– «Դադրեցուցէ՛ք Հերթական Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Քիմ Քարտաշեան Դիմած Է Ճօ Պայտընին
– Ռեն Ի Սիուեն. Ընդհանուր Ձգտումներ Ունեցող Մարդոց Համար Չկան Խոչընդոտներ
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քիմ Քարտաշեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ըրած է կանխելու հայերու նոր ցեղասպանութիւնը: Շարժապատկերի արտադրիչ, դոկտոր Էրիկ Էսրայիլեանի հետ յօդուածին մէջ ան կը գրէ, թէ ժամանակն է, որ Ամերիկան (եւ աշխարհը) քայլեր ձեռնարկէ հայերը Ազրպէյճանէն պաշտպանելու համար:
Յօդուածը հրապարակուած է «Ռոլլինկ Սթոն» թերթին մէջ:
«ՄԵՆՔ ՀԱՅ ԵՆՔ. Մենք Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգորդներն ենք եւ չենք ուզեր խօսիլ ապագային մէջ այլ ցեղասպանութեան մը եւս ճանաչման կամ յիշատակի յաւերժացման մասին:
Անցեալ տարուան դեկտեմբերէն Ազրպէյճան փակած է Արցախի բնիկ քրիստոնեայ հայերու եւ մնացեալ աշխարհի միջեւ կեանքի միակ ճամբան: Տարիներ շարունակ անոնք կախեալ եղած են Լաչինի միջանցքով սնունդի, դեղերու եւ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումներէն:
Ուքրանական պատերազմը որոշ երկիրներու համար Ազրպէյճանը դարձուց ռուսական նաւթի եւ կազի առերեւոյթ աւելի շահաւէտ այլընտրանք: Սակայն նման վստահութիւնը խրախուսեց Ազրպէյճանի բռնակալ կառավարութիւնը` սովը որպէս զէնք օգտագործել շրջանի հայ բնակչութեան դէմ:
Այլեւս մտածելու, աղօթքի կամ մտահոգուելու ժամանակ չկայ:
2020 թուականի պատերազմը, որուն ժամանակ Ազրպէյճան առանց պատճառի յարձակեցաւ Արցախի մէջ հայերու վրայ, տակաւին չէ աւարտած աշխարհասփիւռ հայութեան գիտակցութեան մէջ: Հակառակ զինադադարի համաձայնութեան` հայ զինուորներու վրայ յարձակումները եղած են մնայուն եւ անպատժելի: Հայատեաց քաղաքականութիւնը մշակուած եւ լայնօրէն տարածուած է Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ երկիրներու կողմէ:
Շրջանային խաղաղութիւնը պէտք չէ ենթադրէ Արցախի մէջ հայերու գերիշխանութեան զոհաբերում: Ակներեւ է, որ այս անողոք շրջափակումը հատած է մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական իրաւունքի բոլոր կարմիր գիծերը:
Գործունէութեան խոչընդոտումը իրաւապաշտպան խումբերու, ինչպիսին է Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը, եւ ատելութեան հռետորաբանութիւնը, որ կ՛ընկերանայ շրջափակման, ցեղասպանական մտադրութեան նշաններ են:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ անոր դաշնակիցները կ՛ըսեն, որ կան այլընտրանքային երթուղիներ, որոնք պէտք է օգտագործուին: Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկուող առանձին անցուղիի օգտագործումը բեռներու պարբերական մատակարարման համար լաւագոյն պարագային կեղծաւորութիւն է:
Այս կ՛ազդարարէ Արցախի մէջ հայերու եւ քրիստոնեաներու վերջաւորութեան սկիզբը:
Ճգնաժամի սկիզբը հանրապետութեան մէջ կ՛ապրէին շուրջ 120 հազար հայեր, որոնցմէ 30 հազարը` երեխաներ: Ցաւօք սրտի, արդէն եղած են զգալի եւ ողբերգական մարդկային կորուստներ` սովի եւ համապատասխան բժշկական օգնութիւն ստանալու անկարողութեան պատճառով, եւ առանց անյապաղ գործողութիւններու, իրավիճակը միայն կը վատթարանայ:
Թէեւ շրջափակումը բնապահպանական խնդիրներու կապելու անազնիւ փորձ եղած է, սակայն հայերը եւ միջազգային դէտերը գիտէին, որ նպատակը հանրապետութիւնը այնքան անբնակելի դարձնելն է, որ մարդիկ կա՛մ մահանան, կա՛մ համաձայնին լքել երկիրը:
Մինչ այս սովի կողմնակիցները համակարգուած արշաւներ կը կիրարկեն հասարակական ցանցերու մէջ, որպէսզի ձեւացնեն, թէ շրջափակում չկայ: Այս քարոզչութիւնը կրնայ անհեթեթ թուիլ իրազեկներուն, սակայն մարդկային իրաւունքներու այս խախտումներու պաշտպանները կը փորձեն շփոթութեան մատնել մարդիկը` նկատի առնելով, թէ ի՛նչ կը կատարուի աշխարհի մէջ:
Ցեղասպանութիւն ստուգող բազմաթիւ խումբեր եւ ՄԱԿ-ի անկախ յատուկ զեկուցողներ, որոնց շարքին` Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի առաջին յատուկ խորհրդական, փրոֆեսէօր Խուան Մենտեզ ամիսներէ ի վեր կը փորձեն աշխարհը զգուշացնել այս վերահաս վայրագութիւններուն մասին:
Անցեալ ամիս Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օկամպօ հրապարակեց իր անկախ զեկոյցը: Ան եզրակացուց, որ ցեղասպանութիւնը արդէն տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ ըստ Ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի երկրորդ յօդուածին, Ազրպէյճան` «Միտումնաւոր մարդոց խումբի մը համար կը ստեղծէ այնպիսի կենսապայմաններ, որոնք հաշուարկուած են անոր ֆիզիքական ոչնչացման համար»:
Մարդկային իրաւունքներու համալսարանական ցանցը, գործակցելով Հարվըրտի իրաւաբանական բաժանմունքի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկի, Ուեսլէեան համալսարանի եւ Եէյլ Լոուենշտայն նախագիծի ուսանողներու, իրաւաբաններու եւ գիտնականներու հետ, իրականացուցած է երկու ծանօթացման ճամբորդութիւններ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան` մարտ 2022-էն մինչեւ յուլիս 2023: Անոնց վերջերս հրապարակուած տեղեկատուական փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի. «Ամբողջութեան մէջ այս խախտումները ցոյց կու տան Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանի որոշ տարածքներ հայերէն մաքրելու համապարփակ արշաւ»:
Անհատներու, կառավարութիւններու եւ կառավարական կազմակերպութիւններու, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը եւ Եւրոպական Միութիւնը, հաւաքական լռութիւնը կամ անգործութիւնը սաստկացուցին ճգնաժամը: Ամէն օր աւելի շատ կեանքեր կը վտանգուին:
Ամերիկեան հարկատուներու տոլարները այժմ կ՛օժանդակեն նման վարքագիծին` նաւթով հարուստ երկրին արտաքին օգնութիւն տրամադրելով:
Տնտեսական պատժամիջոցներու, Ազրպէյճանին օտարերկրեայ օգնութեան դադարեցման, Ազրպէյճանի մէջ միջազգային ձեռնարկները պոյքոթի ենթարկելու միջոցով (օրինակ` համերգներն ու մարզական խաղերը) եւ միջազգային դատարաններու մէջ դատական վճիռներու միջոցով մենք կրնանք հաւաքականօրէն արդիւնքի հասնիլ, բայց հոլովոյթը չափազանց դանդաղ է, իսկ ժամանակը կը սպառի:
Որպէս քաղաքացիներ` մենք կոչ կ՛ընենք այնպիսի առաջնորդներու, ինչպիսիք են նախագահ Պայտընը, արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը եւ անոնց գործընկերները, անյապաղ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը: Անոնք պէտք է ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ` առանց նախապայմաններու միջանցքը բանալու:
Մենք միայն երկու հոգի ենք:
Մենք աշխատած ենք քուլիսներու ետին` աջակցելու մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, սակայն դիւանագիտական այս մօտեցումը զգալի արդիւնքներ չէ տուած: Այս ճգնաժամը ակներեւ չի յաղթահարուիր անհատներու կողմէ, բայց մենք կը շարունակենք ընել ամէն բան, որպէսզի գործածենք մեր ունեցած ազդեցութիւնը:
Մենք քաղաքական գործիչներ կամ առաջնորդներ չենք եւ, հակառակ մեր սեփական դիւանագիտական ջանքերուն, բայց եւ այնպէս այս մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակուի, եւ անոր վերջը չ՛երեւիր` բացի հայ բնակչութեան ցեղային զտման կարելիութենէն:
Մենք կը շարունակենք գործածել մեր ձայնը` ճշմարտութիւնը տեղ հասցնելու:
Արցախի ժողովուրդը կ՛ուզէ խաղաղ ապրիլ: Հիմա եկած է իսկական առաջնորդութեան ժամանակը: Մեզի պէտք է, որ անոնք, որոնք էական դեր ունին այս գործին մէջ, անյապաղ պահանջեն բանալ Լաչինի միջանցքը` դադրեցնելու նոր ցեղասպանութիւնը:
Մենք կ՛ուզենք աւելի շատ ուշադրութիւն հրաւիրել ճգնաժամին վրայ եւ կոչ ընել մեր կառավարութեան` միջամտելու: Միացեալ Նահանգները ունին պատասխան միջոցներու կարելիութիւն: Մեր ժողովուրդին օգնող առաջնորդները կը յիշուին իրենց հերոսութեամբ: Անկարողները, նոյնիսկ եթէ կը գործեն լաւագոյն մղումներով, կը յիշուին որպէս ցեղասպանութիւն արտօնողներ: Ընտրութիւնը իրենցն է»:
Ռեն Ի Սիուեն. Ընդհանուր Ձգտումներ Ունեցող
Մարդոց Համար Չկան Խոչընդոտներ
Չինացի երիտասարդ դիւանագէտ Ռեն Ի Սիուեն կը ներկայացնէ իր հայկական պատմութիւնը.
«27 նոյեմբեր 2021-ին իմ օդանաւս սահուն էջք կատարեց «Զուարթնոց» օդակայան, եւ այսպիսով ես սկսայ իմ կեանքս այլ երկրի մէջ:
«Հայաստան» բառը չինարէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ «գեղեցիկ ասիական երկիր»»: Հետագային հայ ընկերներ ինծի ըսին, որ հայերէն «Չինաստան» բառը կը նշանակէ «գեղեցիկ»»: Կ՛ըսեն` «Անունը կը համապատասխանէ մարդուն», եւ դեռ նախքան այս խորհրդաւոր երկրի մասին գիտնալը` ես արդէն լաւ տպաւորութիւն եւ ձգտում ունէի:
Ըստ առասպելի, ծիրանի ծագման վայրը Չինաստանի Սինծիան շրջանն է: Քրիստոսէ առաջ երկրորդ եւ առաջին դարերուն ծիրանի սերմերը Հայաստանէն տարած են Յունաստան, իսկ եւրոպացիները ծիրանը անուանած են «Հայկական խնձոր»: Հայաստանի մէջ ծիրանենին կը ծաղկի եւ կու տայ բերք, որ շատ հիւթեղ եւ համեղ է:
Իմաստուն հայերը ծիրանենիի բնափայտը կը գործածեն նաեւ տուտուկ նուագարանը պատրաստելու համար:
Տուտուկ նուագող հայ երաժիշտները լսելու ատեն տուտուկի անապատային եւ սուրբ հնչերանգները միշտ զիս ետ կը տանին հնագոյն Մետաքսի ճամբայ, աւելի քան 2000 տարի առաջ, անցնելով ժամանակի եւ տարածութեան մէջէն: Այդ պահուն ես կը պատկերացնեմ հայ աշխատասէր վաճառականները, որոնք անցնելով Կոպի անապատէն եւ բլուրներէն` ոսկերչական իրեր, դեղեր եւ կաշի կ՛ուղարկեն Չինաստան եւ Չինաստանէն կը բերեն չինական յախճապակի, մետաքս եւ թէյ:
Հազարամեայ Մետաքսի ճամբան իր կեանքի ընթացքին շատ բան տեսած է:
Այս տարի կը լրանայ Չինաստանի «Մեկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան 10-ամեակը: Այս նախաձեռնութիւնը հնագոյն Մետաքսի ճամբու ոգիի ժառանգութիւնն ու նորարարութիւնն է: Միահիւսելով պատմութիւնն ու իրականութիւնը` «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութիւնը աւելի հարուստ եւ լայն բովանդակութիւն ստացած է, քան` հին առեւտրական ուղիները:
Սոյն նախաձեռնութիւնը բաղկացած է հինգ հիմնական մասերէ.
- Քաղաքական հաղորդակցութիւն
- Ենթակառուցային կեդրոններու կապակցում
- Անխոչընդոտ առեւտուր
- Տնտեսում
- Կապ` ժողովուրդներու միջեւ
Եւրասիոյ ներքին հատուածին մէջ գտնուող Հայաստան, միշտ եղած է ցամաքային միջանցք` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, նաեւ` համաշխարհային տնտեսութեան քարտէսի ամէնէն գործուն եւ զարգացած շրջաններէն մէկը:
Ինչպէ՞ս վերականգնել Հայաստանի նախկին բարգաւաճումը
Վերջին տարիներուն Հայաստանի կառավարութիւնը կը ձգտի Հայաստանը դարձնել շրջանային ելեկտրականութեան եւ գումակային (լոժիսթիք) կեդրոն` կառուցելով Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին, բարելաւելով ենթակառոյցը, հաստատելով արտօնեալ քաղաքականութիւն` օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւելու համար: Այս բոլորը կը համապատասխանեն մէկ «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան:
Յաջողութեամբ յառաջ կը մղուին այնպիսի ծրագիրներ, ինչպիսիք են` Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցումը, ելեկտրակայանները, Կապսի ջրամբարի վերականգնումը, որոնց գործուն ներառուած է չինական կողմը:
Չինական կողմի աջակցութեամբ կառուցուած հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը համբաւաւոր եղած է: Վստահ եմ` մօտիկ ապագային Չինաստանի աջակցութեամբ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան նոր տաղաւարի կառուցումը կը դառնայ Երեւան քաղաքի տեսարժան վայրերէն մէկը:
Ներկայիս չին ազգը կանգնած է իշխանութիւններու անջատողականութեան եւ ազգային աղէտի առջեւ: Ազգային վերամիացման` հզօր ազգ դառնալու ուղին բռնելէ ետք, չին ժողովուրդը սկսաւ ուժգին արժեւորել խաղաղութիւնն ու զարգացումը, որ նուաճած էր մեծ դժուարութեամբ:
Մեր քաղաքակրթութիւնները նման են
Հին մեծ քաղաքակրթութիւնները շատ նման են իրարու: Ցնցումներու եւ տառապանքներու մէջէն անցած ժողովուրդը կը կոփէ իր էութիւնը: Գինի եւ քոնեաք արտադրող հայ ազգը, որ ստեղծեց «Սասունցի Դաւիթ»-ը եւ «Սուրերով պար»-ը, տոկուն ու հպարտ, նրբասիրտ ժողովուրդ է:
Անցնելով իր ուղին` 1991 թուականի 21 սեպտեմբերին Հայաստան ձեռք բերաւ պետական անկախութիւն: Չինաստանի եւ Հայաստանի համանման ազգային փորձը նոր դարաշրջանին մէջ երկու երկիրները դարձուցած է աւելի կարեկից իրարու նկատմամբ: Երկու երկիրներու ժողովուրդները ամբողջովին պատրաստակամ են ամրապնդելու փոխըմբռնումն ու փոխանակումները` հիմնուած բաց եւ բարեկամական մօտեցման վրայ:
Այս տարի Երեւանի Գ. Ստեփանեանի անուան դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Չինաստանի գրականութեան ժողովածու» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ ներառուած են` հին չինական առասպելներ, առակներ, ժամանակակից բանաստեղծութիւն, արձակ, վէպեր եւ գրական այլ ստեղծագործութիւններ:
Դպրոցի աշակերտները գիրքէն ներկայացուցին թատերականացուած հրաշալի հատուածներ:
Չինաստանի Ֆուծիենի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայկական մշակութային գանձերու «Նոյի որդին, առաջին հայեացք մեծ գեղեցկութեան» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին Երեւանի պատմութեան թանգարանին կողմէ հաւաքուած հայկական զարդանախշերը, ազգային տարազները եւ գորգերը, որոնք գրաւեցին մեծ թիւով բնակիչներու եւ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը եւ յառաջացուցին «մշակութային ոգեւորութիւն» Հայաստանի հանդէպ:
Թէեւ երկու ժողովուրդները կը գտնուին հազարաւոր մղոն հեռաւորութեան վրայ, սակայն անոնք կապուած են իրարու, միասին կառուցած են քաղաքակրթութիւններու միջեւ փոխադարձ ուսուցման հոգեւոր կամուրջը եւ ամէն հիասքանչ բան կը բաժնեն իրարու հետ:
Այս տարի Երեւանի մէջ սկսաւ «Ուսում եւ ասպարէզ Չինաստանի մէջ» առաջին ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցէին Չինաստանի 33 յայտնի համալսարաններու եւ Չինաստանի կողմէ տնտեսուող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին աւելի քան 5000 հայ ուսանողներ, աշակերտներ եւ ծնողներ` Հայաստանի զանազան մարզերէն: Չինաստանի մէջ ուսանելու հայ երիտասարդներու ոգեւորութիւնը աննախընթացօրէն մեծ է:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հիմքը ժողովուրդն է, իսկ ապագան` երիտասարդութիւնը: Քանի որ աւելի ու աւելի շատ հայ երիտասարդներ կ՛երթան Չինաստան եւ կ՛ընկերանան չին երիտասարդներու հետ, երկու երկիրներու միջեւ խոր բարեկամութիւնը անկասկած կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ յաւերժ կ՛ըլլայ:
Որպէս Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական փոխանակումներու վկայ` ես երջանիկ կը զգամ եւ մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեմ: Գիտեմ, որ իմ անձնական ներդրումս շատ փոքր է:
Անկեղծօրէն կոչ կ՛ընեմ, որ աւելի շատ հայ ընկերներ ուշադրութիւն դարձնեն հայ-չինական յարաբերութիւններու զարգացման, գործուն մասնակցին երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական փոխանակումներուն վառ երանգ մը եւս հաղորդեն երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ փոխանակումներու հրաշալի պատկերին»: