Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդոց կը ստիպեն, որ կռուին, զիրար սպաննեն, երկիրներ քանդեն, մինչ անդին բնութիւնը իր գեղեցկութեամբ եւ բազմաթիւ առեղծուածներով մեծ գոհացում կրնայ շնորհել բոլորին: Կը ներկայացնենք «Թրեվըլ» կայքին մէջ վերջերս հրապարակուած երկու յօդուածներ:
Ն.
Մեղալայայի Խորհրդաւոր Մենաքարերը
(Մոնոլիտ)
Հարիւրաւոր կանգուն քարեր` շուրջ 8 մեթր բարձրութեամբ, պահապաններ են Մեղալայայի Նարտեանկ քաղաքին մէջ, իրենց ծագումով պարուրուած հրաշալի աւանդական պատմութեամբ: Մինչեւ տասնամեակ մը առաջ Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը, ներառեալ Մեղալայա նահանգը, ճամբորդներու համար կը նկատուէր չափազանց հեռաւոր վայր մը:
Այսօր այն երկրի ամէնէն պահանջուած ուղղութիւններէն մէկն է, այնքան որ զբօսաշրջիկներու հեղեղը յաճախ երթեւեկի աննախընթաց խճողում կը ստեղծէ:
Ուղեւորի մը համար միօրեայ ճամբորդութիւն է նահանգի մայրաքաղաք Շիլոնկէն մեկնիլը դէպի Չերապունճի, քաղաք մը, որ յայտնի է իբրեւ երկրագունդի ամէնէն խոնաւ վայրերէն մէկը:
Բայց եւ այնպէս, ինքնաշարժներու օձային հերթը, որ նոյնպէս կ՛ուղղուի դէպի այնտեղ եւ դէպի այլ հանրածանօթ ուղղութիւններ, քայլ առ քայլ կը շարժի, ստուգելով ուղեւորին համբերութիւնը իւրաքանչիւր անցնող վայրկեանին ընթացքին:
Արագ առցանց որոնումը կը բացայայտէ Շիլոնկի մօտ գտնուող այլ վայրեր, որոնք պարտադիր պէտք է այցելել: Շատեր ծանօթ են, բայց հետաքրքրական նոր անուն մըն ալ կը բացայայտուի:
«Այցելեցէ՛ք Նարտեանկ, անոր առեղծուածային մենաքարերուն համար», կը նշէ ցուցակներէն մէկը` հետաքրքրութիւն ստեղծելով «առեղծուածային» անկիւնը իրարու քով կանգնած բարձր քարերու ահաւոր տեսք ունեցող լուսանկարով, չներկայացնելով այլ մանրամասնութիւններ:
«Կուկըլ» քարտէսի օգնութեամբ այցելուն կը յայտնուի Նարտեանկի հսկայ մենաքարերու ստուերին մէջ: Թէեւ նման կառոյցներ, որոնք մօտաւորապէս փորագրուած են կրանիթի առանձին կաղապարներու ուղղաձիգ սիւներու կամ հորիզոնական սալերու մէջ, կը գտնուին Մեղալայայի զանազան վայրերուն մէջ, Նարտեանկը շրջանի ամէնէն խիտ եւ խոշոր հաւաքածոն է:
Երբ կը մտնէք այդ վայրը, փոքր բլուրի մը վրայ կը տեսնէք քանի մը հարիւր տարբեր չափերու մենաքարեր: Անոնցմէ ոմանք տապալած են, միւսները` կանգուն, հսկայ ծառերու կողքին, կը պայքարին ուշադրութիւն գրաւելու համար:
Յաւերժ մշուշը տարածուած է այդ վայրին մէջ` աւելցնելով առեղծուածային մթնոլորտը: Շրջանը անբնակ է, այնտեղ կայ միայն տեղեկատուութիւն տրամադրելու համար փոշոտ ցուցանակ մը:
Թուարկուած քանի մը փաստերէն մէկը կը գրաւէ ձեր ուշադրութիւնը. «Ամէնէն բարձր հնակոթողը (մենհիր) ունի ութ մեթր բարձրութիւն եւ 46 սմ հաստութիւն: Ըստ Ճայնթիայի առասպելի` այդ տեղադրած է Մար Ֆալինկի հսկան»:
Գիւղապետ Մարիօ Սիմպլայ կ՛ըսէ, որ մենաքարերու պատմութիւնը բանաւոր փոխանցուած է սերունդէ սերունդ:
«Նախապէս Նարտեանկը շուկայ չունէր, իսկ ամէնէն մօտը Ռալեանկ քաղաքին մէջն էր: Այսպիսի շուկայի օր մը, Մար Ֆալինկի անունով Ճայնթիայի հսկան վերադառնալու ատեն տեղատարափ անձրեւի կը բռնուի: Ան հովանոց կը խնդրէ Ռալեանկի պետի կրտսեր աղջիկէն, բայց ան կ՛ուզէ փորձել հսկային ուժը: «Ինչո՞ւ շուկայի այդ հսկայ քարը չես բարձրացներ եւ իբրեւ հովանոց չես գործածեր, կը հեգնէ աղջիկը: Անոր մարտահրաւէրէն համարձակութիւն ստանալով, հսկան ճիշդ այդպէս ալ կ՛ընէ, բայց մինչեւ Նարտեանկ հասնիլը, այն կը ձգէ անտառին մէջ, երբ անձրեւը դադրած էր», կը պատմէ Սիմպլայ:
«Մեր նախնիները այսօրուան միջին մէկուկէս մեթրնոց տղամարդիկ չէին, անոնք այն ժամանակ բաւական հսկայ էին», լուրջ կ՛աւելցնէ ան: «Մար Ֆալինկին յայտնի էր, որ աւելի քան երկու մեթր հասակ ունէր եւ Սիեմ` պետ էր. պատուոյ կոչում, որ կը շնորհուի ուժեղ, հզօր եւ ազնիւ պետական գործիչներուն»:
Բայց ինչպէ՞ս այսքան մենաքարեր յայտնուած են վայրի մը մէջ: Ըստ Սիմպլայի, քարին քովէն անցնող մարդիկ կրնային լսել այնպիսի աղմուկներ, ինչպէս բանուկ շուկայի ձայնը:
Որոշուեցաւ, որ այդ քարը սուրբ է, իսկ շրջակայքի անտառը պէտք է մաքրել շուկային համար: Աւելի շատ նման մենաքարեր բերուեցան վայրը գեղեցկացնելու համար:
Հեքիաթը ցոյց կու տայ, որ այս հնագոյն մենաքարերը շատոնց մեծ նշանակութիւն ունեցած են տեղացիներուն համար:
Ճայնթիա ժողովուրդը եւ քարերը
Ճայնթիափուրի թագաւորութիւնը մատրիլինեան թագաւորութիւն էր, որ կը տարածուէր ներկայիս Պանկլատեշի Սիլհեթ գաւառէն մինչեւ Մեղալայա բլուրները, եւ կ՛ենթադրուի, թէ ժողովուրդը եղած է բացառիկ բարձրահասակ եւ ուժեղ, թէեւ պաշտօնական ապացոյց չկայ:
Նկատի առնելով իր զով կլիման եւ բլուրներուն մէջ կատարեալ դիրքը, Նարտեանկը ծառայած է իբրեւ Ճայնթիափուր թագաւորութեան ամառնային մայրաքաղաքը, իսկ մենաքարերը կառուցուած են 1500-էն մինչեւ 1835 թուականներուն:
Մեղալայայի մենաքարերը, ներառեալ Նարտեանկը, կրնան ծառայել որպէս դամբարաններ: Ըստ ոմանց, Մեղալայայի Խասի եւ Ճայնթիա ժողովուրդները եւ Ասամի նակաները տեղադրած են առանձին կանգնած քարեր կամ քարերու շարուածք` ի պատիւ մահացածներու:
Մինչեւ քրիստոնէութեան գալուստը 19-րդ դարու սկիզբը բրիտանական տիրապետութեան տակ, ճայնթիացիներու մեծ մասը հինտուներ էին, եւ այս կը նշանակէր, որ անոնց մահացածները դիակիզուած էին: Մահացածի մոխիրը կարծրացուցած են եւ տեղադրած առանձին կանգնած քարերու մէջ:
Հորիզոնական հարթ քարերը կամ տոլմենները նախատեսուած էին կիներուն համար, իսկ ուղղաձիգները կամ մենհիրները` տղամարդոց համար: «Բայց եւ այնպէս, Նարտիանկը կը մնայ հետաքրքրական, քանի որ չկայ ճշգրիտ ապացոյց, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ այս մենաքարերու այդքան մեծ խումբը յայտնուած է մէկ վայրի մէջ»:

Հաւանաբար ամէնէն բարձր քարը կանգնեցուած է տոհմի կարեւոր ոեւէ մէկուն համար, իսկ մնացածը քանի մը սերունդներու ընթացքին աւելցած է այլ անդամներու համար: Կայքը աստիճանաբար վերածուած է շուկայի, եւ քարէ սալերը գործածուած են իբրեւ կրպակներ` ապրանքներ ցուցադրելու եւ վաճառելու համար, կամ նստելու եւ հանգստանալու:
Մենաքարերը կը շարունակէին կարեւոր դեր խաղալ հասարակութեան մէջ, նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ թագաւորութիւնը սկսաւ կորսնցնել իր իշխանութիւնը գաղութատիրութեան գալուստով:
1800-ականներու սկիզբը, Պենկալի մէջ իր դիրքը հաստատելէ ետք, բրիտանական Արեւելեան հնդկական ընկերութիւնը կը ցանկար ընդլայնել իր հողային եկամուտներու տարածքները: Անոնք սկսան աւելի ուսումնասիրել արեւելեան շրջանները եւ եկան Սիլհեթի մէջ գտնուող Ճայնթիապուր թագաւորութեան վրայ: Տարածքը վերահսկողութեան տակ առնելու իրենց փորձերուն ծիրին մէջ բրիտանացիները 1835 թուականին աքսորեցին Ճայնթիապուր ռաճան (արքայ) դէպի հիւսիսային բլուրներ: Ռաճան ընտրեց իր ամառնային մայրաքաղաք Նարտեանկը` հիւսիսային բլուրներու խորքը` իբրեւ իշխանութեան նոր նստավայր եւ շարունակեց իր քաղաքական գործերը այնտեղէն:
Նարտեանկի քաղաքական նշանակութիւնը մեծցաւ, երբ Ճայնթիայի թագաւորը ստիպուած եղաւ հրաժարիլ իր աթոռէն Սիլհեթի հարթավայրերուն մէջ:
Մենաքարերով տարածքը նոյնպէս նշանաւորուեցաւ տարբեր միջոցառումներու համար, ինչպիսիք են ռաճասի թագադրումը կամ դատական եւ վարչական քննարկումներու կայացումը: Այսպիսով, Նարտեանկ մենաքարերը կրնան նաեւ քաղաքական որոշ նշանակութիւն ունենալ:
Թէեւ Նարտեանկ մենաքարերուն շուրջ ժողովրդական հեքիաթները երեւակայական կը թուին, ակներեւ է, որ այս կառոյցները դարերու ընթացքին իրական նպատակներու ծառայած են:
Նարտեանկ մենաքարերու պարագային կայ առասպելի եւ յիշողութեան որոշ նմանութիւն: Տեղացիներուն պատմածը, թէ ինչպէ՛ս այդ վայրը յառաջացած է, հիմնուած է առասպելներու կամ բանահիւսութեան վրայ: Բայց անոնք կը յիշեն նաեւ այն նպատակի համար, որ այն ծառայած է իրենց նախնիներուն. շաբաթական շուկայ, յուշահամալիր, քաղաքական հաւաքներու վայր: Ահա թէ ինչպէս կը գործէ բանաւոր պատմութիւնը. այն կը միախառնէ փաստն ու յօրինուածը հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Այսօր Նարտեանկի մենաքարերը ոչ մէկ նպատակի կը ծառայեն, բացի անցեալ ժամանակներու վկայութիւններէ: Մանրամասն հնագիտական աշխատանքներ տակաւին պէտք է իրականացուին` ճշգրիտ պատասխաններ ստանալու համար ե՞րբ եւ ինչո՞ւ հարցումներուն: Թէեւ ժողովրդական բանահիւսութիւնը եւ աւելի հիմնաւորուած հին պատմութիւնները որոշ պատկերացում մը կու տան վայրին մասին, կանգուն քարէ հսկաներու առեղծուածը դեռ կը շարունակուի:
Պոմֆրետ, Վերմոնտ. Աշնանային
Սաղարթներու Արգիլեալ Քաղաքը
Երբ լուսանկարիչներու խումբերը սկսան իջնել փոքր գիւղական համայնք` նկարահանելու անոր վառ աշնանային գոյները, բնակիչները պայքարեցան եւ յաղթեցին:
Միացեալ Նահանգներու Վերմոնտ նահանգին մէջ գտնուող Պոմֆրետ քաղաք մուտք գործելու համար պէտք է ակնթարթօրէն հիանալ անոր հովուերգական գեղեցկութեամբ:
Հիւսիսէն Հաու Ռոտ գետը կը հոսի վար, շարք մը մեղմ ոլորումներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բացայայտէ ոչխարներով խճողուած ագարակի կանաչ դաշտերը կամ անտառի հատուած մը, ուր կարմիր եւ նարնջագոյն աշնանային տերեւները կը կպչին ճիւղերուն:
Տուներէն մէկուն խնձորներով ծանրացած ծառը կը թեքի փոքր քարերով կառուցուած պատին վրայ, որուն գագաթը լեցուած է ծառէն թափած պտուղներով:
Հոկտեմբերի սկիզբը 900 հոգինոց այս քաղաքին մէջ ընթացող ինքնաշարժներու կէսէն աւելին պետական թիւեր չունէին: Մէկը, Ֆլորիտայէն, կտրուկ կանգ առաւ ժամական 45 մղոն արագութեամբ սահմանափակուած ճանապարհին վրայ` փակելով երկու երթուղիներէն մէկը:
Պատճա՞ռը. աշնանային տերեւներու խորապատկերին վրայ ագարակի ցորենի տեսարանը նկարելու:
Քանի մը փոքր հանրախանութներով, արուեստի կեդրոնով` պատկերասրահ եւ թատերասրահ, նաեւ խնձորի կամ դդումի քանի մը արտերով, Պոմֆրետը ընդհանրապէս հանդարտ, հաճելի վայր մըն է:
Բայց աշնան, երբ «տերեւներ նայողներ» ամբողջ աշխարհէն կ՛իջնեն շրջանի գլորուող բլուրներուն վրայ եւ կու գան տեսնելու անոր գեղեցիկ սաղարթը, ամէն բան կը փոխուի:
Մինչեւ վերջերս Պոմֆրետ այցելող տերեւ դիտողները հեղեղի նման կու գային:
Բայց այն պահէն, երբ քանի մը տարի առաջ 115 հեկտար տարածքով Սլիփի Հոլօ սեփական ագարակի պատկերները սկսան տարածուիլ ընկերային ցանցերու մէջ, տեղացիները կ՛ըսեն, որ ամէն բան անկառավարելի դարձած է:
«Ինսթակրամ»-ին արագ աչք մը նետելով կը տեսնէք հազարաւոր պատկերներ ագարակի ոլորապտոյտ հողային ճամբայէն, որուն երկու կողմերուն վրայ շարուած են կարմրագոյն եւ նարնջագոյն աշնանային վեհաշուք թղկի (maple) ծառեր, որոնք կը տանին դէպի 1700-ական թուականներու գեղակազմ Քէյփ: Զարմանալի չէ, որ այս սքանչելի ագարակը յայտնի դարձած է իբրեւ «նահանգի ամէնէն շատ լուսանկարուած վայրերէն մէկը»:
«Այդ գեղեցիկ վայր է: Շատ վատ է, որ այցելուները կ՛աւերեն», կ՛ըսէ Տեպորա Կուտուին` արուեստի կեդրոնի ցուցադրութիւններու համակարգողը: «Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին այն անկառավարելի էր: Զբօսաշրջային հանրակառքերը պարզապէս այնտեղ կը թափէին … մարդիկ»:
Ան կ՛ըսէ, որ ընկերային տեղեկատուական ցանցերու ազդեցիկ անձեր պարբերաբար դարպասին վրայէն կ՛անցնին, ուր տեղադրուած են «Մուտքը արգիլուած է» գրութեամբ ցուցանակներ, կը լարեն փոքր վրաններ, կամ կը տեղադրեն կրպակներ, որպէսզի տեղաւորեն իրենց բազմաթիւ զգեստները, իրենց «քաղաքային ինքնաշարժները» կը կանգնեցնեն նեղ հողոտ ճամբուն վրայ եւ մարմնական աղբերը կը ձգեն ճամբու եզրին:
«Այդ գէշ էր: Բնակիչները գացին քաղաքապետարան եւ բողոքեցին», ըսաւ ան:
2022-ի տերեւային եղանակի ընթացքին իրաւապահները ժամանակաւորապէս Սլիփի Հոլոյէն անցնող ճամբան վերածեցին միակողմանի ճամբու: Այդ բաւական չեղաւ զբօսաշրջիկներու վատ վերաբերմունքին առաջքը առնելու:
Այս տարի բնակիչները փորձեցին այլ մօտեցում` բազմութեան յառաջացման պատճառներու վերացման տնտեսում, հանգանակութիւն:

Ընկերային ցանցերը զբօսաշրջային աճ հրահրած են: Մարդիկ եկած են եւ վնասներ պատճառած են ճամբաներուն, կոխկռտած են սեփական պարտէզները, եւ յաճախ վիճած եւ հայհոյած են բնակիչներուն:
Ցարդ 103 նուիրատուներէ հանգանակուած է 16 հազար տոլար:
Այս քայլին շնորհիւ, քաղաքի պաշտօնատարները քուէարկութեամբ որոշեցին այցելուներու համար փակել ագարակ տանող ճամբաները, աշնանային սաղարթներու եղանակի ընթացքին (23 սեպտեմբերէն 15 հոկտեմբեր): Այս որոշումը յառաջացուց զբօսաշրջիկներու զայրոյթը:
Պոմֆրետի բնակիչներուն մեծ մասը ընդգծած է, որ իրենք հակազբօսաշրջիկ չեն. իրենք պարզապէս կ՛ուզեն, որ մարդիկ յարգանքով վերաբերին իրենց հայրենի քաղաքին եւ մարդոց սեփականութեան:
Վինծորի շրջանի շերիֆ Ռայան Փալմըր ըսաւ. «Այս ճամբայ չէ, որ նախատեսուած է բազմաթիւ փոխադրամիջոցներու համար»:
Կացութիւնը տարբեր է դրացի Վուտսթոկ քաղաքին մէջ, ուր կ՛աւարտի Քլաուտլանտ Ռոտը: Այնտեղ բազմաթիւ այցելուներ կ՛ըլլան եւ շուկան բանուկ է:
Քաղաքի մայթերուն մարդիկ կանգ կ՛առնեն` Ռոքֆելըրներու կողմէ կառուցուած շքեղ շէնքերու գեղատեսիլ լուսանկարները նկարելու համար: Քաղաքի ճաշարանները նոյնպէս լեփ-լեցուն են:

Ի տարբերութիւն Պոմֆրետի, Վուտսթոքը զբօսաշրջութեան ոլորտի բարգաւաճող քաղաք է եւ լաւ կազմակերպուած է:
Բայց այն, որ լաւ է Վուտսթոքի համար, պարտադիր չէ, որ լաւ ըլլայ Պոմֆրետի համար: Այն ժամանակ, երբ Վենետիկի նման քաղաքները այնքան լեցուած են ճամբորդներով, որ պաշտօնատարները կը պատրաստուին տուրքեր սահմանել այցելուներու համար, Պոմֆրետը աշխարհի բազմաթիւ վայրերէն մէկն է, որոնք կը փորձեն զսպել զբօսաշրջիկներու յաւելեալ հոսքը:


