Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աշխարհի բազմաթիւ առեղծուածներէն մէկն ալ Նոյեան տապանն է, որ ըստ Աստուածաշունչին, մեր սիրելի լերան` Արարատի վրայ հանգչած է: Անշուշտ թուրքերը շատ ալ գոհ չեն այս իրողութենէն, սակայն փաստը այն է, որ չեն յաջողած աշխարհի հետաքրքրութիւնը շեղել Հայաստանի խորհրդանիշ լեռէն: Բրիտանական եւ ռուսական կայքեր այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:
Ն.
Սուրբ Գիրքէն յայտնի է, որ Նոյը կոշտ գոֆեր (gopher) փայտէն տապան պատրաստեց եւ կառուցեց ժամանակակից նաւերու նմանակ: Տապանը ունէր երեք տախտակամած` միջնորմերով եւ ներսի բացատներով, եւ անոր մարմինը ներսէն եւ դուրսէն պատուած էր ձիւթով (խէժ):
Այս փրկարար նաւը ունէր շատ ճշգրիտ չափեր` 135 մեթր երկարութիւն, 25 մեթր լայնք եւ 15 մեթր բարձրութիւն: Բրիտանական Լեսթերի համալսարանի ուսանողները հաշուարկներ կատարած եւ պարզած են, որ նման նաւու մէջ կրնար տեղաւորուիլ մօտաւորապէս 70 հազար անասուն:
Ըստ բազմաթիւ առասպելներու, տապանը եօթներորդ ամսուան տասնեօթներորդ օրը հանգրուանած է Արարատ լերան գագաթին վրայ, որ գտած է աղաւնին:
Մեր օրերուն Արարատ կ՛անուանեն հսկայական լեռնաշղթան, որուն երկարութիւնը կը հասնի 130 քիլոմեթրի: Կը գտնուի Իրանի եւ Հայաստանի սահմանին, բայց մեծ մասը` իր երկու ձիւնածածկ գագաթներով, կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ: Արարատի բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն կը հասնի 5165 մեթրի, կամ լերան ստորոտէն մինչեւ գագաթը` 4365 մեթրի: Արարատը կարելի է միայն պայմանականօրէն լեռ նկատել: Իրականութեան մէջ ան երկու խառնարաններով գործող հրաբուխ է, որ վերջին անգամ ժայթքած է 19-րդ դարուն. այդ ժամանակ հալոցքի ջուրը թափանցած է Մեծ Արարատի խառնարան, որ յառաջացուցած է ջերմային պայթում:
Մարդկութիւնը փրկած նաւու փնտռտուքի պատմութիւնը վերջին երկու դարերու ընթացքին կը զբաղեցնէ մարդոց միտքերը:
Մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը տեղւոյն բնակիչները` պարսիկներ, քիւրտեր եւ հայեր, կը կարծէին, թէ արգիլուած է բարձրանալ սուրբ լեռը:
1828 թուականին Թուրքմենչայի պայմանագրով Արարատը Պարսկաստանէն անցաւ Ռուսիոյ: Գերմանացի Եոհան Պարրոտ առաջինն էր, որ բարձրացաւ լերան գագաթը: Մէկ դարու ընթացքին տապանը լերան վրայ տեսած են երեք առիթով: Անգամ մը անոր մասին յայտնած է հովիւ մը, երկրորդ անգամ` թուրքերը (1833 թուականին), իսկ երրորդ անգամ` անգլիացի լեռնագնաց Ճէյմս Փրայս, որ յայտնած է, թէ փայտէ մնացորդներ գտած է 4000 մեթր բարձրութեան վրայ:
Ըստ ճշդուած տեղեկութիւններու, 1916 թուականին Արարատ բարձրացած է ռուսական արշաւախումբ մը, որ յայտնած է, թէ տապանը գտնուած է Արարատի գագաթներու միջեւ ինկած թամբին մէջ` օդաչու Վլատիմիր Ռոսկովիցկիի նկարած լուսանկարներու հիման վրայ: Կ՛ենթադրուի, որ նոյն տարին այդ վայրը այցելած է նաեւ ամերիկացի գնդապետ Ալեքսանտր Կուր:
Բայց արշաւախումբին նիւթերը յեղափոխական իրադարձութիւններու ժամանակ անհետացան, եւ 1921 թուականին Արարատը տրուեցաւ Թուրքիոյ եւ անոր հիւսիսային լանջերը անմատչելի դարձան ռուսերու համար: Բայց թուրքերը արգիլեցին նաեւ այլ հետազօտողներու արշաւը դէպի Արարատ եւ այդ ըրին ամէնէն անսպասելի ձեւով:
Պաղ պատերազմի տարիներուն Արարատը փակ էր արշաւախումբերու համար, սակայն Միացեալ Նահանգներու լրտեսական օդանաւերը ժամանակ առ ժամանակ կը թռչէին անոր վրայէն` դիտարկելով Խորհրդային Միութեան սահմանը: Արարատ այցելած ամերիկացի քրիստոնեայ տիեզերագնաց Ճէյմս Իրվինկ քանի մը տարիէ նուիրուած է տապանի փնտռտուքին: Ըստ լուրերու, 1982 թուականին ան յայտնաբերած է նաւու մնացորդները, սակայն թրքական իշխանութիւնները արգիլած են հետագայ հետազօտութիւնները: Իրվինկ այդ ընդունած է որպէս Աստուծոյ նշան, առ այն, որ փնտռտուքները պէտք է դադարեցուին:
Միլանոյէն լեռնագնաց Անճելօ Պալեկօ, որ 15 անգամ բարձրացած է լեռը, երեւանցի հետազօտող Աշոտ Լեւոնեանին պատմած է, որ 1989 թուականի ամրան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ նաւ գտած է, բայց երբ 2000 թուականին միջազգային արշաւախումբ հաւաքած է` գտածոն ուսումնասիրելու համար, թուրքերը արգիլած են բարձրանալը:
2003 թուականին անոնք թոյլ չեն տուած ռուս հետազօտող Անտրէյ Պոլեակովին բարձրանալ լեռ:
Ինչո՞վ պայմանաւորուած են արգելքները:
Ռուսական Ռոսկայա կայքը կը գրէ, որ թուրքերը իրենք կը նշեն այն փաստը, որ Արարատի լանջերուն կը գործեն ռազմատենչ քիւրտեր, որոնք կ՛առեւանգեն զբօսաշրջիկները եւ անոնց համար փրկագին կը պահանջեն:
1920-ականներու վերջերուն այստեղ նոյնիսկ կար Արարատեան քրտական հանրապետութիւն, որ դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ 1930 թուականին:
Լերան ստորոտին իսկապէս կան քրտական բնակավայրեր, ուր նոյնիսկ Նոյեան տապանի թանգարան կազմակերպուած է: Քիւրտերը կը յարգեն լեռը` որպէս սուրբ, իսկ քրիստոնեայ եւ իսլամ քիւրտերը չեն կասկածիր, որ տեղ մը լերան լանջին մնացած է տապանը:
Քիւրտերը Արարատը կը նկատեն իրենց լեռը, Նոյը կ՛անուանեն Նուհ, իրենք զիրենք կը նկատեն Հին կտակարանի պատմութիւնը շարունակողները:
Թերեւս թրքական իշխանութիւնները կը հասկնան, որ Արարատը` որպէս պոլշեւիկներու վերջին «նուէր», իրենց կը պատկանի, առանց որեւէ համոզիչ հիմքի:
Հրաբխային լեռը տակաւին Հայաստանի խորհրդանիշն է, եւ թուրքերը նոյնիսկ փորձեցին վիճարկել այն փաստը, որ լեռը պատկերուած էր Խորհրդային Հայաստանի զինանշանին վրայ, բայց արդիւնքի չհասան: Լեռը տակաւին երկրի զինանշանին վրայ է:
Ըստ իսլամական մարգարէութիւններու, աստուածաշնչեան Նոյի նաւը կը գտնուի աշխարհի աւարտէն անմիջապէս առաջ, եւ հաւանաբար այդ պատճառով ալ իսլամական երկրի իշխանութիւնները չեն շտապեր «կանաչ լոյս» վառել որոնողական աշխատանքներուն:
Թերեւս ճիշդ այդ պատճառով ալ գործնականին մէջ անկարելի է հասնիլ լերան հիւսիսային կողմը, ուր ենթադրաբար կը գտնուի տապանը:
Թերեւս թուրքերը յոգնած են սահմանամերձ գօտիին մէջ գտնուող լերան նկատմամբ ուշադրութենէն, այդ պատճառով մուտքը կարելի է միայն արտօնութեամբ: Թերեւս անոնք չեն ուզեր կրել կորսուած կամ վատ եղանակի հանդիպած լեռնագնացներու փրկարարական աշխատանքներու ծախսերը: Նման տարածքին մէջ Ամերիկայէն, Եւրոպայէն կամ Ռուսիայէն մարզիկներու առեւանգումը կամ անհետացումը կրնայ վնասել երկրի հեղինակութեան:
Այսպէս թէ այնպէս, 21-րդ դարուն մէջ Արարատը բաց է միայն տարին մէկ անգամ` օգոստոսին:
Արտօնութիւն ստացած լեռնագնացները կրնան անցնիլ միայն մէկ ճամբով` լերան հարաւային լանջով, որ կը հսկէ թրքական բանակը, բայց տապանը այդ շրջանին մէջ չի գտնուիր: Զբօսաշրջիկները լեռ հասնելու այլ ճամբայ չունին:
Տապանը որոնող ռուս յայտնի հետազօտող Վլատիմիր Շատայեւ, կ՛ըսէ, որ լեռը փակ է եւրոպացի, ռուս եւ հայ գիտնականներու, բայց ոչ ամերիկացիներու համար: Ան վստահ է, որ Արարատը կը հետազօտեն ամերիկացիները: Փրոֆ. Պրայթի գլխաւորութեամբ, անոնք որոնողական աշխատանք կ՛իրականացնեն սառոյցը հորատելով 4000 մեթր եւ աւելի բարձրութեան վրայ` Նոյի նաւը գտնելու համար:
Բրիտանացի Հնագէտները Վերծանած Են
Նոյեան Տապան Տանող Քարտէսը
Բրիտանական թանգարանի աշխատակիցները վերծանած են աշխարհի ամէնէն հին քարտէսը, որ կը կարողանայ տանիլ դէպի Նոյեան տապան:
Մասնագէտները երկար ժամանակ կը փորձէին վերծանել Imago Mundi կաւէ աղիւսի խորհրդանշանները: Աղիւսը յայտնաբերուած է 1882 թուականին, Միջին Արեւելքի Ապու Հապպա (Սիպար) քաղաքին մօտ եւ կը թուագրուի ՔԱ Դ. դար:
Աղիւսի հակառակ կողմին վրայ նախագիծ-քարտէս է սեպագրերով, որոնք կը նկարագրեն Երկրի կառոյցը: Հետազօտողները կը կարծեն, թէ այստեղ նշումներ կան աստուածաշնչեան պատմութեան:
Imago Mundi-ի հակառակ կողմը հանելուկ է, որ կը մատնանշէ Նոյեան տապան տանող ուղին:
Հատուածներէն մէկուն մէջ կ՛ըսուի, որ մարդիկ պէտք է անցնին «7 լիճ, որպէսզի տեսնեն հսկայական բան մը, անօթի նմանող»: Այդպէս կ՛անուանեն Նոյեան տապանը եւ բաբելոնեան այլ նմուշները:
Յաջորդ հատուածին մէջ նշուած է ուղին, եւ թէ ինչպէ՛ս հասնիլ «Ուրարտու», այսինքն` տեղ մը, ուր ըստ միջագետեան գործերու, Նոյ եւ անոր ընտանիքը կանգնեցուցած են տապանը: Գիտնականները կը կարծեն, թէ այդ տեղը կը գտնուի Իրանի մէջ:
Թուրքիոյ Տարածքին Մէջ Յայտնաբերուած Են
Նոյեան Տապանի Մնացորդները
Միջազգային գիտնականներու խումբը հաստատած է, որ իրենք գտած են «ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն, որ յայտնաբերած են մնացորդները Նոյեան տապանի, որ փրկած է մարդկութիւնը աւելի քան հինգ հազար տարի առաջ Երկիր մոլորակը պատուհասած հսկայածաւալ ջրհեղեղէն»:
Քանի մը երկիրներու մասնագէտներէ կազմուած միջազգային հետազօտական խումբը եկած է այս եզրակացութեան եւ` յայտնած, որ այս տապանին մնացորդները յայտնաբերուած են Թուրքիոյ տարածքին մէջ:
Աշխատանք կը տարուի այս նաւը զբօսաշրջութեան վայրի վերածելու ուղղութեամբ, որպէսզի մարդիկ կարողանան այդ տեսնել աշխարհի զանազան կողմերէն:
Գիտնականները կ՛ըսեն, որ Թուրքիոյ մէջ գտած են նաւակի ձեւով բլուր, որ ջուրի մէջ ընկղմած էր 5000 տարի առաջ, այն ժամանակաշրջանին, երբ Երկիրը ականատես եղաւ ջրհեղեղին:
Ջրհեղեղը կը յիշատակուի Քուրանին եւ Աստուածաշունչին մէջ:
«Թուրքիոյ մէջ Արարատ լեռէն 30 քմ հարաւ գտնուող տապանի բլուրը իրականութեան մէջ փայտէ նաւու քարացած մնացորդներ են», կ՛ըսեն գիտնականները:
Այս բլուրը կը կոչուի Տուրուպինար: 163 մեթր բարձրութիւն ունեցող երկրաբանական գոյացութիւն մըն է, որ կազմուած է լիմոնիտ կոչուող երկաթի հանքաքարէն:
Այս բլուրը միշտ գրաւած է հետազօտողներու հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ իր ձեւն ու կառոյցը գրեթէ նոյնն են տապանին մասին Քուրանին եւ Աստուածաշունչին մէջ նշուածին:
Ըստ զեկոյցին, կան նոր ապացոյցներ, որոնք ցոյց կու տան, որ այս բլուրը իսկապէս ենթարկուած է քանդիչ ջրհեղեղի 5000 տարի առաջ:
Այս պատմութիւնը կը համապատասխանէ ջրհեղեղի կրօնական պատմութեան, ջրհեղեղ մը, որ ծածկած է շրջանը ՔԱ 3000-էն 5500 թուականներուն:
Արարատ լերան եւ Նոյեան տապանի վերաբերեալ վերջերս կայացած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին հետազօտողները ներկայացուցած են նոր ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն իրենց տեսութիւնը, որ կառոյցը հնագոյն նաւ է:
Ըստ նախնական արդիւնքի, կ՛ենթադրուի, թէ մարդկային գործունէութիւնը այս տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցած է տակաւին պղինձի դարի ժամանակաշրջանէն», կ՛ըսէ աւագ հետազօտող փրոֆ. Ֆարուք Քայան:
Եթէ այդ ճիշդ է, ուրեմն կը հաստատէ այն պնդումը, որ «Durupinar Formation»-ը նոյն նաւն է, որ Նոյը գործածած է հնագոյն ջրհեղեղէն փրկուելու համար: