Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու, երգերու, նկարչական պաստառներու եւ գեղարուեստական այլ ստեղծագործութիւններու ներշնչման աղբիւր հանդիսացած մեր սիրելի Վանայ լիճին ապագան վտանգուած է: Եւրոպական եւ թրքական կայքեր ահազանգ կը հնչեցնեն:
Ն.
Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Աղի Լիճը Թուրքիոյ Մէջ
Կը Փոքրանայ Երաշտի, Ծայրայեղ Գոլորշիացման Պատճառով
Աշխարհի ամէնէն մեծ աղի լիճի` Վանայ լիճի ջուրի մակարդակը կտրուկ կը նուազի անձրեւի սակաւութեան եւ գոլորշիացման աճին պատճառով:
Այս անկումը բացասաբար ազդած է լիճը շրջապատող բոլոր նաւահանգիստներուն վրայ` վնաս պատճառելով տեղական տնտեսութեան:
Վանայ լիճը` աշխարհի ամէնէն մեծ աղի լիճը եւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամէնէն մեծ լիճը, վերջին տարիներուն կը շարունակէ կծկուիլ ծայրայեղ երաշտի պատճառով:
Անձրեւներու նուազումը եւ գոլորշիացման աճը աւելի նուազեցուցած են ջուրի մակարդակը լիճին, որ կը գտնուի արեւելեան Վան եւ Պիթլիս նահանգներուն մէջ:
Լիճի բազմաթիւ կէտերու մէջ ջուրի մակարդակի նուազումը ազդած է նաեւ ձկնորսական եւ այլ փոքր նաւահանգիստներու վրայ:
Վանի Տուշպա թաղի ափամերձ նաւահանգիստին մէջ ձկնորսական նաւակներ խրած են հողին մէջ:
Քաղաքապետարանի խումբերը սկսած են խորացնել աշխատանքը ափամերձ տարածքին մէջ, ուր կը գտնուէին ձկնորսական նաւահանգիստները` լիճի կծկուելուն ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար:
Ըստ Տեմիրօրեն լրատու գործակալութեան, Վան Եուզունճու համալսարանի աշխարհագրութեան բաժանմունքի դասախօս, փրոֆ. Ֆարուք Ալաէտտինօղլու յայտարարած է, որ համաշխարհային ջերմացումին պատճառով աւազանին մէջ շատ լուրջ շոգիացում տեղի ունեցած է:
Փրոֆ. Ֆարուք Ալաէտտինօղլու Վան Եուզունճու համալսարանին մէջ գտնուող նաւահանգիստին առջեւ
Ջուրի նահանջը բնականոն է անձրեւային եւ չոր եղանակներու միջեւ: Սակայն վերջին 20 տարիներուն մեր երկրին եւ լիճի աւազանին մէջ երաշտ եղած է` կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութեամբ: Շոգիացման հետ անձրեւներու ձեւը, յաճախականութիւնը եւ քանակը փոխուած են:
Փրոֆ. Ալաէտտինօղլու յայտարարած է, որ լիճի կրճատման հետ նաւահանգիստները նոյնպէս դարձած են անօգտագործելի, եւ այս պահուն իրականացուող բարեկարգման աշխատանքները միայն ժամանակաւոր լուծումներ են:
Քաղաքապետարանի խումբերը նաւահանգիստին մէջ խորացման ծրագիր կ՛իրականացնեն իրավիճակը բարելաւելու համար:
«Նաւահանգիստներուն մէջ խորացման ծրագիր կ՛իրականացուի: Վանայ լիճը ամրան շարունակաբար կը փոքրանայ երաշտի եւ շոգիացման պատճառով, եւ այդ կը շարունակուի յաջորդ տասնամեակներուն: Տարածքի այս կորուստով մենք նման խնդիրներ կ՛ունենանք լիճի շրջակայքի բոլոր, ներառեալ փոքր ձկնորսական նաւահանգիստներու մէջ», ընդգծած է Ալաէտտինօղլու:
Որպէս Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամէնէն մեծ լիճը` 3713 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով, Վանայ լիճին շուրջը կը բնակի մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար մարդ:
Բացի ըմպելի ջուրի աղբիւր ըլլալէ` լիճը նաեւ միջոցներ կը տրամադրէ անոնց համար, որոնք իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն երկրագործութեամբ կամ անասնապահութեամբ:
Երաշտը եւ բարգաւաճումը կը սպառնան Թուրքիոյ արեւելեան 2700-ամեայ լիճի ապագային Թուրքիոյ մէջ պատմական երաշտները յանգեցուցած են ջուրի մրցանշային ցած մակարդակի եւ բերքի սակաւութեան:
Այժմ անոնք կը սպառնան 2700-ամեայ Քեշիշ լիճի ապագային, որ կը գտնուի արեւելեան Վան նահանգին մէջ: Եթէ լիճին շուրջի տարածքին մէջ բարգաւաճումը չսահմանափակուի, եւ չձեռնարկուին նախազգուշական միջոցներ` լիճին պաշտպանութեան համար, այդ կրնայ ամբողջութեամբ անհետանալ:
Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող Վանի Քեշիշ լիճը վերանուանուեցաւ Թուրնա լիճ եւ ճանչցուեցաւ որպէս «պաշտպանութեան կարիք ունեցող զգայուն տարածք»:
Այս անուանումը կոչուած էր պաշտպանելու լիճը` որպէս բնական հրաշք, բայց փոխարէնը` ջուրի մակարդակը այժմ իջած է պատմական նուազագոյնի, եւ լիճը ամբողջութեամբ անհետանալու վտանգի տակ է:
Թուրք ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու պալատներու միութեան Վանի շինարարական պալատի ղեկավար Միխայիլ Աթիկի խօսքով, լիճը վտանգուած է կառավարութեան կողմէ աջակցուող բարգաւաճումներով, որոնք տեղի ունեցած են լիճին շուրջը այն բանէն ետք, երբ այդ կը նկատուի «պաշտպանուած»:
Քեշիշ լիճը կառուցուած է 2700 տարի առաջ, Ուրարտուի թագաւորութեան թագաւոր Ռուսա Բ.-ի կողմէ (յայտնի` որպէս Վանի թագաւորութիւն): Ան պատնէշ կառուցեց փոքր գետահովիտին մէջ, եւ ծնաւ լիճը, որ շատոնց դարձած է զբօսաշրջիկներու վայր, յատկապէս` գարնան, երբ շրջակայքի բազմերանգ բնութիւնը եւ ծառերը կը ծաղկին :
Թուրքիան պատմական երաշտի մէջ է. ջուրի մակարդակը իջած է ամբողջ երկրին մէջ: Թուրքիոյ ամէնէն մեծ քաղաք Պոլսոյ մէջ ջուր մատակարարող ամբարտակները վտանգաւոր ցած են, իսկ գետերու հուները ամբողջ երկրին մէջ չոր են: Այս երաշտները նոյնպէս սպառնացած են Քեշիշ լիճին եւ յանգեցուցած` ջուրի մակարդակի անկումին: Սակայն, ըստ Աթիկի, լիճին կծկումը աւելի սուր դարձած է մարդու միջամտութեամբ:
Երբ Թուրքիոյ բնական կազմաւորումը նախագահութեան կողմէ նկատուեցաւ «պաշտպանութեան կարիք ունեցող զգայուն տարածք», այդ իբր թէ կը պաշտպանուի` որպէս բնական հրաշք: Բայց այս պաշտպանութիւնը կը ստանձնէ կառավարութիւնը. անուանումը կ՛արտօնէ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը եւ ջրային միաւորներ, որոնք, գոնէ տեսականօրէն, չեն խանգարեր բնութիւնը:
Ըստ Աթիկի, ապա տեղի ունեցած է լիճի շրջակայքի Թուրքիոյ պետական ջրաբաշխական գործարանին ձեռնարկած լայնածաւալ բարգաւաճման եւ կառուցապատման աշխատանքը:
Աթիկ ըսաւ, որ իրականութեան մէջ անհրաժեշտ քայլեր չեն ձեռնարկուած այս բնական հրաշքները պահպանելու համար:
«Հաստատութիւն մը կայ, որ կ՛արձանագրէ նման բնութեան հրաշալիքները, բայց նախքան այդ` պէտք է ապահովէ, որ պաշտպանուին այդ վայրերը,- ըսաւ ան:- Բայց, ցաւօք, արձանագրութեան ձեւը սխալ է. կը հետապնդուին քաղաքական նպատակներ»:
Այդ տարածքին մէջ բարգաւաճումներու աշխատանքի պատճառով, ըստ Աթիկի, լիճը արագ թափով կը փոքրանայ: Եթէ կանխարգելիչ միջոցառումներ չձեռնարկուին, կրնայ անհետանալ:
«Երբ դուք կը ստեղծէք այս կառոյցները, դուք կը միջամտէք լիճի բնական հոլովոյթին: Դուք կրնաք ակամայ ջուր հեռացնել լիճէն: Ապա ջուրը կը սկսի պակսիլ,- ըսաւ ան: – Երբ ջուրը կը նուազի, լիճը կը փորձէ սնանիլ քաշելով ստորերկրեայ ջուրերը: Քանի որ լիճը կը սպառէ ստորերկրեայ ջուրերը, հողին մէջ ճեղքեր կը յառաջանան: Այս ձեւով լիճը մեզի հաղորդագրութիւն կը ղրկէ, որ պիտի անհետանայ»:
Վանայ լիճը կը ցամքի համաշխարհային ջերմացումին տարիներու նահանջի խորապատկերին վրայ
Շրջանի բնակիչներ Վանայ լիճի նեղցող ափամերձ հատուածին մէջ
Ծանր երաշտի սպառնալիքներու խորապատկերին վրայ, Թուրքիոյ ամէնէն մեծ լիճը եւ այլ ջրային աղբիւրներ կը կրեն հիմնական վնասի բեռը: Ջերմաստիճանի բարձրացումով, անձրեւի եւ գոլորշիներու նուազումով, Վանայ լիճին մէջ տեսանելի է ջուրի մակարդակի նահանջ:
Ֆրանսական լրատու գործակալութեան (AFP) զեկոյցին մէջ հովիւ Իպրահիմ Քոչ հաճոյքով կը յիշէ իր երիտասարդութիւնը, երբ ան կ՛արածէր անասունները երկրի ամէնէն մեծ լիճի եզրին գտնուող ամայի դաշտին մէջ, որ ժամանակին բուսականութեամբ հարուստ էր:
«Ջուր չկայ», ըսաւ Քոչ` կրկնելով խօսքերը աճող թիւով թուրքերու, որոնք դիտած են, թէ ինչպէ՛ս իրենց լեռները կը կորսնցնեն սառոյցէ «գլխարկները» եւ կը չորնան իրենց ջրամբարները:
Երկրագործական մեծ երկիր հանդիսացող Թուրքիոյ եղանակային քարտէսը (արեւմուտքէն` Պուլկարիայէն մինչեւ արեւելք` Իրան) ցոյց կու տայ երկրին մեծ մասը, որ կը տառապի երկարատեւ երաշտէն:
Նուազող ափերը կը բացայայտեն լիճերու հուները, որոնք օդը կ՛ապականեն աղի փոշիով: Գիտնականները մտավախութիւն ունին, որ խնդիրները կրնան միայն աւելի վատանալ:
«Կը կարծեմ, որ հիմա մեր լաւ օրերն են: Յառաջիկայ տարիներուն ականատես կ՛ըլլանք, որ լիճը կը շարունակէ փոքրանալ», ըսաւ Վան Եուզունճու համալսարանի դասախօս Ֆարուք Ալաէտտինօղլու:
Վանայ լիճի տարածութիւնը շուրջ 3713 քառակուսի քիլոմեթր է, առաւելագոյն խորութիւնը կը հասնի 450 մեթրի:
Անոր մակերեսը վերջին տարիներուն կրճատուած է 2 առ հարիւրով:
«Այդ սարսափելի մեծաքանակ ջուր է այդպիսի տարածքի համար», ըսաւ ան:
Լիճի հիւսիսային ափին գտնուող Չելեպիպաղի թաղին մէջ ջուրերը նահանջած են մօտ 4 քիլոմեթր: Այդ վայրին վրայ, երբ երկար քալէք, դուք կը գտնէք թռչուններու ոսկորներ, ժայռոտ թուփեր եւ չորցած կեղտ` ծածկուած աղով եւ այլ հանքանիւթերով:
«Մենք կը քալենք տարածքի մը մէջ, որ ժամանակին պատուած էր լիճի ջուրերով,- կ՛ըսէ տեծացի բնապահպան Ալի Քալչք: – Այժմ այդ ամայի տարածք է, առանց կենդանի էակի»:
Լեռներու խորապատկերին վրայ, օդին մէջ պարող շլացուցիչ ֆլամենքոներու տեսարանը կը նշէ այն տեղը, ուր վերջապէս կը սկսի լիճը:
Ալաէտտինօղլու ըսած է, որ լիճին չափերը նախկինէն փոխուած են զանազան ճեղքերու պատճառով, որոնք Թուրքիան կը դարձնեն աշխարհի ամէնէն գործուն երկրաշարժերու գօտիներէն մէկը:
Բայց ան նշեց, որ ջուրի շարունակական կորուստը հետեւանք է ջերմաստիճանի բարձրացման, որ կը յանգեցնէ «աւելի նուազ անձրեւի եւ աւելորդ գոլորշիացման»:
Ալաէտտինօղլու ըսած է, որ լիճին ջուրը գրեթէ երեք անգամ աւելի շատ կը գոլորշիանայ, քան` անձրեւի տեսքով տեղալը:
Խնդիրը այնքան սուր դարձած է, որ պաշտօնատարները կը յորդորեն շրջանի ագարակապաններուն` չաճեցնել այնպիսի բոյսեր, որոնք շատ ջուրի կարիք ունին: Այս կը նշանակէ, որ Կինիաս Կեզեր այլեւս չի կրնար աճեցնել շաքարի ճակնդեղ, որ շատ ջուր կը պահանջէ:
«Իմ ամբողջ տքնաջան աշխատանքս ի զուր անցած է,- կ՛ողբայ 56-ամեայ երկրագործը` մատնացոյց ընելով իր կծկուած ծիրանենին: – Եթէ այսպէս շարունակուի, ես կը ձգեմ հողագործութիւնը, որ սկսած է մեռնիլ»:
«Ջուրի կորուստը նաեւ կը բացայայտէ ապականումը,- կ՛ըսէ լիճի ափին գտնուող Վան Եուզունճու համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Օրհան Տենիզ: – Ցեխի հետ խառնուած լորձի (slime) մեծ կտորները վատ հոտ կ՛արձակեն եւ աւելի ակներեւ կը դարձնեն մարդոց պատճառած ապականումը»:
«1990-ականներուն մենք կը լողայինք ճաշի դադարի ժամանակ, իսկ ետքը կը վերադառնայինք համալսարան, – ըսաւ դասախօսը` իր գրասենեակէն նայելով լիճին: – Հիմա կարելի չէ ջուրին մէջ ոտք դնել, ալ ո՛ւր մնաց լողալ»:
Լիճը դեռ յայտնի է զբօսաշրջիկներու կողմէ եւ որոշ տեղացիներ կը լողան անոր աւելի գեղատեսիլ հատուածներուն մէջ: Վանի նահանգապետ Օզան Պալճը ըսած է, որ իր գրասենեակը 80 միլիոն թրքական լիրա (երեք միլիոն տոլար) ծախսած է լիճը մաքրելու համար:
«Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք լիճը պահպանելու համար` նկատի առնելով անոր մշակութային ժառանգութիւնը եւ մարդոց ընդհանուր յիշողութիւնը», ըսաւ ան:
Ափամերձ Ատիր գիւղի տեղացիներէն ոմանք լողացած են լիճին մէջ, իսկ միւսները նստած են ծառին տակ:
Սակայն հանգստացողներէն ոչ շատ հեռու գտնուող սատկած ճայերը մատնեցին լիճին դիմագրաւած բնապահպանական խնդիրները:
Մասնագէտները կ՛ըսեն, որ երաշտի պատճառով այս տարուան սկիզբին գաղթած են փոքր թռչուններ, որոնք կը կազմեն ճայերու սննդակարգը:
Սնունդէն զրկուած ճայերը պարզապէս սովամահ եղած են:
«Այստեղ մնացած թռչունները նոյնպէս կը սատկին», ըսաւ տեղի գիւղացի 64-ամեայ Նեճմէտտին Նեպիօղլու: «Նախկին օրերուն ճայերը մեզի կը հետեւէին, երբ մենք կը լողայինք, հիմա տեսէք, թռչուններու ջարդ է», ըսաւ ան` ցոյց տալով ափին գտնուող դիակներու կոյտը: