Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ծայրագոյն արեւելքի պետութիւններու իշխանութիւններու, ընդհանրապէս ղեկավարներու մէկ կարեւոր հատուածին մասին առասպելանման պատմութիւններ կը պատմուին նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն: Հիւսիսային Քորէա, որ կը մերժէ ըլլալ Արեւմուտքին կամակատարը, կ՛ենթարկուի զանազան ճնշումներու եւ հարուածներու: «Թելեկրաֆ» թերթը ինք եւս մասնակցելով այդ արշաւին` վերջերս հրապարակեց այդ երկրի Առաջին քրոջ մասին յօդուած մը:
Ն.
Հիւսիսային Քորէայի Ամէնէն
Վտանգաւոր Կնոջ Բարձրացումը
Քիմ Եոնկ-Ընի քոյրը` Եօ-Եոնկ, որ, ըստ ոմանց, իսկական իշխանութիւնը ունի, ենթադրաբար ըլլալով ապագայ առաջնորդ, հրամայած է մահապատիժի ենթարկել պաշտօնատարներ, որոնք զինք ջղայնացուցած են:
9 փետրուար 2018-ին ամպոտ երկինքին տակ օդանաւը էջք կատարեց Հարաւային Քորէայի Ինչոն միջազգային օդակայան: Ներսը նստած էին 23 ճամբորդներ` հինգ պաշտօնատարներ, երեք լրագրողներ եւ մնացեալը` թիկնապահներ: Բայց մէկը ամէնէն կարեւորն էր բոլորէն:
Առաջին դէպքն էր, երբ Հիւսիսային Քորէայի իշխող գերդաստանի հիմնադիր Քիմ Իլ-Սանկի անմիջական ժառանգորդը հասաւ Հարաւային Քորէա, Քիմ Իլ-Սանկի կողմէ` 1950 թուականի յուլիսին հարաւ ներխուժումէն ի վեր:
Լուսանկարչական գործիքները, տեսախցիկները փայլատակեցին, որպէսզի տեսնեն հիւրերը: Օդակայանէն առաջինը դուրս եկաւ Քիմ Եոնկ-Նամ` Հիւսիսային Քորէայի առաքելութեան այն ժամանակուան 90-ամեայ անուանական ղեկավարը, որ նստաւ երկու սեւ ինքնաշարժներէն առաջինին մէջ: Ապա հիւսիսքորէացի բարձրահասակ տղամարդ թիկնապահի եւ հարաւքորէացի կին թիկնապահի ստուերին տակ, եկաւ փոքրակազմ կին մը` շուրջ 30 տարեկան:
Երբ ան կը քալէր դէպի երկրորդ ինքնաշարժը, անոր նայուածքը անշարժ էր, իսկ կեցուածքը` ուղղաձիգ, կարծես ան ամբողջովին հանդարտ էր գտնուելով նման պատմական պահու մը կեդրոնին:
Ան Քիմ Եոնկն էր` առաջնորդ Քիմ Եոնկ-Ընի քոյրը: Ըլլալով հանգուցեալ առաջնորդ Քիմ Եոնկ-Իլի 7 երեխաներէն ամէնէն երիտասարդը, ան մանկութենէն սիրուած էր` իր ծնողներուն կողմէ անուանուելով որպէս «քաղցր արքայադուստր Եօ-Եոնկ»: Բայց ի տարբերութիւն իր միւս եղբօր` Քիմ Եոնկ- Չոլի, որ իրական իշխանութիւն չունի, Քիմ Եօ-Եոնկ նաեւ փառամոլ էր:
Առնուազն 2014 թուականէն ան եղած է «գլխաւոր գրաքննող»` ղեկավարելով ազգի քարոզչութեան վարչութիւնը, որուն առաքելութիւնն է Հիւսիսային Քորէայի բնակիչները դաստիարակել պետական գաղափարախօսութեամբ:
Անոր դիրքը կառավարութեան մէջ կտրուկ աճած է 2018 թուականէն ի վեր, եւ ան վճռական դեր խաղացած է պետականութեան մէջ, ընդարձակած է իր գերդաստանին իշխանութիւնը` իր հօրմէն քաղած դասերով: Այդ ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի որոշ պաշտօնատարներ զինք անուանած են` «Սատանայ կինը»:
Հակառակ այս իրողութեան, մինչեւ Հարաւային Քորէա ճամբորդութիւնը, երկրէն դուրս քիչեր լսած էին Եօ-Եոնկի մասին:
Երկու օր, երբ խորհրդաւոր իշխանուհին կը մասնակցէր պաշտօնական նախաճաշերուն, ընդունելութիւններուն եւ Փիոնկեանկի մէջ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան, ան կը հիացնէր հարաւքորէացիները, հակառակ քալելէ, նստելէ, ձեռնուելէ եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսը անտեսելէ բացի, շատ քիչ բան ընելուն: Ան շատ քիչ կը ժպտԷր եւ յաճախ արհամարհական կը նայէր հարաւքորէացիներուն, որոնց շարքին` նախագահ Մուն Ժէ-Ընին:

Ան ոչ մէկ հրապարակային յայտարարութիւն ըրած է, ոչ մէկ հարցազրոյց տուած է: Միակ պահը, որ բացայայտեց, թէ ան իրականութեան մէջ բանի մը մասին կը մտածէ, բացման արարողութեան ժամանակ էր. երբ Միացեալ Նահանգներու մարզիկները մուտք գործեցին, բոլորը սկսան ծափել, մինչ ան նստած տեղը անշարժ մնաց, քիթը օդին մէջ, դէմքը` խոժոռ: (Այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա յարաբերութիւնները կը գտնուէին յատկապէս ցած մակարդակի վրայ, երբ Քիմ Եոնկ-Ըն նախագահ Թրամփին համար ըսած էր` «մտային խանգարում ունեցած Միացեալ Նահանգներու խռֆածը»):
Քիմ Եօ-Եոնկ նոյնպէս կը խուսափէր լուսանկարուելու արարողակարգերու ընթացքին զրուցելէ եւ լուռ կը նստէր, դէմքին` ոչ մէկ արտայայտութիւն, մինչ միւսները քաղաքավարի քանի մը բառեր կը փոխանակէին օդին մասին: Բայց եւ այնպէս, այդ 56 ժամուան ճամբորդութեան ընթացքին անոր մասին խօսեցաւ եւ գրեց ամբողջ երկիրը:
Մամուլի մեկնաբանութիւնը գագաթնակէտին հասած էր` սկսելով անոր պարզ, սեւ հագուստէն, ծաղիկի տեսքով ծամակալէն, որ անոր մազերը կը պահէր «անհեթեթ ոճով», մինչեւ անոր թանձր դիմայարդարումը, թէեւ ան սովորաբար առանց դիմայարդարումի կը ներկայանար:
Ի՞նչ կրնայ նշանակել այս: Մասնագէտներէն մէկը գրած է, որ անոր աչքի եւ յօնքի յարդարումը դրական նորութիւն է` նշան, որ ան լուրջ վերաբերած է իր առաքելութեան:
«Ան ոչ միայն գեղեցիկ է, այլեւ` քաղաքավար», ըսած է այլ մեկնաբան մը, օդակայանի պատուոյ հիւրերու դահլիճին մէջ նստելու շուրջը վիճաբանութենէն ետք: Սակայն իրենց ոգեւորութեամբ չկարողացան տեսնել, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը խաղցուի. հարաւքորէացի տանտէրերը Քիմ Եոնկ-Նամը հրաւիրած էին, որ նստի կեդրոնական բազկաթոռին, բայց ան նշան ըրաւ իշխանուհիին, որ հոն նստի: Իշխանուհին, ժպտելով ցոյց տուաւ, որ Քիմ Եոնկ-Նամ նստի: «Որքա՜ն բարեհամբոյր է ան», նշեցին հարաւքորէացի մասնագէտները` չնկատելով, որ Քիմ Եօ-Եոնկի պարզած մատները յարգանքի նշան չէին. իշխանուհին իր ենթակային կը հրահանգէր նստիլ:

Եթէ ան կ՛ուզէր իսկական յարգանք դրսեւորել, իշխանուհին երկու ձեռքերը իրարու միացուցած` նշան կու տար: Բայց փոքր տարիքէն յառաջացած անթափանցութիւնն ու ինքնավստահութիւնը համեստութիւն չեն յառաջացներ. այստեղ ան հանդարտ ամբարտաւանութիւն կը ցայտէր:
Անոր ճամբորդութեան ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը նախագահ Մունի հետ այցելութիւնն էր Կապոյտ տուն, նախագահական գրասենեակ եւ ապա` առանձնատուն, որուն յաջորդեց ճաշը: Ճիշդ հոս ան կը յանձնէ եղբօր անձնական նամակը` ճամբայ հարթելով Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու առաջնորդներու միջեւ պատմական հանդիպումներու:
Այն, որ այս նամակը փոխանցած է Քիմ Եօ-Եոնկ, այլ ոչ թէ Քիմ Եոն-Նամ` վեց տասնամեակներու կառավարութեան վեթերանը, որ վերջին 20 տարիներուն եղած է խորհրդարանի նախագահ, շատ բան կ՛ըսէր: Այդ Հիւսիսային Քորէայի քաղաքական մշակոյթի իւրայատկութեան պատկեր մըն էր, ուր պաշտօնական կոչումները յաճախ կը հերքեն իրական նուիրապետութիւնը, ե՛ւ նախարարներու ե՛ւ չորս աստղանի զօրավարներու կեանքերը կրնան կախուած ըլլալ շատ աւելի ցած աստիճանի իրական իշխանութիւն ունեցողի մը քմահաճոյքէն: Իսկապէս, Քիմ Եօ-Եոնկ, եթէ կ՛ուզէր, կրնար հրամայել մահապատիժի ենթարկել Քորէայի Աշխատաւորական կուսակցութեան 250 հոգինոց Կեդրոնական խորհուրդէն ոեւէ մէկը, բացի Քիմ Եոնկ-Ընէն:
Եօ-Եոնկի ծնողները իրենց դստեր կը դիմէին «Իշխանուհի» անունով, եւ ան մանկութենէն թագաւորական ընտանիքի առանցքն էր: Ճաշի ժամանակ ան կը նստէր հօրը ձախ կողմը, իսկ մայրը` անոր աջ կողմը: Ան ուժեղ կամքի տէր աղջիկ մըն էր: Տակաւին ոչ «երկաթեայ կամքով», բայց` վճռական եւ յամառ: Ան նոյնիսկ ընտանիքին կ՛ընկերանար արտասահմանեան ճամբորդութիւններու ժամանակ:

Երբ մայրը մահացաւ 2004-ին, Եօ-Եոնկ միայն 16 տարեկան էր: Բայց ան արդէն պատրաստուած էր իր ապագային համար: Երկու եղբայրներուն եւ անոր սորվեցուցած էին ինչպէս վարուիլ թագաւորական ընտանիքի նման:
Շուտով ան կ՛աջակցէր հօրը կարեւոր հանդիպումներուն մէջ, եւ երբ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն այդ օգոստոսին կարճատեւ այցելութեամբ հասաւ Փիոնկեանկ, տակաւին 22-ամեայ Քիմ Եո-Եոնկ օդակայանը զինք կը սպասէր:
Այդ հանդիպումը յստակ պատկերացում մը կու տայ անոր ղեկավարութեան ոճին մասին. անտեսելով նախկին նախագահը եւ նոյնիսկ ինքզինք չներկայացնելով` ան անմիջապէս մօտեցաւ Քլինթընի օգնական Տակ Պենտի եւ անգլերէնով հարցուց, թէ արդեօք Պենտ ունի՞ իրեն յանձնելիք որեւէ փաստաթուղթ. շնորհակալագիր մը նախագահ Օպամայէն, որ խոստացած էր իր հօրը երկու ամերիկացի պատանդներու ազատ արձակման դիմաց: Չկար ջերմութիւն, ան միայն կը գործէր:
Դեկտեմբեր 2011-ը Քիմ Եոնկ-Իլ մահացաւ եւ անոր կրտսեր որդին, որ տակաւին 20 տարեկան էր, Գերագոյն առաջնորդ եղաւ, բայց սկիզբէն իսկ քոյրը անոր կողքին էր` յաճախակի ընկերանալով անոր պաշտօնական այցելութիւններու ատեն` խարիսխներ, գործարաններ, թանգարաններ, ագարակներ, մանկամսուրներ եւ միջուկային հրթիռներու կայան:

Նոյեմբեր 2012-ին, այն ժամանակ 25-ամեայ Քիմ Եո-Եոնկ ցուցադրուեցաւ հանրութեան սպիտակ ձի հեծած իր հօրաքրոջ` Քիմ Քիոնք-Հուի հետ, որ աւելի քան երկու տասնամեակ ղեկավարած է կուսակցութեան լոյսի ճարտարարուեստի բաժանմունքը: Երկուքին ալ գլուխներուն վրայ պատկերուած էր հինգ թեւանի արծաթէ աստղ մը, որ Քիմ գերդաստանի եւ անոր ղեկավարած ազգի խորհրդանիշն էր: Թելադրութիւնը պարզ էր. Քիմ Եո-Եոնկի պաշտօնական դերը կը նախատեսուէր ընդարձակել:
Հօրեղբօր առաջարկով Քիմ Եո-Եոնկ նոյնպէս միացած էր 50 անձերէ բաղկացած դասարանին, որ յատուկ ստեղծուած էր անոր համար համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ, ուր անոր դասընկերները մագիստրոսի եւ դոկտորականի ուսանողներ էին: Դասընթացքը տեւած է վեց ամիս: Ան շատ վարժ կը գործածէր համակարգիչը` երկու պաստառ միաժամանակ հմտօրէն մեքենագրելով: Դասընթացքը նախատեսուած էր, որպէսզի իւրացնէ գիտելիքները, բայց անիկա նաեւ միջոց էր` հանդիպելու ապագայ ամուսինին, որմէ ունեցաւ երկու զաւակ:
2014-ի դեկտեմբերին Քիմ Եո-Եոնկ կը ղեկավարէր PAD-ը` աշխատելով «Քիմ Եէ-Եոնկ» կեղծանունով. հայրը նոյնպէս կը ղեկավարէր վարչութիւնը, երբ զայն կը պատրաստէին իշխանութեան:

Ան ստանձնեց աւելի հզօր դերեր` բանակին եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Տեսականօրէն ան կրնար որոշել, թէ ո՛վ պիտի պաշտօնազրկուի, ո՛վ մահապատիժի պիտի ենթարկուի:
Քիմ Եոնկ-Ըն 2021 թուականին իր քոյրը նշանակեց Պետական գործերու յանձնախումբի գերագոյն ղեկավար:
Ան անցած է կեանքին սպառնացող զուտ սպառնալիքներէն այն կողմ: Կը հաղորդուի, որ ան հրամայած է մահապատիժի ենթարկել պետական քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որովհետեւ անոնք պարզապէս զինք ջղայնացուցած են:
Քիմ Եօ-Եոնկի պաշտօնը պետութեան ղեկավարի պաշտօնը չէ, բայց ան Քիմ Եոնկ-Ընի շրջապատէն միակ անձն է, որ ունի անոր ամբողջական վստահութիւնը եւ կրնայ որեւէ պահու մօտենալ անոր: Պետականութեան հարցերուն մէջ ոչ մէկ այլ անձ նման դիւրին կապ ունի Գերագոյն առաջնորդին հետ: Եւ անոր օրով Քիմ Եօ-Եոնկի իշխանութիւնը միայն աճած է:
Համաճարակը արագացուց անոր իշխանութիւնը` անկասկած աւելցնելով ճնշումը իրաւայաջորդութեան ծրագիր մշակելու համար, եթէ Քիմ Եոնկ-Ըն անկարող դառնայ: Ան, ի վերջոյ, առողջ չէ եւ կը տառապի սրտի հիւանդութենէ, շաքարախտէ եւ գիրութենէ, ինչպէս` հայրն ու մեծ հայրը:
Քիմ Եօ-Եոնկ բնական ընտրութիւն կը թուի նոյնիսկ տղամարդոց կողմէ գերակշռուող հասարակութեան մէջ: Քիմ Եօ-Եոնկ, անշուշտ, լաւագոյնս պատրաստուած է ջահակիր ըլլալու: Վերջին երեք տարիներուն ան մնացած է իր երկրի գլխաւոր գրաքննիչը, մամլոյ բանբերը, ծաղրողն ու սպառնալիքներ եւ չարիք տարածողը` երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ձեռքին տակ ունենալով եւ անկաշկանդ հաղորդակցելով միջուկային կոճակները կառավարող եղբօրը հետ:
Քանի որ անոր ուժը կ՛աճի եւ անոր անողոքութեան մասին պատմութիւնները կը տարածուին, վտանգաւոր կ՛ըլլար գերագնահատել իշխանուհիին բարի կամեցողութիւնը: Եղբօրը որոշումով ան կը ստանձնէ այս յատուկ իշխանութիւնը յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին` որպէս անոր տեղակալ կամ, թերեւս օր մը որպէս իր ազգի պատմութեան առաջին կին Գերագոյն առաջնորդը: