Մշակութային եւ Այլազան

Սպանական Արանի Հովիտի Իւրայատկութիւնը. Արաներէն Լեզուն

Սպանական Արանի Հովիտի Իւրայատկութիւնը. Արաներէն Լեզուն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Փիրենեան լեռնաշղթայի Արանի հովիտի բնակչութիւնը կը պահպանէ իր բարբառը` արաներէնը, որ ընդհանրապէս նուազ ծանօթ լեզու մըն է: Այդ հանգամանքը, սակայն, պատճառ չէ եղած, որ հովիտի բնակչութիւնը չգործածէ լեզուն: Եթէ կամեցողութիւնը կայ, ոչ մէկ վտանգուած լեզու կը մեռնի:  Ռիչարտ Քոլեթ այցելած է Արանի հովիտ եւ իր տպաւորութիւնները հետաքրքրական յօդուածով մը ներկայացուցած է «Թրեւըլ» կայքէջին մէջ: Ն. Աշխարհագրութեամբ Սպանիոյ մէջ...

Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումի Ետին Թուրքիան Կանգնած Է. «Նեշընըլ Ինթրեսթ»

Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումի Ետին Թուրքիան Կանգնած Է. «Նեշընըլ Ինթրեսթ»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ   Պայթումի առաջին իսկ օրէն հարցումները կուտակուեցան. ո՞վ կանգնած է այս բռնարարքին ետին: Պետական հարուածներու եւ պայթումներու հարուստ բեմագրութիւն ունեցող Թուրքիոյ իշխանութիւնները անշուշտ անմիջապէս քիւրտերը մեղադրեցին, ապա սկսան Միացեալ Նահանգներն ու քանի մը այլ երկիրներ դատապարտել ահաբեկչական արարքներ քաջալերելու յանցանքին համար: Սակայն քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը պնդեն, որ պայթումը թրքական իշխանութիւններու բեմադրութիւնն է: Նեշնըլ Ինթրեսթ կայքը...

Լիբանանեան Ղաժարը Եւ Առասպելը

Լիբանանեան Ղաժարը Եւ Առասպելը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած Ղաժար գիւղին վրայ  վերջերս լուսարձակներ կեդրոնացուցած է բրիտանական «Կարտիըն» թերթը, որ հրապարակած է Մարիա Ռաշետի եւ Պեթան Մաքերնանի միացեալ յօդուածը: Պէտք է նշել, որ Լիբանան միշտ կը պահանջէ, որ թշնամի Իսրայէլի ուժերը հեռանան Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժարէն: Ղաժարը պատմութեան ընթացքին բազմիցս գրաւուած է: Երեք հարիւր տարի առաջ գիւղը յայտնի էր Տարանճէ անունով: Այն...

Գոյատեւումի Պատմութիւն

Գոյատեւումի Պատմութիւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնական աղէտներէ, արկածներէ, պատերազմական գործողութիւններէ եւ բռնարարքներէ փրկուածներու պատմութիւնները միշտ հետաքրքրական եղած են, մանաւանդ իրական, նորօրեայ դրուագները: Փրկուածները միշտ բնազդաբար գոյատեւելու ձգտում կ՛ունենան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն միջոցներ գտնելու: Միջազգային կայքեր յաճախ կ'անդրադառնան այս երեւոյթին` վերյիշեցնելով մօտիկ անցեալի դէպքեր: Ն. Երկինքէն Ինկած Աղջիկը Երբ Ճուլիան Քէոփքէ 17 տարեկան էր, 3000 մեթր բարձրութենէն ինկաւ Ամազոնի անձրեւային...

Յեղափոխակա՞ն, Թէ՞ Սովորական Գող

Յեղափոխակա՞ն, Թէ՞ Սովորական Գող

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վայրագ դրամատիրութեան մեր ժամանակներուն, երբ մեծահարուստներու եւ ընչազուրկներու միջեւ բացը արագ թափով կ՛ընդարձակուի, երբ երկիրներ կը սնանկանան, ժողովուրդներ կ՛աղքատանան, մինչ միլիառատէրեր եւ մեծ պետութիւններ աւելի կը հարստանան, բնականաբար երեւան կու գան ըմբոստացողներ, նոյնպէս` գողեր: Անշուշտ անոնցմէ իւրաքանչիւրին վերջնական նպատակն է, որ կը ճշդէ դրակա՞ն, թէ՞ ժխտական անձ մը ըլլալը: Այս առումով միշտ այժմէական եղած է հարուստները կողոպտող եւ...

Քանատայի Մէջ Անտուն Մարդոց Պահապանը

Քանատայի Մէջ Անտուն Մարդոց Պահապանը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աշխարհի ամէնէն բարգաւաճ երկիրներուն մէջ իսկ գոյութիւն ունին անտուն մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով, բառին բուն իմաստով փողոցը մնացած են: Անշուշտ միշտ ալ կը գտնուին օգնութեան ձեռք մեկնողներ: Թորոնթոյի մէջ ատաղձագործ մը այդ փորձը կատարած է: «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կայքը հրապարակած է այս առնչութեամբ  Քաթրին Փորթըրի յօդուածը:  Ն. Ատաղձագործը, Որ Տնակներ Կառուցած Է Թորոնթոյի Անօթեւաններուն  Խալիլ Սիվրայթ իրեն ...

Արդիականութեան Եւ Աւանդութեան Միջեւ

Արդիականութեան Եւ Աւանդութեան Միջեւ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ազգերու, ժողովուրդներու ամէնէն բարդ խնդիրներէն են արդիականութիւնն ու աւանդապահութիւնը: Անշուշտ կարելի չէ մակերեսային մօտեցումով տեսակէտ արտայայտել, ոչ ալ քանի մը տողով` կարծիք: Բախտաւոր են եւ գոյատեւած են բոլոր այն ազգերը, որոնք երկուքին ոսկի միջինը գտած են: «Պի.Պի.Սի».-ի յօդուածագիր Փումզա Ֆիհլանի այցելած է Նամիպիոյ հիմպա ժողովուրդին եւ հրապարակած` իր տեսածներն ու լսածները, թէեւ` մակերեսային մօտեցումով մը: Ն. Նամիպիոյ հիմպա...

Ա՜խ Այս Հայերը

Ա՜խ Այս Հայերը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Աշխարհի զանազան ասպարէզներու եւ բնագաւառներու մէջ անպայման հայ մը կը գտնուի, որ առնուազն խօսիլ կու տայ իր մասին: Անուանացանկերու մէջ մեր աչքերը բնազդաբար հայերու անուններ կը փնտռեն: Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած` մենք զիրար կը փնտռենք: Շատ քիչեր հաւանաբար գիտէին, որ 1920 թուականի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն Միացեալ Նահանգներու խումբին մաս կազմած ջրացատկորդ Հալ Փրիսթ հայ էր` Հայկ Քէշիշեան, որ...

Ամէնէն Դժուար Պայմաններու Մէջ Իսկ Մարդիկ Դպրոց Կը Հիմնեն

Ամէնէն Դժուար Պայմաններու Մէջ Իսկ Մարդիկ Դպրոց Կը Հիմնեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ամէնէն նեղ, դժուար պայմաններու մէջ իսկ ապրողները կրթութեան, ուսումի հանդէպ դրական մօտեցում ունին: Բնազդօրէն կարծես կը գիտակցին, որ իրենց զաւակներուն համար կենսական է ուսումը, դաստիարակութիւնը, ընդհանրապէս` կրթութիւնը: Մայրաքաղաքներէն մինչեւ ամէնէն հեռաւոր աւաններու եւ գիւղերու բնակիչները նախանձախնդիր են այս առնչութեամբ: Հետաքրքրական է, թէ երբեմն ինչպէ՛ս զանազան պատճառներով ուսումէ զրկուած մարդիկ, նոյնիսկ նիւթական նեղ պայմաններ ունեցող, դպրոց կը հիմնեն: Նոյնպէս...

Հայ Է, Բայց Գող Է

Հայ Է, Բայց Գող Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այս օրերուն մանաւանդ Լիբանանի մէջ  ականատես կ՛ըլլանք մարդոց, որոնք կա՛մ կը փորձեն վաճառատուներ կողոպտել, կա՛մ ալ օր ցերեկով  ներխուժելով դրամատուն մը, պատանդներ բռնելով` իրենց  պահ  դրած  գումարը կը պահանջեն: Դրամատուն կողոպտելը, ներխուժելը անշուշտ նոր երեւոյթ մը չէ, սակայն գիտէի՞ք, որ  Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ  դրամատուներ կողոպտած  ամէնէն արդիւնաւէտ  անձը եղած  է... Քարլ Ղուկասեանը: Ara the Rat կայքը տեղեկութիւններ...

Գիւղը, Որ Դժուարութիւնները Վերածած Է Յաղթանակի

Գիւղը, Որ Դժուարութիւնները Վերածած Է Յաղթանակի

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երկար ատենէ ի վեր աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ բազմաթիւ մարդիկ կը լքեն իրենց ծննդավայր գիւղերը եւ աւելի բարենպաստ պայմաններ, բարեկեցիկ, դիւրին կեանք փնտռելով` կը հաստատուին քաղաքներու, յատկապէս մայրաքաղաքներու մէջ, դատարկելով գիւղերը եւ խճողելով քաղաքները: Բայց միշտ ի յայտ կու գան խենթեր, որոնք «կը գտնեն հնար»: Վոլթըր կայքը ներկայացուցած է այդպիսի օրինակ մը:   Ն. Ստեղծագործական խենթութիւնը փրկեց Ալպուա գիւղը...

ASOF-ը Նպատակ Ունի Օգտագործել Սփիւռքահայ Ակադեմականներու Ամբողջ Ուժը` Հզօրացնելու Հայաստանը

ASOF-ը Նպատակ Ունի Օգտագործել Սփիւռքահայ Ակադեմականներու Ամբողջ Ուժը` Հզօրացնելու Հայաստանը

Mirror Spectator ԱԼԻՆ Ա. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Թարգմանեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պոսթընի մէջ նոր կազմակերպութիւն մը կը յուսայ ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որուն միջոցով Հայաստանի մէջ նորարարներ` ըլլան անոնք գիտնականներ, ակադեմականներ կամ արուեստագէտներ, աջակցութիւն գտնեն իրենց սփիւռքահայ հայրենակիցներէն` իրենց մարզերուն մէջ բարձրագոյն մակարդակներուն հասնելու համար: Նոր մարմինը, որ կը կոչուի Armenian Society of Fellows (ASOF), այս ամառ գումարեց իր անդրանիկ նիստը Իտալիոյ Վենետիկ...

Հրաշալի Պատանիներ

Հրաշալի Պատանիներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Միջազգային լրատու միջոցներ վերջերս անդրադարձան մարդոց կեանքերը փրկած 10- ամեայ, 16-ամեայ եւ օդանաւով թռիչքի համաշխարհային մրցանակ հաստատած 17-ամեայ երեք պատանիներու, որոնք դրական գործունէութեամբ օրինակ կը ծառայեն իրենց  տարեկիցներուն եւ յոյս կը ներշնչեն չափահասներուն: Ն. «Հետեւեցէ՛ք Ձեր Երազներուն». 17-ամեայ Մաք Ռատերֆորտ դարձաւ ամէնէն երիտասարդ օդաչուն, որ առանձին թռիչք կատարած է ամբողջ աշխարհի շուրջ, փոքր օդանաւով մը անցեալ շաբաթ իջնելով...

Քառ Լռութիւն` Ի Տես Հայկական Գիւղերու Բռնի Դատարկումին, Մինչ Այլ Երկիրներու Պարագային` Աղմուկ

Քառ Լռութիւն` Ի Տես Հայկական Գիւղերու Բռնի Դատարկումին, Մինչ Այլ Երկիրներու Պարագային` Աղմուկ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Նորութիւն չէ, որ մեծ եւ փոքր պետութիւններու ղեկավարներ, լրատուամիջոցներ, ընդհանրապէս միջազգային հանրութիւնը երկակի չափանիշներ կը կիրարկեն յատկապէս հակամարտութիւններու ընթացքին: Կը պապանձին, երբ իրենց շահը այդ կը պահանջէ, իսկ կ՛աղմկեն, երբ այդ ձեռնտու է իրենց: Եւ այս ընթացքին որո՛նք կը տուժեն, որո՛նք անտուն, անհայրենիք կը մնան, որո՛նք կը զոհուին` որո՞ւ հոգը: Վերջին քանի մը տարիներուն արցախցիները այդ զգացին իրենց...

Երբ Մարդիկ Կը Լքեն Իրենց Տուներն Ու Հայրենիքը

Երբ Մարդիկ Կը Լքեն Իրենց Տուներն Ու Հայրենիքը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Ամբողջ աշխարհի (անշուշտ` նոյնպէս Հայաստանի եւ Արցախի) մէջ ամէն օր կը գտնուին մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով անվերադարձ կը լքեն իրենց բնակարանները, հայրենիքը: Ոմանք կամաւոր, ուրիշներ դաւադրաբար տարհանուելով, կ՛երթան, կը հեռանան` իրենց  հետ տանելով թանկագին յիշատակներ: Միջազգային կազմակերպութիւններ, երբեմն մութ հաշիւներով, կը փորձեն օգնել անոնց` համարկուելու նոր միջավայրին: Սակայն հիմնական օգնութիւնը այլ ձեւով պէտք է ըլլայ. ընել այնպէս, որ...

Կարելի՞ Է Շանաձուկին Հանդէպ Մարդոց Տպաւորութիւնն ու Վերաբերումը Փոխել

Կարելի՞ Է Շանաձուկին Հանդէպ Մարդոց Տպաւորութիւնն ու Վերաբերումը Փոխել

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Մարդոց այս կամ այն գործունէութեան պատճառով վտանգուած են ոչ միայն կենսոլորտը, շրջակայ միջավայրը, այլեւ` անասուններ: Անշուշտ քիչ չէ թիւը այն նուիրեալներուն, որոնք կը թիավարեն հոսանքն ի վեր` մարդոցմէ փրկելու բնութիւնն ու անոր անբաժան մասը հանդիսացող կենդանական աշխարհը: «Կարտիըն» թերթի կայքին մէջ հրապարակած յօդուածի մը մէջ Փոլ տը Կելտեր կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս շանաձուկը խածած է իր ձեռքն ու...

Պայուսակ Չէ՞ք Կորսնցուցած Ճամբորդութեան Ատեն

Պայուսակ Չէ՞ք Կորսնցուցած Ճամբորդութեան Ատեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բախտաւոր կը նկատուին այն անձերը, որոնք վերջին տարիներուն կը ճամբորդեն եւ տեղ կը հասնին... իրենց բոլոր պայուսակներով: Միջազգային շարք մը օդակայաններու մէջ պայուսակներու բաժինը ուղղակի լաբիւրինթոս է: Եթէ կարելի եղաւ ճամբորդական պայուսակներու կոյտին մէջէն ձեր պայուսակը «ողջ առողջ» դուրս բերել, իսկապէս բախտաւոր էք: Մանաւանդ այս քանի մը ամիսներուն տագնապը աւելի սուր բնոյթ ստացած է: Այս մասին անդրադարձած են...

Կլիմայական Խնդիրներ

Կլիմայական Խնդիրներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Վստահաբար ներկայիս աշխարհի ամէնէն հրատապ խնդիրը կլիմայի վտանգաւոր փոփոխութիւնն է, որուն համար հիմնական պատասխանատուութիւն կը կրեն մեծ պետութիւնները, որոնք ամէն պարագայի յաճախ ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարեն: «Եուրոնիւզ» եւ «Կրնփիս» տարբեր յօդուածներով անդրադարձած են բրիտանական գիւղի մը ճակատագիրին: Ն. Բրիտանական գիւղերը, որոնք շուտով կը կորսուին ծովուն մէջ Կալեսի (Ուէյլզ) ափին, որ շրջապատուած է Սնովտոնիայով, Ֆէյրպուրն գիւղը կը գտնուի ցած,...

Մարդամեքենաներու Աշխարհ

Մարդամեքենաներու Աշխարհ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Լռելեայն կամ բարձրաձայն միշտ գոյութիւն ունի մտահոգիչ հարցումը. մարդամեքենային զարգացումը մինչեւ ո՞ւր... Հայրենի եւ օտար մասնագէտներ այս մասին յաճախ  կարծիքներ կը յայտնեն: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Մարդամեքենաներու Ապստամբութիւն. Արդեօ՞ք Արհեստական Բանականութիւնը Օր Մը Կը Յաջողի Աշխարհը Գրաւել «Խելացի» շարժական սարքեր, տեսակապով զրոյցներ` տարբեր ցամաքամասերու մէջ գտնուող մարդոց միջեւ, մարդամեքենաներ, որոնք կ՛օգնեն մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, թռիչքներ դէպի տիեզերք:...

Մարդիկ, Որոնք Կրցած Են Ներել

Մարդիկ, Որոնք Կրցած Են Ներել

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար վաւերական, մեծ մարդոց յատկանիշներէն է ներողամիտ ըլլալը, ներելը: Քանդիչ ողբերգութիւններ կրելէ ետք, կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը կարողանան մէկ կողմ դնել իրենց զայրոյթն ու իրենց դէմ գործուած մեղքը եւ ողորմութիւն գտնել իրենց սիրտերուն մէջ: Անշուշտ անհատական գետնի վրայ հասկնալի եւ արդարանալի այս ներողամտութիւնը այնքան ալ ընդունելի պիտի չըլլայ հաւաքական ողբերգութիւններու եւ ջարդերու պարագային, որոնք, հաստատուած է, երբ...

Page 6 of 33 1 5 6 7 33

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?