Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վանայ լիճին սպառնացող վտանգէն ետք, միջազգային մասնագէտներ եւ ՄԱԿ այժմ կը խօսին ամբողջ Թուրքիոյ անապատացման մասին: Այս մասին վերջերս գրած են «Թելեկրաֆ», «Կարտիըն» եւ «Էրմենի Հապեր» կայքերը:
Ն.
17 օգոստոս 2023, Վան: Աջին` մասնագէտ Ալի Քալչիկ Վանայ լիճի չորցած ափերուն վրայ: Ջուրի մակարդակը նուազած է չորս քիլոմեթրով:
ՄԱԿ կը զգուշացնէ, որ Թուրքիոյ 88 առ հարիւրը կը գտնուի անապատացման բարձր վտանգի տակ` ջրային ճգնաժամի աճին պատճառով:
ՄԱԿ-ի նոր զեկոյցին համաձայն, Թուրքիոյ հողերու ապշեցուցիչ 88 առ հարիւրը կը գտնուի անապատացման բարձր վտանգի տակ: Երկիրը մինչեւ 2030 թուական կը դիմագրաւէ ջուրի խիստ տագնապ:
ՄԱԿ-ի անապատացման դէմ պայքարի հռչակագիրի (UNCCD) հրապարակած «Երաշտի թէժ կէտերը ամբողջ աշխարհի մէջ 2023–2025 թուականներուն» զեկոյցին մէջ Թուրքիան կը նշուի որպէս Միջերկրական ծովու աւազանի ամենախոցելի երկիրներէն մէկը: Կլիմայի փոփոխութիւնը` հողերու եւ ջուրերու անկայուն կառավարման գործունէութեան զուգահեռ, կ՛արագացնէ հողերու չորացումը եւ կը սպառնայ երկրի երկարատեւ պարենային եւ ջրային անվտանգութեան:
Թուրքիա կը գտնուի հարաւային Եւրոպայէն մինչեւ կեդրոնական Ասիա երկարող ճակատագրական երաշտի միջանցքին մէջ: Արբանեակային տուեալները ցոյց կու տան, որ յատկապէս կը տուժէ, հարաւարեւելեան Անատոլուն, քանի որ հողի խոնաւութեան զգալի կորուստը եւ արագ փոփոխուող եղանակային պայմանները կ՛աւելցնեն վտանգը յանկարծակի, կարճատեւ երաշտներու, որոնք կրնան քանի շաբթուան ընթացքին երկրագործութիւնը աւերել:
Հաշուետուութիւնը կը բացայայտէ, որ Թուրքիոյ ստորգետնեայ ջուրերու պաշարները կը սպառին երկրագործական չափազանց օգտագործման պատճառով, բան մը, որ կը պատճառէ վտանգաւոր փոսերու յառաջացում: 2024 թուականին Ատանայի տեղական իշխանութիւնները արգիլեցին ջրատար մշակելի բոյսերու` բրինձի եւ եգիպտացորենի ցանքը: Անգարայի հիմնական ջրամբարներու մակարդակը իջաւ արտակարգ մակարդակի:
Թուրքիոյ դիմաց եղող մարտահրաւէրները չեն սահմանափակուիր միայն շրջակայ միջավայրի փոփոխութիւններով: Ըստ «Աշխարհի վտանգներու մասին 2024» զեկոյցին, Թուրքիա աղէտներու վտանգի առումով 193 երկիրներու շարքին կը գտնուի 35-րդ դիրքի վրայ: Խաղաղութեան եւ զինուած հակամարտութիւններու միջազգային իրաւունքի հիմնարկի եւ «Պունտնիս Էնտվիքլունգ Հիլֆթ»-ի հրապարակած զեկոյցը կը շեշտէ երկիրներու խոցելիութիւնը բնական աղէտներու նկատմամբ: Թուրքիա կը նկատուի բարձր վտանգի երկիր, բնական աղէտներուն ենթարկուելու եւ զանոնք դիմակայելու իր անկարողութեան պատճառով:
2021 թուականին անտառային հրդեհները ոչնչացուցած են 200 հազար հեքտար անտառ Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Անթալիոյ եւ Մուղլայի ափամերձ նահանգներուն մէջ:
Նոյն թուականին սեւծովեան շրջանին մէջ յանկարծակի ջրհեղեղները պատճառ դարձան տասնեակ մարդոց մահուան: 2023 թուականի սկիզբը կրկնակի երկրաշարժ տեղի ունեցաւ 11 նահանգներու մէջ` պատճառ դառնալով հսկայական մարդկային կորուստներու:
UNCCD զեկոյցը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ մէջ անյապաղ բարեփոխումներու` ջուրի կորուստը նուազեցնելու համար ժամանակակից ոռոգման համակարգերու ներդրման, հողերու վերականգնման ծրագիրներու եւ ազգային վտանգներու կառավարման ներգրաւուած ծրագիրներու իրականացման: Ներկայիս նման նախաձեռնութիւնները կը մնան սահմանափակ եւ անհաւասարաչափ տնտեսուող:
Զեկոյցը Թուրքիոյ ճգնաժամը կը դիտարկէ համաշխարհային ծիրին մէջ` նշելով, որ երաշտը լոկ տեղական խնդիր չէ, այլ աւելի լայն համաշխարհային ճգնաժամի մէկ մասն է, որ պայմանաւորուած է շրջակայ միջավայրի ճնշումով, քաղաքականութեան ձախողութիւններով եւ տնտեսական անկայունութեամբ:
«Երաշտը լուռ մարդասպան է»,- ըսաւ UNCCD-ի գործադիր քարտուղար Իպրահիմ Տիաուն: «Այդ կը սողոսկի, կը սպառէ աղբիւրները եւ դանդաղօրէն կը քանդէ կեանքեր: Անոր սպիները խորունկ են»:
Զեկոյցը կը զգուշացնէ, որ արագ գործողութիւններու բացակայութեան պարագային անգործութեան գինը կը բարձրանայ` սպառնալով ոչ միայն պարենային եւ ջրային անվտանգութեան, այլ նաեւ երկրի աւելի լայն ընկերային եւ տնտեսական կայունութեան:
Թուրքիոյ Թեքիրտաղի Ջրամբարները Երաշտի Պատճառով
Սպառած Են, Այս Կը Ստիպէ Արտակարգ
Իրավիճակներու Մէջ Սահմանափակել Ջուրի Գործածութիւնը
Անօդաչու սարքի միջոցով նկարուած տեսարանը ցոյց կու տայ Թուրքմենելիի ամբարտակի չորցած աւազանին մէջ ջրագիծի նահանջը եւ լիճի բաց յատակը
– Երաշտը ջուրի լուրջ պակաս կը յառաջացնէ` ազդելով առօրեայ կեանքին վրայ:
– Ամբարտակի մը ջուրի մակարդակը կ՛իջնէ մինչեւ 0 առ հարիւր: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է այլընտրանքային մատակարարում:
– Բնակիչները ջուր կը բերեն հեռաւոր վայրերէ:
Թուրքիոյ հիւսիսարեւմտեան Թեքիրտաղ նահանգին մէջ երաշտը շրջանի գլխաւոր ամբարտակները ձգած է առանց ըմպելի ջուրի, ծանրաբեռնելով ենթակառոյցները եւ շաբաթներով առանց ջուրի ձգելով բազմաթիւ տուներ, երկրին մէջ այս տարի անձրեւի կտրուկ անկումին պատճառով:
Իշխանութիւնները նշած են, որ երաշտը լուրջ խնդիր է եւ քանի մը նահանգներ կը զգուշացնեն այս ամրան ըմպելի ջուրի սահմանափակ մատակարարման մասին: Թուրքիոյ երրորդ ամէնէն խիտ բնակեցուած նահանգի` Իզմիրի զանազան շրջաններուն մէջ այս ամիս յաճախակի ջրազրկումներ եղած են: Արեւմտեան Ուշաք նահանգի քաղաքապետարանը շաբաթավերջին տեղեակ պահուած է, որ գլխաւոր ջրամբարը սպառած է, քանի որ ջուրի մատակարարումը օրական միայն վեց ժամ կ՛ըլլայ:
Թուրքիոյ օդերեւութաբանական ծառայութեան տուեալներով` յուլիսին անձրեւի քանակը երկրին մէջ նուազած է 71 առ հարիւրով` նախորդ տարուան համեմատ: Մարմարայի շրջանին մէջ, որ կը ներառէ Թեքիրտաղը եւ Պոլիսը, անձրեւը ամսական բնականոնէն 95 առ հարիւրով նուազած է:
Օգոստոսին յաջորդող տասը ամիսներու ընթացքին Մարմարայի մէջ անձրեւի քանակը նուազած է 32 առ հարիւրով: Թուրքիոյ մէջ ալ նուազած է 26 առ հարիւրով` հասնելով 52 տարուան ամէնէն ցած ցուցանիշին: Թեքիրտաղի Նայիպ ամբարտակին մէջ, ուր յունիս եւ յուլիս ամիսներուն անձրեւ չտեղաց, օգոստոսին ջուրի մակարդակը նուազած է մինչեւ զերօ առ հարիւր: Այս տագնապը իշխանութիւնները ստիպած է գտնելու այլընտրանքներ, ինչպէս են ոռոգման ջուրը կենցաղային գործածման համար մատակարարելը եւ ջուր մղելու համակարգ կառուցելը` քաղաքային տարածքներ մատակարարելու համար: Անցեալ տարի այս ժամանակ ամբարտակի ջուրի մակարդակը կազմած է 21 առ հարիւր:
Թեքիրտաղի ջրամատակարարման եւ կոյուղիի վարչութեան ղեկավար Մեհմեթ Ալի Շիշմանլար նշած է, որ վերջին տասնամեակին Թեքիրտաղի մէջ անձրեւի քանակը կտրուկ նուազած է, իսկ վերջին երկու տարիներուն արձանագրուած սաստիկ երաշտը պատճառ դարձած է կարգ մը շրջաններու մէջ այս ամրան ջուրի յաճախակի ընդհատումներու:
«Մենք այն տարածքն ու նահանգն ենք, որ ամէնէն շատ տուժած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երաշտին պատճառով»,- ըսաւ ան` այդ վերագրելով կլիմայի փոփոխութեան:
Թուրքմենելիի ամբարտակի ջուրը, որ սովորաբար կը գործածուէր ոռոգման նպատակով յատկացուեցաւ, Թեքիրտաղի Մարմարաերեկլիսի շրջանին ջուր մատակարարելու համար, ուր կարգ մը թաղերու ջուրը կ՛ընդհատուէր: Շիշմանլարը ըսաւ, որ յատկացուեցաւ Թեքիրտաղի ջրամատակարարման եւ կոյուղիի վարչութիւնը կ՛աշխատէր նոր ջրհորներ բանալու ուղղութեամբ` ստորգետնեայ ջուրերը գործածելու համար: Բան մը, որ սովորաբար նախընտրելի միջոց չէ: Ան ըսաւ, որ տարիներու ընթացքին ստորգետնեայ ջուրերը կրկնակի նուազած են իրենց սկզբնական խորութեան համեմատ:
Տերեկզի թաղի բնակիչ 70-ամեայ Մեհմետ ըսած է, որ իրենց տունը երկու ամիսէ ջուր չկայ, այդ պատճառով անոնք չեն կարողացած լոգնալ կամ տնային գործեր ընել, ստիպուած անոնք ջուրը խոշոր շիշերով կը բերէին մօտակայ տարածքներէն:
«Վերջին երկու ամիսներուն ես կ՛ապրէի կեղտի մէջ»,- ըսաւ ան` կանգնած խոհանոցին մէջ դիզուած աղտոտ ամաններու կոյտերու առջեւ եւ աւելցուց, որ վերջին անգամ լոգցած է, երբ գացած էր Պոլիս, որ կը գտնուէր շուրջ 130 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Անոր 65-ամեայ կինը` Ֆաթման, ըսած է, որ ընտանիքը գիշերները արթուն մնացած է` շիշեր լեցնելու համար, եթէ ջրամատակարարում ըլլայ:
71-ամեայ Ռեմզի Քարապաշ ըսած է, որ իր լուացքը կը տանի Պոլիս, բայց Թեքիրտաղի մէջ ապրիլը արդէն անկարելի է: «Շուտով կը մեկնինք: Ի՞նչ կրնանք ընել այստեղ: Ջուրը ընդհանրապէս չի հոսիր»:
Թուրքիոյ Հիւսիս-Արեւելեան Հատուածին Մէջ
Գտնուող Պուրսա Քաղաքին Մէջ
Ըմպելի Ջուրի Լուրջ Ճգնաժամ Յառաջացած Է
Կը նշուի, որ Նիլյուֆեր ջրամբարը լիովին ցամքած է, իսկ Տողանճը ջրամբարը լեցուած է միայն 19 առ հարիւրով: Քաղաքին համար ջուրի պաշարները կը հաշուարկուին մօտաւորապէս մինչեւ 35 օր:
Պուրսայի քաղաքապետ Մուսթաֆա Պոզպէյ յայտարարած է, որ 1 սեպտեմբերէն պիտի գործարկուի նոր ջրամբարը, որ քաղաքի ջրամատակարարման համակարգին օրական 110 հազար ըմպելի ջուր կը մատակարարէ:
Ան նաեւ կոչ ուղղած է բնակիչներուն` խնայողաբար գործածելու ջուրը` կանխելու հնարաւոր անջատումները:
Ըստ քաղաքապետին, ջրային ճգնաժամը մեղմելու համար արդէն սկսած են Պայփաս կոչուող այլընտրանքային ջրագիծի շինարարական աշխատանքները:
Թրքական մամուլը կը գրէ, որ 3,5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքը շուտով խմելու ջուր չ՛ունենար:
Թուրքիոյ Ամէնէն Մեծ Քաղցրահամ Լիճը Կը Ցամքի
Թուրքիոյ Քոնիա եւ Սպարտա նահանգներու միջեւ գտնուող Պէյշեհիր լիճը, որ այդ երկրի ամէնէն մեծ քաղցրահամ լիճն է` 656 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով, անմխիթար վիճակի մէջ է:
Կլիմայական փոփոխութեան եւ երկրագործական ոռոգման սխալ կազմակերպման պատճառով լիճին ջուրը 300 մեթրով հեռացած է ափերէն:
Պէյշեհիրի ջրային աղբիւրներու համագործակցականի նախագահ Հասան Քուրթ նշած է. «Պէյշեհիր լիճը մահացած է: Կը ցաւակցիմ ամբողջ Թուրքիոյ»: Ան աւելցուցած է, որ իրենց համար այլեւս Պէյշեհիր լիճ գոյութիւն չունի:
Լիճը, որ 400-է աւելի ձկնորսներու համար ապրուստի աղբիւր էր եւ կը ծառայէր նաեւ երկրագործական ոռոգման, այժմ կը ցամքի եւ աստիճանաբար կը վերածուի խոշոր եղջերաւոր անասուններու արօտավայրի:
Քուրթ նշած է, որ խնդրի հիմնական պատճառներէն մէկը լիճը սնող աղբիւրներու առջեւ երկրագործական նպատակներով կառուցուած ամբարտակներն են: Ան առաջարկած է Աքչայէն հոսող ջուրը 36 քիլոմեթր հեռաւորութենէն բերել Պէյշեհիր լիճ` խնդիրը լուծելու համար:
Թուրքիոյ Մայրաքաղաքին Մնացած Է
3 Ամսուան Ըմպելի Ջուր
Անգարայի քաղաքապետարանի ջուրի եւ կոյուղիի վարչութեան տուեալներով` Անգարայի ջրամբարներուն մէջ ջուրի պաշարները էապէս նուազած են:
Ջրամբարներու ընդհանուր պարունակութիւնը այս տարուան` 2025-ի 20 օգոստոսի դրութեամբ կը կազմէ միայն 19 առ հարիւր, իսկ գործածութեան համար պաշարը` 9 առ հարիւր: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին այդ ցուցանիշները եղած են համապատասխանաբար 40 եւ 31 առ հարիւր: Կը նշուի, որ օրական քաղաքին կը մատակարարուի շուրջ 1,7 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր: Մասնագէտներու կարծիքով` ներկայիս սակաւաթիւ պաշարներով մայրաքաղաքը կրնայ ջուրով ապահովուիլ հազիւ 3 ամիս: Արձանագրուած է, որ Չամլըտերէ, Քուրթպողազ, Աքյար եւ Էղեքայա ջրամբարներուն մէջ մակարդակը տեղ-տեղ նուազած է շուրջ 40-50 մեթրով: Տեսանելի դարձած են հին բնակավայրերու եւ տուներու հատուածներ, յառաջացած են նաեւ կղզեակներ:
Երաշտ Թուրքիոյ Մէջ. Պոլիս Կրնայ
Ըմպելի Ջուր Չունենալ Ամիս Մը Ետք
Թուրքիոյ մեծ քաղաքները կրնան ըմպելի ջուրի պակաս ունենալ յառաջիկայ ամիսներուն, քանի որ Պոլսոյ մէջ ջուրի պաշարները ամիս մը ետք կը պարպուին:
Կը հաղորդուի, որ անձրեւի բացակայութիւնը վերջին տասնամեակին պատճառած է ամէնէն սարսափելի երաշտը, եւ 17 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Պոլիսը ձգած են ծայրայեղ ցած ջուրի մակարդակի վրայ, ըստ թրքական լրատուամիջոցներու:
Բացի ատկէ, Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ այս ամսուան սկիզբը յայտարարած էր, որ մայրաքաղաքին ամբարտակներն ու ջրամբարները կը պարպուին 110 օրէն:
Միաժամանակ, Թուրքիոյ միւս երկու մեծագոյն քաղաքները` Իզմիրը եւ Պուրսան, նոյնպէս դժուարութիւններ կ՛ունենան, ամբարտակները համապատասխանաբար շուրջ 36 եւ 24 առ հարիւր լեցուած են, իսկ ցորեն արտադրող տարածքներու մէջ, ինչպէս են Քոնիայի հարթավայրը եւ Էտիրնէ նահանգը, որոնք կը գտնուին Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ հետ սահմանին, երկրագործները զգուշացուցած են բերքի ձախողութենէն:
2020 թուականի երկրորդ կիսուն անձրեւի սուր պակասը, որ նոյեմբերին նախորդ տարուան համեմատ մօտեցած է 50 առ հարիւրի, կրօնական վարչութիւնը ստիպած է անցեալ ամիս հոգեւորականներուն հրահանգել աղօթելու անձրեւի համար:
Թուրքիան «ջրային ճգնաժամի մէջ գտնուող» երկիր է` տարեկան մէկ մարդու հաշուով միայն 1346 խորանարդ մեթր ջուրով, եւ 1980-ական թուականներէն ի վեր քանի մը անգամ բախած է երաշտներու` բնակչութեան աճի, ճարտարարուեստի, քաղաքային տարածման եւ կլիմայի փոփոխութեան համադրութեան պատճառով:
Թուրքիան շատոնց տնտեսական աճը գերադասած է շրջակայ միջավայրին կապուած մտահոգութիւններէն եւ կը մնայ Քսաններու (G20) միակ երկիրը, բացի Միացեալ Նահանգներէն, որ տակաւին չէ վաւերացուցած 2015 թուականի Փարիզի համաձայնագիրը:
«Բոլորը գիտեն, որ ջրուղիներու սահմանաշրջանը պէտք է պահպանուի, յատկապէս նման երաշտի պարագաներուն, որոնք կը դառնան աւելի ծանր եւ երկարատեւ»,- ըսած է Պոլսոյ Սապանչի համալսարանին մէջ համաշխարհային կլիմայի փոփոխութեան եւ շրջակայ միջավայրի քաղաքականութեան դասախօս, դոկտոր Ումիթ Շահին:
Իզմիրի տեղական իշխանութիւնները կը պատրաստուին ջուրի պակասի դիմակայման` փորելով 103 նոր ջրհորներ, վերամշակելով աղտոտ ջուրերը եւ նուազագոյնի հասցնելով թափօններն ու արտահոսքերը, վերանորոգելով հինցած խողովակները, ըստ քաղաքապետ Թունչ Սոյերի:
Կը նշուի, որ Թուրքիոյ քաղաքները անյապաղ առատ անձրեւի կարիք ունին, յառաջիկայ ամիսներուն ջուրը «չափաբաժնելու» անհրաժեշտութենէն խուսափելու համար եւ նոյնիսկ ձմրան մնացած մասին համար կայուն անձրեւը չի կրնար բաւարար ըլլալ երկրագործներուն այս տարուան բերքը փրկելու: