Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 18, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 ՀՕՄ-ը Եւ Քանատայի Հայ Համայնքը Կրթաթոշակ Տրամադրեցին Արցախցի 310 Ուսանողներու

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ արցախցի 300 ուսանող միանուագ կրթաթոշակ ստացած է: Աջակցութիւնը ՀՕՄ Արցախի վարչութեան միջոցով տրամադրուած է` նկատի առնելով ուսանողներու յառաջդիմութիւնն ու կարգավիճակը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան ուսանողներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ շեշտած է ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի գործունէութիւնը, ներկայացուցած առաքելութիւնը, որուն 115-ամեայ գործունէութիւնը նուիրուած է կարիքի մէջ գտնուողին, երիտասարդին, մանուկին:

«ՀՕՄ-ը կարողացաւ քիչ մը ազնուացնել աշխարհը իր գթասրտութեամբ, սիրով ու նուիրումով: Կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը ցանկամ, որ բոլորդ ըլլաք լաւ մարդ, մասնագէտ: Կ՛ուզեմ, որ առաջին հերթին հողէն սորվիք գոհացնել մարդը, ջուրէն սորվիք լիացնել մարդը, խիղճէն սորվիք վեհացնել մարդը, այնժամ արդէն դուք կը յաղթահարէք բոլոր դժուարութիւնները եւ կեանքը կ՛ապրիք աւելի հետաքրքրական եւ գեղեցիկ ձեւով», նշած է ան:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան յոյս յայտնած է, որ ուսանողներու գիտելիքները կը ծառայեն պետականութեան ամրապնդման: Անոր խօսքով, համայն հայութիւնը կեդրոնացած է արցախցիներու հարցերու լուծման, որուն վկայութիւններէն է Քանատայի հայ համայնքի նուիրատուութիւնը:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն եւ մասնաւորապէս Արցախի զարգացման ուղղուած աշխատանքներուն:

«Պատահական չէ, որ Արցախի ազատագրման օրէն ի վեր ՀՕՄ-ը բազմաբնոյթ մեծ ծրագիրներ իրականացուցած է, որոնց կարգին են` աջակցութիւնը պատերազմին զոհուած հերոսներուն, բազմազաւակ ընտանիքներուն, Արցախի մէջ ստեղծուած «Սօսէ» մանկապարտէզներու մեծ ցանցը: Այս վերջին ցաւալի իրադարձութիւններէն ետք նորէն զօրաշարժի ենթարկուած է  աշխարհասփիւռ այս կառոյցը եւ կանգնած` արցախցիներու կողքին», շեշտած է ան:

Ան յոյս յայտնած է, որ ուսանողները այսուհետեւ աւելի պատասխանատուութեամբ պիտի վերաբերին ուսման նկատմամբ, իսկ գիտելիքը ամէն ինչի հիմքն է:

«Ինչո՞ւ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցը ուզեց ուսանողներուն սատար հանդիսանալ: Ձեզի տրամադրուողը օգնութիւն չէ, այլեւ ներդրում է մեր պետականութեան հիմքը առողջացնելու, ամրապնդելու համար: Ես կը յուսամ, որ դուք պատասխանատուութեամբ պիտի վերաբերիք այս ուղղութեամբ: Մենք պարտադրուած ենք ըլլալ ուժեղ, որուն համար պէտք է շատ գիտելիքներ ունենալ», ըսած է Մելանիա Բալայեան:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան օրհնութեան խօսք յղած է ներկաներուն:

«ՀՕՄ-ը գիտէ հայուն զարկերակը, անոր բաբախուն սիրտը եւ կրնայ ճիշդ ժամանակին իր ձեռքը մեկնել այնքան, որքան ունի կարելիութիւնը եւ զայն ի գործ դնել յանուն այս կամ այն նպատակի: Այդ նպատակներէն մէկն ալ գիտութիւնը, կրթութիւնը, գիտելիքը եւ իմաստութիւնն է, որ կը խրախուսուի ՀՕՄ-ի կողմէ», նշած է ան:

Կրթաթոշակի շահառուները իրենց շնորհակալական խօսքը ուղղած են ՀՕՄ-ին եւ քանատահայութեան` դժուար իրավիճակի մէջ իրենց կողքին կանգնելնուն համար:

Շահառու ուսանողներէն մէկը, որ տեղահանուած է Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղէն եւ յաճախած է տեղի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզ, արդէն իր մանկութենէն ծանօթ է այս կառոյցի գործունէութեան, իսկ ներկայիս օգտուած է ուսանողներու ծրագիրէն:

Ան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Քանատայի հայ համայնքին, ՀՕՄ-ին եւ ամբողջ սփիւռքահայութեան` աջակցութեան համար:

Մանուշ Խաչատրեան կ՛ուսանի Երեւանի պետական համալսարանի ռուս-բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ ռուսերէն լեզու եւ գրականութեան բաժինի երրորդ լսարանի ուսանող, ապագայ բանասէր է: Ան տեղահանուած է Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կաղարծի գիւղէն: Մանուշ շնորհակալութիւն յայտնած է ծրագրին համար.«Կը ցանկայի, որ ծրագիրը շարունակական ըլլար ո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ ընկերներուս համար, որովհետեւ մեր դասարանէն միայն ես կրցայ ստանալ  այսպիսի աջակցութիւն: Ներկայ պահին, որովհետեւ պետական աջակցութիւնն ալ դադրեցուցած են, շատ դժուար է թէ՛ մնալու, թէ՛ առօրեայ ծախսերը հոգալու հարցերը: Շատ մեծ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քանատայի հայ համայնքին, տեղեակ եմ ձեր գործունէութենէն եւ ուրախ եմ, որ ՀՕՄ-ի միջոցով այս աջակցութիւնը կը տրամադրէք մեզի»:

Սիւզաննա Բաղրեան տեղահանուած է Արցախի Մարտունի շրջանի Սօս գիւղէն: Այժմ կ՛ապրի Երեւան, կ՛ուսանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ: Ան ուսման զուգահեռ նաեւ կ՛աշխատի:

«Այս դժուար իրավիճակին մէջ շա՜տ շա՛տ կը գնահատենք Հայ օգնութեան միութեան աջակցութիւնը, որովհետեւ քիչ մը ընտանիքի  հոգը թեթեւցնելով, քիչ մը ծնողներուն օգնելով` մենք մեզ աւելի լաւ կը զգանք: Իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ մեր Քանատայի հայրենակիցներուն, Հայ օգնութեան միութեան` մեր վրայ ուշադրութիւն դարձնելնուն, գնահատելնուն համար, մենք ալ անպայման հետագային կը փորձենք վարձահատուցել` այդ կերպով մեր շնորհակալութիւնը յայտնելով»:

ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանը պատրաստակամութիւն յայտնած է հովանաւորել Արցախէն տեղահանուած ուսանողները, որուն շրջանակներուն մէջ եւս 10 ուսանողի տրամադրուած է նիւթական աջակցութիւն:

Այդ ուսանողներէն Գոռ Պօղոսեան նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ շատ դժուար է նիւթական յատկացնել ուսումի համար, որովհետեւ տեղահանութենէն ետք աւելի ծանր հարցեր ի յայտ եկած են:

«Բայց մենք չենք կոտրուած, եւ ՀՕՄ-ի օգնութեամբ, մեր կողքին կանգնած մարդոց օգնութեամբ կը շարունակենք սորվիլ եւ կը խոստանանք մեզմէ ակնկալուող սպասելիքները անթերի կատարել», նշած է ան:

ՀՄԸՄ Արցախը Պաշտօնապէս Արձանագրուեցաւ Հայաստանի Մէջ

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը մուտք գործեց Արցախի Հանրապետութիւն` նպաստելով ազգային ու երիտասարդական արժէքներու տարածման եւ ամրապնդման: Ժամանակի ընթացքին միութեան աշխատանքները կարճ ժամանակով դադրեցան, սակայն 2019 թուականին պաշտօնական ՀՄԸՄ-ը նոր թափով վերադարձուց իր ներկայութիւնը Արցախի մէջ:

Նոր իրողութիւններու պայմաններու մէջ ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի վարչութիւնը վերսկսած է իր գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` նպատակ ունենալով համախմբել Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ Երեւանի մէջ բնակող արցախցի պատանիները եւ երիտասարդները: Կազմակերպութեան հիմնական նպատակներէն է ձեւաւորել միասնական գաղափարական հենք` հիմնուած հայրենաճանաչութեան, պայքարի ոգիի պահպանման, արցախեան բարբառի եւ մշակոյթի առանձնայատկութիւններու փոխանցման վրայ: Այս ամէնուն առանցքին մէջ կը շարունակուի մնալ կարեւորագոյն նպատակը` վերադարձ Արցախ:

Վերջերս ՀՄԸՄ Արցախը մեծ յառաջընթաց արձանագրած է` պաշտօնապէս արձանագրելով իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն Հայաստանի մէջ: Այս քայլը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ կառոյցի զարգացման եւ գործունէութեան ընդլայնման համար:

Արձանագրութեան շնորհիւ, արդէն իբրեւ Արցախի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն, ՀԿ-ն կրնայ յաւելեալ հաստատուն հիմքով գործել Հայաստանի մէջ, ընդլայնել իր ծրագիրներն ու համագործակցութիւնները, յատկապէս` ՀՄԸՄ Հայաստանի Կեդրոնական վարչութեան (ՀԱՍԿ) հետ:

ՀՄԸՄ Արցախի վարչութեան աշխատանքային ծրագրին մէջ առաջնահերթութիւնն է տեղահանուած արցախցի պատանիներուն հետ աշխատիլը, ինչպես նաեւ` պատրաստել աշխատասէր, արի, ազգասէր եւ հայրենասէր, օրինապահ, սերունդ:

Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը Կը Գտնուի Ոչնչացման Լուրջ Վտանգի Առջեւ

Հայկական Լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան Յովիկ Աւանեսով գրած է.

«Ազրպէյճան տեղեկատուական հիմք կը նախապատրաստէ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարի քանդումին համար:

Տարածուող քարոզչական նիւթերուն մէջ կ՛առաջարկուի ոչնչացնել նշեալ եկեղեցիները եւ անոնց փոխարէն մզկիթներ կառուցել: Յիշեցնենք, որ մինչ Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ հիմնայատակ ոչնչացումը նոյնպէս այդ եկեղեցին քանդելու կամ մզկիթի վերածելու մասին լուրեր կը շրջէին:

Այս կրնայ վկայել նաեւ այն մասին, թէ Ազրպէյճան հերոսացուց քնացած հայ զինուորը դաժանաբար սպաննած մարդանման հրէշը, նոյն կերպ ալ բացառուած չէ, որ պետական բարձր պատիւներու արժանացնէ հայկական որեւէ յուշարձան պղծող քաղաքացիները` այդպիսով Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մէջ ներգրաւելով ժողովուրդը:

Այն, ինչ որ հայկական է` պատկանելով հայ մշակոյթին, ենթակայ է փոշիացման. այսպէս կը մտածէ ու կը գործէ այն պետութիւնը, որուն մէկ դար ալ չհասնող պատմութիւնը հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ոչնչացման պատմութիւնն է: Յիշենք նաեւ տարիներ առաջ Հին Ջուղայի հայկական խաչքարերուն ոչնչացման փաստը, որ երբեք չի մոռցուիր: Ձեռագիրը նոյնն է ու անփոփոխ:

Այս բոլորը յստակօրէն կը վկայեն, որ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման լուրջ վտանգի առջեւ»

«Խոչնավարի, Վաղատուրի Եւ Խնածխի Բնակիչները Ապագայ Չեն Տեսներ», «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւոր

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Գառնիկ Դանիէլեան իր պաշտօնակիցներուն` Գեղամ Մանուկեանի եւ Վահէ Սարգսեանի հետ, այցելեց Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ Խոզնավար, Վաղատուր եւ Խնածախ գիւղերը, որոնց մտահոգիչ կացութեան մասին ահազանգեց Դիմատետրի իր էջին վրայ:

«Բերձորի յանձնումէն ետք այս գիւղերը յայտնուած են թշնամիին ուղիղ նշանառութեան տակ: Երեք կողմերէն շրջափակման մէջ յայտնուած գիւղերը պարբերաբար կ՛ենթարկուին հրետակոծութեան: 2020-ի պատերազմէն ետք Խոզավարի, Վաղատուրի եւ Խնածախի արօտավայրերու, խոտհարքներու զգալի մասը անցած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Կրճատուած են անասնապահութիւնն ու մեղուապահութիւնը. գիւղացիները զրկուած են ապրուստի հիմնական միջոցէն: Անասնապահութեամբ զբաղող գիւղացիները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ կաթի գինի շարունակական նուազումի պայմաններուն մէջ մթերուող կաթէն 5 տոկոս հարկելու որոշման ընդունման մասին խօսակցութիւններ շրջանառուած են: Եթէ այս խօսակցութիւնները իրականութիւն դառնան, ըստ գիւղացիներուն, իրենցմէ շատերը կը դադրին զբաղիլ անասնապահութեամբ: Գիւղերու եւ, ընդհանրապէս, Գորիսի միջհամայնքային ճանապարհներու վիճակը անմխիթար է. միայն վերջերս ձեռնարկուած են ճանապարհաշինական աշխատանքներ: Ահագնալի տարողութեան հասած է արտագաղթը, երիտասարդութիւնը այլեւս իր ապագան չի տեսներ նշուած բնակավայրերուն մէջ: Այս ցաւալի իրողութիւնը պայմանաւորուած է գիւղերու մէջ աշխատանքի բացակայութեամբ եւ անվտանգութեան հարցերով: Ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ գոյատեւող սահմանամերձ գիւղերու խանութներու եւ մանր առեւտուրով զբաղող գիւղացիներու համար ստեղծուած են անբարենպաստ պայմաններ: Հարկային բեռի յաւելումին պատճառով վերջիններս կանգնած են փակման վտանգին առջեւ: Հակառակ ընկերային անբարենպաստ պայմաններուն` տեղադրած են ջրաչափեր եւ գիւղացիներուն արգիլած են օգտուելու սարերէն հոսող բնական աղբիւրներու ջուրերէն, որ նախապէս որեւէ կերպ չէր խոչընդոտուեր: Տեղեկացայ նաեւ, որ անտառէն լոբու թուփի համար փայտէ ձող (լոբու սարի) հաւաքելու համար գիւղացիները տուգանք կը ստանան բնապահապաններու կողմէ: Եւ ամէնէն ցաւալին, որ արձանագրեցինք բնակիչներու հետ զրոյցներու մէջ, հեռանկարի բացակայութիւնն է: Մինչդեռ թշնամիին նշանառութեան տակ յայտնուած գիւղն ու սահմանապահ գիւղացին իրենց թիկունքին մէջ պէտք էր զգային պետութեան եւ իշխանութիւններու ամէնօրեայ ուշադրութիւնն ու հոգածութիւնը», գրած է Դանիէլեան:

Արցախահայ Պատանիներու Զարգացման Ծրագիրը Մեկնարկեց

3 յունիս 2025-ին Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Քանատայի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի արցախահայերու համար LEGO-ի եւ անգլերէնի ուսուցման ծրագրի հերթական փուլին` համագործակցութեամբ Big Mind Kids զարգացման կեդրոնի:

Ծրագիրը կ՛իրականանայ Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի օրհնութեամբ:

Այս դասընթացքները կը տրամադրուին Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն, որոնց ընդմէջէն անոնք կը ծանօթանան LEGO-ի ուսուցման մեթոտներուն, մարդամեքենաներ կազմելու եւ ստեղծելու ու զուգահեռ ծանօթանալու անգլերէն լեզուի տարրական ուսուցումներուն:

Մենք կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր երեխայ ունի եզակի կարողութիւն, եւ այս ծրագրի ընդմէջէն անոնք կը պատրաստուին կեանքի տարբեր մարզեր մուտք գործելու: Անվճար այս ծրագրով պատանիները կարողութիւնը կ՛ունենան կեդրոնանալու կեանքի դրական անցումներուն եւ գալիք փայլուն օրերուն վրայ:

Վերահրատարակուեցաւ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնի Պատմագրութիւնը Ներկայացնող Գիրքը

Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, Նարինէ Չարչեանի աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի պատմութիւնը ներկայացնող «Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի տարեգրութիւնը. 1932-2023 թուական» գիրքը վերահրատարակուեցաւ:

Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեանի խօսքով, գիրքը թատրոնի աւելի քան իննսունամեայ պատմութեան ամբողջական տարեգրութիւնն է, որ մասնագիտական արժէք ունի եւ կազմուած է գիտական աշխատանքի մակարդակով:

«Հայ թատրոնի պատմագրութիւնը ստացաւ հրաշալի նուէր: 2019 թուականին Կարինէ Ալավերդեանի հեղինակութեամբ գիրքը հրատարակուեցաւ, սակայն Արցախի ողբերգական դէպքերէն ետք Երեւան հասաւ ընդամէնը երեք օրինակ: Կարինէ դիմեց մեզ զայն վերահրատարակելու խնդրանքով` ներառելով նաեւ 2019-էն ետք եղած ժամանակահատուածը: Մեր խնդրանքը սիրով ընդունեց Նարինէ Չարչեանը, որուն աջակցութեամբ կարելի դարձաւ գիրքին տպագրութիւնը», նշեց Ղազանչեան:

Ան տեղեկացուց, որ հրատարակութիւնը ընդլայնուած է` ընդգրկելով թատրոնի վերջին տարիներու գործունէութիւնը, փոփոխուած է նաեւ գիրքին կազմը, որուն շապիկը այժմ թատրոնի շէնքին լուսանկարն է:

Գիրքը հասանելի պիտի ըլլայ Հայաստանի Ազգային գրադարանին, Երեւանի Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արուեստի հիմնարկին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, ինչպէս նաեւ` շարք մը այլ հաստատութիւններու մէջ: Այն նախատեսուած է թատերագէտներու, ուսանողներու, ինչպէս նաեւ թատերական արուեստով հետաքրքրուող ընթերցողներու լայն շրջանակի համար:

«Բազմիցս եղած եմ այդ թատրոնին մէջ, մասնակցած եմ անոնց ներկայացումներուն, տօներուն, յոբելեաններուն եւ ամբողջ սրտով կ՛ըսեմ, որ բացառիկ թատրոն էր: Այդ պատմութիւնը մէկ հարուածով ջնջելը կարելի չէ, եւ այս գիրքը կը վկայէ, որ անիկա պիտի շարունակէ ապրիլ սերունդներու յիշողութեան մէջ», ընդգծեց Յակոբ Ղազանչեան:

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէնուհին Վերընտրուած Է IFLA-ի Անդամ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ձայներու մեծամասնութեամբ վերընտրուած է IFLA-ի` Գրադարանային ընկերակցութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնակցութեան անդամ, հինգ տարի պաշտօնավարելու պայմանաժամով:

IFLA-ն միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ներկայացնէ գրադարանային եւ տեղեկատուական ծառայութիւններու եւ զանոնք օգտագործողներու շահերը:

IFLA-ն կը ծառայէ իբրեւ համակարգող` կանոնակարգերու, հասկացողութիւններու, չափանիշներու, ուղեցոյցներու եւ յենանիշներու համար գրադարանային եւ տեղեկատուական գիտութեան ոլորտին մէջ` նպաստելով գրադարանային եւ տեղեկատուական ծառայութիւններու մատուցման բարելաւման:

Կառոյցը կը ներկայացնէ նաեւ գրադարանային եւ առնչուող մասնագէտներու շահերը համաշխարհային մակարդակով: Հայաստանի Ազգային գրադարանը IFLA-ի անդամ է 1996 թուականէն ի վեր:

 

 

 

 

:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յաջորդը

Մէկ Ազգ, Մէկ Եկեղեցի

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?