Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաճարակէն Հինգ Տարի Ետք. «Քորոնա»-ն Ինչպէ՞ս Փոխած Է Մեր Աշխարհը

Մարտ 14, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Կարտիըն» թերթը քաղաքականութեան, առեւտուրի, գրականութեան, հոգեբանութեան, աշխատանքի եւ այլնի խումբ մը մասնագէտներու հարցուցած է, թէ ի՞նչ եղած է «Քորոնա»-ի ամէնէն զարմանալի կամ ցնցող հետեւանքը իրենց ոլորտին մէջ:

———————-

Յոռետեսական անհատականութեան արժէքը կը չափուէր տասնեակ հազարաւոր կեանքերով
Սթիվըն Ռայխեր, հոգեբանութեան դասախօս

Մեծ աղէտները յաճախ մարդու վիճակին մասին մտորումներ կը յառաջացնեն: 1755 թուականի Լիզպոնի երկրաշարժը ստիպեց մարդոց` վերանայելու իրենց յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ, ստիպեց Վոլթերին չարամտօրէն չարախօսել Լայփնիցի գաղափարը. մենք կ՛ապրինք հնարաւոր բոլոր աշխարհներու լաւագոյնին մէջ: 1918-1919 թուականներու կրիփի համաճարակը մարդոց ստիպեց վերաիմաստաւորել, թէ ինչպէ՞ս կ՛առնչուին բնական աշխարհին` ոգեշնչելով ճարտարապետութեան նոր ոճ, արտատնային նոր կեանք եւ  շարք մը շարժումներ դէպի բնութիւն: Բայց «Քորոնա»-ն…

Հիմնական  խնդիրը այն է, թէ պետական գործիչները ինչպէ՞ս օգտագործած են WhatsApp-ը, եւ ո՞վ, որո՞ւ մասին ի՛նչ անպարկեշտութիւն արտասանած է: Բայց հակառակ  սնաբանութեան (trivialism) վարպետութեան այս դասին, «Քորոնա»-ն խորքային բան ունէր մեզի սորվեցնելու` անհատներու եւ հասարակութեան փոխյարաբերութիւններու մասին: Շուրջ երկու դար, քանի որ քաղաքներու տպաւորիչ աճը յառաջացած էր ճարտարարուեստականացման գալուստով, արեւմտեան հասարակական միտքը տարուած էր վերահսկողութիւնը պահպանելու ջանքով: Երբ մարդիկ միասին ըլլան եւ ֆիզիքապէս բաժնուած` իրենց նախկին վարպետներէն, անոնք դեռ պիտի յարգե՞ն հին նուիրապետութիւնները, թէ՞ պիտի միանան անոնք քանդելու համար:

Այդ կ՛արտայայտուէր զանգուածներու, յատկապէս ամբոխներու հանդէպ ունեցած խորունկ վախի մէջ: Ընկերային ընտրանիները (elites) կ՛ապրէին ճչացող ամբոխներու հանդէպ յաւերժ վախի մէջ: Արդիւնքը ժողովուրդի հոգեբանութեան նկատմամբ համատարած յոռետեսութիւնն էր եւ գործակցութեան արմատական մերժումը, որ տակաւին տիրական է: Այդ կ՛արտացոլացուի այն հասկացողութեան մէջ, որ մարդու դատողութիւնը, լաւագոյն պարագային, սկիզբէն թերի է, ինչ որ կ՛ընդգծուի, երբ մենք կ՛աշխատինք խումբերով: Նման տեսակէտները ծանօթ են պետութեան մէջ, եւ անոնք ձեւաւորեցին «Քորոնա»-ին նախնական արձագանգը` աղէտալի հետեւանքներով:

———————-

Partygate-ը կատարեալ խայտառակութիւնն էր` առնչազուրկ եւ ամբարտաւան քաղաքական դասակարգի դժգոհութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու
Ռաֆայէլ Պեր, «Կարտիըն»-ի յօդուածագիր

Այն, որ կ՛ընեն քաղաքական գործիչները, ընդհանրապէս աւելի կարեւոր է, քան այն, թէ այդ ո՛ւր կ՛ընեն: Բայց համաճարակը անսովոր ուշադրութիւն դարձուց այն տարածքներուն վրայ, ուր կ՛օգտագործուի իշխանութիւնը. այն սենեակները, ուր գտնուած է անձնակազմը, քանի՞ անձ կար այնտեղ, արդեօք այն, որ անոնք կ’ընէին, կը համարուէ՞ր աշխատանք, ըստ փակման օրէնքներու: Այդ հարցումները եւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի ուղղակի պատասխաններ տալու անկարողութիւնը ի վերջոյ աւելի կարեւոր եղան քաղաքականութեան համար, քան` «Քորոնա»-ի մահացու հետեւանքները:

Պորիս Ճոնսըն տապալեցաւ ոչ թէ վարչապետարանին մէջ տրուած վատ որոշումներուն պատճառով, այլ` նոյն շէնքին մէջ անցուցած երեկոյթներուն: Երկու թերացումներն ալ Ճոնսընի անկարգ բնաւորութեան կրկնակի արտայայտութիւններն էին: Բարոյագիտական կողմնացոյց ունեցող առաջնորդը, որ ցերեկը մասնագիտական կարգապահութիւն կը ներշնչէր, իր  աշխատավայրին մէջ չունէր այնպիսի մշակոյթ, որ թոյլ կու տար գիշերային ժամանցներու:

Partygate-ը պայթում մըն էր, որովհետեւ ծաղրեց միլիոնաւոր զոհաբերութիւններ օրինապաշտ քաղաքացիներուն, որոնք ընդառաջած էին իրենց սեփական կարիքները դադրեցնելու, հարսանիքներէն, տարեդարձի տօներէն, յուղարկաւորութիւններէն հրաժարելու` համաճարակին դէմ միասնաբար պայքարելու կոչին: Այդ կատարեալ խայտառակութիւն էր` զօրաշարժի ենթարկելու վրդովմունքը հեռաւոր եւ ամբարտաւան քաղաքական դասակարգին նկատմամբ, որ պարտաւորուած չէր զգար հետեւելու այն կանոններուն, որոնք կը պարտադրէին բոլորին:

Այս հազիւ թէ նոր տրամադրութիւն ըլլար: Բայց այդ սրեցաւ դաւաճանութեան զգացումներով համաճարակի սկզբնական փուլէն ետք, որ նշանաւորուեցաւ ազգային համերաշխութեան ոգիով:

———————-

Երբ չինական գործարանները փակուեցան, բացայայտուեցաւ համաշխարհային առեւտուրի փխրունութիւնը
Լալէ Խալիլի, միջազգային քաղաքականութեան դասախօս

Սուժու քաղաքը արեւելեան Չինաստանի մէջ է, ուր կը ստեղծուի համաշխարհային արհեստագիտութիւնը: Անոր գործարանները կ՛արտադրեն Foxconn եւ Samsung-ի նման ընկերութիւններու համար, կ՛աշխատին միլիոնաւոր գործաւորներով, որոնք հիմնականին մէջ եկած են Չինաստանի գիւղերէն: 2020 թուականի յունուարի վերջին օրերուն Սուժուի քաղաքապետարանը, հետեւելով երկրի կառավարութեան  հրամաններուն, ձեռնարկեց աննախընթաց քայլ մը` երկարաձգելով լուսնային նոր տարուան արձակուրդները, յետաձգելով աշխատաւոր գաղթականներու վերադարձը: Փոխադրամիջոցը Չինաստանէն ներս եւ դուրս դանդաղեցաւ, նոյնիսկ սողաց: Գործարանային քաղաքները փակուեցան:

Մինչ փակումներու մասին լրատուամիջոցներու լուսաբանումը կեդրոնացած էր անոնց մարդկային ազդեցութեան վրայ, համաճարակը փոխակերպեց մատակարարման շղթաները եւ հսկայական ազդեցութիւն ունեցաւ համաշխարհային առեւտուրին վրայ:

Ծովուն մէջ նաւերը փաստօրէն անօգնական մնացած էին. նաւահանգիստները փակ էին, անոնց բեռները պարպելու տեղ չկար: Ծովային միջազգային պայմանագիրները կը թելադրեն, որ ծովագնացները պէտք չէ ծովուն մէջ անցընեն աւելի քան 11 ամիս շարունակ: Կը հաղորդուի, որ պայմանագիրներու աւարտէն ետք երկար ժամանակ աշխատող նաւաստիներուն թիւը հասած է 400 հազարի: Ոմանք մնացին իրենց նաւերուն վրայ աւելի քան 22 ամիս` թափառելով ծովերուն մէջ: Ցամաքին վրայ վարորդները, որոնք սնունդ եւ մթերք կը մատակարարէին, նշանակուեցան որպէս առաջին գիծի աշխատաւորներ: Հիւանդապահուհիներու եւ հանրակառքի վարորդներու հետ անոնք «Քորոնա»-ին պատճառով հիւանդացածներու ամէնէն մեծ խումբէն էին:

Ամէն ոք չէ, որ համաճարակի հետեւանքներէն,  տուժած է: Բեռներ փոխադրող ընկերութիւնները վարկեր կը փնտռէին կառավարութիւններէն, նոյնիսկ` այն պարագային, երբ ապրանքներու պահանջի աճը կը նշանակէր, որ անոնց գիները բարձրացան պատմութեան մէջ առաւելագոյն մակարդակին` ապահովելով ակներեւ շահեր: Չինական առեւտուրի դանդաղելուն պատճառով այդ երկրի սահմանէն դուրս անհատական պաշտպանիչ սարքերու (PPE) արտադրութիւնը, վաճառքը եւ արտահանումը նահանջած է: Առիթը օգտագործելով, կեղծ բժիշկներ, որոնք հիանալի կապեր ունին բրիտանական կառավարութեան հետ, ստեղծեցին ընկերութիւններ` PPE տրամադրելու համար, եւ շահութաբեր պայմանագիրներով մաքրեցին յաճախ թերի կամ նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող ապրանքները:

Քանի որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ կ՛իրականացնէ Չինաստանի եւ բազմաթիւ այլ առեւտրային գործընկերներու դէմ մաքսատուրքերու տարափ, մենք կը տեսնենք առեւտուրի նոր ժամանակաշրջանը, որ «Քորոնա»-ն օգնեց արագացնելու:

———————-

Համաճարակը քողազերծեց ժխտումն ու տհաճութիւնը հաշմանդամներու նկատմամբ
Ֆրանս Ռայան, գրող, հրապարակագիր

«Քորոնա»-ի առաջին փակումէն քանի մը շաբաթ ետք ես ընտելացած էի ամբողջ շաբաթը, օրական  24 ժամ տան մէջ մնալուն: Ինչպէս` բժշկականօրէն խոցելի միլիոնաւոր այլ մարդիկ, պաշտպանական ծրագիրը կը նշանակէր, որ ես նոյնիսկ պէտք չէր երթայի խանութներ` պտուղ եւ բանջարեղէն գնելու:

Շատերու համար, անշուշտ, դժուար ժամանակ էր, բայց քանի մը բան դիւրացուց: Թատրոններու եւ զբօսավայրերու փակ ըլլալուն պատճառով ժամանցը հեռակայ կ՛ըլլար մեր սենեակներուն մէջ: Բան մը, որուն մասին հաշմանդամութիւն ունեցող բազմաթիւ մարդիկ շատոնց կ՛երազէին: Միաժամանակ հանրութիւնը կը պաշտպանուէր «Քորոնա»-էն` դիմակներէն մինչեւ բժշկական քննութիւն, որոնք մեզմէ բարձր վտանգի տակ գտնուողները պահեցին այնքան ապահով, որքան կրնայինք:

Հինգ տարի ետք ես կ՛ուզէի ըսել, որ նման յառաջընթաց կը շարունակուի, բայց կարծեմ մենք բոլորս գիտենք, որ այդ սուտ կ՛ըլլայ: Ընկերային եւ մշակութային իրադարձութիւններու հեռահաս մատչելիութիւնը հիմնականին մէջ ջնջուած է, հիմա ոչ հաշմանդամ մարդիկ անոր կարիքը այլեւս չունին:

Քանի որ «Քորոնա»-ի վերջին օրինական պաշտպանութիւնը վերցուած է 2022 թուականին, խոցելի մարդիկ մնացած են «ընտրութեան» առջեւ` անորոշ ժամանակով պաշտպանուելու կամ մեր կեանքը վտանգելու ամէն անգամ, երբ դուրս կ՛ելլենք: Հաշմանդամ բազմաթիւ ընթերցողներ ըսին, որ այլեւս չեն կրնար պարզ բաներ ընել, օրինակ` ընկերոջ հետ գաւաթ մը խմել: Երկարատեւ «Քորոնա»-ով տառապող միւսները կորսնցուցած են աշխատանքն ու յարաբերութիւնները: «Բնականոնին վերադարձը» բոլորը չէր ներառեր:

Թերեւս, բայց եւ այնպէս, իրական յառաջընթացը կու գայ ազնիւ ըլլալէ` ըսելով, որ մենք փորձած ենք հաւասարութեան եւ համերաշխութեան համար, բայց թերացած ենք:

———————-

Առցանց ուսուցումը կրթութիւնը դարձուցած է աւելի մեքենայական
Ուիլ. Տէյվիս, ընկերաբան եւ  քաղաքգէտ

Ժամանակ առ ժամանակ ինծի հետ կը հաղորդակցի ուսանող մը` գտած ըլլալով  2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի մասունք մը: Ընկերային հեռաւորութեան ոչ մէկ գործիք է, թէեւ համալսարաններուն մէջ տակաւին կան կերպընկալ պաստառներ, որոնք դեռ չեն վերցուած, կամ` գորգի վրայի ժապաւէնի կտորներ, որոնք ուսանողներուն կը թելադրէին չանցնիլ:

Ո՛չ, այս ուսանողները հանդիպած են իրական գանձի` դասախօսութեան տեսանիւթ մը, որ դեռ կը պահուի ամպի մէջ, բայց այլեւս մատչելի չէ: Հարցումը այս է. քանի որ անոնք չեն կրնար մասնակցիլ դասախօսութեան, կրնա՞ն անոր փոխարէն հրապարակել տեսանիւթը:

Սովորաբար կան գործնական պատճառներ, թէ` ինչո՞ւ ոչ: Դասախօսութիւնները տարուէ տարի կը փոխուին: Բայց աւելի մեծ հարցը հետեւեալն է. ի՞նչն է խնդիրը  անձամբ ներկայանալու պարագային: Համալսարանները յաղթահարած են համաճարակը թուային հարթակներու եւ էտթէքի-ի շնորհիւ: Դժուարութիւնը այն է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ճինը (genie) դարձեալ դնել շիշի մէջ եւ վերակենդանացնել այն, որ առաջին հերթին համալսարանը դարձուց արժէքաւոր համախմբումի տարածք: Դպրոցներուն մէջ աշակերտներու յաճախելիութեան մակարդակի անկումը «Քորոնա»-ի ձգած բազմաթիւ սպիներէն մէկն է:

Ժամանակ մը «Քորոնա»-ն ստեղծեց թուային վայր մը, ուր անկախ եւ յաճախ կապ չունեցող համակարգերը կը հանդիպին, կը գործեն, կամ կը հաղորդակցին իրարու հետ: Յառաջացան միլիառաւոր ընկերային յարաբերութիւններ` ուսումնական փոխանակումը վերածելով խաղի տեսակի մը, ուր կան «շարժումներ», «միաւորներ» եւ «արդիւնքներ», բայց` ոչ մէկ արդիւնաբեր  երկդիմութիւն (ambiguity): Այս աղէտ էր երիտասարդներու համար, որոնք յայտնուած են ննջասենեակներու թակարդին մէջ, քանի որ անոնց ուսումը կրճատուած է մինչեւ համակարգչային մեքենական հոլովոյթներ, որոնց  հակադարձելու պայքարը կը շարունակուի:

———————-

 Մենք կ՛ուզենք մոռնալ, որ այդ բնաւ տեղի չէ ունեցած: Փոխարէնը` մենք պէտք է պատրաստուինք յաջորդին:
Տեւի Սրիտար,  Էտինպուրկի համալսարանի համաշխարհային հանրային առողջութեան ամպիոնի վարիչ եւ «Ինչպէ՞ս չմեռնիլ» գիրքի հեղինակը:

Վերջերս ես ստիպուած էի համաճարակի մասին ուսուցանել պսակաւոր արուեստիցի ուսանողներուն եւ կը զգայի, որ սրտիս զարկերը կ՛արագանան: «Հաւաքական մոռացումը» լաւագոյն միջոցն է` նկարագրելու, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը որոշած է մօտենալ «Քորոնա»-ին: Մենք կը գերադասենք` չյիշել հիւանդութեան մասին նախնական վախերը, ամէնօրեայ մահերու թիւը լսելու սարսափը, պատուհաններու ծիածանի նշանները եւ հասարակական փակումները:

Եթէ ողջ մնաք, դիւրին է ետ նայիլ եւ մտածել, որ այդ այնքան ալ վատ չէ: Անոնք, որոնք մահացած են, մօտ չեն իրենց տեսակէտները ներկայացնելու համար, թէեւ անոնց սիրելիները հզօր միջամտութիւններ կատարած են: Գործընկերը, որ կորսնցուցած է իր 34-ամեայ զաւակը 2021 թուականին, յիշեցուց ինծի, որ այս ձայները բաւականաչափ չեն լսուիր: Բրիտանիոյ մէջ աւելի քան 230 հազար մարդ մահացած է հիւանդութեան պատճառով:

Ահա թէ ինչպէ՛ս ես կը պատմեմ այն, որ տեղի ունեցաւ համաճարակի ժամանակ. 2020 թուականին կառավարութիւնները, որոնք ունէին հետեւողական ուղերձ եւ համահունչ ծրագիր, օգտագործեցին հանրային առողջութեան միջոցներ, ինչպէս` զանգուածային փորձարկումները, դիմակները եւ իրազեկման արշաւները, ստիպուած չէին դիմել խիստ միջամտութիւններու կամ նոյնիսկ հասարակական փակումներու: 2020 թուականի ամրան փորձարկման տուեալները ցոյց տուին, որ մենք շուտով կ՛ունենանք պատուաստներ: Այդ պահուն իւրաքանչիւր երկիր պէտք էր փորձէր ժամանակ շահիլ նախքան պատուաստներու կիրարկումը` օգտագործելով քննութիւններ` դէպքերը բացայայտելու եւ վարակի շղթաները դադրեցնելու համար: Այդ ընելը առանց կրթութեան, հասարակութեան եւ տնտեսութեան մէջ էական խափանումներ պատճառելու` հսկայական մարտահրաւէր էր: Կարգ մը երկիրներ եւ շրջաններ յաջողեցան ճիշդ հաւասարակշռութիւն հաստատել: Միւսները չեն ըրած:

Երբ պատուաստները ժամանեցին 2020 թուականի դեկտեմբերին, նպատակը փոխուեցաւ: «Քորոնա»-ի  տարածումը պարզապէս զսպելու փոխարէն` առողջապահական մարմինները սկսան փորձել հնարաւոր ձեւով արագ պատուաստել մարդիկը:

———————-

Դաւադրութեան տեսութիւնները հասարակութեան եզրերէն տեղափոխուած են ուժային կեդրոններ
Սամիրա Շաքլ,  լրագրող

Յուլիս 2023-ին Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչ Ռոպըրթ Քենետի Կրտսերը տեսանիւթի մը մէջ կ՛ըսէ, որ «Քորոնա»-ն  նպատակաուղղուած է յարձակելու կովկասցիներու եւ սեւամորթներու վրայ», եւ որ` Ամերիկան «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ներդրած է ցեղային թիրախ վարակներու մէջ»: Այժմ` 2025 թուականի փետրուարին, Քենետին Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան նախարարն է: Այդ շատ աւելի լայն երեւոյթի վառ օրինակ է. համաճարակը սկսելէն ետք հինգ տարուան ընթացքին դաւադրութեան տեսութիւնները հասարակութեան եզրերէն տեղափոխուած են ուժի կեդրոններ:

Նախորդը

«Փարոս» Պարբերաթերթը Լոյս Ընծայեց Գէորգ Պ. Յակոբեանի Պատմական Զոյգ Հատորները. Հայոց Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն` Օսմանեան Գաւառներու Մէջ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Դասախօսութիւն` Առողջ Միտք-Առողջ Մարմինի Մասին

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?