Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմալեզու Անձեր (Polyglots) Իսկապէս Զարմանալի Են

Օգոստոս 11, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մինչ կը հանդիպինք գրչակներու, որոնք նոյնիսկ իրենց մայրենիին պատշաճ չեն տիրապետած, գոյութիւն ունին այնպիսիներ, որոնք բազմալեզու են: Անոնք  պարզապէս հիացումի եւ գնահատանքի արժանի են: «Տէյ Թրանսլէյշընպլոկ»-ը կը նշէ ամէնէն նշանաւորներէն ոմանք:

 Ն.

Դուք չէք կրնար չտպաւորուիլ, երբ կը հանդիպիք անձի մը, որ կրնայ խօսիլ քանի մը լեզուներ: Արդէն տպաւորիչ է, երբ մարդը կրնայ խօսիլ երկու կամ երեք լեզու, բայց երբ անհատը կարենայ խօսիլ չորս կամ աւելի լեզուներ, ուրեմն զարմանալի բան է:

Դուք կրնաք լսել բազմալեզու եզրը, որ կը գործածուի քանի մը լեզուներ խօսող մարդոց մասին զրուցելու ատեն:

Բազմալեզուն այն անձն է, որ անկեղծ սէր ունի լեզուներու հանդէպ եւ պատրաստ է ժամանակ, ջանք եւ գումար ներդնել զինք հետաքրքրող լեզուներ սորվելու համար: Հարց չէ, որ տուեալ լեզուն օգտակար չ՛ըլլար անոր, կարեւորը լեզուն սորվիլն է:

Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ անհատներ զարգացուցած են իրենց խանդավառութիւնը` սորվելու տարբեր լեզուներ հաճոյքի համար, իսկ  ուրիշներ դարձած են կայացած բազմալեզուեաններ, քանի որ կրցած են գործածել իրենց լեզուական գիտելիքները գործնական եւ շահաւէտ կիրարկումներու մէջ:

Ծանօթացէք ապշեցուցիչ մարդոցմէ ոմանց, որոնք կրնան ձեզ ոգեշնչել մէկ-երկու լեզու սորվելու:

Պաւել Եանուլուս (Կը խօսի 42 լեզու)

Քանատացի Պաւել Եանուլուս, որ այժմ կը բնակի Բրիտանական Քոլոմպիոյ մէջ, 42 լեզուներու վարժ տիրապետելուն համար 1985 թուականին արձանագրուած է «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ, ուր տակաւին կը մնայ: Մրցանիշի համար քննութիւնը յոգնեցուցիչ էր, որովհետեւ ան պէտք էր երկուքական ժամ սահուն զրուցէր իրենց մայրենի լեզուն խօսող 42 անձերու հետ:

Անոր հայրը Լիթուանիայէն էր եւ կը խօսէր 4 լեզու, իսկ մայրը, որ լեհ էր, կը խօսէր 6 լեզու: 18 տարեկանին ան արդէն կը տիրապետէր 13 լեզուներու: Ան ըսաւ, որ պայքարած է լեզուներու դասաւանդման ակադեմական ոճին դէմ եւ կրցած է մշակել լեզուներ աւելի արագ սորվելու սեփական մեթոտը:

Պաւել վկայեալ դատական թարգմանիչ էր եւ ի վիճակի էր թարգմանել 42 լեզուներէն 28 լեզուներ, որոնց կը տիրապետէր: Անոր կը վճարէին այն լեզուներէն իւրաքանչիւրին  համար, որոնք ան կը  թարգմանէր դատարանին մէջ, երբ ան երեսուն տարեկան էր: Աշխատելով որպէս լիազօրուած դատական թարգմանիչ` ան նպատակ ունէր սորվիլ տարեկան 2 կամ 3 լեզու: Ան ըսաւ, որ այդ թոյլ տուած է իրեն աւելի շատ շահիլ:

Պաւել Եանուլուս կը խօսի` ռոմաներէն, սլաւաներէն, սկանտինաւեան, արեւելեան ասիական լեզուներ, գերմաներէն, հնդկա-արիական լեզուներ, վենտերէն, լուսաթերէն, քաշուպերէն, պարսկերէն, ֆիններէն, թրքերէն, յունարէն, խրուաթերէն եւ այլն: Ան արդէն քառասունը անց էր, երբ սորվեցաւ յաւելեալ լեզուներ, որոնց շարքին` սուահիլի, ինուիտ, ռումաներէն եւ թիպեթերէն:

Կատօ Լոմպ (10 լեզուներու մասնագէտ, թարգմանիչ` 16  լեզուներու)

Կատօ Լոմպ Հունգարիայէն էր: Տիկին Լոմպ աշխատած է որպէս թարգմանիչ: Ան վարժ թարգմանիչ էր 10 լեզուներու եւ կրնար թարգմանել 16 լեզուներ, որոնց շարքին` ուքրաներէն, սպաներէն, սլովաքերէն, ռուսերէն, ռումաներէն, լեհերէն, լատիներէն, ճափոներէն, իտալերէն, եբրայերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, դանիերէն, չինարէն եւ պուլկարերէն:

Լոմպ ըսած է, որ ինք սորված է այս լեզուները` իր հետաքրքրութիւնը  իրականացնելու համար:

Ան աւարտած է քիմիագիտութեան եւ բնագիտութեան ճիւղը, բայց շուտով անոր հետաքրքրութիւնը թեքած է դէպի լեզուներ: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն  մէջ ան ըսած է, որ ունի միայն մէկ մայրենի լեզու, այն ալ` հունգարերէնը, բայց դիւրաւ կրցած է սորվիլ գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Ան ինքնազարգացումով սորված է միւս լեզուները եւ յանպատրաստից կը թարգմանէր 4 լեզուներ:

Տիկին Լոմպ կրցած է թարգմանել արհեստագիտական նիւթեր եւ գրականութիւն` 6 լեզուներով: Ան գրած է հունգարերէն հրատարակուած քանի մը գիրքեր:

Հարոլտ Ուիլիամս (Կը խօսէր 58 լեզու)

Հարոլտ Ուիթմոր Ուիլիամս ծնած է Նոր Զելանտայի Օքլենտ քաղաքը: Ան  «Թայմզ» թերթի արտասահմանեան խմբագիրն էր եւ բազմալեզու: Հարոլտ կը նկատուէր պատմութեան ամէնէն յաջող բազմալեզուեաններէն մէկը, որ կը խօսէր 58 լեզուներ:

Ան կրնար խօսիլ Աւստրիական կայսրութեան բոլոր լեզուները եւ որոշ հին լեզուներ, ինչպիսիք են` հին յունարէնը, եգիպտերէնը, ղպտերէնը եւ խեթերէնը:

Հարոլտին հայրը քահանայ էր, որ անոր սորվեցուց  կարդալ դասական գրողները:

7 տարեկանին ան հասկցաւ, որ լատիներէն սորվելու հսկայական կարողութիւն ունի: Գործածելով Աստուածաշունչը` ան կառուցեց տոպու բառապաշարն ու քերականութիւնը, լեզու մը, որ կը խօսէին Նոր Կինէայի մէջ տակաւին դպրոցական տարիքին: Հետագային ան հաւաքեց Նիուէ կղզիի բարբառին բառապաշարը:

Հարոլտ իր խօսած լեզուներուն մեծ մասը ինքնազարգացումով սորված էր: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Հարոլտ կրցաւ կարդալ Աստուածաշունչի հրատարակութիւնները 26 լեզուներով:

Քենեթ Լոք Հէյլի (Կը խօսէր աւելի քան 50 լեզուներ)

Քենեթ Հէյլին լեզուաբան եւ դասախօս էր Մասաչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկին մէջ: Ան կը խօսէր աւելի քան 50 լեզուներ եւ յայտնի էր անով, որ կ՛ուսումնասիրէր քանի մը լեզուներ, որոնք վտանգուած էին, մասնաւորապէս` Աւստրալիոյ, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի բնիկ լեզուները: Հէյլի նոյնպէս ուսումնասիրած է` ուլվանը, ուորլպիրինը, օտհամը եւ նաւախոն: Ան այն հազուագիւտ անհատներէն էր, որ կրցաւ լեզու սորվիլ 15 վայրկեան լսելով մայրենին խօսող մը:

Քենեթ փոքր տարիքին, տակաւին մանուկ, սորվեցաւ քանի մը լեզուներ (անգլերէն, տոհոնօ օտամ եւ սպաներէն) եւ երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկի իր սենեկակիցներուն, ապա համալսարանի իր սենեկակիցներուն  հետ զրոյցներու միջոցով: Ան վարժ տիրապետեց ուալփիրիին, երբ Աւստրալիա կը գտնուէր:

Հեյլի պաշտօնապէս դասաւանդած է  քանի մը բնիկներու անոնց մայրենին, որպէսզի անոնք մասնակցին իր լեզուաբանական ուսումնասիրութեան: Անոնց շարքին կան յայտնի լեզուաբաններ:

Փրոֆ. Քենեթ Լոք Հէյլի ընտրուած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ 1990 թուականին:

Մայքլ Վենտրիս

Մայքլ Վենտրիս անգլիացի էր, որ ծնած էր 1922 թուականին: Ան  արձանագրուած էր որպէս բանասէր, դասականագէտ եւ ճարտարապետ, բայց նաեւ` բազմալեզուեան: Վենտրիս վարժ կը տիրապետէր լեհերէնին 8 տարեկանէն եւ սորվեցաւ ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ զուիցարական գերմաներէն, երբ հայրը հաստատուեցաւ Զուիցերիա:

Պատանի Մայքլ վերադարձած է Անգլիա եւ Սթովի մէջ  սորված է դասական յունարէն ու լատիներէն: Այդ ժամանակ ան արդէն շատ հետաքրքրուած էր գծային B-ով:

Գծային B-ն վանկային գիր էր, որ դարձաւ ապացոյց, որ Mycenaean յունարէնը գրային համակարգ ունէր: Անիկա ունէր աւելի քան 100 գաղափարագրական նշան եւ 87 վանկային նշան: Այդ յայտնաբերուած է բրիտանացի հնագէտ Արթուր Էվանսի կողմէ:

Մայքլ Վենտրիսի հիմնական ներդրումը լեզուաբանութեան աշխարհին մէջ եղած է գծային B-ի վերծանումը:

Խոր ուսումնասիրելով գրութիւնը եւ առաջին ստեղծագործութիւնները Արթուր Էվանսի, փրոֆ. Ալիս Քոպերի եւ փրոֆ. Էմմեթ Լ. Պենեթի, Կրտսեր Վենտրիս, դասական գիտնական եւ անգլիացի լեզուաբան Ճոն Չատուիքի օգնութեամբ, ամբողջութեամբ վերծանեց գծային B-ն եւ որոշեց, որ անիկա յունարէն է: Լեզուն կը խօսէր Կրետէ կղզիին մէջ ապրող մինոյեան-միկենեան մշակոյթը: Անոնք ապացուցեցին, որ յունարէնը ունէր գրաւոր ձեւ, որ գոյութիւն ունէր ընդհանուր ընդունուած թուականէն քանի մը դար առաջ:

Ճուզեփէ Գասպար Մեցոֆանտի

Կարտինալ Ճուզեփէ Մեցոֆանտի, որ ծնած է Իտալիա, 1774-ին, կը նկատուէր պատմութեան մեծագոյն բազմալեզուեաններէն մէկը: Բացի աստուածաբանութենէն` իտալացի կարտինալը նաեւ հմուտ էր աստղագիտութեան, դրամագիտութեան, հնագիտութեան եւ բարբառագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Բայց անոր իսկական սէրը լեզուներու մէջ էր, եւ ան յայտնի էր 39 օտար լեզուներ եւ զանազան բարբառներ խօսելու ունակութեամբ:

Կարտինալ Մեցոֆանտի  Պոլոնիոյ համալսարանի արաբերէնի դասախօս էր: Հետագային նոյն համալսարանին մէջ դասաւանդած է նաեւ յունարէն եւ արեւելեան լեզուներ:

Լեզուներ սորվելով` ան միաժամանակ բազմաթիւ առաջադրանքներ կատարած է: Վարած է Վատիկանի գրադարանը եւ ղեկավարած`  միսիոնարական գործունէութիւններ: Անոր բազմալեզու ըլլալը յայտնի էր, եւ կ՛ըսէին, որ երբ կարտինալը մահացաւ, բազմաթիւ եւրոպացիներ կ՛ուզէին ունենալ անոր գանկը:

Սըր Ճոն Պովրինկ (Կը խօսէր 100 լեզու եւ 200 այլ լեզունէր գիտէր տարբեր մակարդակներով)

Սըր Ճոն Պովրինկ Հոնկ Քոնկի չորրորդ նահանգապետն էր: Եղած է գրող, ճանապարհորդ եւ քաղաքական տնտեսագէտ: Ան առաւելապէս յայտնի էր լեզուական կարողութիւններով: Հոնկ Քոնկի նահանգապետի պաշտօնավարման ընթացքին ան շատ գործուն էր կղզիի  քաղաքականութեան մէջ: Բայց լեզուներու հանդէպ իր ունեցած սէրը զինք մղեց  երկրորդ ասպարէզ ունենալու: Ան ըսած է, որ կրցած է տիրապետել 100 լեզուներու եւ տարբեր մակարդակի տիրապետել 200-ին: Ան ժամանակ յատկացուցած է Սպանիայէն, արեւելեան Եւրոպայէն եւ Ռուսիայէն գրականութիւն եւ ժողովրդական երգեր թարգմանելով: Նահանգապետի որդին` Էտկար Ալֆրետ, իր հօրը հետեւելով, նոյնպէս դարձաւ թարգմանիչ, թէեւ բազմաթիւ լեզուներ չէր գիտեր:

Ժորժ Տումեզիլ (Կը կարդար եւ կը խօսէր աւելի քան 200 լեզու)

Ժորժ Տումեզիլ բանասէր էր Ֆրանսայէն: Ան  յայտնի էր առասպելագրութեան վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով: Հին լեզուներու հանդէպ ունեցած իր սիրոյ պատճառով ան կարողացաւ խոր հետազօտութիւններ կատարել` գործածելով տարբեր հիմնական սկզբնաղբիւրներ: Բացի քանի մը դասական լեզուներ սորվելէն` ան մինչեւ մահը կրցաւ կարդալ կամ խօսիլ աւելի քան 200 լեզու` տարբեր մակարդակի սահունութեամբ:

Էմիլ Քրեպս (Կը գրէր եւ կը խօսէր 68 լեզու)

Չինաստանի մասնագէտ եւ գերմանացի դիւանագէտ Էմիլ Քրեպս ունէր լեզուական ունակութիւններ, որոնք սովորականէն դուրս էին: Ան գրած եւ տիրապետած է 68 լեզուներու` լաւ տիրապետելով: Էմիլ նոյնպէս ուսումնասիրած է 120 լեզու եւս: Ան ունէր աւելի քան 3500 լեզուներով գիրքերու հաւաքածոյ, եւ անոնք այժմ կը պահուին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան գրադարանին մէջ: Էմիլ 1893 թուականին ղրկուած է` Փեքին որպէս թարգմանիչ, նոյնպէս աշխատած է որպէս գերմանական-չինական դիւանագիտական թարգմանիչ: Չինաստան գտնուելու ընթացքին ան սորված է այլ լեզուներ: Յատկանշական է, որ Էմիլ կը գործածէր իր սորված երկրորդական լեզուները` այլ լեզուներ ուսումնասիրելու համար: Սորված է` ֆիններէն, ռուսերէն, իրլանտերէն եւ հինտի անգլերէնի միջոցով, իսկ սպաներէնի միջոցով` պասքերէն:

Ֆերենց Քեմենի (Կը խօսէր 20 լեզու, կը գրէր 24  եւ հունգարերէնի կը  թարգմանէր 30 լեզու)

Այլ շատ յաջողած բազմալեզու մըն էր Ֆերենց Քեմենին, որ ծնած էր 1860 թուականին, Սերպիոյ մէջ: Հունգարացի լեզուաբանը կը հասկնար աւելի քան 40 լեզու: Ան կրնար խօսիլ 12 լեզու եւ գրել 24 այլ լեզուներ: Ֆերենց գնաց Շթուտկարտ, որովհետեւ կ՛ուզէր բարելաւել իր գերմաներէնի հմտութիւնները եւ ուսանիլ Փարիզի մէջ, քանի որ կը փափաքէր կատարելագործել ֆրանսերէնի իր հմտութիւնները: Ան նոյնպէս կը դասաւանդէր Հունգարիոյ որոշ նահանգներու մէջ: Ֆերենց Միջազգային ողիմպիական յանձնախումբի հիմնադիր անդամ էր: Բայց ան նաեւ թարգմանիչ էր, որ ժամանակին մեծ մասը անցուց հունգարական գրականութիւնը աւելի քան 17 լեզուներու թարգմանելով: Ան նաեւ կրնար 30 լեզուներէ հունգարերէնի` իր մայրենի լեզուին թարգմանել:

Բազմալեզուները արտասովոր անհատներ են ոչ միայն սորվելու, այլեւ քանի մը լեզուներ խօսելու եւ գրելու ունակութեամբ:

Նախորդը

Կրկնակի Յոբելենական Ծիրանը

Յաջորդը

Պատանիներ Արցախի Համար Առցանց Բ. Հանդիպում` Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?