Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այո՛, Արհեստական Բանականութիւնը Կրնայ Խաթարել Կրթութիւնը, Բայց Անիկա Գէշ Բան Չէ

Յուլիս 21, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Նոր արհեստագիտութիւնները օգտակար կ՛ըլլան, եթէ մարդիկ դրական նպատակներու համար գործածեն այդ նորութիւնները: Անշուշտ միշտ պէտք է մտածել, որ գերագոյն արժէքը մարդն է, եւ արհեստագիտութիւնները պէտք է ծառայեն անոր: Կրթական հաստատութիւններ սկսած են արհեստական բանականութեան հանդէպ նոր մօտեցում ցուցաբերել: «Կարտիըն» եւ «ափինվենթիւ» կայքերը այս մասին վերջերս հրապարակած են հետաքրքրական յօդուածներ:

Ն.

Մարդիկ պէտք է գերազանցեն այն բաները, որոնք արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) չի կրնար ընել, եւ այդ կը նշանակէ աւելի շատ ստեղծագործ եւ քննադատական մտածողութիւն եւ աւելի քիչ գոց սորվիլ:

Կրթութիւնը կ՛ուղղէ այն բոլորը, որոնք մեզ մարդ կը դարձնեն: Անիկա կը խթանէ ազգերու իմացական կարողութիւնները եւ բարգաւաճումը:

Անիկա զարգացուցած է միտքերը, որոնք մեզ տարած են լուսին եւ վերացուցած` նախկին անբուժելի հիւանդութիւնները:

Եւ կրթութեան յատուկ կարգավիճակն է պատճառը, որ ԱԲ-ի գործիքները, ինչպիսիք են ChatGPT-ն, խորապէս կը խաթարեն այս ոլորտը:

Ասիկա ոչ թէ անոնց բանականութեան արտացոլացումն է, այլ մեր անյաջողութեան` ստեղծելու կրթական համակարգեր, որոնք կը սնուցանեն  եւ կը գնահատեն մեր իւրայատուկ մարդկային իմացականութիւնը:

Մեզ կը խաբեն` հաւատացնելով, որ այս ԱԲ-ի գործիքները կարծուածէն շատ աւելի խելացի են: ChatGPT-ի նման գործիքը չունի հասկացողութիւն կամ գիտելիք:

Անիկա պարզապէս կը միացնէ բառերու կտորները` հիմնուելով վիճակագրական հաւանականութիւններու վրայ, օգտակար գրութիւններ պատրաստելու համար: Այդ աներեւակայելի օգտակար օգնական մըն է:

Բայց ան լաւատեղեակ կամ իմաստուն չէ: Ան գաղափար չունի, թէ ինչպէ՛ս իր արտադրած բառերէն որեւէ մէկը կ՛առնչուի իրական աշխարհին:

Այն փաստը, որ ան կրնայ անցընել գնահատման շատ ձեւեր, պարզապէս կ՛արտացոլացնէ, որ այդ գնահատումները նախատեսուած են ոչ թէ գիտելիքներն ու հասկացողութիւնը ստուգելու համար, այլ` ստուգելու, թէ մարդիկ հաւաքած եւ միտքերնին պահա՞ծ են տեղեկութիւն:

ԱԲ-ն կրնայ ըլլալ կրթութեան ոլորտին մէջ հսկայական բարիքներու ուժ: Ան կրնայ ուսուցիչները ազատել վարչական աշխատանքէն` անոնց աւելի շատ կարելիութիւններ տալով ժամանակ անցընել ուսանողներու հետ:

Բայց եւ այնպէս, մենք շատ գէշ պատրաստուած ենք օգուտ քաղելու ԱԲ-էն, որ կը հեղեղէ շուկան: Պէտք չէ, որ այսպէս ըլլայ:

Դեռ ժամանակ կայ պատրաստուելու, բայց պէտք է գործել արագ եւ իմաստուն:

ԱԲ-ն  աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը գործածուի կրթութեան մէջ: ԱԲ-ով աշխատող համակարգերը, ինչպիսիք են «Քառնեկի Լըռնինկ»-ը կամ «Ալեքս»-ը, կրնան վերլուծել ուսանողներու պատասխանները հարցումներուն եւ յարմարեցնել ուսումնական նիւթերը` անոնց անհատական կարիքներուն համապատասխան:

ԱԲ-ի գործիքները, ինչպիսիք են TeachFX-ը եւ Edthena-ն, կրնան նոյնպէս բարելաւել ուսուցիչներու վերապատրաստումն ու աջակցութիւնը:

Այս արհեստագիտութիւններու օգուտները քաղելու համար մենք պէտք է նախագծենք կրթական համակարգին մէջ ԱԲ-ն տարածելու եւ անիկա պատշաճ կարգաւորելու արդիւնաւէտ ուղիներ:

ԱԲ-էն առաջ ըլլալը կը նշանակէ արմատապէս վերանայիլ, թէ ի՛նչ բանի համար է կրթութիւնը եւ ի՛նչ կը նշանակէ յաջողութիւն: Մարդկային իմացականութիւնը շատ աւելի տպաւորիչ է, քան` ԱԲ-ի որեւէ համակարգ, որ մենք կը տեսնենք այսօր: Մենք ունինք հարուստ եւ բազմազան իմացականութիւն, որուն մեծ մասը չի ճանչցուիր մեր ներկայի կրթական համակարգին կողմէն:

Մենք ունակ ենք բարդ, բարձր մակարդակի մտածելակերպի, սակայն դպրոցական ծրագիրը, յատկապէս Անգլիոյ մէջ, կոշտ մօտեցում կը ցուցաբերէ ուսման նկատմամբ` առաջնահերթութիւն տալով փաստեր միտք պահելու, այլ ոչ թէ` ստեղծագործ մտածողութեան: Ուսանողները կը պարգեւատրուին գոց սորվելու համար, այլ ոչ թէ` քննադատական միտքի համար:

Օրինակ, անգլերէնի ուսումնական ծրագիրը կը պահանջէ ուսանողներէն սորվիլ մէջբերումներ եւ քերականութեան կանոններ: Ժամանակ խլող այս աշխատանքը կը խրախուսէ ուսանողները` ամփոփել փաստերը, այլ ոչ թէ` մեկնաբանել գրութիւնները կամ քննադատաբար մտածել լեզուի մասին:

Մեր կրթական համակարգը պէտք է ճանչնայ մարդկային բանականութեան եզակի կողմերը: Դպրոցին մէջ այդ կը նշանակէ կեդրոնացում` բարձր մակարդակի մտածողութեան կարողութիւններու ուսուցման եւ մեր իմացականութիւնը լիցքաւորող համակարգի ստեղծման վրայ:

Գրագիտութիւնը եւ թուաբանութիւնը կը մնան հիմնական, բայց այժմ մենք պէտք է աւելցնենք ԱԲ-ի գրագիտութիւնը: Աւանդական դասանիւթերը, ինչպիսիք են պատմութիւնը, գիտութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը, պէտք է դառնան այն ծիրը, որուն միջոցով կ՛ուսուցանուին քննադատական մտածողութիւնը, ստեղծագործականութեան բարձրացումը եւ գիտելիքներու իւրացումը:

Ուսանողներուն սորվեցնելու փոխարէն, թէ ինչպէս հաւաքել եւ միտք պահել տեղեկութիւն, մենք պէտք է գնահատենք փաստերը մեկնաբանելու եւ ապացոյցները կշռադատելու անոնց կարողութիւնը` ինքնատիպ փաստարկ ստեղծելու համար:

Չփոխելը տարբերակ չէ:

Այժմ այս արհեստագիտութիւնները այստեղ են, մեզի պէտք է, որ մարդիկ գերազանցեն այն, որ ԱԲ-ն չի կրնար ընել. այնպէս որ, աշխատավայրի որեւէ  ինքնագործ մեքենայականացում կը լրացնէ եւ կը հարստացնէ մեր կեանքը եւ մեր խելքը:

Այս պէտք է ըլլայ զարմանալի կարելիութիւն` գործածելու ԱԲ-ն, շատ աւելի խելացի դառնալու համար, բայց մենք պէտք է ապահովենք, որ ԱԲ-ն ծառայէ մեզի, ոչ թէ հակառակը:

Այս կը նշանակէ դիմակայել ճարտարագիտական մեծ ընկերութիւններու շահերու վրայ հիմնուած հրամայականները եւ Սիլիքոնեան Հովիտի երազատես հնարքները:

Այդ նոյնպէս կը նշանակէ  ուշադիր դիտարկել, թէ ինչպիսի՛ առաջադրանքներ մենք պատրաստ ենք բեռնաթափել ԱԲ-ի վրայ:

Մեր մտաւոր գործունէութեան որոշ երեւոյթներ կրնան  անփոխարինելի ըլլալ, բայց շատերը` ոչ: Մինչ Սիլիքոնեան Հովիտը կը յօրինէ իր յաջորդ կախարդական հնարքը, մենք պէտք է պատրաստուինք պաշտպանելու այն, որ մեզի եւ ապագայ սերունդներուն համար արժէքաւոր է:

Կրթութեան Մէջ Արհեստական Բանականութիւնը
Կը Ձեւափոխէ Ոլորտը

Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) դարձած  է մեր առօրեայ կեանքի անբաժանելի մասը` ազդելով իւրաքանչիւր ճարտարարուեստի վրայ այնպէս, ինչպէս մենք չէինք կարծեր, որ կարելի է:

Մարմնամարզէն մինչեւ շինարարութիւն եւ կրթութիւն` ԱԲ-ն  յեղափոխութիւն կ՛ընէ, թէ ինչպէս մենք կ՛աշխատինք եւ կ՛ուսանինք: ԱԲ-ն կրթութեան մէջ նոր կարելիութիւններ ստեղծած է բոլոր տարիքի սորվողներու համար:

«ԷտԹեք» ընկերութիւնները այժմ կ՛անհատականացնեն ուսուցման փորձը, կը բացայայտեն գիտելիքներու բացերը եւ կը տրամադրեն նպատակային յետադարձ կապ` ելեկտրոնային ուսուցման լուծումներու միջոցով:

ԱԲ-ի եւ կրթութեան միաձուլումը ճարտարարուեստի մէջ մտցուց ուսուցման նոր ուղղահայեաց մտապատկեր:

ԱԲ-ի կրթական ծրագիրներու մշակումը յեղափոխած է աւանդական ուսուցման մեթոտները` բջիջային թուային դասընթացքներէն մինչեւ առցանց յղումներ եւ վըրչուըլ դասարաններ:

Քանի որ աւելի շատ «ԷտԹեք» ընկերութիւններ կ՛ընդունին ԱԲ արհեստագիտութիւնը, ժամանակն է, որ խօսինք կրթութեան շուկային մէջ ԱԲ յաւելուածներու մշակման կիրարկութիւններու եւ առաւելութիւններու մասին:

Եկէ՛ք եւ սկսինք` արագ նայելով ԱԲ-ի վրայ հիմնուած «ԷտԹեք» ճարտարարուեստի ապագայ հեռանկարներուն:

Ուսուցման ապագան. ԱԲ-ի վրայ հիմնուած կրթութիւն

ԱԲ-ի վրայ հիմնուած կրթութիւնը կը խանգարէ դասաւանդման աւանդական մօտեցումները եւ կը ձեւաւորէ անոր ապագան: ԱԲ-ի լուծումները կրթութեան համար կը վերլուծեն հսկայական տուեալներու հաւաքածոներ` գործածելով բարդ ալկորիթմներ, տրամադրելով անհատականացուած եւ յարմարելի ուսուցման փորձառութիւններ:

Ուսանողները կը ստանան անհատականացուած ուսուցում, արագ արձագանգ եւ մուտք` դէպի խորացուած արհեստագիտութիւններ, ինչպիսիք են ընդարձակուած եւ վըրչուըլ իրականութիւնը կրթութեան մէջ:

Կրթութեան մէջ խօսակցական ԱԲ-ն, ինչպէս` չաթ-փոթերն ու վըրչուըլ ուսուցիչները, կ՛առաջարկեն արագ օգնութիւն` խթանելով անկախ ուսուցումը: Կրթութեան համար ԱԲ-ի չաթ-փոթերը կը յեղափոխեն ուսանողներու սորվելու ձեւը:

Այս չաթ-փոթերը իրենց բնական լեզուի մշակման եւ մեքենայական ուսուցման ալկորիթմներով ակնթարթային եւ անհատականացուած աջակցութիւն կը տրամադրեն ուսանողներուն` պատասխանելով անոնց հարցումներուն եւ անոնց ուղղութիւններ տալով ուսումնական հոլովոյթին մէջ:

Փոխադարձ ազդեցութեամբ  եւ գրաւիչ ուսուցման փորձի շնորհիւ` ուսանողները աւելի դիւրաւ կ՛ըմբռնեն հասկացողութիւնները եւ աւելի լաւ կը պահպանեն տեղեկութիւնը:

ԱԲ-ի միտումները արագ կ՛աճին «ԷտԹեք»-ի մէջ` բարելաւելով ուսանողներու ներգրաւուածութիւնը յարմարեցուած դասընթացքներով, դասախօսութիւններով, խաղային դասապահերով` հմտութիւններ ձեռք բերելու համար եւ այլն, որուն շնորհիւ կը նախատեսուի,  որ ԱԲ-ի կրթութեան շուկան մինչեւ 2027 թուականը պիտի կազմէ 20 միլիառ տոլար:

Ընկերութիւններ, առեւտրականներ միասնաբար միլիառաւոր տոլարներ կը ներդնեն ԱԲ-ի կիրարկելի լայն շրջանակին մէջ` կրթական յաւելուածներու մշակումէն, մարդամեքենայի շինութենէն, վըրչուըլ օգնութենէն եւ բնական լեզուէն մինչեւ համակարգչային տեսլական եւ մեքենայական ուսուցման մէջ:

ԱԲ-ի կիրարկութիւններն ու առաւելութիւնները կրթութեան մէջ

Շնորհիւ իր բազմաթիւ առաւելութիւններուն` ԱԲ-ն կրթութեան մէջ կը պարզեցնէ տարբեր առաջադրանքներ եւ ուսուցման հոլովոյթը կը դիւրացնէ:

Անհատականացուած ուսուցում

Ամէն ուսանող նոյն ձեւով չի յարմարիր գիտելիքին: Ոմանք արագ կ՛ըմբռնեն, մինչ ոմանց ժամանակ պէտք է:

Սովորական ուսուցման համակարգին մէջ կը բացակայէր իւրաքանչիւր իւրայատուկ ուսանողի համար յարմարեցուած ուսուցման մտապատկեր: Այստեղ է, որ օգնութեան կը հասնի առցանց կրթութեան ԱԲ-ն:

ԱԲ-ն կրթական ոլորտին մէջ կ՛ապահովէ կրթական ծրագիրի անհատականացում` իւրաքանչիւր անհատի համար:

Աւելի՛ն. կրթութեան մէջ ML-ի նման աջակցող արհեստագիտութիւններու միջոցով համակարգը կը հաստատէ, թէ ուսանողը ինչպէս կ՛ընկալէ տարբեր դասերը եւ կը յարմարի այդ հոլովոյթին` նուազագոյնի հասցնելու բեռը:

ԱԲ-ի եւ կրթութեան այս խառնուրդը կը կեդրոնանայ իւրաքանչիւր անհատի պահանջներուն վրայ` ԱԲ-ի խաղերու, յարմարեցուած ծրագիրներու եւ արդիւնաւէտ ուսուցումը խթանող այլ յատկանիշներու միջոցով:

Այլ կիրարկութիւններ.

  • Աշխատանքի մեքենայականացում
  • Խելացի պարունակութեան ստեղծում

Ա.- Տեղեկատուութեան մտապատկերում
Բ.- Թուայնացած  դասերու ստեղծում
Գ.-  Բովանդակութեան յաճախակի թարմացումներ

  • Յարմարող մօտեցում
  • Դասարանի խոցելիութեան որոշում
  • Փակել  հմտութիւններու բացը
  • 24 x 7 աջակցութիւն խօսակցական ԱԲ-ի հետ
  • Անվտանգ եւ ապակեդրոնացած ուսուցման համակարգեր
  • ԱԲ քննութիւններ

ԱԲ ծրագրային համակարգերը կրնան արդիւնաւէտ գործածուիլ  քննութիւններու եւ հարցազրոյցներու ժամանակ` օգնելու յայտնաբերել կասկածելի վարքը եւ զգուշացնել ղեկավարը: ԱԲ ծրագիրները  կը հետեւին իւրաքանչիւր անհատի առցանց տեսախցիկներու, խօսափողներու եւ պրաուզրներու միջոցով եւ կը կատարեն ստեղնաշարի վերլուծութիւն, ուր որեւէ շարժում կ՛ահազանգէ համակարգին:

ԱԲ-ի վրայ հիմնուած ծրագրային եւ կիրարկելի լուծումը կրնայ  շահաւէտ ըլլալ աւելի շատ ձեւերով, քան կարելի է պատկերացնել: Ահա թէ ինչո՛ւ «ԷտԹեք» սթարթափերը եւ ընկերութիւնները կը գրաւուին ԱԲ արհեստագիտական լուծումներով, որոնք յաջողութեամբ կը լուծեն գործածողներու դժուար կէտերու լայն շրջանակը:

Ուրեմն, եթէ դուք մասնագիտական կրթութեան ոլորտի մաս մըն էք, պաշտօնապէս ժամանակն է համարկել ԱԲ լուծումները ձեր կրթական աշխատանքին:

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազգային Բարերար Հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի Ընտանիքը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկներ Անդրանիկ Մանուկեան եւ Յովսէփ Ենիգոմշեան

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?