Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երբ մեր պապենական քաղաքներն ու աւանները (Անի, Շուշի, Բերձոր) կը բռնագրաւուին կամ կը ծախուին թշնամիին, որ գետնին կը հաւասարեցնէ մեր դարաւոր մշակութային կոթողները` հայկական հետքը այդ վայրերէն ի սպառ ջնջելու բարբարոս մոլուցքով, քաղաքակիրթ կարծուած Արեւմուտքը կոյր եւ խուլ կը ձեւանայ, լաւագոյն պարագային, ոչ մէկ ուժ ներկայացնող դատապարտումներ կ՛ընէ: Շատ հետաքրքրական է, որ նոյն այդ Արեւմուտքը ունի պերճանքը` պրպտելու դարերու հնութիւն ունեցող առեղծուածներ, այս պարագային` քաղաքի մը գոյութիւն ունենալ-չունենալը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կայքը վերջերս հրապարակած է հնագիտական յայտնաբերումներ Լեհաստանի մէջ քաղաքի մը մասին:
Ն.

Վայքինկներու Խաբուսիկ Քաղաքը
Իսկապէս Գոյութիւն Ունեցա՞Ծ Է
Ճոմսպորկ կոչուող «Միջնադարեան Նիւ Եորք»-ը գրական երեւակայութի՞ւն էր, թէ՞ պատմական իրականութիւն:
Պալթիք ծովուն մէջ գտնուող Վոլին կղզիի քաղաքապետարանը երբ որոշեց աւազոտ բլուրին վրայ դիտորդական աշտարակ կառուցել, լեհ հնագէտ մը կանչուեցաւ ստուգելու վայրը` նախքան շինարարութիւնը եւ փնտռելու անցեալին թաղուած իրեր: Դահիճի բլուրը հանրային պարտէզ մըն է, որ հին ժամանակներուն եղած է մահապատիժի վայր, գերեզմանատուն, եւ ոմանք կը հաւատան, որ այդ եղած է մարդկային զոհաբերութիւններու վայր:
Ուրեմն ոչ ոք գիտէր, թէ ի՛նչ սարսափելի յայտնաբերում կը սպասուի:
Բայց այն, որ յայտնաբերեց հնագէտ Վոյցեխ Ֆիլիպովիաք, երբ սկսաւ պեղել, աւելի շատ խանդավառութիւն յառաջացուց, քան` զզուանք. փայտածուխը ցոյց կու տայ 10-րդ դարու ամրոցի մնացորդները, որ կրնար օգնել լուծել վայքինկիներու դարաշրջանի մեծ հանելուկներէն մէկը:
Հին գրութիւններու մէջ յիշատակուած սարսափելի բերդը գրական երեւակայութի՞ւն էր, թէ՞ պատմական իրականութիւն:
Շատոնց յայտնի է, որ սկանտինաւեան մարտիկները աւելի քան հազարամեակ մը առաջ Լեհաստանի պալթեան ափին հիմնած են ամրոցներ` ստրկացնելով բնիկ սլաւոնական ժողովուրդները, ապահովելու ստրուկներու առեւտուրը, նաեւ` աղի, սաթի եւ այլ ապրանքներու առեւտուրը:
Սակայն յայտնի չէ, այդ տարածքին մէջ վայքինկներու ամէնէն մեծ բնակավայրին վայրը` քաղաք, ամրոց, որ 12-րդ դարու սկիզբի գրութիւնները կը կոչէին Ճոմսպորկ եւ կապուած էր հնարաւոր առասպելական վարձկաններու միութեան, որ յայտնի էր որպէս Ճոմսվայքինկներ:

Ո՞ւր է Ճոմսպորկը
Որոշ ժամանակակից գիտնականներ կը կարծեն, թէ Ճոմսպորկը երբեք իրական վայր չէ եղած, այլ` առասպել, որ փոխանցուած եւ չափազանցուած է դարերու ընթացքին:
Վոլին կղզիի Դահիճի բլուրի յայտնաբերումները կրնան փոխել այդ տեսակէտը:
«Շատ ոգեւորիչ է», կ՛ըսէ դոկտոր Ֆիլիպովիաք, Վոլինի մէջ Լեհաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգաբանութեան բաժնի գիտնական մը:
«Այդ կրնայ լուծել աւելի քան 500 տարուան առեղծուածը. ո՞ւր է Ճոմսպորկը»:
Վայքինկներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, որոնք ժամանակին հիմնականին մէջ սահմանափակուած էին ակադեմական ուսումնասիրութեան յատուկ բնագաւառով, աճած է վերջին տարիներուն, քանի որ պատկերասփիւռային հաղորդաշարերը, ինչպիսիք են «Գահերու խաղը», շարժապատկերները, նկարազարդ վէպերը եւ տեսախաղերը, ընդգրկած եւ աղաւաղած են սկանտինաւեան բնաբանները, հագուստն ու խորհրդանիշները:
Վայքինկներու դարաշրջանը, կամ գոնէ` անոր մօտաւոր պատկերը, դարձած է ժողովրդական մշակոյթի առարկայ:
Այս լաւ նորութիւն էր Վոլինի զբօսաշրջութեան համար:
«Վայքինկները առնական, հմայիչ են եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը գրաւեն», կ՛ըսէ Վոլինի քաղաքապետ Եւա Կրզիպովսկան:
Վոլինը կը ներառէ քաղաք եւ կղզիի աւելի լայն շրջան` նոյն անունով:
Բայց քաղաքապետը կը ցաւի, որ շատ աւելի քիչ այցելուներ կու գան իր շրջանը, քան` մօտակայ ծովեզերեայ հանգստավայրը: «Աւելի շատ գումար անհրաժեշտ է պեղումներու աշխատանքներ իրականացնելու եւ Վոլինը վերածելու համաշխարհային կարգի վայր` վայքինկներու մասին ուսումնասիրութիւններ պատրաստողներու եւ զբօսաշրջիկներու համար», կ՛ըսէ ան:
Եւա Կրզիպովսկա քաղաքապետարանի իր պատուհանէն ցոյց կու տայ հրապարակը, որ ենթադրաբար կը պարունակէ միջնադարեան չպեղուած իրերու գանձեր:
«Հոս, ո՛ւր որ երթաս, անպայման պատմութենէն մասնիկ մը կայ», կը հաւատայ ան:
Այդ պատմութիւնը, սակայն, յաճախ տարակարծութիւններու աղբիւր դարձած է:
Զանազան հնագէտներ, մասնագէտներ տարբեր կարծիքներ յայտնած են:
Նացիներու գործունէութիւն
Նացիական հնագէտները հետախուզեցին Վոլինը, որ մինչեւ 1945 թուականը Գերմանիոյ մաս կը կազմէր: Անոնք աշխատեցան վայքինկներու գոյութեան ապացոյցներ գտնել: Նացիները կը հաւատային սկանտինաւեան ցեղի գերազանցութեան եւ միջնադարեան շրջանին մէջ անոր գերակայութեան` նկատմամբ տեղւոյն սլաւոնական ժողովուրդներուն, որոնք աւելի ուշ ճանչցուեցան որպէս լեհեր եւ պահանջեցին հողը Լեհաստանի համար:
Երբ Լեհաստան իր հակակշիռին տակ առաւ Վոլինը, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, լեհ հնագէտները կը փնտռէին իրեր, որոնք կ՛ամրացնէին իրենց երկրի դիրքերը նախկին գերմանական հողերուն մէջ եւ կ՛օգնէին հաստատել ազգային ինքնութեան զգացումը:
«Վոլինի դպրոցները կազմակերպեցին վայքինկներու արշաւներու վերարտադրութիւնը Լեհաստանի պալթեան ափ, եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, տասնամեակներ շարունակ շատ աւելի երեխաներ կ՛ուզէին ըլլալ կղզին պաշտպանող սլաւոններ», կ՛ըսէ Վոլինի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Քարոլինա Քոկորան:
Այդ փոխուեցաւ, երբ Լեհաստան հրաժարեցաւ համայնավարութենէն եւ դարձաւ դէպի Արեւմուտք` հեռանալով Ռուսիայէն եւ սլաւոնական հպարտութեան վրայ անոր շեշտադրումէն:
«1989 թուականէն ետք բոլորը կ՛ուզէին վայքինկ ըլլալ», կ՛ըսէ տիկին Քոկորան:

Ոչ արհեստավարժներու սխալներ
Վայքինկներու նկատմամբ հանրութեան հետաքրքրութիւնը նոյնպէս յանգեցուցած է արհեստավարժ չեղող անձերու կողմէ պատմական սայթաքումներու աճին:
Այդ անհատներու շարքին է Մարեք Քրիտան` լեհ-ամերիկացի սիրողական պատմաբան եւ 2019 թուականի վիճաբանութեան գիրքի հեղինակը, որ լեհական հնագիտութիւնը կը նկատէր ցեղային ազգայնամոլութիւն` հիմնականին մէջ չտեսնելով վայքինկներու դերը Լեհաստանի սկզբնական շրջանի կազմութեան մէջ:
Քրիտա հակասութիւններու փոթորիկ յառաջացուց անցեալ ամառ Լեհաստանի մէջ, երբ հրապարակեց յօդուած մը` յայտարարելով, որ գտած է ժամանակին այս տարածքին մէջ իշխող դանիական վայքինկներու պատմական թագաւոր Հարալտ Պլիւթուտի հաւանական գերեզմանը:
Պատմաբաններու տեսակէտը այն է, որ Հարալտ հաւանաբար մահացած է շրջանին մէջ 10- րդ դարու վերջաւորութեան, բայց թաղուած է Դանիոյ մէջ:
Քրիտա ըսաւ, որ արբանեակային նկարներու միջոցով տեղադրած է Հարալտի հաւանական գերեզմանաքարը Վոլինի Վիէյքովօ փոքր գիւղին մէջ:
Դոկտոր Ֆիլիպովիաք այդ հերքեց` որպէս «կեղծ գիտութիւն»:
Հարալտի թաղուած վայրին շուրջը բուռն վէճերը վայքինկներու թագաւորը վերածած է աղմկոտ բաժանարար գործակալի: Ան յայտնի է որպէս սկանտինաւեան հակամարտող կողմերը միացնող թագաւոր :

Տիկին Կրժիպովսկան` քաղաքապետը, ըսաւ, որ ինք իրաւասու չէ վճռելու, թէ արդեօ՞ք Հարալտը թաղուած է այս շրջանին մէջ, բայց աւելցուց, որ ինք ուրախ կ՛ըլլայ, եթէ այդ ճիշդ ըլլայ:
«Այդ յատուկ շքեղութիւն եւ վեհութիւն կը հաղորդէր մեր կղզիին», ըսաւ ան:
Շրջանին մէջ կայ սլաւոններու եւ վայքինկներու գիւղ, որ ցցուած է ծղօտէ եւ փայտէ խրճիթներով եւ քարով, որուն վրայ գրուած են Հարալտի տօնակատարութեան բառեր:
Ժամանակակից կեղծիքներ
Բայց անոնք ժամանակակից կեղծիքներ են, հեռաւոր վայքինկներու անցեալի ներկայացումներ, որոնք կը գրգռեն երեւակայութիւնը, բայց դժուար է յստակ մատնանշել` հակառակ հնագէտներու տասնամեակներու պեղումներուն:
Անոնք կը փնտռէին Ճոմսպորկի հետքերը:
Թանգարանի տնօրէն տիկին Քոկորան նկարագրեց 10-րդ դարու խաբուսիկ բնակավայրը` որպէս «Միջնադարեան Նիւ Եորք` Պալթիք ծովուն մէջ»` վայքինկներու, գերմանացիներու եւ սլաւոններու խառն բնակչութեամբ առեւտրական ընկերութիւն մը, որ խորհրդաւոր անհետացած էր քարտէսէն` ետին ձգելով իր գոյութեան միայն մշուշը հին գրութիւններու մէջ:
Կ՛ըսեն, թէ անիկա ունէր հազարաւոր բնակիչներ, ամրոց եւ երկար նաւահանգիստ` տեղաւորելու վայքինկներու նաւերը, որոնք կը նաւարկէին մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա եւ կը վերադառնային Սկանտինաւիա:
Սլաւոններու հետքեր Մարոքի մէջ
Առաջին հազարամեակին մէջ պալթեան ափի երկայնքով առեւտուր ըրած ստրկացած սլաւոններու հետքեր յայտնաբերուած են հեռաւոր Մարոքի մէջ:
Մաղելով պեղուած խեցեղէնի բեկորները իր թանգարանի սեղանին վրայ` տիկին Քոկորան ըսաւ, որ վայքինկները այնքան ալ հետաքրքրուած չեն եղած կաւէ անօթներ պատրաստելով: «Անոնք պարզապէս այդ անօթները խլեցին սլաւոններէն», ըսաւ ան:

1930-ականներունն գերմանացի հնագէտները, որոշելով վիճարկել լեհերու պնդումները, թէ այդ տարածքը ի սկզբանէ բնակեցուած էր հիմնականին մէջ սլաւոններու կողմէ, Դահիճի բլուրէն քաղաքի հակառակ կողմին մէջ թումբ մը պեղեցին` յուսալով գտնել Ճոմսպորկի հետքերը, եւ ապացուցել, որ սկանտինաւցիները արիական գերակայութեան նացիական գաղափարախօսութեան կարեւոր հիմնական սիւնը, առաջինը եղած էր այնտեղ: Անոնք գտան որոշ իրեր, բայց ոչ մէկ ապացոյց` վայքինկներու ամրոցի մասին:
Դահիճի բլուրի մասերը պեղուած էին նախքան դոկտոր Ֆիլիպովիակի փորել սկսիլը, բայց` ոչ շինարարութեան համար ընտրուած տարածքը:
Հնագէտը ըսաւ, որ իր յայտնաբերածները, որոնք կրնան ըլլալ 10-րդ դարու Ճոմսպորկի ամրոցին պարիսպները, տակաւին աւելի շատ վերլուծումի կարիք ունին:
Բայց ան կը խորհի, որ արդէն 80 առ հարիւր վստահութիւն կայ, որ այդ ճիշդ վայրն է:
Ըստ անոր, Ճոմսպորկի գտնուելու վայրին շուրջը բանավէճը, կամ եթէ այն իսկապէս գոյութիւն ունէր, շատ երկար ատենէ կը քննարկուէր:
«Կը յուսամ, որ ես կրնամ օգնել վերջ տալու այդ հարցին», ըսաւ դոկտոր Ֆիլիպովեակ: