Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգելով Մեռնի՞լ, Թէ՞ Ապրիլ

Մայիս 19, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Քաղաքացիական պատերազմներու մէջ եղող երկիրներու ղեկավարներ, որոնք ժողովուրդին փոքր մէկ հատուածն են, մարդոց ճակատագիրներուն հետ կը խաղան եւ յատկապէս երիտասարդներուն երազները կը չքացնեն: «Պի.Պի.Սի.» երկու տարբեր յօդուածներով անդրադարձած է Սուտանի հակամարտութենէն տուժած երիտասարդներու տառապանքին:

                                                                                                                Ն.

Սուրիայէն Սուտան.
Մղձաւանջը  Հետեւեցաւ Ինծի

Երբ ապրիլին Խարթումի մէջ կռիւներ սկսան, Քերիմին համար պատմութիւնը կը կրկնուէր: Քերիմ, որ երկու տարի առաջ փախած էր իր հայրենի երկրին` Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով յառաջացած քաոսէն, կրկին յայտնուած է մարտական գօտիի մէջ, այս անգամ` Սուտանէն ներս: Այժմ Քերիմ անօթեւան է Փոր Սուտան նաւահանգստային քաղաքին մէջ եւ ելք մը կը փնտռէ: Ան մտավախութիւն ունի, որ կրնայ այլընտրանք չունենալ եւ վերադառնալ Սուրիա:

23-ամեայ երիտասարդը նախապէս աշխատած է Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի ընկերութեան մը մէջ, որ անոր  տրամադրած է բնակարան, ինքնաշարժ եւ ամսական 500 տոլար աշխատավարձ:

«Բաւարար էր, ծայրը ծայրին կը հասցնէի եւ գումար կ՛ուղարկէի ընտանիքիս», կ՛ըսէ ան:

Ամիս մը առաջ ան նոյնիսկ կը մտածէր ամուսնութեան առաջարկ ընել կնոջ մը, որ կը ճանչնար եւ արդէն մօրը յայտնած էր անոր մասին:

«Իմ կեանքս լաւ էր Սուտանի մէջ: Ես չէի կրնար աւելին խնդրել», ըսաւ ան:

Բայց 15 ապրիլին, երբ երկու ռազմական ուժերու միջեւ կռիւները սկսան քանդել մայրաքաղաք Խարթումի որոշ շրջաններ, Քերիմ զգաց, որ իր կեանքին մէկ մասը նոյնպէս ոչնչացած է: Ան կը նշէ, որ սուրիացի մը, որ լաւ կը ճանչնար, կրակոցներէն  զոհուած է: Վախնալով, որ կրնայ արժանանալ նոյն ճակատագիրին, ան միացաւ աւելի քան երկու տասնեակ այլ սուրիացիներու խումբին եւ փախաւ մայրաքաղաքէն Կարմիր ծովու Փոր Սուտան քաղաքը: Երկօրեայ ուղեւորութեան համար բաւական գումար վճարեցին: Բնականոն ժամանակներու մէջ 40 տոլարնոց ճամբորդութեան համար տարհանուածներէն իւրաքանչիւրէն 400 տոլար կը գանձուէր:

Ան խորապէս կը հաւատայ, որ վատ բախտը կը հետապնդէ զինք եւ իր հայրենակիցները:

«Մենք անիծուած ենք»

«Պատմութիւնը կը կրկնուի: Այստեղ մենք կ՛անցնինք ճիշդ այն բանէն, որ ապրած էինք Սուրիոյ մէջ: Մենք անիծուած ենք, ես դեռ կեանքս չեմ ապրած», կ՛ըսէ ան:

Փոր Սուտանի մէջ մնացած Քերիմ կը ճանչնայ ուրիշներ, որոնք կարողացած են օդանաւ նստիլ  փրկուելու համար: Կարեւոր հիմնական գործօնը դրամն է: «Գիտէք` խօսքը միշտ դրամի մասին է. անոնք, որոնք դրամ ունին, միշտ կրնան գոյատեւել», կը շեշտէ ան:

Քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ բազմաթիւ սուրիացիներ ապաստանած են Սուտան: Քերիմ ըսաւ, որ սուրիացիներ, որոնք դրամ ունին կամ ընտանիքները հարուստ են եւ ունին դրացի երկիրներու մէջ  բնակութեան արտօնութիւն, կարողացած են դուրս գալ այնտեղէն: Բայց ինք չկարողացաւ:

Համեստ ընտանիքի մը ամէնէն երիտասարդ անդամն է Քերիմ, որ մեծցած է Իտլիպի մէջ, բայց տարիներ առաջ փախած է Հալէպ, ուր անոնք կ՛ապրէին շրջափակման մէջ: Քերիմի  հարազատները կախեալ էին Սուտանի մէջ անոր շահած  գումարէն:

Մարդիկ Փոր Սուտանի մէջ ժամանակաւոր ապաստարաններ կառուցած են եւ կը  սպասեն հեռանալու կարելիութեան ստեղծման

Քերիմ սկիզբը յուսախաբ եղած է պատահածներէն, սակայն ան տակաւին յոյս ունի, կը թուէ տարբերակները. «Ես կրնամ մեկնիլ Եթովպիա` վճարելով 400 տոլար»:

Ան գիտէ, որ չի կրնար ապաստան գտնել դրացի Եգիպտոսի մէջ, քանի որ չի կրնար վճարել զբօսաշրջական սուղ մուտքի այցեգիրի համար:

«Ուտելիք գնելու համար դրամը սպառեցաւ, եւ մեզմէ ո՞վ կրնայ 1350 տոլար պարտքի առնել: Ես երկու տարի աշխատած եմ Սուտանի մէջ` խնայելու համար հազար տոլար, որ արդէն ծախսած եմ Փոր Սուտան հասնելու համար»:

Քանի որ ամէն բան յառաջ կ՛ընթանայ, Քերիմ աւելի եւ աւելի կ՛ընկճուէր: Անոր տարբերակները օրէ օր կը նուազէին: Քերիմ կը փորձէր գնահատել իր իրավիճակը` հիմնուելով այն թարմացումներուն վրայ, որոնք ան կը լսէ պաշտօնատարներէ եւ այլ անձերէ, նաւահանգիստին մէջ թափառելու ատեն: Ան հասկցաւ, որ իմաստ չունի սպասել, որ նաւ մը զինք Սէուտական Արաբիա տանի, քանի որ ան ընտանեկան կապ չունի այնտեղ, կամ` երաշխաւորելու, որ ինք չի մնար թագաւորութեան մէջ:

«Սեւ մազերը մոխրագոյն դարձան»

Նաեւ շուտով կը լրանայ անոր անցագիրի ժամկէտը, եւ ան չի կրնար Եթովպիա կամ այլ երկիր մեկնիլ: Ան աւելի կ՛ընկճուի: Անզգայ վիճակ մը: Նորութիւններ չկան:

«Աստուա՛ծ վկայ, ես այլեւս ոչինչ կը զգամ, սեւ մազերս մասամբ մոխրագոյն են, ես կրնամ առանց վախի վերադառնալ Սուրիա, այլեւս հոգս չէ, ես կորսնցնելու ուրիշ բան չունիմ»:

Ան երբեք չէր մտածեր Սուրիա վերադառնալու մասին, քանի որ այդ կը նշանակէր պարտադիր զինուորական ծառայութիւն ընել: Ան նախընտրեց աշխատիլ արտասահմանի մէջ եւ աւելի լաւ կեանք մը կառուցել:

Բայց նոյնիսկ տուն վերադառնալը սուղ կ՛արժէ եւ դժուար է:

Ոմանք  յաջողած են օդանաւ բարձրանալ Փոր Սուտանի մէջ

Կամաւորներէն մէկը, որ կ՛օգնէ Փոր Սուտանի մէջ տարհանման, ըսաւ, որ մինչեւ 15 մայիս ամէն օր թռիչքներ եղած են դէպի Սուրիա, եւ թէ` իւրաքանչիւր թռիչք ունէր երկու դասակարգ` առեւտրական եւ տարհանման: Առեւտրական առումով, տոմս կարելի էր գնել Սուրիոյ մէջ զբօսաշրջային գործակալներու միջոցով, մինչ տարհանման համար տեղերը անվճար կը տրամադրուէին այն մարդոց, որոնց անունները նշուած են ցուցակներու մէջ: Առաջնահերթութիւնը կը տրուէր տարեցներուն, առողջական խնդիրներ ունեցողներուն, յղիներուն եւ ընտանիքներուն: Տոմսի արժէքը 450 տոլար է: Քերիմ ըսաւ, որ իր ընտանիքը կը փորձէր տոմս ապահովել, բայց բոլորը սպառած էին:

«Բոլոր խնդիրները կարելի էր լուծել 3000 տոլարով», կ՛ըսէ ան` բացատրելով իր երազած ծրագիրը: «Ես կրնամ 300 տոլարով նորոգել անցագիրս, յետոյ կը վճարեմ Եգիպտոս այցելութեան վիզայի համար, ապա կ՛երթամ  Թուրքիա, ուր կ՛ապրի քոյրս, յետոյ կրնամ ձեւ մը գտնել Եւրոպա անցնելու:  Բայց այս օրերուն ո՞վ կրնայ ինծի 3000 տոլար պարտքի տալ»:

«Ինչպէս Փրկեցի Իմ Կարմիր Կիթառս
Խարթումի Պատերազմի Գօտիէն»

Եթէ ստիպուած ըլլայիք վազել ձեր կեանքին համար, երբ ձեր շուրջը կռիւներ տեղի կ՛ունենան, ի՞նչ կ՛առնէիք ձեզի հետ: Հագուստը, անշուշտ կարեւոր փաստաթուղթերը եւ թերեւս նկար կամ այլ փոքր զգացական յուշագիր մը շատերու ցուցակին մէջ կ՛ըլլային: Սակայն սուտանցի Ժոզեֆ Մալիթ Մաթիանկի համար այդ վառ կարմիր կիթառն էր` սեւ, մեծ պայուսակով:

22-ամեայ երիտասարդը վերջերս փախած էր Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններէն` տասնամեակ մը ետք ընտանիքին հետ վերադառնալու իր երկիրը: Ան այժմ կը գտնուի Հարաւային Սուտանի Ռենկ քաղաքի ժամանակաւոր գաղթակայանին մէջ, սահմանէն 45 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Նուագարանը կրնայ խորհրդանշել յոյսը` կործանումի պայմաններուն մէջ. այն գաղափարը, որ մարդկային ստեղծագործութիւնը կրնայ բարձրանալ մարդկային դաժանութենէն: Բայց երաժիշտ եւ խումբի անդամ Մաթիանկի համար այդ աւելի գործնական էր, քան զգացական բուռն պահերուն, նախքան` վերջնականապէս լքելը իրենց տունը:

«Ես կիթառը առի, որովհետեւ անիկա ինծի շատ մօտ էր, երբ ես կը հեռանայի, այլ բաներ ինձմէ հեռու էին: Ես ձգեցի երգեհոնը, քանի որ անիկա շատ ծանր էր», կ՛ըսէ ան:

Refugees have brought whatever they thought would be most useful

Զարմանալի է, որ երգիչ Մաթիանկ կիթառ չի նուագեր, բայց այն գնած է 25 հազար սուտանական թղթոսկիով (41 տոլար)` որպէս ներդրում իր Կուէնիփուա (մտածէ սրտիդ մէջ) խումբին համար: Այն 37 երգիչներէ, կիթառահարներէ, թմբկահարներէ եւ երգեհոն նուագողներէ բաղկացած խումբ է: Անդամները քիչ մը գումար շահած են` զուարճացնելով ուրիշները Խարթումի հարաւսուտանցի մեծ համայնքին մէջ: Անոնք բոլորն ալ երիտասարդներ են, որոնք փախած են հիւսիս, երբ Հարաւային Սուտանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ սկսաւ 2013-ին, եւ կրկին`  2016-ին:

Խումբին մեծ մասը այժմ բաժնուած է հակամարտութեան պատճառով, եւ միայն 7 անդամներ, որոնց մասին գիտեն,  վերադարձած են Հարաւային Սուտան: Խարթումէն Ռենկ ճամբորդութիւնը, որ սովորաբար կը տեւէ վեց ժամ, ասֆալթապատ ճամբով, քանի մը օր տեւեց Մաթիանկի եւ  անոր ընտանիքին համար, երբ անցակէտէ անցակէտ կ՛անցնէին:

Զինեալներ կ՛օգտագործեն անցարգելները թշնամիի զինեալներ փնտռելու համար, բայց նոյնպէս օգտուելով կարելիութենէն` կողոպտելու մարդոց ունեցուածքը:

«Ես կիթառը տուած եմ մօրս, քանի որ անոնք չեն հարցաքններ տարեցները: Մնացեալ ամէն բան առած են: Ոչ ոք կը հարցնէր կիթառին մասին», ըսաւ Մաթիանկ: Ան ապաստանած է ոչ պաշտօնական բազմամարդ գաղթակայան մը, Ռենկի լքուած համալսարանին մէջ: Հարաւային Սուտանի հազարաւոր բնակիչներ  լքած են Խարթումը վերջին ամսուան ընթացքին:

Ընտանիքներ տեղադրած են հարիւրաւոր ժամանակաւոր վրաններ: Մայրերն ու երեխաները նստած են անոնց տակ` պատսպարուած այրող արեւէն: Ուրիշներ նստած են պայուսակներու եւ իրերու կոյտերու վրայ, ուժասպառ եղած` ճամբորդութենէն: Անոնց մէջն է Մաթիանկ, սեւ եւ ոսկեգոյն շապիկով եւ կապոյտ ճինզ տաբատով, կիթառի պայուսակը` կռնակին: Երբ ան ցոյց տուաւ, թէ ինչ կայ մէջը, խումբին ընկերը` 34-ամեայ Փոլ Ռինկ, առաջարկեց նուագել:

Բազմութիւնը արագ հաւաքուեցաւ, երբ նիհար, բարձրահասակ երիտասարդը սկսաւ զարնել լարերուն: Խումբի այլ անդամ մը սկսաւ երգել:

«Մենք Հարաւային Սուտանի մէջ ունինք բնական հարստութիւններ, սակայն կը ձգենք անոնք եւ կ՛երթանք արտասահման,- կը նշէ ան: – Մենք կիները ձգած ենք Հարաւային Սուտանի մէջ եւ մեկնած` աշխատելու»:

Խումբին մեծ մասը սկսաւ օրական վճարումով աշխատիլ որպէս պատահական բանուոր, ծայրը ծայրին հասցնելու համար, եւ անոնց կատարած երգերը, որոնք յօրինուած են Խարթումի մէջ, լի են տառապանքով եւ տան կարօտով:

«Առաջին երգը, որ մենք ներկայացուցինք, կը խօսէր այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց բախած ենք, թէ ինչպէս յոգնած ենք եւ իսկապէս վատ պայմաններու մէջ ապրած ենք: Այդ իսկ պատճառով ես որոշեցի դառնալ երգիչ, որպէսզի քննարկեմ նման հարցեր», կ՛ըսէ Փոլ Ռինկ:

Հարաւային Սուտան 2011  թուականին Սուտանէն անջատուեցաւ Խարթումի կառավարութեան դէմ տասնամեակներ տեւած ռազմական պայքարէ ետք: Սակայն միայն քանի մը տարի ետք բռնութեան նոր ալիք մը հարուածեց զայն, երբ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ ազգին ընտրեալները սկսան պայքարիլ քաղաքական ազդեցութեան եւ անոր յաջորդող դրամական օգուտներու համար:

ՄԱԿ-ի տուեալներով, Հարաւային Սուտանէն աւելի քան 800 հազար անձեր փախած են Սուտան: Երիտասարդները, ինչպէս Կուէնիփուա խումբին անդամները, կրած են բռնութեան շարունակական, կրկնուող ալիքներու ծանրութիւնը:

Հակառակ Սուտանէն բաժնուելուն` Հարաւային Սուտանի քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մեծ մասը կախեալ կը մնայ իր աւելի մեծ, հարուստ դրացիէն: Իսկ հիւսիսային մասին մէջ բռնութեան ազդեցութիւնը կրնայ շատ աւելի վատանալ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին:

Այս մասին կ՛երգեն Մաթիանկ եւ իր խումբին ընկերները` կարմիր կիթառի գլխաւորութեամբ, որ իրեն հետ տարած է պատերազմական գօտիէն:

Երկու երկիրներու ժողովուրդներն ու քաղաքականութիւնը տակաւին յայտնուած են նոյն ճակատագիրին մէջ` զինեալներ կ՛ոտնակոխեն իրենց ժողովուրդի, յատկապէս երիտասարդներու երազները: Խումբը կ՛երգէ այլ երգ մը, որ կոչ կ՛ընէ երիտասարդութեան. «Ելէք եւ զարգացուցէք ձեր երկիրը, եթէ Աստուած ձեզի այսպիսի լաւ հող տուած է, եւ եթէ դուք անկախութիւն ունիք, մենք պէտք է օգնենք իրարու»:

Բայց մինչ հրացանները կը կրակեն, դժուար է լսել կիթառի ձայնը:

Նախորդը

Պրիւքսելէն Ետք Յաւելեալ Քաոս

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

RelatedPosts

«Դադրեցուցէ՛ք Հերթական Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Քիմ Քարտաշեան Դիմած Է Ճօ Պայտընին
Մշակութային եւ Այլազան

«Դադրեցուցէ՛ք Հերթական Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Քիմ Քարտաշեան Դիմած Է Ճօ Պայտընին

Սեպտեմբեր 15, 2023
Մարդիկ Գո՞հ Են Իրենց Աշխատանքէն Եւ Վճարումէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մարդիկ Գո՞հ Են Իրենց Աշխատանքէն Եւ Վճարումէն

Սեպտեմբեր 8, 2023
«Ի Վերջոյ Մենք Ալ Մարդ Ենք»
Մշակութային եւ Այլազան

«Ի Վերջոյ Մենք Ալ Մարդ Ենք»

Սեպտեմբեր 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In