Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Գետերու, լիճերու չորացումով սկսած են ի յայտ գալ անհետացած հին քաղաքներ: Այսպիսի երկու քաղաքներու մասին վերջերս գրած է «Սի.Էն.Էն.»:
Ն.
Տիգրիս Գետը Ցոյց Կու Տայ, Որ Իրաքի Մէջ Կը Գտնուի Ջուրին Տակ Մնացած Պրոնզէ Դարու Հնագոյն Քաղաքը
Իրաքի Տիգրիս գետի երաշտէն ետք ի յայտ եկած է 3400-ամեայ քաղաք մը` բացայայտելով թաքնուած ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը:
Հնագէտներու խումբը շտապեց Մուսուլի ջրամբար, որ կը գտնուի հիւսիսային Իրաքի մէջ եւ կը ներառէ Մուսուլի ամբարտակը (ժամանակ մը յայտնի էր իբրեւ Սատտամի ամբարտակ)` ուսումնասիրելու հին քաղաքը:
Հնագէտները կ՛ըսեն, որ կորսուած քաղաքը հնագոյն Զախիկուն քաղաքն է, Միտանի կայսրութեան մէջ, որ իշխած է ՆՔ 1550-1350 թուականներուն:
Քիւրտ եւ գերմանացի հնագէտները յունուար եւ փետրուար ամիսներուն պեղած են բնակավայրը Մուսուլի ջրամբարին մէջ` Տիգրիս գետի երկայնքով, հիւսիսային Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանին մէջ:
Ծրագիրը կը գործակցէր Դուհոկի հնութիւններու եւ ժառանգութեան տնօրէնութեան հետ` տարածքի մշակութային ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներու համար պահպանելու նպատակով:
Կ՛ենթադրուի, թէ հնագիտական վայրը` Կեմունեն, պրոնզէ դարու Զախիկուն քաղաքն է, Միտանի կայսրութեան գլխաւոր կեդրոնը:
Կայսրութեան տարածքը կ՛ընդարձակուէր Միջերկրական ծովէն մինչեւ հիւսիսային Իրաք:
Զախիկուն ջուրի տակ անցած է, երբ Իրաքի կառավարութիւնը կառուցեց Մուսուլի ամբարտակը 1980-ականներուն, եւ այդ օրէն ի վեր հազուադէպ տեսած է օրուան լոյսը:
Երբ հնագէտ Փուլճիզ լսեց, որ քաղաքը վերայայտնուած է, անոր խումբը շտապեց պեղել տեղը, քանի որ յայտնի չէր, թէ երբ նորէն կը բարձրանայ ջուրի մակարդակը:
«Ժամանակի ահռելի ճնշումին պատճառով մենք փորեցինք, անտեսելով սառնամանիքային ջերմաստիճան, ձիւն, կարկուտ, անձրեւ, նոյնիսկ փոթորիկ, ինչպէս նաեւ երբեմն արեւոտ օրը, որովհետեւ չէինք գիտեր, թէ ջուրը կրկին երբ կը բարձրանայ եւ որքան ժամանակ կ՛ունենանք», – ըսաւ Փուլճիզ:
Հնագոյն քաղաքը այժմ կրկին ջուրի տակ է, բայց հետազօտողները կրցած են ցուցակագրել վայրին մեծ մասը:
Պալատ մը արդէն վաւերագրուած էր, երբ 2018-ին քաղաքը կարճ ժամանակով յայտնուած էր, իսկ վերջին պեղումներու ժամանակ փաստագրուեցան բազմաթիւ յաւելեալ կառոյցներ:
Որոշ յայտնագործութիւններ կը ներառեն աշտարակներով եւ պարիսպներով ամբողջական ամրացում ու բազմայարկ բարձրութեամբ պահեստային շէնք: Շինութիւններու մեծ մասը կառուցուած էր արեւուն տակ չորցուած ցեխի աղիւսներէն, որոնք սովորաբար լաւ չեն դիմանար ջուրին տակ, կ՛ըսեն հետազօտողները:
Սակայն Զախիկուն ՆՔ 1350 թուականին տուժած է երկրաշարժէն,եւ վերին պատերու մասերը փլած են եւ ծածկած շէնքերը:
Քաղաքը կառուցած հին միտանիներու մասին քիչ բան յայտնի է, հիմնականին մէջ այն պատճառով, որ հետազօտողները չեն յայտնաբերած կայսրութեան մայրաքաղաքը կամ չեն յայտնաբերած անոնց արխիւները, ըսած է Փուլճիզ:
Բայց եւ այնպէս, վերջին պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած որոշ ձեռային աշխատանքներ կրնան օգնել պատկերացում կազմել:
Հնագէտները յայտնաբերած են հինգ խեցեգործական (սերամիք) անօթներ, որոնց վրայ պահուած են աւելի քան 100 կաւէ սեպագիր տախտակներ, որոնք թուագրուած են երկրաշարժէն ետք:
Կ՛ենթադրուի, թէ անոնք միջին ասորական ժամանակաշրջանէն են, որ տեւած է ՆՔ 1350-էն մինչեւ 1100 թուականը եւ կրնայ լոյս սփռել քաղաքի կործանման եւ ասորեստանցիներու տիրապետութեան բարձրացման վրայ, կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Հրաշքի համազօր է, որ կաւեղէն սեպագիր տախտակները այսքան տասնամեակներ գոյատեւած են ջուրին տակ», – կ՛ըսէ Տիւպինկենի համալսարանի մերձաւոր արեւելեան հնագիտութեան փրոֆեսէօր եւ պեղումներու ղեկավարներէն մէկը` Փիթըր Ֆելցներ:
Գրութիւնները դեռ չեն վերծանուած, սակայն Փուլճիզ ենթադրած է, թէ անոնք կը պատկանին սեփական արխիւի մը:
«Հետաքրքրական է տեսնել, թէ ի՛նչ կը բացայայտէ սեպագիր գրութիւններու ուսումնասիրութիւնը քանդիչ երկրաշարժէն ետք քաղաքի եւ անոր բնակիչներու ճակատագիրին մասին»,- ըսաւ ան:
Բոլոր յայտնաբերուածները պահուած են Դուհոկի ազգային թանգարանին մէջ:
Մինչ քաղաքը կրկին անհետացած է ջուրին տակ, հետազօտողները աւերակները ծածկած են ամուր ամրացուած կերպընկալ թիթեղներով, որոնց վրայ տեղադրուած են քարեր եւ խիճեր: Փուլճիզը յոյս ունի, որ այս միջոցները կը պաշտպանեն հնավայրը ջրային մաշումէ եւ կը կանխեն զայն ընդհանրապէս անհետանալէ:
Կորսուած քաղաքը իրականութեան մէջ յառաջացած է այս տարուան սկիզբը, երբ երկրին մէջ երկարատեւ ծայրայեղ երաշտին պատճառով է ջրամբարէն մեծաքանակ ջուր դուրս ձգուեցաւ` բերքը ոռոգելու համար, ինչ որ ջուրի մակարդակի անկումին պատճառ դարձաւ:
Պեղուած բոլոր գտածոներու մէջ կային քանի մը խոշոր շինութիւններ, հսկայական ամրութիւն եւ ընդարձակ քաղաք:
Ֆրայպուրկի եւ Տուպինկենի համալսարանները արագ արձագանգեցին, երբ Տիգրիս գետի ջրամբարը չորցաւ` բացայայտելով պատմական հրաշքը:
Անոնք ստիպուած էին շտապել հետաքննել նախքան կայքին կրկին ջուրի տակ անցնիլը: Պեղումները ղեկավարած են իրաքեան Քիւրտիստանի հնագիտական կազմակերպութեան նախագահ դոկտոր Հասան Ահմէտ Քասիմը, դոկտոր Իվանա Փուլճիզը` Ֆրայպուրկի համալսարանէն եւ դոկտոր Փիթըր Ֆելզները` Տիւպինկենի համալսարանէն:
2018 թուականին հնագէտները մասնակի յայտնաբերած են տեղանքը: Այս անգամ առաջին անգամն էր, որ հնագէտներու խումբը հիմնովին պեղեց այդ վայրը:
Համալսարանը բացատրած է, որ Իրաք «աշխարհի այն երկիրներէն մէկն է, որ ամէնէն աւելի տուժած է կլիմայի փոփոխութենէն», եւ որ «մշակուող բոյսերու չորացումը կանխելու համար դեկտեմբերէն ի վեր մեծաքանակ ջուր հանուած է Մուսուլի ջրամբարէն` Իրաքի ջուրի ամէնէն կարեւոր պահեստէն»:
Համալսարանը աւելցուց. «Գերմանա-քրտական հնագիտական խումբը ժամանակի ահռելի ճնշումի տակ էր, քանի որ պարզ չէր, թէ ջրամբարի ջուրը երբ կրկին կը բարձրանայ»:
Համալսարանը հաստատած է, որ տեղանքը այժմ կրկին ամբողջութեամբ ջուրի տակ է:
Եգիպտոս. Ջուրին Տակ Մնացած Խորհրդաւոր Քաղաքը
Կը Բացայայտէ Խորտակուած Հնագոյն Տաճարներն Ու Գանձերը
Եգիպտոսի Միջերկրական ծովու ափին մօտ գտնուող ջրանցքին մէջ ստորջրեայ հետախուզում կատարելու ատեն հնագէտները ուշագրաւ յայտնագործութիւն ըրին: Անոնք գտան ընկղմած տաճար մը եւ սրբավայր մը` լեցուած Ամուն եւ Աֆրոդիտէ աստուածներու առնչուող հնագոյն գանձերով:
Ըստ տեղեկութիւններու, տաճարը ի սկզբանէ նուիրուած է Ամուն աստուծոյ եւ ունեցած է պատմական մեծ նշանակութիւն, քանի որ փարաւոնները այցելած են հոն` ստանալու ընդհանուր թագաւորներու տիտղոսները:
Քրիստոսէ առաջ Բ. դարու կէսերուն տաճարը մասամբ փուլ եկած է աղէտալի իրադարձութեան իբրեւ հետեւանք:
Այս տաճարը ժամանակին եղած է հնագոյն նաւահանգստային Թոնիս-Հերակլիոն քաղաքի անբաժանելի մասը, որ կը գտնուի Ապուքիրի ծոցին մէջ (նաեւ յայտնի է իբրեւ Ապու Քիր ծովածոց):
Այս ծաղկուն քաղաքը, որ այժմ ընկղմած է Եգիպտոսի ներկայիս ափէն շուրջ եօթը քմ. հեռաւորութեան վրայ, կործանեցաւ, երբ քանդիչ երկրաշարժը եւ մակընթացային ալիքները պատճառ դարձան հողի հեղուկացման, որուն իբրեւ հետեւանք քաղաքը սուզուեցաւ Նեղոսի դելտային մէջ:
Երբ հնագէտները կ՛ուսումնասիրէին տաճարի խորքերը, անոնք յայտնաբերեցին ձեռային աշխատանքներու եւ գաղտնիքներու գանձարան, որուն մէջ կային արծաթէ ծիսական գործիքներ, ոսկեայ զարդեր, տուփեր, որոնց մէջ ժամանակ մը կը պահուէին օծանելիքներ եւ իւղոտ քսուքներ` յայտնի սնուցիչներ:
Բացի ատկէ, անոնք յայտնաբերած են ստորգետնեայ կառոյցներ, որոնք ամրացուած էին զարմանալիօրէն լաւ պահպանուած փայտէ սիւներով եւ ճառագայթներով, որոնք թուագրուած են ՆՔ Ե. դարուն:
Անդրադառնալով անոր, Ստորջրեայ հնագիտութեան եւրոպական հիմնարկի (IEASM) նախագահ Ֆրանք Կոտիոն եւ պեղումները ղեկավարող ֆրանսացի ստորջրեայ յառաջատար հնագէտը ուրախութիւն յայտնեց այս նուրբ առարկաներու յայտնաբերման առնչութեամբ:
Այդ առարկաները կրցած էին դիմանալ խորտակման:
Տաճարին մօտ հնագէտները հանդիպեցան յունական սրբավայրի մը, որ նուիրուած էր սիրոյ աստուածուհիին` Աֆրոտիդէին: Այս սրբավայրը բերաւ ձեռային աշխատանքներու հարուստ տեսականի պրոնզէ եւ խեցեգործական իրեր:
Այն համոզիչ ապացոյցներ կու տար, որ յոյները, փարաւոններու Սաիտէ գերդաստանին օրով (ՆՔ 688-525), ազատութիւն ունէին առեւտուր ընելու եւ քաղաքին մէջ իրենց աստուածութիւններուն նուիրուած սրբավայրեր հիմնելու:
Աւելի՛ն, սրբավայրը կը պարունակէր յունական զէնքերու հետաքրքրական հաւաքածոյ, որ կ՛ենթադրէր, թէ պահու մը յոյն վարձկաններ կրնային պատասխանատու ըլլալ պաշտպանելու թագաւորութեան մուտքը Նեղոսի ամէնէն արեւմտեան ճիւղի բերանին, որ յայտնի է իբրեւ Քանոպիկական ճիւղ:
Այլ խօսքով, այս ստորջրեայ հնագիտական հետախուզութիւնը բացայայտեց արտասովոր հայեացք դէպի անցեալ` խորտակուած տաճարի մը, անոր կապուած գանձերու եւ յունական սրբավայրի մը յայտնաբերումով լոյս սփռելով բարդ պատմութեան եւ փոխազդեցութիւններու վրայ, որոնք ժամանակին կը բարգաւաճէին եգիպտական այս ջրասոյզ քաղաքին մէջ: