Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ողջ Ենք Եւ Հոս Ենք»

October 13, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վերադարձը իր բոլոր ձեւերով կարելի է, եթէ մարդիկ իրենց յոյսը չեն կորսնցուցած: Անշուշտ կ՛ուրախանանք, երբ ականատես կ՛ըլլանք կարգ մը առումներով մեզի  ճակատագրակից  ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման: «Կարտիըն»-ի վերջերս հրապարակած երկու յօդուածներէն առաջինը կ՛անդրադառնայ Չիլիի ցեղախումբի մը, իսկ երկրորդը կը ներկայացնէ Փերուի մէջ այլ հաւաքականութեան մը գոյապայքարը:

 Ն.

Չիլիի կորսուած ցեղախումբը կը տօնէ
երկար սպասուած ճանաչումը

Սելկնամները գրեթէ ոչնչացուեցան գաղութարարներու կողմէ, 19-րդ դարուն, եւ տարիներ շարունակ հերքուեցաւ անոնց գոյութիւնը: Այժմ անոնք յոյս ունին վերջապէս պահանջել իրենց իրաւունքները` որպէս Չիլիի բնիկ ժողովուրդներէն մէկը:

Երբ Խոսէ Լուիս Վասքես Չոկ հոկտեմբեր 2020-ին ճամբորդեց Սանթիակոյէն` տեսնելու իր նախնիներու հողը` Թիերա տել Ֆուէկոյի մէջ առաջին անգամ, ան լացաւ: Հազարաւոր տարիներ անոր ժողովուրդը` սելկնամը, ապրած է Ամերիկա ցամաքամասի հարաւային շրջանին, երկրագունդի ամէնէն հարաւային գրաւուած հատուածին մէջ:

Թիերա տել Ֆուէկոն անոնց տունն էր այնքան ժամանակ, մինչեւ անոնք հալածուեցան, խոշտանգուեցան եւ սպաննուեցան ներխուժող ագարակատէրերու կողմէ, որոնք կը պարգեւատրէին այն անձերը, որոնք կը սպաննէին սելկնամ մը: Շուրջ 5000 բնիկ սպաննուած է նուազ քան 50 տարուան մէջ: Կ՛ենթադրուի, թէ ողջ մնացածներուն թիւը 100 է:

Սելկնամի համար 19-րդ դարը Չիլիի մէջ սարսափի ժամանակ էր, թէեւ այդ մասին քիչ բան կը լսուի: Դեռ երեք շաբաթ առաջ իշխանութիւնը պաշտօնապէս կ՛անտեսէր այս ժողովուրդին պատմութիւնն ու ճակատագիրը: Այլեւս` ոչ: Ազգային քոնկրեսը 5 սեպտեմբերին 117 կողմ եւ մէկ ձեռնպահ քուէներով վերջապէս ճանչցաւ սելկնամը` որպէս Չիլիի 11 բնիկ ժողովուրդներէն մէկը:

Թէեւ ուշացած, որոշումը անորոշութենէ կը հանէ 1144 մարդիկ, որոնք 2017-ին Չիլիի վերջին մարդահամարի ժամանակ յայտարարած էին, որ իրենք սելկնամներ են: Շատեր ունին Չոկի նման պատմութիւններ: Ան մինչեւ 10 տարեկան ապրած է մեծ հօր հետ, մարդ մը, որ փոքր տարիքին որդեգրած է ֆրանսական ծագում ունեցող ընտանիքը, եւ որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին գաղտնի պահած է իր բնիկ արմատները` վախնալով սպաննուելէ:

«Այս որոշման ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկը այն է, որ մենք այլեւս մեռած չենք: Մենք ողջ ենք եւ այլեւս կարիք չունինք այդ ապացուցելու»,- կ՛ըսէ Չոկ, որ Չիլիի սելկնամներու առաջնորդն է: «Ես շառաւիղ մը չեմ: Ես սելկնամ եմ, ինչպէս մայրս, մեծ հայրս»:

Ըստ Պատմական ճշմարտութեան եւ նոր համաձայնագիրի յանձնախումբի զեկոյցին, «19-րդ դարու վերջին տասնամեակներու եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներու միջեւ Չիլիի պետական զիջումներու քաղաքականութիւնը եւ ոչխարաբուծութեան ներդրումը իրական ցեղասպանութիւն ստեղծեցին սելկնամ ընտանիքներու, որոնց նախնիներու տարածքը կը ներառէր ամբողջ Թիերա տել Ֆուէկօ կղզին:

«Ինծի միշտ կը թուէր, թէ բան մը պակաս է: Մէջս փոս մը  կար,- կը պատմէ Չոկ` յիշելով այն օրը, երբ ոտք դրաւ իր հողին վրայ: – Այդ պահուն ես հասկցայ, թէ ի՛նչ բան կը պակսի իմ կեանքիս մէջ` քալել իմ հողիս վրայ, իմ նախնիներուս երկրին մէջ»:

Որպէս սելկնամի պաշտօնական ճանաչման մաս` խորհրդարանի անդամները ցաւ յայտնած են այն դերին համար, որ Չիլիի եւ Արժանթինի պետութիւնները խաղացած են բնիկներու դէմ զանգուածային ջարդերուն մէջ:

«Մենք որսորդներ էինք, որոնք կ՛ապրէին բնութեան հետ ներդաշնակ, մինչեւ որ եկան եւրոպացի ագարակատէրերը եւ ոչխարաբոյծները»,- կ՛ըսէ Չոկ ցեղասպանութեան ծագումին մասին:

Հողային վէճը շատ կարեւոր է հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդը կը հասնի բնաջնջման եզրին: Ամէն բան սկսաւ կառավարութեան կողմէ օրինականացուող հողերու ներխուժումէն: Եւրոպացի ագարակատէրերը եւ ոչխարաբոյծները ժամանած են պետութեան աջակցութեամբ եւ տիրացած են հողերու, ուր ժամանակին սելկնամներ բնակած են: Երբ ագարակատէրերը իւրացուցին հողը, սելկնամները որսացին անոնց ոչխարները` յառաջացնելով եկուորներու դժգոհութիւնը:

Պաշտօնական ճանաչում ձեռք բերելէ ետք ամբողջ Չիլիի մէջ ցրուած սելկնամները կը տօնէին: Սակայն անոնք դեռ չէին գիտեր, թէ ի՛նչ պատմական փոխհատուցում կը սպասուի: Արժանթինի մէջ  սելկնամը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ 1995 թուականին: Իսկ Չիլիի մապուչեները, օրինակ, իրենց հողին մէկ մասը վերադարձուցին անոնց: Ինչ որ ալ ըլլայ յաջորդը, տարբերութիւնն այն է, որ այսուհետեւ սելկնամը կ՛ընդունուի որպէս ժողովուրդ:

Տովսոն կղզին Թիերա տել Ֆուէկոյի մէջ վերջին վայրն էր, ուր սելկնամները կը բնակէին մինչեւ արձանագրութեան գիրքերէն ջնջուիլը: Չոկի մեծ հայրը կը բնակէր Տովսոն կղզիին մէջ, մինչեւ որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջնորդութեամբ ընտանիք մը որդեգրեց զինք: Չոկ եւ անոր մեծ հայրը բնաւ չեն խօսած սելկնամի կեանքի մասին:

Մենք այս երկրին մէջ այլեւս անհետացած չենք:Մենք կրնանք վստահօրէն եւ անվախօրէն ըսել, որ մենք սելկնամ ենք:

Հեմանի Մոլինա

«Ան վարժ էր չխօսելու, որպէսզի գոյատեւէ: Ան պարզապէս չխօսեցաւ իր ով ըլլալուն մասին», կ՛ըսէ Չոկ, որ կը յուզուի` երեւակայելով իր մեծ հօր կրած տառապանքը, փորձելով ծածկել իր անցեալը:

Սանթիակոյի մէջ սելկնամներու ներկայացուցիչ Հեմանի Մոլինա կ՛ըսէ. «Երախտապարտ եմ, որ խորհրդարանը ընդունած է մեր ժողովրդը` որպէս Չիլիի կենդանի համայնք: Ես գիտեմ, որ ասիկա դեռ սկիզբն է, եւ շատ աշխատանք ունինք ընելու: Բայց մենք վերջապէս աւարտեցինք օրէնքին համարկուելու ամէնէն կարեւոր փուլը»:

Մոլինա, որպէս Covadonga Ona Selk՛nam համայնքի նախագահ, ղեկավարեց չորս տարուան հոլովոյթը դէպի պաշտօնական ճանաչում: «Հիմա կու գայ փուլ մը, երբ գոնէ օրինականութիւնը մեզի հետ է»,- կ՛ըսէ ան:

«Մենք այլեւս անհետացած չենք այս երկրին մէջ: Մենք կրնանք հանգիստ կերպով ըսել, որ մենք սելկնամ ենք` առանց մտահոգուելու, որ  մեզ կը մերժեն կամ մեզի կը զլանան մեր ներկայացուցչութիւնը: Ես երախտապարտ եմ իմ նախնիներուս, իմ ընտանիքիս եւ բազմաթիւ մարդոց, որոնք աջակցեցան մեզի այդ ճամբուն վրայ, եւ ես ուրախ եմ այս աւետիսը բերելու Թիերա տել Ֆուէկոյին»:

Փերուցի Ալփաքա Բուծանողներու
Ապրելակերպը Վտանգի Տակ

Սերունդներու ընթացքին ալփաքայի բուրդը գնահատուած է հիւսուածեղէնի մէջ գործածելու համար: Բայց բարձր Անտեան լեռներու փոխուող կլիման յանգեցուցած է արտադրութեան անկումին, եւ բազմաթիւ ագարակատէրեր կը պայքարին գոյատեւելու համար:

Քանի որ ալփաքան առաջին անգամ ընտելացուած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ 6000 տարի առաջ, այս անասունը եղած է շրջանի տնտեսական կեանքի առանցքը: Բայց քանի որ Լա Նինայի կապուած կլիմայական ճգնաժամը կ՛արագացնէ շրջակայ միջավայրի փոփոխութիւնները Փերուի բարձր Անտեան լեռներուն մէջ, ալփաքա բուծանողները կանգնած են անորոշ ապագայի առջեւ:

Ուղտերու ընտանիքի անդամ, խորհրդանշական ալփաքան կը կատարէ բազմաթիւ դերեր` սկսած բեռներ տեղափոխելէ մինչեւ կաթ եւ միս ապահովելը, Փերուի շրջանի մը մէջ, ուր քարքարոտ հողը եւ չոր կլիման կը սահմանափակեն երկրագործութիւնը քանի մը բերքի վրայ:

Վերջին տասնամեակներու ընթացքին ալփաքա բուրդի արտադրութիւնը դարձած է տեղական բուծանողներու համար եկամուտի հիմնական աղբիւրը, քանի որ շքեղ նորաձեւութեան մակնիշները որդեգրած են մանրաթելը` վաճառելով բարձրակարգ ապրանքներ այնպիսի քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են` Լոնտոնը, Փարիզը եւ Նիւ Եորքը, երբեմն` հազարաւոր փաունտ սթերլինկով:

Երիտասարդ ալփաքային վերարկու կը հագցնեն` պաշտպանելու զայն ցուրտէն եւ կաթով կը կերակրեն: Փոխուող կլիմայական պայմանները հօտերը աւելի զգայուն կը դարձնեն հիւանդութիւններու նկատմամբ

Բայց եւ այնպէս, այս արտադրութիւնը այժմ վտանգի տակ է. կլիմայական ճգնաժամը տեսանելիօրէն փոխակերպած է շրջանի բարձրադիր արօտավայրերը` եղանակային անբարենպաստ իրադարձութիւններով, ինչպիսիք են սառնամանիքներն ու ձիւնաբուքերը, դառնալով աւելի յաճախակի եւ անկանխատեսելի:

Լա Նինան նոյնպէս բազմացուցած է երաշտի շրջանները: Վերջինը սկսաւ 2022 թուականին Կուսկօ շրջանի Օքոնկէյթի նման շրջաններուն ծայրայեղ ջերմաստիճաններով եւ տեւեց ամիսներ` 58 տարուան ընթացքին արձանագրուած ամէնէն չոր եղանակը:

Նոյնը տեղի ունեցաւ Պունօ, Կուսկօ, Արեկիպա, Հուանկաւելիկա, Ապուրիմակ եւ Այակուչօ շրջաններուն մէջ` ազդելով արօտավայրերու որակի եւ ջուրի գոյութեան վրայ, եւ իր հերթին` ալփաքայի բուրդի որակին անոնց գոյատեւման վրայ:

Կլիմայական ճգնաժամի հետեւանքները կը զգան Փերուի աւանդական ալփաքա  բուծանողները:

70-ական թուականներէն ի վեր Փերուի սառցադաշտերը կորսնցուցած են իրենց մակերեսին 40 առ հարիւրը, որուն պատճառով ջրաճահճային տարածքները կրճատուած են, եւ հովիւները գերշահագործած` մնացեալ արօտավայրերը:

Ալփաքաները ունին երկարատեւ յղութեան շրջան` 335 օր, եւ ունին տարեկան միայն մէկ սերունդ, իսկ հօտերը փոքր են: Այսպիսով, իւրաքանչիւր անասունի մահ էապէս կ՛ազդէ շրջանի ալփաքա  բուծանող 80 հազար հիմնականին մէջ ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներու ապրուստին վրայ: Ալինա Սուրկիսլա Կոմեսի նման բուծանողները, որոնց ընտանիքը, երեք սերունդներու աւանդոյթի համաձայն, ունի 300 ալփաքա, այժմ եկամուտի անկում կ՛ունենայ:

Մնացեալներուն համար մեծ քաղաքային տարածքներուն մօտենալը միակ լուծումն է: Քանի որ ալփաքա բուծանողները կ՛ապրին ջուրի աղբիւրներու կողքին, բնապահպաններու կողմէ անոնք կը նկատուին աղբիւրներ խնամողներ, որոնք ջուր կը մատակարարէին երկրի քաղաքներուն:

«Ալփաքայի հովիւներու ներկայիս իրավիճակը ճակատագրական է անցեալ տարուընէ, հիմնականի մէջ` կլիմայի փոփոխութեան եւ երաշտի պատճառով»,- կ՛ըսէ անասնաբուժ Միլակրոս Ակիլար Քալլան:

«Անցեալ տարուընէ ծայրայեղ երաշտը կ՛աւելցնէ սերունդներու մահերը եւ վիժումները: Մարդիկ իրենց անասունները չնչին գիներով կը վաճառեն, քանի որ արօտավայր չկայ, եղանակային պայմաններն ալ անբարենպաստ են», կ՛ըսէ ան:

Նուազած են նաեւ արտադրական ճարտարարուեստի ալփաքա  մանրաթելի համար վճարուող գիները: Ըստ Allied Market Research-ի զեկոյցին, ալփաքա մանրաթելի համաշխարհային շուկան 2021 թուականին կ՛արժէր 694 միլիոն փաունտ սթերլինկ, եւ կ՛ակնկալուէր, որ մինչեւ 2031 թուականը անիկա կը հասնի 980 միլիոն փաունտի: Աշխարհի ալփաքան երու շուրջ 70 առ հարիւրը կ՛ապրի Փերուի մէջ, մնացեալներուն մեծ մասը կը գտնուի դրացի Պոլիվիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ: Միայն Փերուի մէջ մանրաթելը կ՛ապահովէ տարեկան մօտ 150 միլիոն փաունտ սթելլինկ:

Ալփաքաներու երամակ մը` եղանակային ճամբորդութեան ժամանակ, դէպի նոր արօտավայրեր

Քննադատները կ՛ըսեն, թէ խնդիրը այն է, որ թէեւ մանրաթելը կրնայ բարձր յաւելեալ արժէք ունենալ, բուծանողները անկէ չեն շահիր: «Մեր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին 1 քկ ալփաքա արտադրելու արժէքը կը կազմէ մօտաւորապէս 22 ներպան (5 փաունտ): Բայց եւ այնպէս, գնորդները շուկային մէջ գին կը սահմանեն. այս տարի, օրինակ, անիկա 11 կամ 12 ներպան էր (3 փաունտ): Աւելի մեծ պահանջի ժամանակ անիկա կը հասնի 15-ի», կ՛ըսէ Ակիլար Քալլան:

Շրջանին մէջ ալփաքա մանրաթել գնող ընկերութիւնները համաձայն են, որ կլիմայական ճգնաժամը լրջօրէն կ՛ազդէ բուծանողներուն վրայ: Բայց անոնք կ՛ըսեն, որ բուծանողներու ցած եկամուտներու առաջնային լուծումը մէկ հեկտարի վրայ արտադրողականութեան բարձրացումն է:

«Կլիմայի փոփոխութիւնը եւ ջերմոցային ազդեցութիւնը խնդիրներ կը յառաջացնեն Անտեան լեռներուն վրայ, ուր կ՛ապրին ալփաքաները: Եղանակային անբարենպաստ իրադարձութիւնները, ինչպիսիք են սառնամանիքները եւ ձիւնի տեղումները, աւելի յաճախ տեղի կ՛ունենան, երբ անոնք սովորական չէին», կ՛ըսէ Տանիէլ Արեսթեկին` տնօրէնը Փերուի Ալփաքա միջազգային ընկերութեան, որ կը ներկայացնէ 65 ընկերութիւններ ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Ալփաքայի մանրաթելերուն գինը վերջին 30 տարիներու ընթացքին եղած է փոփոխական, քանի որ շուկային մէջ բաւարար արտադրութիւն չկայ,- կ՛աւելցնէ ան: – Մեզի աւելի շատ ալփաքա մանրաթել պէտք է: Շուկան պատրաստ է աւելիին, Խնդիրը սակաւութիւնն է»:

Ըստ Արեսթեկիի, Փերուի մէջ ալփաքա բուծանողներու ցած եկամուտը 1960-ական եւ 1970-ական թուականներու հողային-ագարակային բարեփոխումներու հետեւանք է: Մարդիկ նախապէս ունէին 10, 20 կամ 50 հազար ալփաքա: Բարեփոխումէն ետք անոնք ունին 500  ալփաքա», կ՛ըսէ ան:

«Այսօր իւրաքանչիւր բուծանողը միջինը ունի մօտաւորապէս 100 ալփաքա է, որ սահմանափակուած է հողատարածքներով: 1970-ականներու հողային-ագարակային բարեփոխումը Փերուի մէջ վնասակար էր»:

Մասնագէտները, որոնք կ՛աշխատին տեղական բուծանողներու, որոնց շարքին` Ակիլար Քալլայի հետ, կ՛ըսեն, որ ճարտարարուեստի խումբերը, որոնք կը գերիշխեն ալփաքա  արտադրանքի արտահանման մէջ, նոյնպէս կը սեղմեն գիները եւ գոնէ մասամբ պատասխանատու են բուծանողներու ցած եկամուտներուն համար:

Կը շեշտուի, որ ալփաքա ոլորտի ապագան կը պահանջէ կառավարութեան կողմէ արդար եւ կայուն վերակառուցում: Փերուի կառավարութիւնը ներդրած է օգնութեան ծրագիրներ, բայց անոնք անբաւարար եղած են:

«Բարձր Անտերու մէջ պետական ներկայութիւնը նուազագոյնն է: Չկան խթաններ` արժէք աւելցնելու եւ բուծանողներու կեանքի որակը բարելաւելու համար,- կ՛ըսէ Ակիլար Քալլան: Եթէ ոչինչ փոխուի, ալփաքայի արտադրութեան ապագան շատ վտանգաւոր կը թուի»:

Նախորդը

Բնագիտական Յօրինում Մը Հեռազգայութիւն*

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը Լոյս Ընծայեց Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը. 1920-2020» Մենագրութիւնը

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.