, մեր ծնողները ի՞նչ պարտական են մեզի եւ մենք ի՞նչ պարտական ենք անոնց:

Կարգ մը հետազօտողներ կը կարծեն, թէ ընտանիքի մասին մարդոց մտածելակերպի փոփոխութիւնները կրնան յանգեցնել օտարացման ժամանակահատուածներու աճի:

Լիւսի Պլէյքը` Արեւմտեան Անգլիոյ համալսարանի հոգեբանութեան աւագ դասախօս եւ «Ոչ մէկ ընտանիք կատարեալ է. խառնաշփոթ իրականութիւնը ընդունելու ուղեցոյց» գիրքի հեղինակը, կ՛ըսէ, որ օտարացման վերաբերեալ համեմատաբար քիչ հետազօտութիւններ եղած են:

«Այդ տակաւին թապու է եւ բաւական վախցնող բնաբան մը, որուն մասին մարդիկ չեն ուզեր խօսիլ: Անոնք կը կարծեն, թէ այդ պարզապէս բան մըն է, որ կը պատահի բոլորին», կ՛ըսէ ան:

2022 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ հարցախոյզի մը մասնակցած աւելի քան 8500 մարդոց տուեալներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ անոնց 26 առ հարիւրը  24 տարուան ընթացքին օտարացման շրջաններ ունեցած է հօրմէն, 6 առ հարիւրը` մօրմէն: Այս կը ներառէր նաեւ մարդիկ, որոնք դեռ երբեմն կը տեսնէին իրենց ծնողները:

Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 10 հազար մարդոց մասնակցութեամբ նման ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 9 առ հարիւրը 13 տարուան ընթացքին օտարացում ապրած է իր մօրմէն, 20 առ հարիւրը` հօրմէն:

Սակայն, քանի որ երկար ժամանակ օտարացած մարդոց հետ կապուած տուեալներ չկան, դժուար է հասկնալ, թէ արդեօ՞ք այս երեւոյթը աւելի կը տարածուի: Սակայն կարգ մը  հետազօտողներ, ինչպէս` Փիլեմերը, կը կարծեն, թէ այդպէս է:

Առաջուան բազմազաւակ սերունդներուն մէջ ընտանեկան համերաշխութեան շատ ուժեղ կանոն կար, որ` արիւնը ջուրէն խիտ է: Այդ կանոնները տկարացած են», կ՛ըսէ Փիլեմեր, ըստ որուն, պարտադիր չէ, որ այդ գէշ բան մը ըլլայ:  Ան կը նշէ, որ ժամանակի ընթացքին աւելի ընդունելի դարձած են նաեւ ընտանեկան կանոնները, ինչպէս` չամուսնացած կենակցողները եւ անզաւակ զոյգերը:

Ճոշուա Քոլեման` հոգեբուժ մը, որ կ՛աշխատի օտարացած ընտանիքներու հետ եւ գրած է քանի մը գիրքեր այս բնաբանով, համաձայն է: Ան կ՛աւելցնէ, որ աճող անհատականութիւնը նոյնպէս կրնայ յանգեցնել օտարացման: «Անհատականութեան մշակոյթը սեփական եսի, ինքնութեան, սեփական երջանկութեան հանդէպ կեդրոնացումն է,- կը պնդէ ան: Այսպիսով, մեր յարաբերութիւնները միւս մարդոց հետ կը համարուին երկրորդական»:

Քոլեման կը պնդէ, որ այս աւելի կը խորանայ ընկերային ցանցերու կողմէ: Աւելի դիւրին կը դառնայ առցանց գտնել ձեզի նման մտածողները, եւ ազդեցիկ բազմաթիւ անձեր մեզ կը խրախուսեն խզել կապերը «թունաւոր» մարդոց հետ:

«Առումով մը, պարտական եմ ծնողներուս ամէն բանով` բառացի, բնազանցական եւ գոյաբանական իմաստով», կ՛ըսէ  Քրիստոֆըր Քուլի: Ան կը պնդէ, որ հոգեբաններու դիմելու աճը նոյնպէս դեր խաղացած է: Ոչ` միշտ դէպի լաւ: Կան հոգեբաններ, օրինակ, որոնք կրնան «ախտորոշել» հոգեբուժական խնդիրներ ընտանիքի անդամներուն մէջ` նոյնիսկ անոնց հետ չհանդիպելով, լսելով պատմութեան միայն մէկ կողմը: Սակայն ասիկա կը հակասէ հոգեբուժութեան եւ հոգեբանութեան ոլորտներուն մէջ գործող բարոյագիտական կանոններուն:

Քոլեման կ՛ըսէ, որ հանդիպած է որոշ տարիքի հասած բազմաթիւ երեխաներու, որոնք հոգեբուժին հետ հաղորդակցելէ ետք մեղադրած են ծնողքը` թունաւոր, անձնասէր ըլլալու կամ անհատականութեան խանգարում ունենալու համար:

Այդ չի նշանակեր, որ կապերը խզելը անպայման վատ որոշում է: Բազմաթիւ մարդիկ շատ լաւ պատճառներ ունին այդ ընելու, մասնաւորապէս անոնք, որոնք մանկութեան տարիներուն բռնութեան ենթարկուած են:  Քոլեման կ՛աւելցնէ, որ նոյնը կրնայ ճիշդ ըլլալ, եթէ ձեր ծնողները ամբողջովին չեն զղջար իրենց վարուելակերպին համար, կամ կը մերժեն նոյնիսկ լսել ձեզ:

Ըստ Փիլեմարի,  իր հետազօտութիւնը  պարզած է, որ յաճախ «աննշան բացասական փոխազդեցութիւններու կուտակումը», ինչպէս` կեսրոջ հետ լարուածութիւնը, կը յանգեցնէր յարաբերութիւններու խզման:

Որպէս օտարացման պատճառ` կը նշուի ընտանիքի անդամներու կողմէ ձեռնարկուած  գործողութիւններ կամ ընտանեկան ընդհանուր ներուժը: Ասիկա երբեմն կապուած է ամուսնալուծման հետեւանքներու, ծնողներէն մէկուն կողմը կանգնելու, կամ նոր ընկերը չսիրելուն:

Ինքնութիւնն ու սեռականութիւնը նոյնպէս կրնան ըլլալ հիմնական գործօններ, օրինակ, որոշ ծնողներ կը  հրաժարին ընդունելէ, որ իրենց զաւակը միասեռական է: Գրեթէ մէկ հինգերորդը նշած է, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պատճառ եղած են:

Սակայն, երբ Պլէյք  հարցաքննեց  Բրիտանիոյ մէջ 800 անձեր, որոնք օտարացած էին իրենց ընտանիքի անդամներէն, ան պարզեց, որ մարդոց մեծ մասը որպէս պատճառ նշած է յուզական բռնութիւնը: «Սովորաբար խօսքը խնդրայարոյց, կոշտ  դաստիարակութեան մասին է», կ՛ըսէ ան` նշելով, որ այդ կ՛ընդգծէ դժուար ընտանեկան յարաբերութիւններու յաճախ անտեսուող կողմ մը: «Ես չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը պէտք է մնայ այնպիսի յարաբերութիւններու մէջ, ուր ապահով չի զգար: Յաճախ մենք կը մտածենք  ֆիզիքական կամ սեռական բռնութեան մասին, բայց նոյնքան կարեւոր է խօսիլ նաեւ յուզական բռնութեան մասին», կ’ըսէ ան:

Մանկութեան տարիներուն մեր ծնողներուն հետ յարաբերութիւններու մէջ իշխանութիւնն ու պատասխանատուութիւնը չափահասները կը կրեն, բայց այդ կը փոխուի մեծնալուն զուգընթաց:

Քոլեման եւ Փիլեմար կը նշեն, որ յուզական բռնութիւնը բարդ եզր է եւ կրնայ չարաշահուիլ: «Երբեմն չափահաս զաւակը կրնայ ունենալ հոգեկան հիւանդութիւն կամ թմրամոլութեան խնդիր, որ զայն կը ստիպէ վերաշարադրել իր մանկութեան ամբողջ պատմութիւնը այնպէս, որ իր աջակից ծնողները անարդար ձեւով ներկայացուին որպէս բռնակալ չարագործներ», կ՛ըսէ Քոլեման:

Սակայն կարեւոր է չանտեսել այն ազդեցութիւնը, որ իրական յուզական բռնութիւնը կրնայ ունենալ անոնց վրայ, որոնք այդ զգացած են, եւ չանտեսել բռնութեան յիշողութիւնները պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք տեղի ունեցած են տարիներ առաջ:

Առողջ ծնող ըլլալու կանոնները նոյնպէս անընդհատ կը փոխուին: Այն, որ այսօր կը նկատուի յուզականօրէն բռնութիւն կամ անտեսում, անցեալին  կրնար այդպէս չհամարուիլ: Օրինակ, այսօր ծնողները յաճախ կը փորձեն ճանչնալ եւ աջակցիլ իրենց զաւկին, եթէ ան հոգեկան հիւանդութիւն ունի: Սակայն 40 տարի առաջ հանրութեան կողմէ հոգեկան առողջութեան խնդիրներու ըմբռնումը, կարելի է ըսել, շատ աւելի սահմանափակ էր, քան` այսօր:

Ակներեւ է, որ ոմանք կը կարծեն, թէ երբեմն անհրաժեշտ է խզել կապերը ծնողներու հետ: Բայց որքա՞ն մենք իրականութեան մէջ պարտական ենք անոնց: «Ես երկընտրանքի մէջ եմ,- կ՛ըսէ փիլիսոփայ Քրիստոֆըր Քուլին: – Երբ կը հարցնեն, թէ արդեօ՞ք մենք պարտական ենք մեր ծնողներուն` ամբողջ կեանքի ընթացքին յարաբերութիւններ ունենալու համար: Ես պարտական եմ ծնողներուս ամէն ինչով` բառացի, բնազանցական եւ գոյաբանական իմաստով: Ակներեւ է, որ եթէ ես ապրած եմ ծնողական սարսափելի բռնութիւն, ենթադրաբար այդ կը նշանակէ, որ ես այլեւս պարտականութիւն չունիմ»: Ան կ՛ըսէ, որ ծնողքի եւ չափահաս երեխայի միջեւ իտէալական յարաբերութիւնները կը նմանին բարեկամութեան:

«Երբ մենք երեխաներ ենք, յարաբերութիւններու ուժն ու պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ մեր ծնողներուն վրայ են: Սակայն այս կը փոխուի մեծնալուն զուգընթաց: Դեռահասները յաճախ ստիպուած են մեղադրել եւ քննադատել իրենց ծնողները` հեռաւորութեան բնական հոլովոյթին մէջ», կը բացատրէ Քուլի:

«Բայց երբ  կը դառնաս չափահաս, չես կրնար բոլոր խնդիրներուդ համար մեղադրել ծնողներդ», կը պնդէ ան: Այն պահուն երբ մեր ծնողները կը դառնան շատ ծեր եւ խոցելի, այդ ժամանակ մենք կրնանք քիչ մը աւելի համբերատարութիւն եւ հոգատարութիւն ցուցաբերել: Երբ մենք կը դատենք մեր սեփական անյաջողութիւնները, մենք յաճախ կը մեղադրենք արտաքին հանգամանքները, այլ ոչ թէ` մենք մեզ: Բայց միշտ չէ, որ մենք այդքան հասկցող ենք միւս մարդոց նկատմամբ: Այսպիսով, եթէ մենք կ՛ուզենք արդար ըլլալ մեր ծնողներուն հետ, պէտք է հաշուի առնենք նաեւ անոնց արտաքին հանգամանքները: Կրնա՞ն գիտելիքներու պակասը, հոգեկան հիւանդութիւնը, վախը կամ չքաւորութիւնը նպաստել անոնց վատ դաստիարակութեան:

Հակառակ անոր որ զարմանալիօրէն բազմաթիւ մարդիկ կ՛ունենան օտարացման շրջաններ, սակայն անոնցմէ շատերը հետագային կը  հաշտուին իրենց ծնողներուն հետ:

Մեր ծնողներուն վարքագիծը հասկնալու փորձը կրնայ մեզի հոգեկան հանգստութիւն պարգեւել: Այդ կրնայ մեզ ստիպել հասկնալ, որ պատահածները չար կամ միտումնաւոր չէին, ինչ որ կրնայ որոշ չափով մեղմացնել ցաւը: Այդ չի նշանակեր, որ մենք պէտք է ներենք անոնց կամ նոյնիսկ յարաբերութիւններ ունենանք անոնց հետ: Սակայն պարզութիւն ձեռք բերելով` մենք կրնանք չէզոքացնել մութ անցեալի չարագործ ուժը: Այսպէս մտածելը կրնայ նաեւ որոշ չափով վերացնել մեզմէ ճնշումը, եթէ մենք նոյնպէս ծնողներ դառնանք:

Քոլի կ՛առաջարկէ յիշել օտարացման ամբողջ կեանքի հոգեբանական հետեւանքները` նախքան մէկը մեր կեանքէն հեռացնելը: Արդեօ՞ք այդ դեռ ճիշդ կը զգացուի, եթէ ծնողը մահանայ: «Դուք չէք կրնար խուսափիլ անկէ, որ ձեզ կը հետապնդէ», կը  պնդէ ան:

Ոմանց  համար աւելի լաւ կ՛ըլլայ հաղորդակցութեան քանի մը ուղիներ բաց պահել, քանի որ այդ առնուազն հետագայ զրոյցի հնարաւորութիւն կը ձգէ: Եթէ մենք անորոշ ժամանակով խզենք կապերը, կրնանք մեր կեանքի մնացած մասը անցընել` փորձելով հասկնալ, թէ ի՛նչ պատահած է:

Վերջապէս, կրնաք նկատի ունենալ Աստուածաշունչին առաջարկած մարտավարութիւնը` վերաբերիլ ուրիշներուն հետ  այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէիք, որ ձեզի հետ վարուէին: «Պատկերացուցէ՛ք  դուք ձեզ ապագային», կ՛ըսէ Քոլի:

Ինչպէ՞ս կը զգայիք, եթէ ձեր չափահաս երեխան յանկարծ ըսէ, որ ձեր ծնողական դաստիարակութիւնը վատ է` հիմնուելով անոնց ժամանակակից չափանիշերու վրայ: Դիւրին է մտածել, որ մենք երբեք չենք կրկներ նոյն սխալը, ինչպէս` մեր ծնողները, բայց մենք այլ սխալներ կը գործենք», կ՛ըսէ Փիլեմար:

Վերջին բանը, որ պէտք է նկատի առնել. արդեօ՞ք ձեր մանկութեան յիշողութիւնները լիովին ճշգրիտ են: Մարդկային յիշողութիւնը սխալական է, եւ մենք յաճախ սխալ կը յիշենք բաներ, կամ կը յօրինենք ամբողջովին կեղծ յիշողութիւններ, յատկապէս` մեծահասակ տարիքին: Այս կրնայ օգնել մեզի վերացնելու մեր մասին հակասական պատմութիւնները: Ըսենք, օրինակ, որ դուք ձեզ համարած էք շատ ընկերային, օտարներու հետ դիւրութեամբ կապ հաստատող անձ: Ձեր յիշողութիւնները կրնան ըլլալ մարդոցմով եւ այն ընկերային իրադարձութիւններով, որոնք վայելած էք:

Բայց եւ այնպէս, եթէ հետագային որոշէք, որ ինքնամփոփ էք, ձեր յիշողութիւնները կրնան փոխուիլ. դուք աւելի ուժեղ կերպով կը յիշէք այն ժամանակները, երբ մինակ էք եղած, կամ անյարմար զգացած էք ընկերային իրավիճակներու մէջ: Նոյնը կրնայ ճիշդ ըլլալ մեր ծնողներու  յիշողութիւններուն, նաեւ անոնց մեր մասին յիշողութիւններուն  համար: Այս կրնայ ըլլալ պատճառներէն  մէկը, թէ ինչո՛ւ ոմանք կը նախընտրեն  օտարացումը: Քոլեման կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ մարդիկ ճնշիչ կը նկատեն  իրենց ծնողներուն մասին երկիմաստ կամ հակասական յիշողութիւններ ունենալը: Կապերը խզելով` այդ մարդիկ կը հասկնան, որ այլեւս կարիք չունին այդպէս զգալու: Անոնք կ՛ընդունին  վատը եւ կը ջնջեն լաւը: Սակայն թերեւս ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, թէ արդեօ՞ք կապերը խզելը մեզ իրականութեան մէջ երջանիկ կը դարձնէ:

Շատերու համար այդպես է: «Հարցախոյզերու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ չափահաս երեխաները յաճախ կ՛ըսեն, թէ ծնողներէն հեռանալով` իրենք զիրենք աւելի երջանիկ եւ նուազ ճնշուած կը զգան,- կ՛ըսէ Քոլեման: -Անոնք կը զգան, որ այդ լաւ որոշում էր` անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ամօթի կամ մեղքի զգացում ունին: Մինչ ծնողներուն  համար հակառակն է: Ամէն բան տհաճ է, տխրութիւն եւ շփոթ»: Սակայն այլ պարագաներու մէջ այդ յարաբերութիւններու խզումը կը ստեղծէ իր խնդիրները»:

«Օտարացումը կրնայ շատ մեկուսացնող ըլլալ», կ՛ըսէ Պլէյք: Ան պարզած է, որ բազմաթիւ չափահաս օտարացած զաւակներ դժուարութեան կը մատնուին, յատկապէս` տօներու ատեն, երբ ընտանիքները աւանդաբար շատ ժամանակ կ՛անցընեն միասին: «Այսպիսով, եթէ լուրջ կը մտածէք ծնողներու հետ կապերը խզելու մասին, պատրաստուեցէ՛ք` ապահովելով, որ ձեր շուրջը աջակցութեան ցանց ունենաք», խորհուրդ կու տայ ան:

Փիլեմարի հետազօտութեան մէջ մարդոց միայն քառորդին չէ անհանգստացուցած իրենց օտարացումը: «Բաւական տարածուած էր, որ մարդիկ հարցազրոյցը կը սկսէին` ըսելով, որ գոհ են իրենց որոշումէն, բայց հետագային կը խոստովանէին, որ տխրած են, եւ հարցերը չեն լուծուած», կ՛ըսէ ան:

Շատերը նաեւ կը վախնային, որ կը զղջան իրենց որոշումին համար: «Օտարանալու ատեն ես կը կտրեմ այն ճիւղը, որուն վրայ նստած եմ,- կը բացատրէ Քոլի:- Կարծեմ` չափահաս զաւկին կը վնասէ կապը կորսնցնելը այն վայրին հետ, ուրկէ ան եկած է»:

Քոլի, Փիլեմար եւ Քուլման` բոլորն ալ կ՛ըսեն, որ եթէ իսկապէս կը դժուարանաք  յարաբերութիւններ ունենալու ձեր ծնողներուն հետ, պէտք է սկսիք սահմանափակ ժամանակով հեռանալով: «Ես ամէն օր գործ ունիմ տխուր ծնողներու հետ, որոնք տարիներ շարունակ իրենց զաւակներէն օտարացած են եւ անձնասպանութեան հակում ունին», կ՛ըսէ Քուլման, որ խորհուրդ կու տայ օտարացումը ընտրած չափահաս զաւակներուն, տարի մը ետք կրկին դիմել իրենց ծնողներուն: «Երբեմն այդ ժամանակը բաւարար է ծնողքը արթնցնելու համար»:

Քանի որ ծնողները յաճախ աւելի շատ ժամանակ, գումար եւ ջանք կը ներդնեն  յարաբերութիւններու մէջ, օտարացումը անոնց համար աւելի մեծ խնդիր է: Այդ կը նշանակէ, որ անոնք սովորաբար պէտք է ջանքեր գործադրեն յարաբերութիւնները վերականգնելու համար:

Հաշտեցումը կարելի է: Միացեալ Նահանգներու մէջ 8500 մարդոց մասնակցութեամբ  2022 թուականին կայացած ուսումնասիրութիւնը հաստատած է, որ իրենց մայրերէն օտարացած անձերուն 62 առ հարիւրը  եւ հայրերէն  օտարացածներուն 44 առ հարիւրը  գոնէ ժամանակ մը հաշտուած են 10 տարուան ընթացքին:

Ահաւասիկ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Սառային, որ ներկայիս սահմանափակ շփում ունի մօրը հետ: «Ան կը ծերանայ, բաւական դժուար կեանք ունեցած է` հոգեկան լուրջ  հիւանդութեան շրջաններով,- կ՛ըսէ  Սառա եւ կ՛աւելցնէ.- Ես քիչ մը կը կարեկցիմ անոր»:

Ծնողները իրենց զաւակներուն կատարեալ մանկութիւն պարտական չեն, զաւակներն ալ իրենց ծնողներուն յաւիտենական երախտագիտութիւն պարտական չեն: Հաւանաբար անոնք իրարու պարտական են կարեկցանքով եւ լսելու պատրաստակամութեամբ:

Նախորդը

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յաջորդը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին Նախաձեռնութեամբ Հանդիպում Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի Հետ

RelatedPosts

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին»   Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք
Մշակութային եւ Այլազան

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

Մայիս 16, 2025
Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?