Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Առանց բացառութեան աշխարհի բոլոր երկիրներն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, ունին իրենց շրջավայրին, բնութեան առնչուած դժուարութիւններ, որոնք, ըստ երեւոյթին, այլեւս կարելի չէ լուծել, յատկապէս երբ աստղաբաշխական գումարներ կը մսխուին զանգուածային ոչնչացման զէնքեր հնարելու, արտադրելու եւ գործածութիւնը պարտադրելու համար: Երբ մարդ իր նմանը կը սպաննէ, կարելի չէ ակնկալել, որ խնայէ բնութիւնը: «Եւրասիա» կայքը անդրադարձած է Ուզպեքստանի մէջ յատկապէս ջուրի տագնապին:
Ն.
Ուզպեքստան. Ուր Ամու Տարիան Պիտի Մահանայ
Երբեմնի հզօր գետի երկայնքով ճամբորդութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն դժուար կ՛ըլլայ պաշտպանուիլ բնապահպանական աղէտէ:
362 քմ հոսանքն ի վեր, ուր Արալ ծովը կար, ջուրը կը կարկաչէ ջրցան մեքենաներէ, կաւային հողէն նարկիզներու եւ այլ ծաղիկներու հաստ փունջեր կը քշէ նախքան տաք մայթերուն վրայ կուտակուիլը: Կէսօրուան այս ծէսը, որ տեղի կ՛ունենայ Ուրկենչի շուրջը, Ուզպեքստանի Խորեզմի ովասիսի մէջտեղ գտնուող 200 հազար բնակչութեամբ քաղաքը կը ծաղկեցնէ մինչեւ աշուն: Լայն Ամու Տարիա գետի ջուրով տղաները կը լեցնեն ինքնաշարժներու կառատուները, իսկ բեռնատարները կը ջրեն մայրուղիները` փոշիի դէմ պայքարելու համար: Բամպակի դաշտերը կ՛երկարին դէպի բոլոր հորիզոնները:
Ջուրը կրնայ առատ թուիլ: Բայց այդ թանկարժէք եւ նուազող աղբիւր է, որ տակաւին բաւական մատչելի կը նկատուի` հակառակ մարդկութեան ամէնէն ծանր բնապահպանական աղէտներէն մէկուն` Արալ ծովու չորացման: Արալը ժամանակին աշխարհի չորրորդ մեծագոյն լիճն էր: 1960 թուականէն ի վեր Արալի 90 առ հարիւրը անհետացած է: Փոթորիկները օդը կը մղեն աղը եւ քիմիական նիւթերը: Քաղցկեղներ եւ առողջական այլ խնդիրներ տարածուած են:
Մինչ ծովը ընդմիշտ անհետացած է, Ամու Տարիան` Արալը սնուցող երկու գետերէն մէկը, այժմ նոյնպէս կը մեռնի` աճեցնելով բերքը եւ ազդելով Ուզպեքստանի եւ Թուրքմենստանի միլիոնաւոր մարդոց վրայ:
Միջազգային նուիրատուները կը պնդեն, որ վերաբերմունքը պէտք է փոխուի, որպէսզի կլիմայի փոփոխութեամբ բազմապատկուած սանձարձակութիւնը արեւմտեան Ուզպեքստանը անմարդաբնակ չդարձնէ: ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ երկրագործութեան կազմակերպութիւնը (FAO) կը նախատեսէ, որ ընդհանուր բնակչութեան տարեկան ջուրի մատչելիութիւնը մինչեւ դարու կէսերը պիտի նուազի 33 առ հարիւրով, քանի որ բնակչութեան թիւը կը բարձրանայ: Ըստ Համաշխարհային դրամատան, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ շուրջ 2,4 միլիոն մարդ` շրջանի բնակչութեան 3,4 առ հարիւրը, կրնան կլիմայական գաղթականներ ըլլալ մինչեւ 2050 թուականը:
Ամու Տարիան հազարաւոր տարիներ օգնած է Խորեզմի երկրագործութեան: Հարթավայրի ծայրերը ցցուած են հնագոյն ամրոցներով, որոնք կը դժուարացնեն քոչուոր արշաւողներու եւ Մետաքսի ճամբու աւազակներու ոտնձգութիւնները: Բամբակը արդէն շատոնց կը մշակուէր, երբ խորհրդային կեդրոնական ծրագրողները Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք սկսան պետական մշակումը բանալով հազարաւոր ջրանցքներ` հողը թարմացնելու եւ անապատի խորքին մէջ բամբակ արտադրելու համար:
64-ամեայ Եուլտաշ Սարայեւ 40 տարի ձկնորսութիւն կ՛ընէ այդ ջրանցքներէն մէկուն` Շաւաթի երկայնքին: Նախապէս աւելի շատ տեսակներ եւ մեծաքանակ ձուկեր կային, կ՛ըսէ ան, բայց բազմաթիւ մարդիկ սկսան ձկնորսութեան դիմել Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 1991 թուականին. «Միսը սուղ է, մարդիկ պէտք է ուտեն», կը բացատրէ ան:
Ջրանցքը կը տնօրինէ կառավարական յանձնախումբ մը, որ կ՛որոշէ, թէ ո՛ր շրջանները եւ որքա՛ն ջուր պիտի ստանան: Ամէն սեպտեմբերին, երբ կը սկսի բամբակի բերքահաւաքը, հոսքը դէպի ջրամբարներ կ՛ուղղեն: Ջուրը շատ աւելի քիչ է, քան` նախապէս: Տարուէ տարի աւելի կը նուազի», կ՛ըսէ Սարայեւ:
Այսօր Ուզպեքստանի տնտեսութիւնը կախեալ է այս «սպիտակ ոսկիէն»: Սերմերէն մինչեւ հիւսուածեղէն` բամբակի ճարտարարուեստը աշխատանք կը հայթայթէ երկրի աշխատաւորներու 30 առ հարիւրին: Բամպակը աշխարհի ամէնէն ծարաւ բոյսերէն մէկն է, որ միջին առումով երեքէն վեց անգամ աւելի շատ ջուր կը պահանջէ, քան` բրինձը:
Այս տարի անմխիթար ջրանցքներէն կ՛արտահոսի ջուրի 37 առ հարիւրը, մինչեւ որ անիկա հասնի դաշտերուն: Երկրագործներուն մեծամասնութիւնը կը գործածէ ակօսային ոռոգում, կը բանայ ջրանցքը եւ կը հեղեղէ դաշտերը, երբ ջուրը մատչելի է: Ասիկա կը բարձրացնէ ջուրի մակարդակը, կը ներծծէ բնական աղերը մակերեսին, դաշտերը կը պատէ սպիտակ բերքով: Ստորերկրեայ ջուրերը այժմ քիմիական թունաւոր նիւթեր կը պարունակեն:
Թէեւ երկրագործութիւնը կը սպառէ ջուրին 90 առ հարիւրը, սակայն բերքը ցած է որեւէ չափանիշով: Ուզպեքստան երեք անգամ աւելի շատ ջուր կը գործածէ, քան` Եգիպտոսը, հինգ անգամ աւելի, քան` Ղազախստանը, եւ 74 անգամ աւելի, քան` Աւստրալիան:
Պետութիւնը, որ երկար ատեն կը պահպանէր խորհրդային կեդրոնական վերահսկողութիւնը երկրագործութեան վրայ, կը սկսի փոփոխութիւններ կատարել: 2020 թուականին կառավարութիւնը տեղական բաժինները հանեց, եւ այդ ստիպեց երկրագործներուն` սերունդներ շարունակ բամպակ աճեցնել (եւ ուսուցիչներուն, երեխաներուն` քաղել այն) եւ պարտադրեց, որ մինչեւ 2030 թուականը երկրագործական հողերուն կէսը կը գործածէ «ջուր խնայող արհեստագիտութիւներ», ներառեալ կաթիլային ոռոգումը` հողերու 15 առ հարիւրին վրայ: Երկու տարի ետք այս արհեստագիտութիւնը գործածող մը գտնելը տակաւին դժուար է: Կաթիլային ոռոգումը կը գործածուի հողերու միայն 0,11 առ հարիւրին վրայ, մնացեալին մեծ մասը կը ջրուի ողողուած ակօսներով:
Միայն դրամական յատկացումներն ու արհեստագիտութիւնները հազիւ թէ կարողանան լուծել հարցը: Երկրագործներէն մէկը` Մատիորով, իր խնայած ջուրով լճակ մը կառուցած է եւ` ձուկով լեցուցած: Գիտնականները այս կ՛անուանեն «վերադարձի ազդեցութիւն»` վարքի փոփոխութիւն, որ կը կարողանայ փոխհատուցել խնայողութիւնները:
Ջուրի գործածութիւնը աւելի համակարգուած հսկողութեան կարիք ունի: Շատ քիչ սեփականատէրեր կամ երկրագործական համագործակցականներ հաշուիչներ ունին, ուրեմն իշխանութիւնները ջուրը կը յատկացնեն հեկտարներով: Ճեղքեր, ծակեր ունեցող ջրանցքներէն ջուրը կ՛արտահոսի, կը կորսուի` վնաս պատճառելով նաեւ կաթիլային ոռոգումը որդեգրած երկրագործներուն:
Դէպի հիւսիս` աղի շերտաւոր մացառուտներու շրջանին մէջ, աշխատաւորները կ՛երկարեն ջրանցքը` ջուրը գետէն աւելի հեռու նոր դաշտեր տանելու համար: Վերջին 33 տարուան մէջ ոռոգելի մշակուող բոյսերը աճած են 43 առ հարիւրով. նոյն ժամանակամիջոցին մէջ բնակչութիւնը կրկնապատկուած է:
Երկրագործները կը գործածեն ակօսներու հեղեղումը հողէն աղը «մաքրելու» համար, բայց ջուրը ի վերջոյ աւելի շատ աղ կը քաշէ արդէն իսկ բնական աղի հողի մակերեսին` ստեղծելով շրջան մը, ուր աւելի շատ ջուր անհրաժեշտ է: Ի վերջոյ, ջուրը կը թափի ջրահեռացման ջրանցքներ, որոնք կը կերակրեն աճող լիճերը, որոնցմէ քանի մը հատը չափազանց աղի եւ ապականած է:
Այն վայրին մէջ, ուր նախապէս եղած է Արալ ծովը, կը բխի գետը` Տաճիկստանի եւ Աֆղանիստանի բարձրաւանդակի գօտիին մէջ: Այլապէս, առանց կլիմայի փոփոխութեան, իրավիճակը կրնայ աւելի վատ ըլլալ Ամու Տարիայի ստորին հատուածին մէջ. ջերմաստիճանի բարձրացումը արագ կը հալեցնէ սառցադաշտերը հոսանքին հակառակ, գետին մէջ ժամանակաւոր ծաւալներ աւելցնելով: Քանի որ այդ սառցադաշտերը կ՛անհետանան այս դարուն մէջ, ջուրի մակարդակը կը նուազի: Կեդրոնական Ասիոյ մէջ սառցադաշտային արտահոսքի գագաթնակէտը կը հասնի այս տասնամեակին: Ջերմացող կլիման (Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ջերմաստիճանը 1950-ականներէն ի վեր կրկնակի բարձրացած է համաշխարհային միջինէն), նոյնպէս կը պատճառէ աւելի յաճախակի երաշտ, մինչ տաք եղանակը երկրագործներէն կը պահանջէ աւելի յաճախ ոռոգել:
Նուքուսի` կիսաինքնավար Կարակալպակստան հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, Ամու Տարիան անճանաչելի է. աւելի աւազաթումբերու դաշտ, քան` գետ: Կան արեւէն սպիտակած խեցիներ. կարելի է անցնիլ մնացած առուակին վրայէն: Ջուրին մեծ մասը շեղած է քաղաքի կեդրոն, ջրանցքի ափերը երիտասարդներու համար վազքի, ընկերներու հետ ժամանցի վայր են:
Այս Ամու Տարիա տելթայի սկիզբն էր: Կարակալպակստանի հողերուն 95 առ հարիւրը այժմ աղով լեցուած է:
Այստեղ դժուար է գտնել ջուրի ազդեցութիւնը քաղաքականութեան վրայ, սակայն ոմանք կը պնդեն, որ այս ամառ Նուքուսի մէջ առնուազն 18 մարդու կեանք խլած անկարգութիւնները, երբ Ուզպեքստան փորձեց չեղեալ համարել Կարակալպակստանի անջատման տեսական իրաւունքը, կը բխէին շրջակայ միջավայրի վերաբերեալ երկարատեւ դժգոհութիւններէն եւ տեղական այն տպաւորութիւններէն, թէ շրջանը, որ Ուզպեքստանի ամէնէն աղքատներէն մէկն է, ջուրի իր բաժինը չի ստանար:
Երկրագործ Սափարպա Պայճանով կը մեղադրէ դրացի Թուրքմենստանը. «Ջուրը այժմ շատ պակսած է: Որոշ մարդիկ կորսնցուցած են իրենց բերքը, քանի որ ջուր չկայ: Կ՛ըսեն` մեր ջուրը կ՛ուղղեն դէպի Թուրքմենստան»:
Ջուրը բաժնեկցիլը կը խորացնէ յարաբերութիւնները Ամու Տարիայի երկայնքին: Տաճիկստան վտակներէն մէկուն վրայ կը կանգնեցնէ աշխարհի ամէնէն բարձր ամբարտակը եւ կը կռուի Խըրխըզստանի հետ այլ վայրեր ջուրի մատչելիութեան համար: Հինցած ջրանցքները հարիւրաւոր քիլոմեթրներով ջուրը կը շեղեն Թուրքմենստանի Կարակում անապատով դէպի հարաւային հողեր:
Համակարգումը ժամանակաւոր եւ ապարդիւն է: Յանձնախումբը, որ ստեղծուած է 30 տարի առաջ` ապահովելու Արալ ծովու աւազանին մէջ ջուրի չափաւոր գործածութիւնը, կը պայքարի գործելու համար` կեդրոնանալով կարճատեւ լուծումներու վրայ, որոնք կանխարգելիչ չեն:
Հետեւանքներու սեմին գտնուող վայր մը Ալիաուլ գիւղն է, ուր քանի մը տասնեակ տուներ կը շրջապատեն երկյարկանի դպրոցի շէնքը: Հոն, ուր նախապէս գետը կը հոսէր, այժմ կայ մինչեւ ծունկերը հասնող խրամատ` պատուած սաքսաուլ թուփերով, որոնք լեցուած են կաչաղակներով:
1992 թուականին տեղի ունեցած ջրհեղեղը ստիպեց գիւղացիներուն` լքել իրենց տուները: Այն ժամանակ գետին մէջ շատ ջուր կար: Հիմա ամէն տարի կը նուազի, կովերը արածելու տեղեր գրեթէ չկան, որովհետեւ խոտը քիչ է:
Հողային աշխատանքներէն այն կողմ, նախկին գետի հունին մէջ նարնջագոյն նիւթեր կը յայտնուին մակերեսին: Աղի բիւրեղները կը ճռճռան ոտքերու տակ: Ոչինչ կ՛աճի:
Կոկ-Սուի եզրին շիւղէ մը ջուրի կաթիլ մը կ՛իյնայ` Ամու Տարիայի վերջին կաթիլները: Շուտով ջրանցքները կը մերկանան: Անթիւ ջրանցքներու եւ ջրամբարներու միջոցով միլիոնաւոր հեկտարներ ոռոգելէ ետք Ամու Տարիան մահացաւ:
Արալ Կում կը նշանակէ Արալ աւազներ: Քարտէսները կը սկսին արտացոլացնել իրականութիւնը: Արալ այլեւս ծով չէ:
Մոյնակը այս նոր անապատի եզրին է: 1959-ին նաւահանգստային քաղաքը արտադրած է 21,5 միլիոն պահածոյ ձուկ: Այժմ ժանգոտած, թալանուած նաւատորմ մը նստած է նախկին նաւահանգիստի յատակին: 1960-ական թուականներէն ի վեր բնակչութիւնը կրճատուած է գրեթէ կէսով:
Վերջին քանի մը տարիներուն կառավարութիւնը լուրջ աշխատանքներ տարած է, յատկապէս` ըմպելի ջուր ապահովելու համար: Ոռոգման որոշ կարելիութիւններ ստեղծուած են, եւ բնակիչները այժմ չեն գաղթեր շրջանէն:
Բայց կրնա՞յ արդեօք կառավարութիւնը փոխել հազարաւոր մանր սեփականատէրերու վերաբերմունքը:
Կառավարութեան ծրագիրը հիմնուած է օժանդակութիւններու եւ կեդրոնական վերահսկողութեան նուազեցման վրայ: Երկրագործները այժմ աւելի շատ ընտրանքներ ունին. անոնք կրնան վարկ ստանալ իրենց ոռոգման սարքերը արդիականացնելու համար: Բայց եւ այնպէս, մօտակայ ջրանցքին մէջ ջուրի իւրաքանչիւր կաթիլը չօգտագործելու խթան չկայ, յատկապէս երբ ոռոգուող հողերը կը շարունակեն արագ ընդարձակուիլ ամբողջ երկրին մէջ:
Աշխարհի մէջ կլիմայի փոփոխութիւնը կը հարուածէ ամէնէն աղքատները` երկրագործներ, որոնք միջոցներ չունին կաթիլային ոռոգումի, հովիւներ, որոնց մատչելի չէ խոտը, Ամու Տարիայի ստորին աւազանին մէջ նոյնիսկ անոնք, որոնք կ՛ընեն կարելին ջուր խնայելու համար, կրնան չտեսնել խոստացուած եկամուտները:
Մինչ անապատը ոտնձգութիւն կ՛ընէ, նոյնիսկ երկու տարի առաջ Մոյնակի երկու կողմերուն մէջ կային փոքր լիճեր` լողաւազաններ, որոնք ձգած էր նահանջող ծովը, ուր տեղացիները ձկնորսութիւն կ՛ընէին: Հիմա անոնք չկան: Փոխարէնը, ուր Google Earth ցոյց կու տայ Rybachiy Zaliv-ը (Ձկնորսի ծոցը), կայ նաւակ մը, որ խրած է ցեխի մէջ: Երկրագործութիւն չկայ, կովեր եւ այծեր կը ծծեն ուղտափուշը: