Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցիչներ, Որոնք Մեծ Ազդեցութիւն Կը Ձգեն Ուսանողներու Կեանքին Վրայ

Նոյեմբեր 3, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Անշուշտ մեծ երջանկութիւն է ունենալ ուսուցիչներ, որոնք կեանքիդ դրական ընթացք կու տան: Այդ ընելու համար անշուշտ ուսուցիչը պատրաստուած պէտք է ըլլայ ե՛ւ ինքնազարգացումով, ե՛ւ ուսումով: Կրենտ Քանիոն համալսարանի կայքը հրապարակած է ուսուցիչներու մասին յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:

Ն.

Մտածեցէ՛ք այն բոլոր ուսուցիչներուն մասին, զորս ունեցած էք այս տարիներու ընթացքին: Հնարաւոր է, որ դպրոցին մէջ ունեցած էք ուսուցիչներ, որոնք խրախուսած են ձեզ եւ փոխած` ձեր կեանքը: Կրնաք նոյնպէս նկատել, որ ընտանիքի ընկերները կամ դաստիարակները ծառայած են որպէս ուսուցիչներ` առաջնորդելով ձեզ յաջող ճամբով: Ոեւէ անձ, որ ժամանակ յատկացուցած է ձեզ ճանչնալու եւ օգնելու` սորվելու եւ աճելու որպէս մարդ, կրնայ ուսուցիչ նկատուիլ: Երբ կը սկսիք ուսման ճամբորդութիւնը, դուք կրնաք մտածել ուսուցիչ դառնալու մասին:

Երբ դուք դասաւանդման վկայական կը ստանաք, դուք կարելիութիւն կ՛ունենաք ձեր ուսանողներուն համար ստեղծելու նոյն այլափոխիչ տարբերութիւնը, որ ձեր կեանքի ուսուցիչները ստեղծած են ձեզի համար: Երբ կը մտածէք ձեր կեանքի այն ժամանակներու մասին, երբ ուսուցիչները ամենակարեւորն էին, յիշեցէ՛ք անոնց ունեցած այն յատկանիշները, որոնք զանոնք այնքան ազդեցիկ դարձուցած էին:

Ինչո՞ւ դառնալ ուսուցիչ

Դասաւանդելը կրնայ հրաշալի ասպարէզ ըլլալ բազմաթիւ պատճառներով: Ահա` դասախօսական ասպարէզը շարունակելու ամէնէն տարածուած քանի մը պատճառներ:

  1. Զարգանալու եւ բարեփոփոխուելու միջոց կայ

Անձը, որ ստացած է դասաւանդման վկայական, ունի բազմաթիւ հմտութիւններ, որոնք կիրարկելի են բազմաթիւ ոլորտներու մէջ: Ոչ բոլոր ուսուցիչները դասարանին մէջ կը մնան իրենց ամբողջ ասպարէզին ընթացքին: Ոմանք կը բարձրանան կրթութեան ոլորտին մէջ` դառնալով ուսումնական ծրագիրներու ղեկավարներ, դպրոցի վարիչներ կամ շրջանային մակարդակի ղեկավարներ: Բացի անկէ` ուսուցիչներու ունեցած հմտութիւնները մեծ պահանջ ունին բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ եւ կրնան դիւրաւ կիրարկուիլ այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են հաղորդակցութիւնը եւ վաճառքը:

  1. Ուսուցչութիւնը կրնայ կառուցուիլ անձնական հետաքրքրութիւններու վրայ

Ուսուցիչները, ընդհանրապէս, ցմահ սորվողներ են: Կ’ուզեն գիտնալ աշխարհի մասին: Քանի որ դասաւանդումը մասնագիտացում պահանջող ասպարէզ է, ուսուցիչները կրնան կեդրոնանալ իրենց անձնական հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող բնաբաններու վրայ: Օրինակ` ստեղծագործ ուսուցիչները կրնան դառնալ արուեստի ուսուցիչներ կամ թատրոնի բեմադրիչներ: Յատուկ կարիքներ ունեցողներուն օգնելու մէջ հետաքրքրուած ուսուցիչները կրնան ստանալ յատուկ կրթութեան դասաւանդման վկայական: Անոնք, որոնք կը սիրեն կարդալ գրականութիւն, արուեստ, կրնան որոշել դառնալ լեզուի ուսուցիչ` գոհացնելու եւ զարգացնելու մեր յաջորդ սերունդի գրողները:

  1. Ուսուցիչները միշտ կը զարգացնեն իրենց «արհեստը»

Դասաւանդումը մասնագիտական ասպարէզ է, որ կը պահանջէ կանոնաւոր ուսուցում եւ վերապատրաստում` գործուն վկայականը պահպանելու համար: Ուսուցիչներէն կը պահանջուի դասընթացքներու հետեւիլ եւ կատարելագործել իրենց հմտութիւնները` արդի մնալու ամէնէն ազդեցիկ ուսուցման թեքնիքին հետ: Բազմաթիւ դպրոցներ ուսուցիչներուն վերապատրաստման կարելիութիւններ կու տան, որպէսզի անոնք ստիպուած չըլլան ճամբորդել: Միւսները ուսուցիչները կը ղրկեն խորհրդաժողովներու եւ յատուկ վերապատրաստման ծրագիրներու:

  1. Ուսուցիչ ըլլալը կապեր կ՛ապահովէ բազմաթիւ համայնքներու հետ

Ուսուցիչները կ՛աշխատին ուսանողներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ` իրենց ասպարէզի ընթացքին: Ասիկա անոնց կը թոյլատրէ սերտ կապեր պահպանել իրենց համայնքներուն հետ: Բազմաթիւ ուսուցիչներ կամաւոր կ՛աշխատին այն համայնքներուն մէջ, ուր անոնք կը դասաւանդեն` առաջարկելով առաջնորդութեան եւ որոշումներ տալու իրենց հմտութիւնները: Ուսուցիչները նոյնպէս կը զարգացնեն մասնագիտական համայնքներ իրենց գործընկերներու հետ եւ իրենց շարունակական կրթութեան միջոցով:

  1. Ուսուցիչները մեծ տարբերութիւն կը ստեղծեն

Բազմաթիւ ուսուցիչներ երկար ժամանակով կը մնան ասպարէզին մէջ, քանի որ անոնք խանդավառ են այն բանով, թէ ո՛ւր կրնան հասնիլ ուսանողներու հետ: Անոնք գիտեն, որ փոփոխութիւններ կը մտցնեն իրենց համայնքներու երեխաներու եւ մեծահասակներու կեանքին մէջ: Այս աշխատանքը կրնայ չափազանց ուրախալի ըլլալ: Ասոնք ուսուցիչ դառնալու բազմաթիւ պատճառներէն միայն հինգն են:

Ութ տեսակ ուսուցիչներ

  1. Նախադպրոցական ուսուցիչներ

Նախադպրոցական տարիքի ուսուցիչները կ՛աշխատին աշակերտներու հետ` նախքան անոնց տարրական դպրոց մտնելը: Նախադպրոցական հաստատութիւնը պարտադիր չէ փոքր երեխաներու համար եւ յաճախ կը դիտուի որպէս դայեակ, բայց այդ շատ աւելին է: Կան ապացոյցներ, որ նախադպրոցական կրթութիւն ստացած աշակերտները աւելի լաւ պատրաստուած են մանկապարտէզին, քան անոնք, որոնք չեն ստացած: Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ երկու տարի (համեմատած տարուան մը) որակեալ նախադպրոցական հաստատութիւն յաճախելը աւելի մեծ օգուտներ կը բերէ:

Նախադպրոցական տարիքի ուսուցիչ դառնալու համար դուք պէտք է յատուկ մանկավարժական վկայական ստանաք: Ապագայ նախադպրոցական ուսուցիչները կը պատրաստուին գործնական դասաւանդման աշխատանք ընելով երեխաներու հետ` խորհրդատու ուսուցիչի հսկողութեան ներքեւ:

Նախադպրոցական տարիքի ուսուցիչները կը ղեկավարեն առօրեայ գործունէութիւնը նախադպրոցական դասարանին մէջ: Անոնք կը ստեղծեն դասի ծրագիրներ` օգնելու երեխաներուն զարգացնել ակադեմական հմտութիւններ: Անոնք կը սկսին երեւակայական խաղ, երբ այդ յարմար է զարգացման համար: Անոնք նոյնպէս կ՛օգնեն երեխաներուն` ձեւաւորել դասարանային, վարքագծային եւ ընկերային հմտութիւններ` նախապատրաստելու զանոնք տարրական դպրոցին:

Նախակրթարանի ուսուցիչներ

Նախակրթարանի ուսուցիչը կրնայ անհաւատալի ազդեցութիւն ունենալ աշակերտներու վրայ: Ան հիմքը կը դնէ ապագայ, ակադեմական եւ դասարանային ամբողջ ուսուցման համար: Նախակրթարանի դասարաններու աշակերտները կ՛աշխատին ուսուցիչներու հետ` գիտելիք ձեռք բերելու ակադեմական եւ հասարակական բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Նախակրթարաններու ուսուցիչներուն մեծ մասը կը վարէ առանձին դասարաններ: Անոնք կրնան դասաւանդել որեւէ դասարանի մէջ` մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ կամ վեցերորդ դասարան: Անոնք կրնան դասաւանդել բոլոր նիւթերը` կարդալէն մինչեւ թուաբանութիւն եւ գիտութիւն:

Նախակրթարանի բարձրագոյն դասարաններու համար կարգ մը դպրոցներու մէջ ուսուցիչները կը մասնագիտանան որոշ նիւթի մը վրայ, եւ աշակերտները դասարաններու կը բաժնեն: Բայց եւ այնպէս, նախակրթարանի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը օրուան մեծ մասը կ՛անցընէ առանձին ուսուցիչի մը հետ: Այս ուսուցիչը մեծ ազդեցութիւն ունի անոնց կեանքին մէջ եւ կրնայ օգնել երեխաներուն` աճիլ եւ զարգանալ դրական ձեւերով:

Նախակրթարանի ուսուցիչները պէտք է ունենան առնուազն պսակաւոր արուեստից (BA) վկայական: Անոնք կը հետեւին  դասաւանդման աստիճանի ծրագիրի մը, որ կը ներառէ դասընթացքներ այնպիսի բնաբաններով, ինչպիսիք են` մանկավարժութիւնը, գնահատումը, յատուկ կրթութիւնը եւ առարկայական դասաւանդման մեթոտները: Ուսանողներու ուսուցման փորձառութիւնը վկայեալ ուսուցիչի մը հսկողութեամբ, զանոնք կը պատրաստէ առանձին վարել դասարանը:

Նախակրթարանի ուսուցիչները կը գրեն դասի ծրագիրներ, կ՛իրականացնեն ուսումնական գործողութիւններ, կը գնահատեն աշակերտներու զարգացումը, կ՛օգնեն աշակերտներուն` ձեւաւորելու ընկերային հմտութիւններ եւ յաճախակի հաղորդակցիլ ծնողներու եւ այլ ուսուցիչներու հետ:

Միջնակարգի ուսուցիչներ

Միջնակարգ դպրոցը սովորաբար կ՛ընդգրկէ վեցէն ութերորդ կամ իններորդ դասարանները: Ուսուցիչները կ՛օգնեն աշակերտներուն` հիմնուելու այն ակադեմական հիմքերուն վրայ, որոնք անոնք ձեռք բերած են նախակրթարանին մէջ եւ պատրաստելու զանոնք աւելի խիստ աշխատանքի համար, որուն անոնք կը հանդիպին երկրորդական վարժարանին  մէջ:

Միջնակարգ դպրոցը կրնայ բացառիկ դժուար շրջան մը ըլլալ աշակերտներու համար: Դեռահասութիւնը կրնայ ուսանողները դարձնել աւելի քիչ ներգրաւուած իրենց դպրոցական աշխատանքին եւ աւելի կարեւորութիւն տալ իրենց  տարեկիցներու գնահատանքին, քան մեծերուն: Ուսուցիչները կը հասկնան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ստեղծել իմաստալից եւ համապատասխան ուսումնական փորձառութիւններ` զանոնք հետաքրքրելու եւ ներգրաւելու համար:

Նախակրթարանի ուսուցիչին նման` միջնակարգի ուսուցիչը կը մշակէ դասի ծրագիրներ եւ կը ղեկավարէ դասարանը: Բայց եւ այնպէս, միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչներուն մեծ մասը կը  կեդրոնանայ մէկ կամ երկու նիւթի դասաւանդման վրայ: Միջնակարգ դպրոցին մէջ մասնագիտական մէկ դասարանէն միւսը տեղափոխուիլը աշակերտը կը պատրաստէ այն փորձառութեան, որ ան պիտի ունենայ երկրորդականին մէջ:

Միջնակարգ դպրոցը յաճախ դպրոցական ամէնէն  առաջին մակարդակն է, ուր ուսուցիչները կը կատարեն մարզական մարզիչի դեր կամ կը վարեն այլ արտադասարանային գործունէութիւններ: Միջնակարգի ուսուցիչները, որոնք կը նախընտրեն մնալ դասերէն ետք եւ աշխատիլ աշակերտներու հետ, կը հասկնան անոնց շահերուն եւ նպատակներուն հարցին մէջ աջակցելու կարեւորութիւնը:

Երկրորդականի ուսուցիչներ

Երկրորդական դպրոցի ուսուցիչները սովորաբար կը դասաւանդեն մէկ նիւթ, թէեւ անոնք կրնան այդ դասաւանդել քանի մը դասարաններու մէջ: Օրինակ` անգլերէնի ուսուցիչը կրնայ դասաւանդել եւ 10-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտներուն: Նախորդ բոլոր դասարաններու ուսուցիչներուն նման` երկրորդականի ուսուցիչները կը դասաւորեն դասերը եւ կը ղեկավարեն դասարանները: Անոնք նոյնպէս կ՛աշխատին աշակերտներու հետ դասարանէն դուրս` որպէս մարզիչներ եւ գործունէութեանց ղեկավարներ:

Երկրորդականի ուսուցիչները կրնան չափազանց ազդեցիկ ըլլալ իրենց աշակերտներու կեանքին մէջ: Քանի որ երկրորդականի աշակերտները կը սկսին հասուննալ եւ դառնալ երիտասարդ չափահասներ, անոնք կրնան տեսնել իրենց ուսուցիչները որպէս դաստիարակներ եւ խորհուրդներ փնտռել անոնցմէ: Երկրորդական դպրոցի ուսուցիչները յաճախ իրենց աշակերտներուն յանձնարարական նամակներ կը գրեն քոլեճի կամ աշխատանքի համար:

Երկրորդական դպրոցի ուսուցիչներու եւ ուսանողներու միջեւ այս կապերը կը նպաստեն եւ կրնան օգնել ուսանողներուն յաղթահարել իրենց կեանքին մէջ առկայ մարտահրաւէրները:

Յատուկ կրթութեան ուսուցիչներ

Յատուկ կրթութեան ուսուցիչները կ՛աշխատին կրթութեան բոլոր մակարդակներու վրայ` վաղ մանկութենէն մինչեւ միջնակարգ կրթութիւն: Յատուկ կրթութեան ուսուցիչը կրնայ աշխատիլ այն աշակերտներուն հետ, որոնք ունին ընկերային, յուզական, մտաւոր, ուսումնական եւ կամ ֆիզիքական անկարողութիւն: Աւանդական դպրոցներու մէջ յատուկ կրթութեան ուսուցիչը կրնայ աշխատիլ ուսուցիչներուն հետ` աշակերտներու ուսուցման անհատական ծրագիր մշակելու եւ իրականացնելու համար: Յատուկ կրթութեան որոշ ուսուցիչներ կ՛աշխատին յատուկ միջավայրի մէջ կամ առանձին դասարանի մէջ` որպէս աշակերտի միակ ուսուցիչ:

Յատուկ կրթութեան ուսուցիչները սերտօրէն կը գործակցին խորհրդատուներու, դպրոցի ղեկավարութեան եւ մասնագիտացած պատասխանատուներու հետ` ապահովելու, որ աշակերտները ունենան իրենց պահանջած ծառայութիւնները: Անոնք կրնան նոյնպէս աշխատիլ դպրոցի ընկերային ծառայողներու հետ` ապահովելու, որ աշակերտները եւ անոնց ընտանիքները դպրոցէն դուրս միջոցներ կը ստանան:

Թէ ինչպիսի՛ ուսում կու տայ յատուկ կրթութեան ուսուցիչը, կախուած է աշակերտի կարիքներէն: Յատուկ կրթութեան որոշ ուսուցիչներ կ՛աշխատին աշակերտներու հետ, որոնք ունին թեթեւ եւ չափաւոր ուսուցման խանգարումներ: Այս ուսուցիչները կը կեդրոնանան ակադեմական ռազմավարութիւններու վրայ:

Այլ աշակերտներ կեանքի կամ հասարակական հմտութիւններու զարգացման աւելի մեծ կարիքներ ունին. անոնց յատուկ կրթութեան ուսուցիչները կ՛օգնեն սորվելու ինչպէս հաղորդակցիլ ուրիշներու հետ եւ արդիւնաւէտ գործելու դպրոցէն դուրս աշխարհի մէջ:

Յատուկ կրթութեան ուսուցիչները յայտնի են որպէս իրենց աշակերտներու փաստաբաններ: Անոնք աւելի շատ կը վերապատրաստուին, քան` այլ ուսուցիչներ, որպէսզի ծառայեն իրենց աշակերտներու կարիքներուն:

Երկլեզու ուսուցիչներ

Երկլեզու ուսուցիչները կ՛աշխատին տարբեր տեսակի ծրագիրներու մէջ: Որոշ դէպքերու` անոնք կ՛աշխատին լիարժէք դպրոցներու մէջ, ուր կը դասաւանդեն աշակերտներու մայրենիէն տարբեր լեզուով: Միւս երկլեզու ծրագիրները նախագծուած են այնպէս, որ ուսուցիչը օրուան կէսը խօսի մէկ լեզու, իսկ միւս կէսը` այլ լեզու:

Երկլեզու ուսուցիչները կարեւոր են այն աշակերտներուն համար, որոնք կրնան նորեկ ըլլալ երկրին մէջ: Իրենց մայրենի լեզուով սորվիլը թոյլ կու տայ աշակերտներուն` սորվիլ ակադեմական բոլոր տեղեկատուութիւնները, մինչ անոնք կը յարմարին նոր միջավայրին:

Երկլեզու ուսուցիչները  նոյնպէս կ՛օգնեն աշակերտներուն` սորվելու երկրորդ լեզու մը, քանի դեռ անոնք երիտասարդ են, որպէսզի կարողանան աւելի դիւրին տիրապետել անոր, երբ մեծնան:

Տնային դպրոցի ուսուցիչներ

Անցեալին տնային դպրոցի բազմաթիւ ուսուցիչներ եղած են իրենց ուսուցանած երեխաներու ծնողները: Վերջերս տնային պայմաններու մէջ ուսուցանուող բնակչութիւնը աճած է, եւ տնային դպրոցի ուսուցիչները կ՛ընդունին աւելի շատ աշակերտներ, որոնք իրենց հետ կապ չունին: Տնային դպրոցի այս ուսուցիչները յաճախ վկայուած ուսուցիչներ են, որոնք կը լքեն դասարանը եւ իրենց փորձառութիւնը կ՛առաջարկեն այն ընտանիքներուն, որոնք կ՛ուզեն կրթել իրենց երեխաները դպրոցական միջավայրէն դուրս: Տնային դպրոցի ուսուցիչները թոյլ կու տան ընտանիքներուն` սորվեցնել իրենց երեխաներուն ճկուն պայմաններու մէջ: Անոնք յաճախ կը դասաւանդեն որոշ կրօնական կամ բարոյական արժէքներու կապուած ուսումնական ծրագիր, որպէսզի աշակերտները մասնակցին կրթական ծրագիրներուն, որոնք կ՛արտացոլացնեն իրենց ընտանիքի համոզումները:

Արհեստից վարժարաններու ուսուցիչներ

Որոշ ազդեցիկ ուսուցիչներ ընդհանրապէս մանկավարժութեան վկայական չունին: Փոխարէնը` անոնք մասնագէտներ են, որոնք կը բաժնեն իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը սորվիլ կամ արհեստներով զբաղիլ ուզող աշակերտներուն հետ: Բարձրագոյն ուսման եւ արհեստից բազմաթիւ դպրոցներ կ՛առաջարկեն վկայականներ` գործնական ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են զանազան արհեստներ: Մարդիկ, որոնք կը դասաւանդեն այս առեւտրային յատուկ դասերը, յաճախ ոչ արհեստավարժներ են, քան` վերապատրաստուած ուսուցիչներ:

Վկայեալ ուսուցիչներն ալ իսկապէս կրնան ազդեցութիւն ունենալ այն ուսանողներուն վրայ, որոնց կը դասաւանդեն: Անոնք կ՛օգնեն աշակերտներուն` սահմանելու իրենց ասպարէզի ուղիները եւ սորվելու իրենց աշխատանքին մէջ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ հմտութիւնները: Որպէս ուսուցիչ` դուք կը կարողանաք ձեր սէրը, նուիրուածութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը որոշ ոլորտի մէջ լաւ գործածել` աջակցելով եւ ազդելով ապագայ սերունդներուն վրայ:

Դասաւանդելու վկայական ստանալը կրնայ յանգեցնել աներեւակայելի պարգեւատրող ասպարէզի` օգնելով պատրաստելու յաջորդ սերունդի առաջնորդներ:

 

Նախորդը

Արցախահայութեան Ցեղային Զտումը Թող Մեր Վերջին «Ելք»-ը Ըլլայ

Յաջորդը

Բժիշկ Արամ Սահակեան-Սալբի(*)

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?