Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախի Մասին Արցախէն Հեռու Գրելը Իսկապէս Դժուար Է. Արցախցի Սոնա Ղահրամանեանի «Պայքարը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Յունիս 29-ին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի ստեղծագործող Սոնա Ղահրամանեանի «Պայքարը» գիրքին  շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան` հեղինակին ուսուցիչները, ընկերները, հարազատները, եկեղեցւոյ ծառայողները:

Պաշտամունքի արարողութենէն ետք պատուելի Գէորգ ներկայացուց Սոնա Ղահրամանեանը, որ տակաւին երիտասարդ տարիքին արդէն երկու գիրքի հեղինակ է: Արցախցի հայուհին գիրքերու միջոցով իր սրտի խօսքը կը տարածէ համայն աշխարհին` ներկայացնելով այն, ինչ որ կատարուած է Արցախի մէջ: Գիրքը պայքարելու մասին է:

Հեղինակը յուզումով կը խօսի իր ապրումներուն, գիրքին եւ երազներուն մասին, ապա երախտագիտութիւն կը յայտնէ իրեն աջակցողներուն, որոնք ջանք չթափեցին, որպէսզի գրի առած իր թուղթերը գիրք դառնան.

«Ինծի համար մեծ պատիւ է այստեղ կանգնիլը եւ ուրախ եմ, որ այստեղ տեղի կ՛ունենայ գիրքիս շնորհահանդէսը, որուն համար շնորհակալ եմ Գէորգին եւ Արկադիին: Շնորհակալ եմ գիրքիս խմբագիր ուսուցչուհիիս` Սիլվա Ջհանկիրեանին, առաջին ուսուցչուհիիս` Էլմիրա Եղեանին, ընկերներուս եւ բոլոր անոնց, որոնք կանգնած են կողքիս: Ամէնէն շատ երախտապարտ եմ Աստուծոյ, որ ինծի տաղանդ շնորհած է: Արցախի մասին Արցախէն հեռու գրելը իսկապէս դժուար է:

Գիրքիս ամէն մէկ տողը կարօտի արտայայտման իւրօրինակ ձեւ մըն է, միեւնոյն ժամանակ կեանքի, պայքարի, սիրելու, սիրուելու, ներելու, երախտապարտ ըլլալու եւ, վերջապէս, ապրելու մասին է: Կը կարծեմ` հերոսներէս շատ բան կայ սորվելու, անոնք պարզապէս հերոսներ չեն: Անոնք մահուան աչքերուն նայած, մարդկային դաժանութենէն եւ անարդարութենէն յոգնած անհատներու մարմնացում են: Անոնք ապրիլ ցանկացող հոգիներ են, որոնք կ՛ապացուցեն, որ աշխարհի մէջ ապրելէ բացի քաղցր բան չկայ, ու ամէնէն խաւար պահերուն մարդ կրնայ գոյատեւելու ելքեր գտնել, եթէ չմոռնայ լոյսի գոյութեան, Աստուծոյ մասին:

Ես հերոսներուս միջոցով պարզապէս փափաքած եմ յայտնել, որ պէտք է պայքարը շարունակել ու երբեք չյանձնուիլ կէս ճանապարհին: Այսօր ես այստեղ կանգնած` կը զգամ, որ յաղթած եմ: Կը զգամ, որ վիրաւոր սիրտս նորէն կը բաբախէ, կը զգամ, որ Արցախը մէջս կ՛ապրի: Ես կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ծնողներուս, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ կեանքիս պայքարը տակաւին կը շարունակուի:

Գիրքի խմբագիր Սիլվա Ջհանկիրեանի համար գիրքի ամէն մէկ բառին, ամէն մէկ տողին մէջ սրտի տրոփ կայ:

«Պայքար» գիրքի գլխաւոր հերոսը բարոյականութիւնն է, մաքրութիւնը, հաւատքը, պայքարը, կարօտը, յոյսը: Գիրքին մէջ ներկայացուած է ընտանիքի մը կեանքի պատմութիւնը, որ պայքար է, արժանապատիւ պայքար` հայրենի հողի ազատութեան, անկախութեան համար, որ իր մէջ կ՛ամփոփէ արցախեան հարիւրաւոր ընտանիքներու պատմութիւնը:

Հեղինակը արցախեան ամբողջ աշխարհ մը կը նուիրէ ընթերցողին, արցախեան իմաստ, գոյներ, բարբառ, եւ անոր որդիական սիրտը կը տրոփէ հայրենի եզերքը եւ այդ եզերքը ապրող, այդ հողը պահող մարդոց համար: Սրտին տրոփումը կը լսուի ամէն մէկ բառի, ամէն մէկ տողի մէջ:

Գիրքը ցաւած սրտի, ցաւած մտքի ճիչ է, բողոք` անարդար, անիրաւ աշխարհին: Պարզ ճշմարտութիւն է, որ հայրենիքէ դուրս երջանկութիւն չկայ: Ցաւի, կորուստի, կարօտի մէջ հերոսները լաւատես են, կ՛ապրին վերադարձի յոյսով:

Սոնայի ուսուցչուհին` Սուրայա Ղազարեան,  պատմեց, որ 2021 թուականին, Սոնայի առաջին գիրքի շնորհահանդէսէն ետք, շնորհաւորեցի զինք եւ խորհուրդ տուի, որ երբեք չհանգստանայ դափնիներու վրայ ու շարունակէ անընդհատ բարձրանալ` նոր նուաճումներու համար:

Այսօր Սոնան երախտագիտութեամբ խոստովանեցաւ, որ այն ժամանակ տուած խորհուրդս մէկ օր անգամ չէ մոռցած եւ միշտ դէպի առջեւ սեւեռած է նայուածքը, եւ ահա երկրորդ գիրքն է, որ ընթերցողին դատին կը յանձնէ:

Աստուած տայ, որ յաջորդ գիրքը ծնի ոչ թէ ցաւի եւ տառապանքի մէջէն, այլ ողողուած ըլլայ յաղթութեան բերկրանքի պայծառ շողերով:

Սոնայի մայրը` Անահիտ Դանիէլեան, ուրախ եւ հպարտ էր դստեր յաջողութեամբ: «Երախտապարտ եմ Ասկերանի Էտմոն Բարսեղեանի անուան միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Մարելլա Աւանէսեանի գլխաւորութեամբ ամբողջ ուսուցչակազմին` Սոնայի փայլուն գիտելիքներ փոխանցելնուն, անոր երազներու կատարման ուղեկից ըլլալնուն համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին. այս յաջողութիւնը բոլորիս է:

Սոնան մանկութենէն կը սիրէր երազել ու ստեղծագործել: Անոր «Կեանք` կեանքի դիմաց» գիրքին շնորհահանդէսը կազմակերպուած է Ասկերանի Էտմոն Բարսեղեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ, 2021 թուականին, երբ ան 10-րդ դասարանի աշակերտուհի էր: Դպրոցի պատմութեան մէջ առաջին դէպքն էր, երբ ստեղծագործող աշակերտը կը դառնայ գիրքի հեղինակ, եւ ան ընդամէնը 15 տարեկան էր:

Սոնայի առաջին գիրքին բուն նիւթը արցախեան 44-օրեայ պատերազմն էր: Գիրքը հրատարակուած էր Երեւանի Աւետիսեան դպրոցի տնօրէն, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Մելանիա Գեղամեանի հովանաւորութեամբ եւ ջանքերով:

Նշենք, որ Սոնա Ղահրամանեանը այժմ կ՛ուսանի Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանոգերմանական բաժանմունքի անգլերէն-ֆրանսերէն բաժինին մէջ:

Համազգայինի Երեւանի Եւ Գիւմրիի Գրասենեակներու Նախաձեռնութեամբ Շիրւանեան Երիտասարդական Կեդրոնի Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պատուոյ Հանդիսութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակը վերջերս ձեռնամուխ եղաւ իրականացնելու մեր օրերուն համար երկու շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն: Կազմակերպեց երկու մեծ գիտաժողովներ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, առաջին վարչապետ «Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ» եւ «Հայ եկեղեցւոյ դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ» խորագրերով գիտահաւաք: Իբրեւ արդիւնք` աշխատութիւնները մարմնաւորուեցան ու դարձան գիրք, եւ այդ գիրքերը, բացի անկէ, որ պիտի զարդարեն մեր գրադարանները, պիտի լիացնեն մեր միտքն ու ոգին, որ ընդհանրապէս, մանաւանդ մեր օրերուն, դարձած է աւելի հրամայական:

Նշենք, որ Համազգայինի Երեւանի եւ Գիւմրիի գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ,  Շիրւանեան երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկու գիրքերուն նուիրուած շնորհահանդէս:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի ուղերձով եւ զայն ներկաներուն փոխանցեց Արտաշէս սարկաւագը: Ապա, իրենց գեղագէտ ճաշակով, ներկաները ամբողջ ձեռնարկին ընթացքին ազգային երաժշտութեան հնչիւններուն ականջալուր դարձուցին «Մի սար» նուագախումբի կատարողները: Ներկաներուն գիտաժողովի եւ գիրքի ստեղծման հանգամանքներուն ծանօթացուց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը: Արուեստագիտութեան թեկնածու-դոցենտ Արաքս Մարգարեան ներկայացուց Յովհաննէս Քաջազնունիի կեանքէն եւ գործունէութենէն գեղեցիկ դրուագներ, որոնք համեմուած էին նրբաշերտ յուշերով:

Քաղաքագէտ Դերենիկ Մալխասեան խօսեցաւ Ալեքսանդրապոլ-Գիւմրի ճարտարապետութեան, եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ Յովհաննէս Քաջազնունի նախագիծի, գլուխ գործոց «Լոդկա» շէնքի պատմութեան մասին:

Մասնագիտական խօսքով ներկաները ողջունեց Քաղաքային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Աշոտ Միրզոյեան:

Աւարտին «Մի սար» ԿՄԲՀԿ նախագահ, նուագախումբի խմբավար Արեւիկ Թանաշեանի կոմիտասեան «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ի կատարումով ամփոփուեցաւ օրուան խորհուրդը:

Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն Արա Նախշքարեան դիմելով ներկաներուն` ըսաւ. «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գիւմրիի գրասենեակի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` մնայուն կանգնելուն համար ազգային մշակոյթի պահպանման խրամատներուն մէջ, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին` այսպիսի ձեռնարկներ պարբերաբար իրագործելնուն, Արցախի գրասենեակին` միշտ մեր բոլորին կողքին ըլլալնուն եւ իր կազմակերպական ներկայութիւնը ամրագրելուն, «Մի սար» նուագախումբին` համագործակցութեան համար, Շիրւանեան կեդրոնին` Համազգայինի Գիւմրի գրասենեակին մնայուն աջակցութեան համար, օրուան բանախօսներուն, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Մելքոնեանին` իր նշանակալից ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուելուն եւ,  վերջապէս, բոլոր ներկաներուն` օրը գեղեցկացնելնուն համար: Այլապէս չէր ստացուեր այն, ինչն այսօր ունկնդրեցինք եւ ակնդրեցինք մեր հոգիին աչքերով: Քանզի իւրաքանչիւր ձեռնարկ կը կայանայ իր հանդիսատեսի հետաքրքրասէր ներկայութեամբ», եզրափակեց Ա. Նախշքարեան:

Անիի Մայր Տաճարը Վերանորոգումէն Ետք Պիտի Գործէ Իբրեւ Մզկիթ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Անիի հնագիտական վայրը գտնուող Անիի մայր տաճարը կը վերանորոգուի:

Թուրքիոյ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ վերանորոգումէն ետք Անիի մայր տաճարը պիտի գործէ իբրեւ մզկիթ:

Բացարձակապէս չի նշուիր, որ միջնադարեան այդ քաղաքն ու եկեղեցին հայկական են: Տաճարը կը ներկայացուի իբրեւ Ֆեթհիէ մզկիթ: Պարզապէս կ՛ըսուի, որ տաճարի ճարտարապետը Տրդատն է:

«Մենք Տրդատը կը ճանչնանք նաեւ իբրեւ Պոլսոյ Այա Սոֆիա մզկիթի գմբէթը վերանորոգած ճարտարապետ: Տրդատ Անիէն հրաւիրուած է Պոլիս, վերանորոգած է Այա Սոֆիայի գմբէթը, ապա վերադարձած Անի եւ աւարտին հասցուցած` այս կառոյցը», կ՛ըսէ Անիի հնագիտական վայրի պեղումներու ղեկավար Մոհամետ Արսլան:

Վերջինս նաեւ կը յայտնէ, որ Անիի մայր տաճարի վերանորոգումը կ՛ընթանայ երեք փուլով` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ու Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամի համագործակցութեամբ: Այս տարի կը նախատեսուի աւարտել 2-րդ փուլի աշխատանքները:

Հաղորդենք, որ շուրջ 100 հեկտարի վրայ տարածուող Անիի աւերակներու հնագիտական վայրին մէջ կը գտնուին նաեւ Ամենափրկիչ, Տիգրան Հոնենցի եւ Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցիները: Անիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կամ մայր տաճարը կառուցուած է 10-րդ դարուն: Շինարարութիւնը սկսած է հայոց թագաւոր Սմբատ Բ. Բագրատունի, 989 թուականին, իսկ աւարտած է հայոց Կատրամիտէ թագուհին, 1001 թուականին:

Արցախի Մշակութային Հարուստ Ժառանգութիւնը Պիտի Շարունակէ Տեսանելի Դարձնել Մեր Ժողովուրդի Ինքնութեան Անբաժանելի Շերտերը

 Վերջերս «Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը ներկայացաւ Դիլիջանի մէջ կայացած Հայ-վրացական խոհարարական մշակութային փառատօնին:

Փառատօնի ընթացքին Արցախին տրամադրուած 12 տաղաւարներուն մէջ ներկայացուեցան արցախցի արուեստագէտներու եւ արհեստաւորներու ձեռագործ աշխատանքներ, յուշանուէրներ ու արուեստի գործեր: Մեր այցելուներուն ուշադրութիւնը անմիջապէս գրաւեց նաեւ արցախեան խոհանոցի խորհրդանիշը` ժենգալով հացը, որ դարձաւ փառատօնի ամենասիրելի համային կանգառներէն մէկը:

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք փառատօնի կազմակերպիչներուն, որոնք առանց վարձավճարի տրամադրած տաղաւարներուն միջոցով կարելիութիւն ընձեռեցին Արցախը լիարժէք ներկայացնելու միջազգային հարթակի վրայ:

Արցախի մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ շունչ տալ ու տեսանելի դարձնել մեր ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի շերտերը:

 

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

RelatedPosts

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?