Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ գիտէին ինչ պիտի պատահի եւ լուռ, կրաւորական կը մնային: Խօսիլ սկսան, երբ ծրագրուածը տեղի ունեցաւ եւ աւարտեցաւ: Մեզի համար անշուշտ նորութիւն չէ այս վերաբերմունքը, որ խորքին մէջ շատ վարկաբեկիչ պէտք է ըլլայ արժանապատուութիւն ունեցող հաւաքականութիւններուն համար:
Ն.
«Ուաշինկթըն Թայմզ»
Աշխարհի Հնագոյն Քրիստոնէական Համայնքներէն Մէկը
Կանգնած Է Ցեղասպանութեան Առջեւ. Ո՞ւր Է Պայտընը
Աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական համայնքներէն մէկը կ՛ոչնչանայ: Դժուար է պատկերացնել, որ այս սարսափելի ճշմարտութիւնը տեղի կ՛ունենայ 21-րդ դարուն, բայց այդ այն իրավիճակն է, որ տեղի կ՛ունենայ հիմա Լեռնային Ղարաբաղի` փոքր, դէպի ծով ելք չունեցող շրջանին մէջ:
«Մենք ներկայ ժամանակին ականատես ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու, որոնք կ՛իրականացուին Ազրպէյճանի բռնապետութեան եւ անոր գործընկերներու կողմէ», ըսած է հալածանքներու հսկողութիւն իրականացնող «Քրիսչըն Սոլիտարիթի Ինթըրնեյշընըլ» կազմակերպութեան միջազգային հաղորդակցութեան ղեկավար Ժոէլ Վելտքամփը: Անոր կազմակերպութիւնը ճգնաժամի առաջին գիծին վրայ էր` ամիսներ շարունակ զգուշացնելով, որ ցեղասպանութիւն կը հասուննայ եւ Արեւմուտքին կոչ ընելով վճռական քայլեր ձեռնարկելու: Ցաւօք, փոխարէնը, Միացեալ Նահանգները եւ այլ երկիրներ աննպատակ կը հետեւէին, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան անխափան կը քալէ դէպի 120 հազար հայերով բնակուող շրջանի լիակատար գերիշխանութիւն, պատմական տարածք` աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիներով եւ ժառանգութեամբ:
Նման իրավիճակներու մէջ կան որոշիչ պահեր, որոնք տագնապ կը յառաջացնեն, բայց այս ճչացող կոչերը հիմնականին մէջ անուշադրութեան կը մատնուին միջազգային գաղջ հանրութեան կողմէ:
Դեկտեմբերէն բնակիչները, քաղաքական առաջնորդները եւ իրաւապաշտպանները կ՛աղաչէին աշխարհին ուշադրութիւն դարձնել, սակայն արձագանգը յարաբերական լռութիւնն էր: Այդ շրջափակումը աւարտեցաւ մահացու յարձակումով, որ ստիպեց Լեռնային Ղարաբաղին` լուծարել իր կառավարութիւնը, իսկ հազարաւոր բնակիչներ խուճապահար կը շտապէին հաւաքելու այն, ինչ որ կրնային առնել եւ փախչիլ շրջանէն, որ դարեր շարունակ տուն կոչած են:
Մարդիկ կը հեռանան ոչ թէ այն պատճառով, որ կ՛ուզեն, այլ` այն պատճառով, որ Ազրպէյճան թոյլ չի տար անոնց վերադառնալ իրենց տուները կամ անցնիլ պաշարման գիծերէն, եւ կը հրաժարի երաշխաւորել անոնց անվտանգութիւնը: Այս տէ ֆաքթօ արտաքսում է:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու համար ստեղծուած իրավիճակի սարսափը գրեթէ աներեւակայելի է: Նոնա Պօղոսեանը Սի.Էն.Էն.-ին պատմած է, որ երկուշաբթի ինքն ու իր ընտանիքը ստուգած են իրենց տունը, որպէսզի տեսնեն, թէ ի՛նչ կը տեղաւորուի պայուսակներու մէջ, երբ կը պատրաստուէին փախչիլ: «Անոնք կու լային իւրաքանչիւր խաղալիքի համար», կը պատմէ Նոնան իր 9-ամեայ երկուորեակներու մասին, որոնք պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ ձգեն իրենց ետեւը, երբ հեռանան տունէն եւ իրենց գիտցած կեանքէն:
Վերա Պետրոսեան անունով 70-ամեայ ուսուցչուհին «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է, որ քաոսի մէջ տեսած է կրակոցներ, սով եւ սարսափ: «Ես ամէն բան ձգած եմ ետին: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը սպասէ ինծի: Ես ոչինչ ունիմ: Ես ոչինչ կ՛ուզեմ: Ես չէի ուզեր, որ մէկը տեսնէր այն, որ ես տեսայ»:
Աւելի քան 200 մարդ զոհուեցաւ անցեալ շաբաթ ազրպէյճանական յարձակման ժամանակ, ընտանիքներուն ձգելով այլ սարսափելի առեղծուած մը` ինչպէս յարգել մահացածներու յիշատակը:
Ազրպէյճանական յարձակման պատճառով իրենց հարազատները կորսնցուցած ընտանիքները կանգնած են սարսափելի ընտրութեան առջեւ` արդեօ՞ք անոնք պէտք է թաղեն զանոնք իրենց հայրենիքին մէջ, ուր այլեւս չեն կարողանար գերեզմաններ այցելել յառաջիկայ օրերուն տեղահանուելէ ետք, եւ ուր կրնան պղծուիլ իրենց հարազատներու գերեզմանները ազրպէյճանական ուժերու կողմէ, թէ՞ անոնք պէտք է փորձեն զանոնք սառնարաններու մէջ հասցնել Հայաստան` յուղարկաւորելու համար, մեծ գումարի դիմաց: Լեռնային Ղարաբաղի հազարամեայ հայկական գերեզմաններն ու եկեղեցիները բնականաբար չեն կրնար անվտանգ ըլլալ:
Այս սեւ օր է: Ո՞ւր է Արեւմուտքը: Ինչո՞ւ Պայտընի վարչակազմը այդքան ցաւալի կը լռէ այս հարցով: Իրօք, պաշտօնատարները այժմ կ՛այցելեն Հայաստան, սակայն շատ քիչ է, շատ ուշ:
2020-ի մարտերը օգնեցին հիմք ստեղծել ներկայիս ճգնաժամի համար, քանի որ Ազրպէյճանի այդ յարձակումները նոյնպէս մեծ միջազգային արձագանգ չեն յառաջացուցած: Միացեալ Նահանգներ, անկասկած, դանդաղած են քայլեր ձեռնարկելու հարցով` ի շարս այլ կենսունակ գործողութիւններու, տակաւին չէ քննարկած Ազրպէյճանին ռազմական օգնութեան դադրեցումը: Որոշ քննադատներ կը ցանկան, որ Պայտընի վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը անուանէ ցեղասպանութիւն: Ըստ ՄԱԿ-ի, բառը սահմանուած է որպէս` «Գործողութիւններ, որոնք կատարուած են ազգային, ցեղային, կամ կրօնական խումբը ամբողջութեամբ կամ մասնակի ոչնչացնելու մտադրութեամբ»:
Եթէ Միացեալ Նահանգներ եւ արեւմտեան այլ երկիրներ ցուցաբերէին ուժեղ առաջնորդութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը կը հասնէ՞ր նման կէտի:
Վատ դերակատարները սարսափելի արարքներ կը կատարեն, երբ գիտեն, որ բարի ուժերը շեղուած են, հետաքրքրուած չեն կամ չեն ուզեր կանգնեցնել զիրենք: Եւ այս այն ողբերգութիւնն է, որուն մենք կը բախինք ճիշդ հիմա: Հայաստանին սպառնացող վտանգը հեռու է աւարտէն:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 25 սեպտեմբերին այցելած է Ազրպէյճան եւ բացայայտ գովաբանած է ներխուժումը: Յիշենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնն էր, որ պատասխանատու էր Հայոց ցեղասպանութեան համար, զանգուածային տեղահանութեան եւ սպանութիւններու արշաւ, որ սպաննեց աւելի քան մէկ միլիոն հայեր: Թուրքիան երկիր մըն է, որ բացայայտօրէն կը գովաբանէ հայերու դէմ ուղղուած հերթական սարսափը:
Միացեալ Նահանգներ եւ արեւմտեան այլ երկիրներ ամիսներ առաջ պէտք էր առաջնորդութիւն ստանձնէին, բայց չըրին: Եթէ այս ճգնաժամը հնարաւորութիւն ըլլար զգուշացնելու կլիմայի փոփոխութեան մասին, դասախօսութիւն կարդալու տարօրինակ հասարակական խնդրի մասին, որ քիչերը կը հետաքրքրէ, կամ հետամուտ ըլլար այլ աննշան ընտանի անասուններու նախագիծին, աշխարհը անկասկած կ՛իմանար տեղի ունեցողի բոլոր մանրամասնութիւնները:
Ցաւօք, անտեղեակութիւնն ու շփոթը շատ են, իսկ չարութիւնը, ինչպէս միշտ, առիթը չի կորսնցներ:
Մել Կիպսընը Դատապարտած Է Արցախի
Հայերուն Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը
Հոլիվուտեան դերասան եւ բեմադրիչ Մել Կիպսըն դատապարտած է Ազրպէյճանի յարձակումը արցախահայութեան դէմ: Ան քննադատած է արեւմտեան լրատուամիջոցներու լռութիւնը եւ կոչ ըրած` անյապաղ միջազգային գործողութիւններ ձեռնարկել արցախահայութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
«Պատմութիւնը ողբերգականօրէն կը կրկնուի այն ժամանակ, երբ մենք ականատես կ՛ըլլանք ժամանակակից ցեղասպանութեան: Հայ ժողովուրդը, որ դարեր շարունակ տառապած է իր հաւատքի պատճառով, կրկին կը բախի ցեղային զտման կոշտ արշաւի: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան սարսափելի վայրագութիւններ կ՛իրականացնեն հայերու նկատմամբ` սով, հարկադիր տեղահանութիւն, սպանութիւններ, առաջին անհրաժեշտութեան իրերու մատչելիութեան մերժում: Անոնք նոյն հայերն են, որոնք այս հողին վրայ ապրած են սերունդներով: Ես կոչ կ՛ընեմ միջազգային հանրութեան` անյապաղ գործողութիւններ ձեռնարկելու, հայերուն օգնելու, որուն կարիքը այժմ անոնք յուսահատօրէն ունին: Հայ ժողովուրդին, որ դեռ կը տառապի, ես կ՛ըսեմ ` մի՛ յուսահատիք, Աստուած ձեզի հետ է», նշած է ան:
«Պլումպերկ»
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած
Ողբերգութիւնը Կարելի Չէ Անտեսել
Լեռնային Ղարաբաղի երկարատեւ հակամարտութիւնը վերածուած է ողբերգութեան: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը լայնածաւալ ցեղային զտումներու արշաւ կ՛իրականացնէ: Արեւմտեան առաջնորդները բարոյական եւ ռազմավարական շահ ունին` աղէտին արձագանգելու եւ անոր տարածումը կանխելու հարցով:
Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը պէտք չէ անտեսուի: Այս արդէն իսկ կ՛ապակայունացնէ շրջանը, որ համաշխարհային ուժանիւթի մատակարարման կենսական եւ աճող աղբիւր է: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութեան աճը կրնայ սաստկացնել սահմանային փոխհրաձգութիւնները եւ սպառնալ Հայաստանի ինքնիշխանութեանը` դէպի Արեւմուտք կողմնորոշուած ժողովրդավարութեան` Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ դրան շեմին: Թէեւ Արեւմուտքը չի կրնար միջամտել իւրաքանչիւր հեռաւոր հակամարտութեան, ցեղային զտումներու դէմ չդիմակայելը ուղերձ կը յղէ, որ ռազմական յարձակման եւ միջազգային կանոններու խախտումները կը մնան անպատիժ:
Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան չեն կրնար իրենց թոյլ տալ մնալ լուսանցքային: Քանի որ Ազրպէյճանը կը ստանձնէ Արցախի լիակատար վերահսկողութիւնը, արեւմտեան առաջնորդները պէտք է պնդեն, որ Պաքուի կառավարութիւնը ընդունի միջազգային խաղաղապահ ուժեր` պաշտպանելու մնացեալ խաղաղ բնակիչները եւ ապահովելու անվտանգ տարանցումը անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն հեռանալ: Շրջանին մէջ հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ հետագայ ոչնչացումէն: Քանի որ ամէնէն հաւանական արդիւնքը այն է, որ բոլոր կամ գրեթէ բոլոր հայերը կը լքեն երկիրը, անհրաժեշտ կ՛ըլլայ աւելցնել մարդասիրական օգնութիւնը, որպէսզի օգնէ գաղթականներուն նոր կեանք գտնել Հայաստանի մէջ: Արեւմուտքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի Ալիեւին հասկցնէ, որ միջազգային իրաւունքը պէտք է յարգուի, եւ որ` Հայաստանի հետ սահմանները վերափոխելու որեւէ միակողմանի փորձ կը յանգեցնէ պատժամիջոցներու եւ այլ հետեւանքներու:
Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ որեւէ արտաքին միջամտութիւն յաջող կ՛ըլլայ: Բայց աշխարհը սորված է, որ անուշադրութիւնը կրնայ աւելի սուղ արժել:
«Հաարեց»
Իսրայէլ Նպաստած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ
Ցեղային Զտումներուն
Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ բոլոր հայ բնակիչները գիշերուան մը ընթացքին գաղթական դարձան ազրպէյճանական բանակի կայծակնային յարձակումէն ետք, որ վերջ դրաւ այդ տարածքի անկախութեան, կը գրէ իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը:
«Ցեղային զտումներու աւելի քան 100 հազար զոհեր ստիպուած լքած են քաղաքներն ու գիւղեր, ուր իրենց ընտանիքները ապրած են սերունդներ շարունակ, եւ փախած են սահմանէն այն կողմ` Հայաստան: Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութենէն աւելի քան 100 տարի ետք այս փոքր ազգին անդամները կրկին կը փախչին իրենց կեանքին համար` վախնալով բռնագրաւումէն եւ ճնշումներէն:
Սակայն Ազրպէյճան առանձին չէր այս արշաւին մէջ: Իսրայէլ ազրպէյճանական բանակին տրամադրած է լաւագոյն եւ ժամանակակից սպառազինութիւն, որ կարելիութիւն տուած է իրականացնել զտման գործողութիւնը: Անոնք կը ներառէին` «ցամաքէ-ցամաք» հրթիռներ, յարձակողական անօդաչու սարքեր, կառավարուող հրթիռներ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, հրետանի, ականանետեր, հրասայլի արդիականացման սարքեր, յարձակողական հրացաններ, մարտանաւեր, հակահրասայլային հրթիռներ, համացանցային լրտեսական գործիքներ:
Այժմ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կռիւներու հետեւանքները պարզ են բոլորին համար, տեղին է հարցնել Իսրայէլի պաշտպանական ճարտարարուեստի ղեկավարներուն եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք աջակցած են, օգնած եւ նպաստած են Ալիեւի հետ միլիառաւոր տոլարներու գործարքներու կնքման. ի՞նչ կը զգաք դուք, երբ կը տեսնէք մազապուրծ փրկուող հայ ընտանիքներ, սարսափ` երեխաներու աչքերուն մէջ, նոր գաղթակայաններ Հայաստանի մէջ:
Արդեօ՞ք անոնք կը տեսնեն ցեղային զտումներ եւ սարսափելի պատերազմական յանցանքներ, թէ՞ միայն իրենց ղեկավարած ընկերութիւններու շահերը: Անոնք որեւէ կարեկցանք ունի՞ն զոհերու նկատմամբ, թէ՞ մտահոգ են միայն իրենց ներդրողներու ստացած շահաբաժիններու, կառավարութեան վճարուող գումարներու եւ պարգեւավճարներու հաշիւներով: Ի՞նչ կը կատարուի միտքին մէջ Պաշտպանական արտահանման կառավարման գործակալութեան տնօրէն Ռէյչել Քլայնի, որ կը գլխաւորէր «բարեփոխումը», որ մեղմացուց նման արտահանումներու կանոնակարգերը: Արդեօ՞ք ան ուրախ է, որ բոլոր ձեւերը ճիշդ եղած են, թէ՞ անոր սիրտը կը ցաւի:
Ալիեւ առաջին բռնակալը չէ, որուն բանակը կ՛ապաւինի Իսրայէլի զէնքին: Անոր նախորդած են Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղապաշտ վարչակարգի ղեկավարները, զօրավարները` Արժանթինի մէջ, Փինոշէն` Չիլիի մէջ, Չինաստանի վարչակարգը եւ Իրանի շահը: Ազրպէյճան քարիւղ կը մատակարարէ Իսրայէլի եւ կ՛օգնէ անոր Իրանի հետ առճակատման հարցին մէջ:
Բայց եւ այնպէս, հակառակ այս նախընթացներուն եւ ռազմավարական հիմնաւորումներուն, Իսրայէլի գործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ցեղային զտումներու հարցին մէջ կը պահանջէ Իսրայէլի արտահանման քաղաքականութեան փոփոխութիւն եւ վաճառքի սահմանափակում յարձակողապաշտ բռնապետութիւններուն: Իսրայէլ նաեւ պէտք է օգնութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին` օժանդակելու երկրին, որպէսզի ընդունի գաղթականները:
Իսրայէլ 6 մարտին արտօնած է օդուժի Ուվտա խարիսխէն Ազրպէյճան տեղափոխել մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք` դէպի Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատ: Ի տարբերութիւն իսրայէլեան պաշտպանական ճարտարարուեստի այլ յաճախորդներու, որոնք կ՛ուզեն գաղտնի պահել իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրականութեան մէջ կը սիրէր ցուցադրել իր կապոյտ-սպիտակ զէնքի համակարգերը:


