Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 19, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ Հաւաք` Արցախի Շարժումին 37-Ամեակին Առիթով

Արցախի շարժումին 37-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան այդ շարժումի նախաձեռնող խումբի անդամներ ու գործիչներ:

Մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախի բոլոր պատերազմներուն զոհուած անձերուն յիշատակը:

Արցախի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց ողջունեց ներկաները` ափսոսալով, որ այսպիսի պատմական օր Արցախի մէջ չեն համախմբուած: Ան շեշտեց, որ պէտք է ձեռնարկել ամէն տեսակ քայլերու, որպէսզի արցախահայութեան մէջ անսասան մնայ Արցախ վերադառնալու յոյսը եւ հաւատքը:

Շարժումին մասնակցողները կիսեցին իրենց յիշողութիւնները, վերյիշեցին պատմական իրադարձութիւնները, որոնք ճակատագրական կերպով փոխեցին Արցախի ճակատագիրը: Անոնք բաժնեկցեցան նաեւ մտահոգութիւններ եւ հարցեր, որոնց դէմ յանդիման կանգնած են այսօր արցախցիները: Ներկայացուեցան նաեւ առաջարկներ, որոնք կը բխին արցախցիներուն շահերէն եւ կը ծառայեն անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ Կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

Փետրուար 14-ին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջը` 40-օրեայ Մանուկ Յիսուսի` տաճարին ընծայման տօնը, որուն սկիզբը ազդարարուեցաւ փետրուար 13-ի երեկոյեան:

Տէրունական տօնին առիթով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափօրի ուղեկցութեամբ մուտք գործեց մայր տաճար, ուր վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը:

Ժամերգութեան յաջորդեց նախատօնակը, ապա տեղի ունեցաւ տարուան առաջին անդաստանի կարգը, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը:

Այնուհետեւ «Քրիստոս փառաց» տաղի ներքեւ մայր տաճարի Իջման սուրբ սեղանի կանթեղէն վառուած մոմով նորին սրբութիւնը Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող կենսատու լոյսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին:

Արարողութեան աւարտին եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռի միաբանական շէնքի շրջափակ, ուր ներկայութեամբ բազում հաւատաւոր հայորդիներու, Ամենայն Հայոց հովուապետի ձեռամբ վառեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հաւատաւոր հայորդիներուն ընծայեց խաչեր:

Տեառնընդառաջի տօնը   Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ հռչակուեցաւ նորապսակներու օրհնութեան օր: Այս առիթով փետրուար 14-ին մայր տաճարին եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող սուրբ պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ:

Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով` Նոր Գիրքեր Եւ Քննարկումներ

Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ «Newmag» հրատարակչութիւնը կազմակերպած է գիրքի եւ արուեստի փառատօն, որ կայացաւ փետրուար 16-ին, Երեւան: «Newmag Winterfest 2025» փառատօնին բացումը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի ներկայացումով: Համերգային հետաքրքրական ծրագրով հանդէս եկան նաեւ Սիւզաննա Մելքոնեանը եւ Գոռ Սուճեանը: Փառատօնի յայտագիրը ճոխացուցին արցախցի հեղինակներ, որոնցմէ է «Արցախի ձայներ» խումբը:

Փառատօնին ներկայացուեցան չորս նոր գիրք ու մէկ ուղեցոյց` Հերմինէ Աւագեանի «Հրաժեշտի աչքերը» պատմուածքներու ժողովածուն, որ նուիրուած է արցախեան պատերազմին, լքուած հայրենիքին եւ հանդիպման սպասումներուն: Ծովինար Բարխուդարեանի «Վերջին կարմիր շրթներկը»` ականատեսի վկայութիւնները, որ հեղինակի ու տասներկու կիներու պատմութիւններ են` գաղթի ճանապարհին եւ կորսնցուցած հայրենիքի մասին:

Փառատօնին Սիւնէ Սեւադան ներկայացուց իր նոր գիրքը` «Արիութեան մետաղ» քաղաքային վէպը, որ պատմեց անյայտութեան մէջ երջանկութիւն փնտռողներու մասին: «Newmag»-ը հրատարակեց նաեւ երգահան, բանաստեղծ Աւետ Բարսեղեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն: Գիրքը կոչուեցաւ «Հայելիս»: Գիրքի շնորհահանդէսէն ետք Նազենի Յովհաննիսեան, Հրաչուհի Ութմազեան եւ Վարշամ Գէորգեան կարդացին Ա. Բարսեղեանի այլազան ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:

Գիրքերու շնորհահանդէսներուն զուգահեռ, տեղի ունեցան նաեւ` քննարկումներ, ցուցահանդէս եւ կալա համերգ: Քննարկումներէն մէկը, որ կը կոչուի «Բացառիկ հրատարակութեան ընդառաջ. հայկական տեխնօթռիչքն ու Պոլիտեխնիկը», նուիրուած էր հրատարակչութեան` յառաջիկային հրատարակելիք գիրքերէն մէկուն` Պոլիտեխնիկի պատմութեան: Քննարկման մասնակիցները խօսեցան հայկական տեխնօթռիչքի ու այդ հարցին մէջ մեծ դեր ունեցած Պոլիտեխնիկական համալսարանի գրեթէ մէկդարեայ պատմութեան մասին:

Բանախօսութիւն ՀՕՄ-ի Երեւանի «Մգրօ» Մասնաճիւղի Նախաձեռնութեամբ

Փետրուար 7-ին «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ՀՕՄ-ի Երեւանի «Մգրօ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ բանախօսութիւն` «Աւանդապատում» նիւթով:

Բանախօսութեան հրաւիրուած էր Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մասնակցեցան ՀՕՄ-ի Երեւանի մասնաճիւղերու անդամները: Օրուան բանախօսն էր Ժենիկ Պարսանեանը:

Հաղորդենք, որ հայկական հին աւանդապատումներու կողքին ներկայացուեցան նաեւ Արցախի բնակավայրերու, լեռներու եւ աղբիւրներու հետ կապուած պատումներ:

Տեառնընդառաջը Միաւորեց ՀՄԸՄ Արցախի Եւ Երեւանի Շրջաններու Սկաուտները

Հայ ժողովուրդի տարիներ շարունակ նշուող աւանդական տօնը` Տեառնընդառաջը (Տրնդէզ, Տանդառեջ, Տառինջ-տառինջ, Դառդառանջ, Դոռոնջ, Մելետ եւ այլ անուններով), վերջերս նշուեցաւ Երեւանի մէջ` ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի վարչութեան նախաձեռնութեամբ:

Ձեռնարկը միաւորեց` ՀՄԸՄ Արցախի եւ Երեւանի շրջաններու սկաուտները, անոնց ծնողները, ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` նաեւ Արցախի թեմի քարտուղար Դաւիթ սրկ. Փաշայեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ, հիւրեր: Տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը սկսաւ Դաւիթ սրկ. Փաշայեանի խօսքով, որ ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ օրհնեց խարոյկը: Ան ընդգծեց, որ Տեառնընդառաջը ո՛չ միայն հայկական աւանդական տօն է, այլեւ` հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւոր մաս, որ հրաւէր է Տիրոջն ընդառաջ երթալու: Նաեւ կ՛աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Անոր խօսքերը յիշեցուցին ներկաները տօնին խոր իմաստը եւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման համար ունեցած նշանակութիւնը:

Ըստ հայկական աւանդոյթին, ներկաները ցատկեցին կրակին վրայէն, որ կը համարուի մաքրութեան եւ հոգեւոր վերածնունդի խորհրդանիշ: Կրակը քրիստոնէութեան մէջ կը նմանցուի Սուրբ Հոգիի զօրութեան եւ ունի զտող, մաքրագործող յատկութիւն: Կրակին վրայով ցատկելէ ետք մասնակիցները միացան խարոյկի շուրջ կազմակերպուած ազգային երգ ու պարին` տօնը դարձնելով ուրախ եւ միասնական: ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի շրջանի անդամ քոյր Լիլիթը «Ապառաժ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ձեռնարկը եւս առիթ մըն էր արցախցիները միաւորելու եւ միասին նշելու հայկական աւանդական տօնը: Ան կարեւոր նկատեց ազգային տօներու նշումը` ընդգծելով, որ այս տօներն ու անոնց հետ կապուած աւանդոյթներն են, որ հազարամեակներ շարունակ եղած են հայկական աւանդական արժեհամակարգի պահպանման հիմքին մէջ: Տեառնընդառաջը ունի հեթանոսական եւ քրիստոնէական արմատներ: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք տօնը ստացաւ կրօնական նշանակութիւն` կապուած Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան հետ:

Տեառնընդառաջը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան մասն է, այլեւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ներկայ սերունդին կապուելու իր արմատներուն եւ պահպանելու ազգային ինքնութիւնը:

Ազրպէյճանցիները Վնասած Եւ Պղծած Են Ծիծեռնավանքի Խորանը

Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.

«2025 թուականի փետրուարին համացանցի վրայ տարածուած լուսանկարներէն յստակ երեւաց, որ ազրպէյճանական կողմը վնասած է Ծիծեռնավանքի խորանը: Լուսանկարներէն կ՛երեւի, որ ջարդուած է խորանին վրայ գտնուող սուրբ սեղանը եւ խաչակալը: Նշենք, որ 2023 թուականին պղծուած էր եւ վնասուած Ծիծեռնավանքի տաճարը:

Ծիծեռնավանքի տաճարը 2020 թուականի դեկտեմբերէն, երբ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանը անցաւ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, դարձած է Ազրպէյճանի աղուանական-ուտիական համայնքի քարոզչական թիրախներէն մէկը: Հակառակ այս բոլորին` տաճարը պարբերաբար կը պղծուի:

Ծիծեռնավանքին հասցուող շարունակական վնասը կը խօսի կանխամտածուած ըլլալու փաստին մասին: Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ 2022 թուականին ընդունուած 2582-րդ` «Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւը, որմով Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանին պարտաւորեցուցած էր ապահովել հայկական ժառանգութեան տարածքներուն մէջ որեւէ միջամտութեան բացառումը` պահպանելու ժառանգութեան իսկութեան սկզբունքները, իսկ վերականգնման աշխատանքները կատարելու բացառապէս այդ սկզբունքին համաձայն: Եկեղեցւոյ պղծումը կը խախտէ նաեւ ժառանգութեան մշակութային կարեւորութեան չափանիշը` հաստատուած Պուրրայի (Աւստրալիա, ԻԿՕՄՕՍ) 1999 թ. կանոնադրութեամբ: Եւ այստեղ պատմական ապացոյցներու ոչնչացման հետ կապուած հարկ է նշել, որ ըստ մշակութային կարեւորութեան չափանիշի, ժառանգութեան պատմական արժէքի պահպանում կը նշանակէ, թէ ինչպէս պահպանուած են արժէքի պատմական ապացոյցները (Պուրայի հռչակագիր, յօդուած 2.3): Եւ աւելի՛ն, «որեւէ միջամտութիւն, որ կը կատարուի ժառանգութեան հետ` յանգեցնելով մշակութային կարեւորութեան այս կամ այն տարրի կորուստին` պատմական, գեղագիտական, հոգեւոր եւ ընկերային առումներով, կը զրկէ ժառանգութիւնը իր հիմնական նշանակութենէն` ոչնչացնելով զայն»:

Եկեղեցւոյ պղծումը եւ վնասումը կը խաթարեն կառոյցի ամբողջականութիւնը: Եւ ինչպէս հաստատուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագիտական 36-րդ հանդիպման ժամանակ, «Ամբողջականութիւնը ժառանգութեան կարողութիւնն է, որմով անիկա կ՛ապահովէ եւ կը պահպանէ այդ նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը ժամանակի ընթացքին»: Ամբողջականութեան սկզբունքին համաձայն պահպանումը կ՛ենթադրէ նախ եւ առաջ ժառանգութեան արժէքները փոխանցող տարրերու պահպանութիւնը` միաժամանակ նկատի առնելով թէ՛ առանձին տարրերու եւ թէ՛ անոնց ու ամբողջի փոխյարաբերութիւնները: Անդրադառնալով մարդկային վնասակար ազդեցութեան` գործառն     ական ուղեցոյցը կու տայ լրացուցիչ բացատրութիւն. «Ամբողջականութեան պահպանութեան համար ժառանգութեան բոլոր յատկանիշները պէտք է ըլլան անփոփոխ»:

Կոստան Զարեանի 140-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Փետրուար 10-ին Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր, մշակութաբան Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ուշագրաւ ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուեցան գրողին հայերէն եւ օտար լեզուներով ստեղծագործած աւելի քան 50 գիրք, լուսանկար, արխիւային փաստաթուղթ եւ այլ նիւթեր: Առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացուեցաւ Կոստան Զարեանի ծննդեան վկայաթուղթը, որ կը հաստատէ, թէ գրողը ծնած է  8 փետրուար 1885-ին: Ցուցադրուած նիւթերուն մաս կազմեցին նաեւ 20 հոկտեմբեր 1926-ին Նետերլանտներու մէջ իր կարդացած հրապարակային դասախօսութիւններէն մէկուն տպաւորիչ ազդագիրը եւ բանաստեղծին քանի մը ձեռագիրները:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսի բացումէն ետք գրադարանի սրահներէն մէկուն մէջ գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան մօտաւորապէս երկու ժամ դասախօսեց Կոստան Զարեանի կեանքին ու գրականութեան մասին:

Վահան Տէրեանի Ծննդեան 140-Ամեակին Առիթով Զետեղուեցան Ծաղիկներ Բանաստեղծին Շիրիմին

Փետրուար 9-ին նշանաւոր հայ բանաստեղծ, քնարերգակ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Տէրեանի 140-ամեակին նուիրուած տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը բանաստեղծին շիրիմին առջեւ` «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, Տէրեան ընտանիքի անդամներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին անոր շիրիմին` յարգելով քնարերգակին յիշատակը:

Հաւաքին գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացան Երեւանի դպրոցներէն մէկուն աշակերտներէն խումբ մը` ասմունքելով Վ. Տէրեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:

Այնուհետեւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացաւ «Տէրեանի հետ» խորագրեալ ոգեկոչման ձեռնարկը:

Նշուեցաւ Հայ Անուանի Արձակագիր Հրանդ Մաթեւոսեանի Ծննդեան 90-Ամեակը

Փետրուար 12-ին ամբողջացաւ հայ անուանի արձակագիր Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան 90-ամեակը:

Այս առիթով Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան, Մաթեւոսեան ընտանիքի անդամները, գրողներ, մտաւորականներ, գիտնականներ, պաշտօնեաներ, արուեստագէտներ այցելեցին Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն` խնկարկելու եւ ծաղիկներ զետեղելու մեծանուն արձակագիրի յիշատակին:

Ներկաները նշանաւորեցին Հրանդ Մաթեւոսեանի ստեղծագործական վաստակը, մտաւորականի կերպարն ու ժամանակի մէջ անոր տեղն ու դերը:

Այնուհետեւ կարդացուեցաւ մաթեւոսեանական «Ես տէր եմ իմ ժամանակին» ստեղծագործութիւնը` Հրանդ Մաթեւոսեանի անուան հիմնական դպրոցի աշակերտներուն կատարումով:

Հրանդ Մաթեւոսեանի գործերը, մասնաւորապէս` անտիպներու հրատարակութիւնը, վերջին տարիներուն հոգացած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` ընթերցողի սեղանին դնելով ստուարածաւալ երկհատորեակը: Գրագէտին եղբայրը` Համօ Մաթեւոսեան, գրողի ձեռագիրներէն ոսկերչական բծախնդրութեամբ կազմեց հատորները` փոխանցելով սերունդներուն: Պետական հովանաւորութեամբ նաեւ հրապարակուած է գրողի գործերուն մեծ մասը: Յոբելենական այս տարուան ընթացքին կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններում» ծրագրով Լեհաստանի մէջ լոյս պիտի տեսնէ գրողին «Խումհար» վիպակը: Նաեւ պիտի շարունակուին Հրանդ Մաթեւոսեանի գործերը այլ լեզուներով թարգմանելու բանակցութիւնները:

«Հրանդ Մաթեւոսեանի բեմագրութեամբ նկարահանուած են` «Մենք ենք, մեր սարերը», «Աշնան արեւ», «Տէրը», «Այս կանաչ-կարմիր աշխարհը» պատկերասփիւռային, անոր գործերուն նիւթերով` «Օգոստոս» ժապաւէնը, պատկերասփիւռային բեմականացումներ դարձած են «Մեծամօր» էսսէն եւ «Չէզոք գօտի» թատրերգութիւնը, Երեւանի տրամաթիքական թատրոնին մէջ բեմականացուած են «Աշնան արեւը» եւ «Կայարանը», առիթով մը ճիշդ այսպէս ինքը` գրողը, երրորդ դէմքով շարադրած է իր կենսագրականը:

Հիմա ալ` իր մահէն ետք, այս ընթացքը կը շարունակուի, որովհետեւ կը կարդանք, իսկ «Մոռացութիւնից փրկուածը ընթերցուածն է»:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ղարաբաղն Ու Զանգեզուրը Ազրպէյճանի Կցելու Բոլշեւիկեան Ծրագիր

Յաջորդը

Դաշնակցական Պատանիներուն Պատգամը. Առաջնորդուինք Փետրուարեան Ապստամբութեան Ազգային Շունչով Ու Մարտունակ Ոգիով*

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?