Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 30-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
Շաբաթ, 19 յուլիս 2025-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 30-րդ ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը: 19-31 յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Պրազիլէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 28 հայ երիտասարդներ: Հաւաքին բացումը...




















