Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերադարձը միշտ կարելի է, երբ հաւատքը կայ եւ կ՛ապրի: Ամազոնի բնիկ ցեղախումբ մը կը վերատիրանայ իր հողերուն: Ինչպէ՞ս բարի նախանձով չնայինք անոնց, երբ մեր դարաւոր հողերուն վերատիրանալու փոխարէն, կը կորսնցնենք մեզի մնացած քիչը: Թայմզ թերթի կայքի յօդուածը կ՛անդրադառնայ դրական երեւոյթի մը:
Ն.
Տարիներ շարունակ թալանուելէ ետք, Ամազոնի բնիկներու հողերու մէկ մասը կը վերահաստատուի «Հոգատար ընտանիք հիմնադրամ»-ին օգնութեամբ:
Մարիա Նուկինին ցոյց կու տայ իր նկարը ամսաթերթի մը մէջ: Լուսանկարին մէջ ան կը կրէ խոտէ կազմուած կիսաշրջազգեստ, փետուրով գլխազարդ, երեսը ներկուած, դէմքը` դէպի խորհրդաժողովի կեդրոն, ուր հաւաքուած են պաշտօնական տարազներով տղամարդիկ:
«Անոնք փորձեցին զիս դուրս շպրտել, բայց ես իրաւունք ունէի հոն ըլլալու», – կ՛ըսէ 50-ամեայ ուսուցչուհին` ձեռքերը իրարու սեղմած խոհանոցի սեղանին վրայ, պողպատեայ արտայայտութեամբ:
Այս դէպքը 2015 թուականին էր, եւ ան լքած էր իր բնիկ արգելոցը Ամազոնի անձրեւային անտառի հեռաւոր հատուածին մէջ, ճամբորդելով աւելի քան 3000 քմ.` Ռիօ տէ Ժանէյրօ, ներկայ գտնուելու կազի ճարտարարուեստի խորհրդաժողովին:
Ան այդ կ՛ըսէ ինծի, երբ մենք նստած ենք կոկիկ փայտէ պանկալոյի մէջ, զոր ան կը կիսէ իր ամուսինին` Փաուլոյի հետ, որ բնիկ Նուկինի ցեղի ղեկավարն է պրազիլիական Ամազոնի հեռաւոր արեւմտեան անկիւնը` Փերուի սահմանին մօտ:
Դուրսը ծաղկած ծառերը գրեթէ կը ծածկեն պատուհանները: Փաուլոն կը բանայ քարտէզը սեղանին վրայ: «Անոնք կ՛ուզէին աճուրդի հանել մեր հողերը կազի կամ նաւթի հորատումներու համար», կ՛ըսէ ան` մատը պտտցնելով Նուկինիի արգելոցով սահմանագծուած 35 հազար հեկտար անձրեւային անտառին վրայ:
«Կազի բազմազգ բոլոր ընկերութիւնները հոն էին», կը բացատրէ Մարիան, Ճուլիանա Այրոսայի միջոցով, որ կ՛աշխատի «Հոգատար ընտանիք հիմնադրամ»-ին մէջ իբրեւ մեր թարգմանիչը: «Անոնք ինծի թոյլ տուին խօսիլ միայն վայրկեան մը: Յետոյ խօսափողս անջատեցին: Այդ պատճառով ալ ես ստիպուած պոռացի»:
Նոյնիսկ Պրազիլի նախկին նախագահ Պոլսոնարոյի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանէն ետք, նոյնիսկ Լուլա տա Սիլվայի նոր կառավարութեան օրով, որ կը խոստանայ հակադարձել անցեալ տասնամեակի արեւադարձային անտառներու մրցանշային քանդումներուն, Ամազոնի մէջ ամէն բան փոխելու համար խիզախութիւն կը պահանջուի: Յատկապէս հոս` Ակրէի մէջ, որ փոքր, մեկուսացած, հեռաւոր նահանգ մըն է, պրազիլական ասացուածք մը կայ. o Acre não existe (Ակրէ գոյութիւն չունի):
Բայց Ակրէն գոյութիւն ունի եւ Ակրէն կարեւոր է:
Երկրի մը մէջ, ուր ֆութպոլի դաշտերու չափով 3000 արեւադարձային անտառներ օրական կ՛ոչնչացուին, կարեւոր է, որ բնիկ տարածքներու մէջ անտառահատումներու մակարդակը 11 անգամ ցած է: Կարեւոր է, որ բնիկներու հողերու 94 առ հարիւրը կը գործէ որպէս կենսական բնածուխի հոսք, մինչ ոչ բնիկ Ամազոնի հողերը այժմ ջերմոցային կազերու զուտ արտանետող են:
Այստեղ` Ակրէի Ճուրուա հովիտին մէջ, Մարիան կազի գիտաժողով այցելութենէն շատ առաջ գիտէր, որ անտառը կարեւոր է, իր ցեղախումբը կարեւոր է, որ երկուքը այնքան կապուած են իրարու, որ մէկը չի կրնար գոյատեւել առանց միւսին:
«Հայրս միշտ կ՛ըսէր, որ մենք պէտք է պաշտպանենք անտառը: Եթէ անտառը վերանայ, մենք կ՛անհետանանք», կ՛ըսէ Մարիա: Ան ջղային է, երբ կը խօսի այդ գիտաժողովին մասին, բայց անոր ձայնը կը մեղմանայ, երբ ան կը խօսի անտառին մասին:
Մենք կը քալենք խոտածածկ լանջով անոնց տունէն մինչեւ առուակը, որ կը հոսի անոնց սեփականութեան երկայնքով, եւ Փաուլոն մատնացոյց կ՛ընէ միւս կողմը գտնուող անհանգիստ անձրեւային անտառը` պաշտպանուած ազգային արգելոցը, որուն քարտէզագրութեան ան օգնած է 30 տարի առաջ:
Մարիային դէմքին վրայ ժպիտը կը վերագծուի, երբ մենք կը նայինք անտառին, որ կարծես դուրս կու գայ մանկական պատկերազարդ գիրքէն, ուր կան մշուշածածկ պատեր, բարձր հսկաներ եւ խճճուած ծառեր, որոնց ճիւղերը կ՛իջնեն գետին մէջ: Թռչունները կը ճուճուան, ճպուռները եւ գորտերը կը կռկռան:
Հակառակ կողմը երբ նայիք, տեսարանը շատ տարբեր է` աւելի լուռ, աւելի չոր, արեւակէզ:
Մարիան եւ Փաուլոն կը բնակին անասուններու հին ագարակի մը մէջ, եւ անոնց հողը ծանօթ պատմութիւն մը կը յուշէ:
Անասնապահները ներս մտան, կոտրեցին ծառերը եւ հրկիզեցին մնացեալը: Նուկինի ցեղախումբի անդամները դարձան պայմանագրային աշխատաւորներ, առանց անտառներու: Մերկ հողը մոխիրի վերածուեցաւ, դատարկուեցաւ իր սննդանիւթերէն:
Դարձուցէ՛ք ձեր գլուխը աջ եւ կը տեսնէք կենդանի, շնչող անձրեւային անտառ: Նայեցէ՛ք ձախ եւ կը տեսնէք հրկիզուած հող, ցանցառ խոտով եւ քանի մը ծառերով. այն բոլորը մնացած էին բնիկներուն: Անոնք երկրագործութեամբ չեն զբաղիր:
Ուշադիր նայեցէ՛ք եւ կը տեսնէք, որ անիկա կը փոխուի: Այստեղ երիտասարդ պանանի ծառերու շարքը կը բարձրանայ լանջով, իսկ այնտեղ, տան կողքին, նոր տնկիներու տնկարանն է:
Մարիան տարիներ շարունակ կը հաւաքէր իր համայնքը` վերակենդանացնելու իրենց մշակոյթը, համոզելով միւս ուսուցիչները` նուկինի լեզուն ներառելու իրենց դասերուն մէջ, խնդրելով իր դրացիներէն իրենց աւանդական զգեստները գործածել պաշտօնական առիթներու եւ հանդիպումներու համար: Եւ ան ուշադրութեան առարկայ դարձուց Ակրէի իր հեռաւոր անկիւնը, լոպիինկ ընելով պրազիլիական Էս.Օ.էս Ամազոնիա քաղաքացիական կազմակերպութեան, որպէսզի գայ եւ օգնէ անոր վերականգնելու քանդուածը եւ պաշտպանելու այն, ինչ որ անհրաժեշտ է:
Մարիան ինծի ցոյց կու տայ տնկարանի նոր բոյսերը` կիտրոններ, արմաւենիներ, պանաններ եւ այլն, կոկիկ շարքերով: Ան կը յուսայ, որ այդ տնկիները կը ծառայեն տարածքի անտառի վերականգնման եւ բնիկներու եկամուտներու աճի զոյգ նպատակներուն:
Էս.Օ.Էս. Ամազոնիան կը կատարէ հողի պատուաստում, իսկ զայն կը տնտեսէ «Հոգատար ընտանիք հիմնադրամ»-ը: Եւ այո՛, այդ միլիառատէր Ռիչարտ Քարինկն է, Մէյֆերի (Լոնտոնի կեդրոնին մէջ) Ivy and Annabel’s-ի սեփականատէրը :
Քարինկ հարաւային Ամերիկայի այս հեռաւոր անկիւնին կապողը, անոր կինն է` Փաթրիսիան, որ ծնունդով պրազիլուհի է եւ, ըստ ամենայնի, որոշումներ կայացնողը, երբ խօսքը կը վերաբերի իրենց բարեգործական նուիրատուութիւններուն, որոնք կը ներառեն բազմամիլիոննոց «Հոգատար ընտանիք հիմնադրամ»-ը: Երբեք տեսա՞ծ էք Annabel’s-ը սեպտեմբերին, երբ Պըրքլիի հրապարակի անկիւնը կը վերածուի խռովարար անձրեւային անտառի, հանգանակութեան համար, հոն է, նոյնիսկ եթէ այդ վայրը միլիոնաւոր քիլոմեթրներ հեռաւորութեան վրայ է (երեք թռիչք, երեք ժամ ինքնաշարժով եւ չորս ժամ նաւով):
«Մենք երկու տարի փնտռեցինք ճիշդ գործընկեր», կ՛ըսէ «Հոգատար ընտանիք հիմնադրամ»-ի տնօրէն Քեթի Պիչինկ, որ եկած է, որպէսզի անձամբ տեսնէ նախագիծը: «Էս.Օ. Էս. Ամազոնիան ճշդած է ծրագիրը», կ՛ըսէ ան: Անոնք միասին արդէն տնկած են մէկ միլիոն ծառ, իսկ նշեալ հիմնադրամը պարտաւորուած է տնկել մէկ միլիոն եւս մինչեւ 2024 թուականի մարտը:
Գաղափարը բաւական պարզ է. վնասուած հողերուն համար գիւղերուն, աւաններուն տրամադրել օգնութիւն, գիտելիքներ, սարքեր եւ մշակելի բոյսեր, զորս անոնք կրնան վաճառել: Այսպիսով, մահոգանին եւ քաքաուի, կրնան գոյատեւել cocoa-ի, սուրճի եւ ձգախէժի, քաուչուի հետ:
Բոյսերը օգուտ կու տան իրարու` ստեղծելով տեսակ մը անտառային խոհանոցի պարտէզ, որ կը վերականգնէ հողը, մթնոլորտէն բնածուխը կ՛անջատէ եւ ամէնէն կարեւորը` կ՛ապահովէ ապրուստը: Էս.Օ.Էս. Ամազոնիան ապա կը գտնէ ապրանքները գնողներ, եւ այս կը նշանակէ, որ նոր եկամուտը չի սպառիր:
«Անիկա աւելի կայուն կը դարձնէ», – կ՛ըսէ Պիչինք: «Անիկա պէտք է շուկայական իմաստ ունենայ գիւղերու, աւաններու համար: Այդ մէկ քարով երկու թռչուն կը սպաննէ»: Խօսքը միայն ծառերու մասին չէ, այլ նաեւ` մարդոց:
Աւելի ուշ նամակ մը ստացայ Փաթրիսիա Քարինկէն: Ան համաձայնութիւն կը յայտնէ. «Անտառի վերականգնման մեր աշխատանքը աւելին է, քան ծառատունկը: Մեր աշխատանքը հիմնականին մէջ կանանց եւ երեխաներուն աջակցիլն է: Էս.Օ.Էս. Ամազոնիայի հետ մենք կը խրախուսենք կանանց կողմէ ղեկավարուող մօտեցումը` ծառեր տնկելու, կայուն սնունդի եւ եկամուտի համար, միաժամանակ վերականգնելով Ամազոնը»:
Այստեղ` Նուկինիի հողին մէջ, նախագիծը դեռ նոր կը սկսի: Բայց Ամազոնաս նահանգի Նովօ Հորիզոնթէի մէջ, Էս.Օ.Էս. Ամազոնիան արդէն կ՛աշխատի հինգ տարի է` տնկելով 300 հազար ծառ 7 աւաններու մէջ:
«Անոնք նախապէս կ՛ապրէին օրը օրին` ձկնորսութիւն կ՛ընէին, երբ կրնային, կ՛ապաւինէին կառավարութեան յատկացումներուն եւ կը գործածէին անտառը, բայց ոչ կայուն», – կ՛ըսէ գիւղապետ Օսմիր:
Այժմ անոնք քաքաու կ՛աճեցնեն անտառին մէջ, որ իր տան պարտէզին մօտ է, ուր կան բարձրահասակ ծառերը, թանձր ցեխն ու մոծակներու պարսերը: Յետոյ, Էս.Օ.Էս. Ամազոնիայի միջոցով անոնք լուբիաները կը վաճառեն Լուիզա Ապրամին` մրցանակակիր տուրմի վաճառանիշին, որ սալիկները կը ծախէ 13 տոլարով: Անոնք նոյնպէս կը քաղեն մուրումուրու ընկոյզներ, զորս անոնք կը վերածեն գեղեցկագիտական կարագի եւ կը ծախեն Lush եւ Natura Brasil գեղեցկութեան վաճառանիշերուն:
Օսմիր քնքշօրէն կը խօսի ծառերու մասին. սածիլը պէտք է տնկել «օրօրոցին մէջ». նոր բոյսերը պէտք է «խնամուին». երբեմն, սածիլի շուրջ 10 առ հարիւրը «կը մահանայ»: Ան կը ճամբորդէ մօտակայ գիւղեր` տարածելու լուրը եւ ցոյց տալու անոնց, թէ ինչպէս պէտք է անտառապատել իրենց հողը, միաժամանակ դրամ շահիլ:
Մարիան անհետացաւ փոխելու համար հագուստը, եւ դրացիները սկսան գալ, առաւօտեան արեւու լոյսին տակ, շրջագայելով ծառերուն միջեւ, ոմանք շորթերով եւ շապիկներով, միւսները` խոտածածկ կիսաշրջազգեստով եւ փետրաւոր գլխազարդերով, ուսապարկերով եւ դպրոցական պայուսակներով, որոնց վրայ կային ուլունքներու թելեր:
Մարիան կրկին կը յայտնուի իր աւանդական տարազով, ընթրիքի ժամանակ: Բոլորը կ՛ողջագուրուին եւ կը հաւաքուին բացօթեայ սեղաններու շուրջը` սուրճ խմելու, հանելով վառ կանաչ եւ կապոյտ փետրաւոր գլխազարդերը եւ նորոգելով իրարու դէմքի ներկը:
Կանաչ գլխազարդով տղամարդ մը ինձմէ սելֆի կը խնդրէ, յետոյ կը նստի եւ կիթառով ժողովրդական քանի մը մեղեդի կը նուագէ: Աղջիկները բջիջայինով կը լուսանկարեն զիրար (բոլորն ալ հեռաձայն ունին), շրթունքը կարմիր ներկած` որպէսզի համապատասխանեն իրենց մազերու փետուրներուն: Երեխաները կը նային իրենց մայրերու ոտքերուն ետեւէն, քաշելով անոնց փոքր գլխազարդերը եւ դիտելով այցելող «կրինկոները», օտարները:
Մեզ հրաւիրեցին նորակառոյց շինութիւն մը, որ Մարիան յոյս ունի օր մը բանալ զբօսաշրջիկներու համար, իսկ երեխաները յատակին կը նստին, որպէսզի նկարեն ամազոնեան անտառի անասուններու` վագրերու, թութակներու, տարօրինակ դեղին շուներու նկարները եւ ըսեն իւրաքանչիւրին նուկիներէն անունը:
Երկու տարեց կիներու տեղեր կը յատկացուին այդ բոլորը դիտելու համար: «Զիս գրադարան անուանած էին», քմծիծաղով կ՛ըսէ մէկը: Անոր նուկինեան լեզուն սորվեցուցած է մայրը: «Երբ կառավարութենէն ետ ստացանք մեր հողը, սկսան վերադառնալ մեր երգերը, պատմութիւններն ու արհեստները», կ՛ըսէ ան:
Անմիջապէս Մարիան եւ անոր ուսուցիչ ընկերները կը հաւաքեն բոլորը շրջանակի մը մէջ, ուր անոնք իրարու ձեռք կը բռնեն եւ կ՛երգեն աւանդական Նուկինի երգը, իւրաքանչիւրը զգացական խօսք մը կ՛արտասանէ` շնորհակալութիւն յայտնելով Էս.Օ.Էս. Ամազոնիային եւ «Հոգատար ընտանիք հիմնադրամ»-ին : Արցունքներ կան բոլոր կողմերէն:
Բայց վերադառնանք կազի խորհրդաժողովին: Ի՞նչ պատահած է: Մարիան կրկին ջղային է: «Որոշ մարդիկ ոտքի կանգնեցան եւ դուրս եկան, մինչ ես կը խօսէի: Յետոյ կազի ընկերութիւնները քաշուեցան: Մենք յաղթեցինք»: Մեծ ժպիտ:
Երբ մենք կը պատրաստուինք երկար նաւով ճամբորդել դէպի քաղաք, ես Մարիային կը հարցնեմ, թէ, ըստ իրեն, ի՞նչ պիտի ըլլայ երկարատեւ հեռանկարին մէջ: Ան ձեռքը կը դնէ աչքերուն: «Ապագան անոնցն է», կ՛ըսէ ան խոր շունչ մը քաշելով եւ ձեռքով ցոյց տալով երեխաները:
Յուսամ անոնք ունին Մարիային կամքը: Իր մատէն կը հանէ փայտէ մատանին եւ զայն կ՛անցընէ իմ մատներէս մէկուն: Կրկին կայ այդ պողպատեայ արտայայտութիւնը. «Մենք հիմա կապուած ենք: Դուք կապուած էք ինծի, իսկ ես` անտառին»,- կ՛ըսէ ան: «Յիշէ՛ մեզ»:
Կարծես կրնար որեւէ կասկած ըլլալ: