Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արցախի շրջափակման հարցով միջազգային ընդհանուր լռութեան պատին վրայ ճեղք սկսած է յառաջանալ: Հեղինակաւոր լրատու միջոցներ, թերթեր սկսած են յօդուածներ հրապարակել: Ճիշդ է, որ Պաքու ազդուողը չէ, բայց ի վերջոյ որոշ շարժում մը կայ: Կը ներկայացնենք երեք թերթերու մէջ լոյս տեսած յօդուածներ:
Ն.
«Տը Թելեկրաֆ» (The Telegraph)
Մոռցուած ճգնաժամ` Եւրոպայի շեմին.
Լեռնային Ղարաբաղի մասին
Լաւ օրուան ընթացքին Նինան եւ անոր ընտանիքը ճիշդ այնքան սնունդ ունին, որ սովէն չմահանան: Նախաճաշին` հաց եւ վարունգ, ճաշի համար` ափ մը բանջարեղէն, նոյնիսկ թերեւս գետնախնձոր եւ աղ` ընթրիքի համար: Բայց վատ օրը սնունդի այս տեսակը կրնայ անմատչելի ըլլալ:
«Եթէ այսպէս շարունակուի, մարդիկ, ի վերջոյ, կը մահանան,- կ՛ըսէ 23-ամեայ աղջիկը հեռաձայնով` նախքան ըսածը սրբագրելը:- Մարդիկ արդէն կը մահանան»:
«Նինան մէկն է այն 120 հազար հայերէն, որոնք կ՛ապրին աղքատութեան եւ յուսահատութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին` դէպի ծով ելք չունեցող անջատուած պետութիւն մը:
2022 թուականի դեկտեմբերէն Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող գլխաւոր ճամբան` Լաչինի միջանցքը, փակուած է Ազրպէյճանի կողմէ` թոյլ չտալով սննդամթերքի, դեղերու, վառելանիւթի եւ այլ պաշարներու 90 առ հարիւրի մուտքը տարածք: Շրջափակումը կը դառնայ ճակատագրական եւ կը բորբոքէ անընդհատ աճող եւ զգալի աստիճանի աննկատ մարդասիրական ճգնաժամը Եւրոպայի դրան մօտ:
Նինան պատմեց, թէ ինչպէս ընկերուհիին հօրեղբայրը վերջերս մահացած է սրտի կաթուածէն. շտապօգնութիւնը վառելանիւթ չէ գտած եւ ուշ հասած է: Ան հիւանդանոց տեղափոխուելու ճամբուն վրայ մահացած է: «Ի՞նչ է այս, եթէ ոչ` ցեղասպանութիւն», կը հարցնէ Նինան:
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազը վերջերս զգուշացուցած էր, որ Ազրպէյճան ցեղասպանութիւն կը նախապատրաստէ Ղարաբաղի հայերու մեծամասնութեան դէմ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ըրած էր հարցը փոխանցելու միջազգային ատեանին:
«Սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է: Առանց անյապաղ կտրուկ փոփոխութիւններու` հայերու այս խումբը քանի մը շաբաթէն կ’ոչնչացուի», 9 օգոստոսին հրապարակուած զեկոյցին մէջ ըսած է Լուիս Մորենօ Օկամպօ:
Լեռնային Ղարաբաղին օտար չէ ողբերգութիւնը: Տարածքը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր եղած է հակամարտութիւններու եւ բռնութիւններու կեդրոն:
44-օրեայ պատերազմը աւարտեցաւ աւելի քան 6000 զինուորի մահով եւ վերջնականապէս լուծուեցաւ, երբ Ռուսիա` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դաշնակիցը, մտաւ զինադադարի բանակցութիւններու մէջ:
Պայմանագիրով ռուս խաղաղապահներ ղրկուած են Ղարաբաղ` հսկելու շրջանը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, այսպէս կոչուած, Լաչինի միջանցքը:
Զինադադարէն ետք մարտերը շարունակուեցան, եւ 2022 թուականի դեկտեմբերին Ազրպէյճան սկսաւ շրջափակել Ղարաբաղ տանող երեք մղոննոց ճամբան` փակելով տարածքը բոլորին համար, բացառութեամբ ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի շարասիւներու:
Բայց նոյնիսկ Կարմիր խաչը այն ժամանակէն ի վեր արգելափակուած է Ազրպէյճանի կողմէ` մեղադրուելով մաքսանենգութեան մէջ: Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունիի, իրենց օգնութեան վերջին առաքումը տեղի ունեցած է 7 յուլիսին:
19 բեռնատարներէ բաղկացած շարասիւնը, որ Հայաստանէն կը տեղափոխէր շուրջ 360 թոն մարդասիրական անհրաժեշտ պարագաներ, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին արգելափակուած է Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ` ազրպէյճանական անցակէտով անցնելու արտօնութեան սպասելով:
Այժմ ժամացոյցը կը տատանի Ղարաբաղի այն ընտանիքներուն համար, որոնք կը պայքարին սնունդի, դեղերու եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներու մատչելիութեան համար:
«Իրավիճակը լարուած է Ուքրանիա ներխուժման պատճառով: Այն պայմաններուն մէջ, երբ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը բեւեռուած է պատերազմին վրայ, իսկ Ռուսիա շեղած է իր խաղաղապահ պարտականութիւններէն, Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները կը մնան անպատիժ:
Խաղաղարարութեան Conciliation Resources կազմակերպութեան կովկասեան ծրագիրի տնօրէն Լորենս Պրոյերս կ՛ըսէ, որ Ուքրանիոյ պատերազմը էապէս թոյլցուցած է ռուսական գերիշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի լայն հնարաւորութիւն տուած է մարտահրաւէր նետելու այդ գերիշխանութեան:
«Ազրպէյճան ամբողջովին կ՛օգտուի այն փաստէն, որ Ռուսիա բազմաթիւ ընելիքներ ունի այլուր», ըսած է բրիտանացի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցով Համակուսակցական խորհրդարանական խումբի (APPG) նախագահ Թիմ Լութոն:- Ես կասկած չունիմ, որ այդ Ազրպէյճանի ցեղային զտումներու ծրագիրին մէկ մասն է, եւ արդեօ՞ք այս ցեղասպանութիւն չէ այս փուլին: Ես կը հաւատամ, որ այդ հաստատ քայլ մը հեռու է անկէ»:
Հակառակ անոր որ Բրիտանիան չ՛ուզեր դատապարտել Ազրպէյճանը, 1 օգոստոսին Հայաստանի համար APPG-ի պատգամաւորները գրեցին արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլեւերլիին` յորդորելով անոր «խախտել բրիտանական կառավարութեան լռութիւնը շարունակուող վայրագութիւններու վերաբերեալ»:
Պատասխանը դեռ չէ ստացուած:
«Տը Կարտիըն» (The Guardian) – Լիւք Հարտինկ
Շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ
Յովիկ Ասմարեանի ճաշը միշտ գետնախնձոր է:
Անոր հայրենի քաղաքին` Ստեփանակերտի մէջ, ապրանքով փոխանակումի համակարգ յառաջացած է:
«Մեր պարտէզին մէջ պտղատու ծառ ունինք: Ես պտուղներ կու տամ դրացիներուս, անոնք մեզի ստեպղին կու տան», ըսաւ ան:
Ասմարեան կը բնակի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր կ՛ապրի շուրջ 120 հազար հայ: Առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերքի, դեղերու եւ վառելանիւթի առաքումը կ՛իրականացուէր Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն բեռնատարներով, որոնք կը ղրկուէին լեռնային եւ գեղատեսիլ Լաչինի միջանցքով: Նոյն ճամբով ալ կը հասնէին ազգականները:
Անցեալ տարուան դեկտեմբերին Ազրպէյճան փակած է ճամբան` փաստօրէն շրջափակելով տեղւոյն հայ բնակչութիւնը: Կարմիր խաչի ինքնաշարժներուն արտօնուած էր անցնիլ, հիւանդները դուրս բերել: Բայց ապրիլին Պաքուն նոր անցակէտ տեղադրեց, եւ 14 յունիսին հայերու հետ բախումէն ետք Պաքու ամբողջութեամբ փակեց ճամբան Հակարի կամուրջին վրայ, որով կ՛անցնի միջազգային սահմանը: Այդ քայլին պատճառով Լեռնային Ղարաբաղը սննդամթերքի սուր պակաս կը զգայ: Սննդամթերքը չի բաւեր: Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով, նաեւ դեղերու, առողջապահական պարագաներու եւ մանկական կաթնեղէնի պակաս կայ: Հանրախանութները դատարկ են: Վառելանիւթի սղութեան պատճառով դադրած է քաղաքային հանրակառքերու շարժումը: Քաղաքին մէջ երթեւեկի խճողում գոյութիւն չունի: Բազմաթիւ շրջաններ մնացած են առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան:
Բնակիչները կ՛ըսեն, որ Պաքուի ծրագիրը յստակ է` անօթի ձգել զիրենք, որպէսզի եթէ ճամբան օր մը կրկին բացուի, իրենք հեռանան: Ըստ անոնց, այս դանդաղ ցեղասպանութիւն է, որուն մէջ սովը կ՛օգտագործուի որպէս դասական զէնք: Ազրպէյճան կը հերքէ շրջափակման գոյութիւնը եւ կը պնդէ, որ ստիպուած գործած է բնապահպանական խախտումներէ ետք: Անոր փաստաբանները կը հերքեն Հայաստանի պահանջները, անոնք անհիմն եւ ոչ ճշգրիտ անուանելով: Սակայն ճգնաժամը իրական է: Եւ անիկա կը խորանայ:
Ասմարեան փետրուարին փակած է իր ճաշարանը, որովհետեւ վերջացած է ալիւրի եւ այլ մթերքներու պաշարը: Գիւղին մէջ 3000 ծառով պարտէզ ունի: Բայց պենզինի բացակայութեան պատճառով պտուղները չի կրնար քաղել, եւ բերքը կը փճանայ:
Ասմարեան «Կարտիըն»-ի համար կէսօրէ ետք բջիջայինով նկարելով շրջագայեցաւ Ստեփանակերտի` հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ: «Z» հանրախանութը փակ էր, դարակները` դատարկ: Փակ էին նաեւ շուկան եւ Nostalgia խանութը: Քանի մը խանութ բաց էր: Բայց վաճառասեղաններուն վրայ ոչինչ կար, բացի խաղալիք մեքենայէ: «Անոնք չեն հանգստանար, քանի տակաւին մենք փողոցին մէջ չենք մեռած», ըսաւ ան:
«Մայրս եւ քոյրս նիհարցած են», յայտնեց երեւանցի լրագրող Լիլիթ Շահվերդեանը, որուն ընտանիքը կը բնակի Ստեփանակերտի մէջ:
– Նախաճաշին վարունգ կ՛ուտեն հացով: Հայրս տակաւին ճամբան փակելէ առաջ քիչ մը ուտելիք մէկ կողմ դրած էր: Բայց անոնք երկար չեն դիմանար: Մեծ հարց է, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրին ամառը, երբ վերջանայ: Տրամադրութիւնները ճնշուած են: Անոնք վատ բան կը սպասեն` լաւը յուսալով:
Պաքու առաջարկած է անջատուած շրջանը մատակարարել դրացի ազրպէյճանական Աղտամ քաղաքի անցակէտով: Շահվերդեան այդ անուանեց որպէս վարկ շահելու եւ Լեռնային Ղարաբաղը համարկելու հնարք:
«Տեղւոյն բնակիչները ճամբուն միւս կողմին մէջ պատնէշներ կառուցած են: Անոնք չեն ուզեր սննդամթերք բերել Ազրպէյճանէն: Կը վախնան, որ թունաւոր ըլլայ», ըսաւ ան:
Հակառակ դիւանագիտական յառաջընթացին` Ազրպէյճան տակաւին չի լսեր միջազգային կոչերը: Ան Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը դիտարկէ որպէս ներքին խնդիր: Ալիեւ մայիսին առաջարկեց հայ բնակչութեան «գլուխները կախած պահել» եւ համաձայնիլ Ազրպէյճանի կողմէ կլանուելուն: Գործնականին մէջ այս կը նշանակէ Արցախի գերիշխանութեան լուծարում: Պաքու կը հրաժարի խօսիլ ղարաբաղցիներուն հետ եւ զանոնք կը նկատէ «անջատողականներ»:
Ասմարեան ըսաւ, որ կողմնակի մարդիկ իրականութեան մէջ մտահոգ չեն Ղարաբաղի ծանր վիճակով, որովհետեւ պաշարուած շրջանը բնական քիչ հարստութիւններ ունի:
«Մենք ոսկի չունինք, կամ նաւթ, կամ կազ: Մենք ոչինչ ունինք, որ կը հետաքրքրէ Արեւմուտքը կամ Արեւելքը: Աշխարհը կը սիրէ խօսիլ մարդկային իրաւունքներու մասին: Բայց այդ նոյն աղբն է: Ներեցէ՛ք, որ այսքան ուղղակի կ՛ըսեմ: Ի վերջոյ, մենք ալ մարդ ենք»:
«Տը Քրիթիք» (The Critic) – Փոլ Պրայան
Ճգնաժամը, որ մենք կ՛անտեսենք
Հայաստանի հմայող գեղեցիկ ժողովրդական երաժշտութեան, համեղ խոհանոցին եւ յարատեւ հպարտութեան ետին թաքնուած է մահաբեր հալածանքներու, ցեղասպանութեան եւ լքուածութեան ողբերգական պատմութիւնը: Այժմ անցեալի սարսափները կրնան կրկնուիլ, եթէ, որքան կարելի է, շուտ բան մը չձեռնարկուի` կապուած Հայաստանի դրացի Ազրպէյճանի մարդասպանական մտադրութիւններուն եւ գործողութիւններուն:
Ներկայիս աւելի քան 120 հազար հայեր յայտնուած են անել դրութեան մէջ Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի պատճառով, մինչ Արեւմուտքը անոր վեր տնկած բութամատ ցոյց կու տայ եւ աչք կ՛ընէ: Դժուար թէ դուք լսէիք այս մասին լրատուամիջոցներու մեծ մասէն, որոնք աւելի շատ կեդրոնացած են ինքնագոհ հռետորութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգները կը փրկեն «ժողովրդավարութիւնը» Ուքրանիոյ մէջ, կամ կը թէժացնէ Տոնալտ Թրամփի վերջին մեղադրանքի շուրջը խայտառակութիւնը:
Այս պարագային վտանգի տակ է Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը, որ 1991 թուականին հանրաքուէ կայացուց եւ անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն: Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ 2020 թուականին անոր ներխուժման ժամանակ: Այս կտրեց Արցախը Հայաստանէն` բացի Լաչինի միջանցքով մուտքէն, որ հայերը կ՛անուանեն «կեանքի ճամբայ»:
Արցախը երբեք չէ եղած գերիշխան Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Բացի Լեռնային Ղարաբաղէն` Ազրպէյճան կը պնդէ, որ «բնիկ» հողեր ձգած է Վրաստանի, Իրանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Այժմ Պաքուի փանթուրանական նկրտումները անընդհատ կ՛ընդարձակեն ցանկը տարածքներու, որոնք իբր թէ տարերայնօրէն եւ ըստ էութեան կը դառնան «ազրպէյճանական», եւ այս ցուցակին մէջ առաջին տեղը Արցախն է:
Արեւմուտքը կը ցանկայ շարունակել ազրպէյճանական ուժանիւթի մատակարարումը Եւրոպա` Ռուսիայէն կորսնցուցածները փոխարինելու համար, եւ ՕԹԱՆ-ի արժէքաւոր «ժողովրդավարութեան» հռետորութիւնը տեղ չունի այս ճգնաժամին մէջ:
Արեւմուտքը, Անթոնի Պլինքընէն սկսեալ, կը ցանկայ Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ հակամարտութիւնը ներկայացնել որպէս տեսակ մը թեթեւ թիւրիմացութիւն, ուր «երկու կողմերը» ստիպուած են փոխզիջումներ ընել: Ինչպէ՞ս պէտք է հայերը փոխզիջումներ ընեն, երբ միւս կողմը կը ցանկայ, որ անոնք մեռնին: Ինչպէ՞ս կրնայ այդ վերաբերիլ «երկու կողմերուն», երբ Պայտընի վարչակազմը ամէն տարի հսկայական ռազմական օգնութիւն կը տրամադրէ Ազրպէյճանին` ակնկալելով, որ հայերը կը զիջին իրենց հողերը կառավարութեան մը, որ զանոնք մարդ չի նկատեր, անարժան` նոյնիսկ ծառայ ըլլալու:
Արեւմտեան լրատուամիջոցները չափազանց հակուած են «երկկողմանի մօտեցման», սակայն երկու կամ նոյնիսկ երեք կողմ չկայ. կայ մէկ կողմ` հայ ժողովուրդը եւ անոր գոյութեան իրաւունքը:
Ազրպէյճան կ՛ընէ կարելի ամէն բան` Արցախը հայերէն մաքրելու կամ զանոնք ստրկական նուաստացուցիչ, անզօր վիճակի մէջ դնելու համար: Ան յոյսը կը դնէ այն բանին վրայ, որ Արեւմուտքի բնակիչները աչք կը փակեն ասոր վրայ` իր նպատակին հասնելու ճամբուն: Ազրպէյճանի մէջ հայերուն անպատիժ մնալու առաջարկը աւելի քան որպէս դատարկաբանութիւն կը հնչէ, որ կու գայ ցեղապաշտական, բռնատիրական վարչակազմէն, որ հայերը դաժանօրէն սպաննելու եւ գլխատելու համար բարձր պարգեւներ շնորհած է ռազմական յանցագործներուն, որոնց շարքին` «ազգային հերոս» Ռամիլ Սաֆարովին եւ Իպատ Հիւսէյնովին:
Ազրպէյճանական բանակը բազմաթիւ վայրագութիւններ եւ պատերազմական յանցագործութիւններ ըրած է 2020 թուականին հայկական տարածք ներխուժելու ընթացքին` անպատիժ հրապարակելով տեսանիւթեր:
Բացի ատկէ` Պաքու կը պնդէ, որ հայերը չունին ճշմարիտ, հին պատմութիւն կամ իրաւունք` իրենց հողին նկատմամբ, թերեւս վախնալով այն բանէն, թէ ինչ կը տեսնեն, եթէ սեփական կառավարութիւնն ու պետութիւնը նային հայելիին մէջ: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը այնքան հեռուն գացած է, որ հնարամիտ հնագիտական քարոզչութեամբ մը զբաղած է եւ կը պնդէ, որ նոյնիսկ հայկական եկեղեցիները հայկական չեն:
Թուրքիա կ՛աջակցի Ազրպէյճանին, ինչպէս` Իսրայէլի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները: Այս հզօր պետութիւնները Ազրպէյճանը կը դիտարկեն որպէս նաւթի օգտակար մատակարար եւ շրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան դէմ պատնէշ: