Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Ոգեկոչման Արարողութիւնները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մէջ

Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի օրուան առիթով, Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Այդ կապակցութեամբ հաւատացեալներու խոնարհումի համար դուրս բերուած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը:

Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն  Դանիէլ եպս. Ֆընտըգեանը:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր հայրապետական ուղերձը յղեց համայն հայութեան.

«Դու չես լքի նրանց, որոնք փնտռում են Քեզ, Տէր» (Սաղմ. 9.11):

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր Հայաստանում եւ ի սփիւռս աշխարհի ոգեկոչում ենք Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը` խոնարհումով եւ աղօթքով յիշելով մեր սուրբ նահատակներին, որոնք մարտիրոսութեան պսակն ընդունեցին «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:

«20-րդ դարասկզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմից կազմակերպուած հրէշաւոր ցեղասպանութեանը զոհ դարձան մեր ժողովրդի մէկ եւ կէս միլիոն զաւակներ: Իրագործուած եղեռնի եւ հայրենազրկումի մեծ ողբերգութիւնները, սակայն, չկարողացան սպառել մեր ազգի կենսական ուժերը: «Ճնշուած, բայց` ոչ ընկճուած, կարօտեալ, բայց ոչ` յուսահատ, հալածուած, բայց` ոչ լքուած» (Բ Կորնթ. 4.8-9) մեր ժողովուրդը վերապրեց` ապաւինելով խաչուած եւ յարութիւն առած Փրկչին աշխարհի, վերապրեց յանուն արդարութեան ամէնօրեայ պայքարով, իր ինքնութեանը կառչած եւ հայոց արդար Դատի յաղթանակի հաւատով: Աստուածապարգեւ մեր հինաւուրց հայրենիքի հանդէպ սէրը, նուիրուածութիւնն իր սրբութիւններին, հաւատարմութիւնն իր պատմութեանն ու դարաւոր յիշատակներին` զօրացրեցին ազգիս աշխարհի տարբեր երկրներում նոր կեանք ընձիւղելու, իսկ Արարատի փէշերին` Արեւելեան Հայաստանում, անկախ պետականութիւն վերակերտելու: «Դու չես լքի նրանց, որոնք փնտռում են Քեզ, Տէր»` սուրբգրային յուսառատ խօսքի հաւատով ազգիս զաւակները ամէնուր դիմակայեցին ժամանակների փորձութիւններին, կենարար աւիշ առան` ազգային-հոգեւոր իրենց կեանքը վերականգնելու, բարձր արուեստ ու մշակոյթ ստեղծելու եւ գիտութիւն ու կրթութիւն զարգացնելու:

«Յիշատակի այս նուիրական օրը, սիրելիներ, աշխարհում ամէն տեղ մեր ժողովրդի զաւակները իրենց քայլերն են ուղղում դէպի եկեղեցիներ եւ Մեծ եղեռնի յուշակոթողներ` վերանորոգելու յանձնառութեան սրբազան ուխտը` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ եկեղեցի եւ ժողովուրդ շարունակելու մշտական ջանքերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Արդարեւ, մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւնները չունեն ո՛չ արդարացում եւ ո՛չ վաղեմութեան ժամկէտ: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու համընդհանուր դատապարտումը առաքելութիւն է մեր ժողովրդի եւ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան համար: Շնորհիւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի համախումբ ջանքերի եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան` բազմաթիւ երկրներ ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ իրենց ձայնն են բարձրացրել յանուն արդարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչել ու որակել են որպէս մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւն:

«Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը պիտի չսահմանափակուի սոսկ յուշարձանների մօտ համախմբումով, այլ պիտի գործադրուեն հետեւողական քայլեր` մեր ժողովրդի հանդէպ արդարութիւնը վերականգնելու եւ կանխելու նման ողբերգութիւնները: Առանց այսօրինակ յանցագործութիւնների դատապարտման, առանց պատմական արդարութեան հետ առերեսուելու` հնարաւոր չէ խաղաղութիւն հաստատել ազգերի եւ պետութիւնների միջեւ եւ սերունդներին փոխանցել լուսաւոր ապագայ: Ապահով ու անվտանգ աշխարհ կառուցելու ճանապարհը բացառումն է` բռնութիւնների, պատերազմների, ատելութեան ու թշնամանքի հրահրումների: Մեր արդար Դատի պահանջատիրութիւնը չունի իր մէջ ատելութիւն ու թշնամանք: Պահանջատիրութիւնը ցուցիչն է ազգային մեր արժանապատուութեան եւ յարացոյցը` մեր սուրբ նահատակների նկատմամբ յարգանքի ու նրանց յիշատակի առջեւ մեր խոնարհումի: Պահանջատիրութիւնը մեր պատասխանատուութիւնն է գալիք սերունդների առջեւ:

«Սիրելի ժողովուրդ հայոց, մերօրեայ ծանր ու դժուարին իրավիճակում, երբ նոր ցեղասպանութեան իրականացմամբ այլեւս բռնազաւթուած եւ հայաթափուած է Արցախը, եւ Հայաստանը գտնւում է անվտանգային սպառնալիքների առջեւ, առաւել հրամայական է անսասան պահել հաւատարմութիւնը` հաւատք, ազգ ու հայրենիք նուիրական արժէքներին, հրամայական է միաբանուել ու մշտապէս գործել արդարութեան յաղթանակի համար եւ վերափոխել մեր կեանքի ընթացքը` յանուն ազգային վերազարթօնքի: Տէրը չի լքում Իրեն փնտռողներին` այս անխախտ համոզումով շարունակենք արիաբար դիմակայել մեզ բաժին ընկած փորձութիւններին եւ համատեղ ուժերով բարեզարդել ազգային եւ հայրենական մեր կեանքը: Հակառակ առկայ անվտանգային սպառնալիքների եւ շարունակուող ներազգային պառակտուածութեան, հակառակ մեր իրականութեան մէջ տեղ գտնող պատմութեան ու արժէքային խեղաթիւրումների, քարոզուող այլեւայլ կեղծ ընկալումների` նախանձախնդիր լինենք հոգեւոր ու բարոյական մեր արժէքների պահպանութեանը եւ զօրանանք հայրենիքի ու ազգի հանդէպ սիրով: Յիրաւի, մեր նախնեաց ժառանգութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը, համազգային համերաշխութիւնն ու հայրենիքի հանդէպ պարտքի բարձր գիտակցութիւնը երաշխիքն են մեր ազգի յարատեւութեան եւ անկախ պետականութեան գոյութեան:

«Մեր սուրբ նահատակների յիշատակն այսօր մեզ ազդարարում է հրատապութիւնը ազգային միասնականութեան: Մեր համախոհութեան մէջ է գործում Աստուած Իր օրհնութեամբ ու շնորհներով: Այս ուղիով առաջնորդուելով, սիրելիներ, պիտի կարողանանք ապահովել անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը մեր հայրենիքի եւ իրագործել ապագայի մեր տեսիլքներն ու երազանքները:

«Այս հաւատով աղօթք վերառաքենք առ Աստուած եւ հայցենք մեր սուրբ նահատակների բարեխօսութիւնը, որ մարդկութեան կեանքում տեղ չգտնեն եղեռնական ոճրագործութիւնները, եւ յարուցեալ Քրիստոսի շնորհների ներքոյ խաղաղ ու ապահով լինեն մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի, եւ յոյսով ամուր ու սիրով միասնական` ի զօրու լինենք յաղթահարելու մեր առջեւ ծառացած բոլոր փորձութիւնները:

Թող յարուցեալ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ողորմութիւնը, օրհնութիւններն ու խաղաղութիւնը լինեն մեզ հետ եւ ամէնքի, այսօր եւ միշտ. ամէն»:

Սուրբ պատարագի աւարտին եկեղեցականներու թափօրը, կրելով սուրբ նահատակներու մասունքարանը, ուղղուեցաւ դէպի մայր տաճարի շրջափակ, ուր աղօթքի եւ ուխտի խաչքարի առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուածներուն Նուիրուած Բացառիկ Ցուցադրութեան    

«Քեմփ Օտտօ, Մարսէյլ. պատմութիւն Ցեղասպանութենէն փրկուածներից» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են Ֆրանսայէն բերուած բացառիկ նիւթեր` անձնագրեր, լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ այլ ուշագրաւ առարկաներ, որոնք կը պատմեն Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ գաղթականներու մասին:

Նիւթերը, որոնք կը վերաբերին Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի «Քեմփ Օտտօ» կացարանին մէջ հիւրընկալուած գաղթականներուն, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին տրամադրած է ֆրանսական ARAM հետազօտութեան եւ հայկական յիշողութեան արխիւներու միութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 25 ապրիլին:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի խօսքով, առաջին անգամ Մարսէյէն դուրս բերուած են աւելի քան յիսուն փաստավաւերագրական նիւթեր, որոնք համադրուած են թանգարանի պահոցներու արժէքաւոր ընտրանիին հետ` հագուստներ, զարդեր եւ այլն, իսկ առանցքային նմուշը «Նանսենեան անձնագիր»-ն է, որ օրեր առաջ թանգարանին նուիրած է ARAM միութիւնը:

«Ցուցադրութիւնը կարելիութիւն կու տայ բացայայտելու պատմական իրադարձութեան կարեւոր շերտերը, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն փրկուածներու պատմութիւնները: Կը կարծենք, որ այս համագործակցութիւնը նոր ձեւաչափ պիտի զարգացնէ` այսպիսի ցուցադրութիւնները կապելով մայր թանգարանի եւ սփիւռքի մէջ գործող ժառանգութեան կեդրոններու հաւաքածոները, այդպիսով առիթ ստեղծելով նորովի ընկալելու մեր մշակութային ժառանգութեան, մեր ինքնութեան տարբեր կողմերը», ըսաւ Պօղոսեան եւ աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան:

Պօղոսեան ընդգծեց` ցուցադրութիւնը նաեւ շնորհակալութեան տուրք է Ֆրանսային, որ իր գիրկը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած բազմաթիւ հայեր եւ կ՛աջակցի մինչեւ օրս:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան հայկական համայնքներու հետ գործակցութիւնը կարեւոր եւ իմաստուն ռազմավարական քայլ համարեց: Ան մեծ նշանակութիւն տուաւ նաեւ այն փաստին, որ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` ARAM միութիւնը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրած է «Նանսենեան անձնագիր», որ տեղ կը զբաղեցնէ թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան մէջ:

Ֆրանսական Օտտօ ճամբարին մէջ, որուն բացումը կատարուած է 1922 թուականին ու գործած է մինչեւ 1927 թուականը, ապաստանած է աւելի քան 5 հազար հայ գաղթական:

Գաղթականներուն վերաբերող տուեալները արձանագրուած են, իսկ սերունդներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռեն հեշտութեամբ տեղեկութիւններ գտնել իրենց նախնիներուն մասին: Այդ տուեալներուն համաձայն,  գաղթականները եկած են Սվասէն: Օտտօ ճամբարի տնօրէնը հայ եղած է եւ հրաշալի տիրապետած է ֆրանսերէնին: Եղած է նաեւ դպրոց մը, ուր 400 հայ աշակերտ ուսանած է, հետագային բացումը կատարուած են հայրենակցական, եկեղեցական միութիւններու, որոնցմէ մէկուն հիմնադիրը եղած է Գրիգորիս Պալաքեանը, որ եւս փրկուածներէն էր:

Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ մայիս 25:

Փաստագրելով Յանցագործութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Վաւերագրողները

Ապրիլ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան, Նետերլանտներու, Չեխիոյ, Լեհաստանի, Ռուսիոյ ներկայացուցիչներ, Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպէրճեան, թանգարաններու տնօրէններ, հոգեւոր հայրեր եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան: Ան ներկայացուց` ցուցադրութեան նիւթին կարեւորութիւնը, բովանդակութիւնը, նշանակութիւնը եւ առանձնայատկութիւնները: Գզոյեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Մերժումի, ժխտումի եւ մեր շուրջ տեղի ունեցող յանցագործութիւններու այս ժամանակաշրջանին անոնց ձգած վկայութիւնները կը յիշեցնեն, որ փաստագրումը թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ պատմական պարտաւորութիւն է»: Գզոյեան Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողներու յուշերէն տպաւորիչ եւ յուզիչ դրուագներ պատմեց:

Յայտնենք, որ ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են մօտաւորապէս եօթը տասնեակ ականատեսի վաւերագրութիւններ` յուշագրութիւններ, օրագրութիւններ, զեկուցագրեր, պատկերներով վաւերագրական նիւթեր, ժապաւէններ եւ այլն: Ականատես-վաւերագրողներու աշխարհագրութիւնը կը ներառէ քանի մը տասնեակ պետութիւններ, այդ թիւին մէջ` Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Քանատա, Վենեզուելա, Զուիցերիա, Շուէտ, Դանիա, Նորվեկիա, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Իտալիա, Վատիկան, Նետերլանտներ, Չեխիա, Լեհաստան, Հնդկաստան, Պարսկաստան, Սուրիա եւ այլն: Այս մարդիկը ամենատարբեր հանգամանքներու բերումով Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած են` ականատես դառնալով Հայոց ցեղասպանութեան եւ վաւերագրելով զայն:

Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ թուրք վաւերագրողներ, որոնք իրենց յուշագրութիւններուն, ժամանակի մամուլին մէջ, նաեւ դատական գործընթացներով փաստագրած են հայերու դէմ տեղի ունեցած յանցագործութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողներու ձգած արժէքաւոր եւ հարուստ ժառանգութիւնը, որուն մէջ արձանագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները, բացառիկ սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն ունին` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու անհերքելի վկայութիւններ: Անոնք նաեւ վկայութիւնն են այն իրողութեան, որ աշխարհը քաջատեղեակ էր հայերու դէմ կատարուող յանցագործութեան:

Նշենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 թուականի ապրիլը:

Մարսէյի Համազգայինի, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ–Արապեանի Եւ Դպրոցասէրի Աշակերտներուն Այցը` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ապրիլ 23-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ ընդունած է Մարսէյի Համազգայինի, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեանի եւ Դպրոցասէրի աշակերտները` ընկերակցութեամբ ազգային բարերար Սարգիս Պետոյեանի:

Վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւն յայտնած է հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համար, որուն շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրերուն Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական վարժարաններու սաները ամէն տարի կ՛այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

Գարեգին Բ. ընդգծած է հայրենիք այցելութեան կարեւորութիւնը, որ կարելիութիւն կ՛ընծայէ պատանի հայորդիներուն` հաղորդ դառնալու հայրենի իրականութեան, ծանօթանալու հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ու արժէքներուն:

Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է` բարերարին, վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական անձնակազմին եւ հոգաբարձուներուն` Հայաստան եւ Մայր Աթոռ այցելութիւնները կազմակերպելուն համար:

Աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնած է ֆրանսահայ աշակերտները:

Զուիցերահայ Վաւերագրող–Լուսանկարիչ Տեմիր Սէօնմեզի «Վիրաւոր Արծիւը» Գիրք–Պատկերագիրքը Նոր Լոյս Պիտի Սփռէ 44-Օրեայ Պատերազմին Վրայ

44-օրեայ պատերազմ, մարդկային պատմութիւններ, ցաւ, յոյսի, լոյսի սպասում: Զուիցերահայ վաւերագրող-լուսանկարիչ Տեմիր Սէօնմեզի «Վիրաւոր արծիւը» հայերէն-ֆրանսերէն գիրքին մէջ հեղինակը վաւերագրած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մաքառումն ու կորուստը: Լուսանկարներուն կից գրաւոր նոթերով, մեկնաբանութիւններով ան ընթերցողը կը տեղափոխէ` մարտի դաշտ, Ստեփանակերտ, Շուշի, Մարտակերտ, Մարտունի եւ այլ բնակավայրեր:

Կարին ծնած Սէօնմեզը, որ բաւականին հասուն տարիքի մէջ իմացած է իր հայկական արմատներուն մասին, արժէքաւոր գիրք-պատկերագիրքը Հայաստանի մէջ ներկայացուց «Նիւմէգ» հրատարակչութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախաձեռնած «Ցեղասպանութեան շաբաթ» ձեռնարկի ծիրին մէջ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին լուսանկարիչը ըսած է. «Ներգրաւուեցայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ձեռնարկներուն, որոնք կեանքս աւելի բարդացուցին: 1978 թուականին բանտ մտայ, իսկ աւելի վաղ ներգրաւուած էի քաղաքական պայքարին մէջ: Բանտէն դուրս գալէս ետք սկսայ զբաղիլ լրագրութեամբ, լուսանկարչութեամբ` անդրադառնալով հասարակական, քաղաքական նիւթերու, որուն պատճառով 1990 թուականէն արտաքսուեցայ Թուրքիայէն: Զուիցերիոյ մէջ կրկին վերադարձայ լուսանկարչութեան», պատմեց ան:

Տեմիր Սէօնմեզը գրած է մարդու իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան եւ բազմազանութեան նիւթեր: Ան վստահեցուց, որ 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած գիրքը  փաստագրական արժէք ունի` յիշողութեան վկայութիւն, յարգանքի տուրք`  զոհուածներուն եւ սթափութեան կոչ` համայն մարդկութեան:

Ան գտնուած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, իսկ 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները վաւերագրելու միտքը Սէօնմեզին յուշած է իր վաղեմի բարեկամը` «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան թրքերէն լրատուութեան ծառայութեան գլխաւոր խմբագիր, լուսահոգի Րաֆֆի Հերմոն Արաքսը:

«Ան հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կը լուսաբանես տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, սակայն մեզի չես անդրադառնար»: Որոշեցի գալ այստեղ: Ծանր ժամանակներ էին. համավարակ էր, բայց եկայ, փափաքեցայ ժողովուրդիս կողքին ըլլալ եւ անոնց ձայնը լսելի դարձնել աշխարհին», յիշեց Սէօնմեզ:

Գիրքը նախ հրատարակուած է անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով: Գիրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարներէն չորսը արժանացած են հեղինակաւոր մրցանակներու եւ շուրջ մէկ տարի ցուցադրուած են Զուիցերիոյ տարբեր ցուցասրահներու մէջ: Յաջողութենէն ոգեւորուած` Տեմիր Սէօնմեզը 2022-ին եկած է Երեւան եւ զայն տպագրած է հայերէնով: Անոր խօսքով, գործակալութեան ստեղծագործական խումբը սահմանային բնակավայրերու մէջ` Կոռնիձորի, Գորիսի, Վայքի մէջ, ուր Հայաստանի պետական կառոյցները շատ արագ կազմակերպած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու ընդունման, արձանագրութեան գործառոյթները, փաստագրած եւ արժէքաւոր նկարներ յանձնած է «Արմէնփրես»-ի արխիւային պահոցներուն, որպէսզի սերունդները տեղեկանան, որ 21-րդ դարուն եւս յառաջադէմ աշխարհը ականատես եղած է ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային տեղահանութիւններու:

Արցախէն լուսանկարիչ Արեգ Բալայեանը եւս 2020 թուականին եղած է իրադարձութիւններու կեդրոնին մէջ, լուսանկարած է այն, ինչ որ կարողացած է: Յաճախ աշխատելու կարելիութիւն ունեցած է, որովհետեւ տեղացիները զինք ճանչցած եւ իրեն վստահած են: Կը կարծէ, որ նկարած են կատարուածին 15 կամ 20 առ հարիւրը միայն:

«Վաւերագրող եմ եւ վաւերագրութեան դերը շատ լաւ կը հասկնամ, կը պատկերացնեմ, կարեւոր կը նկատեմ, հակառակ անոր որ վերջին շրջանին ինծի համար հարցեր յառաջացուցին` արդեօք անիկա այնքան կարեւո՞ր է, որքան մեզի կը թուի, կամ` թերեւս յետոյ շատ աւելի կարեւոր ըլլայ, քան հիմա, բայց այն հանգամանքը, որ որեւէ փաստող բան կը ստեղծուի, արդէն լաւ է», շեշտեց Բալայեան եւ աւելցուց` հարցերը կը լուծուի՞ն, թէ՞ ոչ, այդ միայն վաւերագրութեան ուսերուն չէ:

 

 

 

Նախորդը

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Սկաուտներու Ջահերթ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?