Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սենթ Էթիէնի Քաղաքապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Ծիծեռնակաբերդ
Մարտ 1-ին, Սենթ էթիէնի քաղաքապետ Կաէլ Փերտրիոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Կապանի փոխքաղաքապետ Կոռ Թադեւոսեանի ուղեկցութեամբ:
Պատուիրակութեան մաս կազմած են` Սենթ էթիէնի հայկական ընկերակցութեան նախագահ Վրէժ Խոսրովեան, Սենթ էթիէնի քաղաքապետի խորհրդական, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի շառաւիղ Ժան-Փիեր Քոչեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Հիւրերը դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էթիտա Գզոյեանը եւ անոնց ուղեկցած դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` ներկայացնելով կոթողին ստեղծման պատմութիւնը:
Քաղաքապետ Փերտրիօ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները անմար կրակին մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Ֆրանսայէն եկած հիւրերը շրջած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած` մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն, որմէ ետք Սենթ էթիէնի քաղաքապետը եւ անոր խորհրդականը իրենց տպաւորութիւնները արձանագրած են պատուոյ հիւրերու ոսկեմատեանին մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհին ֆրանսացի պատուիրակներուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքեր: Ժան-Փիեր Քոչեանն ալ, իր կարգին, թանգարանին յանձնած է իր ստեղծագործած «Սատանայի գործը» («L’œuvre du diable») կտաւը:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Նշեց. «Երբ Մի Ժողովրդի Հայրենիքն Ու Հաւատքը Վտանգի Է Ենթարկուած, Ամբողջ Ազգը Պայքարի Դրօշ Պէտք Է Պարզի»
25 փետրուարին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին տօնեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը, որուն առիթով Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:
Պատարագի աւարտին քահանայից դասը մէկտեղուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ: Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը յատուկ ցուցիչ է հայ եկեղեցականի օրինակելի կերպարի ընկալման եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ անոր առաքելութեան եւ անձնազոհ սպասաւորութեան վերարժեւորման տեսանկիւնէն:
Իր խօսքին մէջ Գարեգին Բ. ընդգծեց, որ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ միաձուլուած են հոգեփրկչական ու ազգապահպան ծառայութիւնները: «Քրիստոնէութիւնը հայոց ազգի մաշկի գոյնն է` այսպէս է սուրբ Եղիշէ պատմիչը հանրահռչակում մեր հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան անբաժանելի միասնութիւնը: Այս ճշմարիտ հաստատումը դարձել է ազգային մեր դաւանանքի հիմնական եւ առանցքային համոզմունքներից ու գաղափարներից մէկը: Հետեւաբար հայութեանը հոգեւոր նկարագրով, ազգային դիմագծով ամուր պահելու եւ մեր ժողովրդի միաբանութիւնն ու լուսաւոր գալիքը ապահովելու համար պէտք է զօրացնել ու պաշտպանել մեր սուրբ հաւատքն առ Աստուած»:
Կաթողիկոսը անդրադարձաւ նաեւ հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն` ոչ միայն Արցախի կորուստով, հազարաւոր զոհերով, անյայտ կորսուած եւ տակաւին գերութեան մէջ գտնուող հայորդիներով պայմանաւորուած, այլ նաեւ` մեր կեանքին մէջ հայու ինքնութեան բաղադրիչները թիրախ դարձնելով եւ աղճատումով:
«Արդ, հարկ է մեր ժողովրդի մէջ հաստատուն պահել դարերով նուիրագործուած արժեհամակարգի, հայրենիքի, հայոց եկեղեցու, մեր սրբութիւնների, մեր պատմական անցեալի վերաբերեալ ճիշդ ընկալումները: Այս ճանապարհով է հնարաւոր հզօրացնել մեր պետութիւնը, նպաստել հայրենական կեանքի բարօրութեանն ու ապահովութեանը: Այս ճանապարհով է հնարաւոր ամրապնդել հասարակութեան մէջ համերաշխութեան ոգին, պաշտպանել ազգային շահերն ու հիմնարար իրաւունքները թէ՛ երկրի ներսում եւ թէ՛ երկրից դուրս: Այս նպատակների իրագործման համար մեզ նախ եւ առաջ պէտք է առաւել նուիրում ու քաջութիւն, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու բարձր գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն», ըսաւ Գարեգին Բ. եւ յորդորեց եկեղեցականները` Ղեւոնդեանց քահանայից նմանութեամբ ծառայել ու գործել եւ հոգեւորականին յարիր խօսքով ու վարքագիծով ըլլալ կենդանի քարոզութիւն` հաւատացեալներուն համար:
Կոմիտասի Անուան Երաժշտանոցի Ուսանող Լեւոն Ալմասեան «Nouvelles Étoiles» Մրցոյթին Շահած Է Առաջին Մրցանակը
Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ակադեմական երգեցողութիւն ամպիոնի փրոֆեսէօր Առնոլտ Քոչարեանի ուսանող Լեւոն Ալմասեան տիրացած է «Nouvelles étoiles» Պատանի երաժիշտներու 11-րդ միջազգային առցանց մրցոյթի առաջին մրցանակին` «Երգեցողութիւն» անուանակարգին մէջ:
Դափնեկիրը ներկայացուցած է Սերգէյ Ռախմանինովի Aleko՛s Cavatina օփերայէն եւ Արմէն Տիգրանեանի Դաւիթ Բէկի արիան, նոյնանուն օփերայէն հատուածներ, նուագակցութեամբ Աննա Ջալլադեանի:
Մարտիրոս Սարեանի 145-Ամեակին Վարպետին Տուն–Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Ջրաներկի Արուեստը» Ցուցադրութեան
Մարտիրոս Սարեանի 145-ամեակին առիթով փետրուար 28-ին վարպետին տուն-թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ջրաներկի արուեստը» ցուցահանդէսին, որ այցելուներուն կարելիութիւն ընձեռեց նորովի բացայայտել նկարիչին ջրաներկ գործերու նուրբ եւ երազկոտ պատկերային լեզուն:
Ցուցադրութեան բացումին նկարիչին թոռնուհին` Սարեանի տուն-թանգարանի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Ռուզան Սարեան յայտնեց, որ Սարեանի ծննդեան օրը սովորաբար նշուած է փետրուար 29-ին, սակայն իրենք Ռոստովի մարզային արխիւէն ստացած են փաստաթուղթի լուսանկար մը, որուն մէջ յստակ գրուած է, թէ վարպետը ծնած է հին տոմարով փետրուար 15-ին, իսկ փետրուար 16-ը անոր մկրտութեան օրն է:
Խօսելով ցուցադրութեան մասին` Ռուզան Սարեան ընդգծեց, որ պահոցներէն հաներ են Սարեանի ջրաներկով կատարուած աշխատանքներու լաւագոյն նմուշները: Ցուցադրուած են վաղ շրջանի գործերը, սկսեալ` առաջին ինքնադիմանկարէն, որ նկարած է 22 տարեկանին: «Սարեան աշխարհահռչակ նկարիչ է եւ տիրապետած է բոլոր թեքնիքներուն, իսկ ջրաներկը ամէնէն քմահաճ, ամէնէն դժուար թեքնիքն է, որովհետեւ թոյլ չի տար որեւէ բան ուղղել կամ աւելցնել, երբ չորնայ: Պէտք է գեղագէտ եւ տէրը ըլլալ ամէն մէկ վրձնահարուածին այսպիսի բարձրորակ աշխատանքներ ստանալու համար», հաւաստիացուց ան:
Ռուզան Սարեանի խօսքով, Մարտիրոս Սարեան այդ ջրաներկ գործերով իր մասին խօսիլ տուաւ: Անոր առաջին ցուցահանդէսներուն մէջ ընդգրկուած են այդ գործերէն շատերը: «Սարեանի պէս երիտասարդ նկարիչներու կողքին էին ռուս վարպետներ Պորիսով-Մուսատովը, Վրուբելը, որոնք բացառիկ հեղինակութիւններ էին: 1900-ականներու սկիզբները Պենուայի նման յայտնի նկարիչը, Սարեանի նկարները տեսնելով` նշած է, որ Սարեանի գործերուն մէջ արդէն կայ ուրոյն ոճ: Ինքնատիպ ոճ, լեզու ստեղծելը ամէնէն դժուար բանն է: Սարեան կը տարբերէր իր հասակակից նկարիչներէն, իսկ անոր համադասարանցիներէն էին Փետրով-Վոտկինը, Ուլեանովը, Կուզնեցով եղբայրները եւ այլ մեծեր: Այդ օրերուն Սարեան իր ուրոյն ճանապարհը հարթած էր դէպի գեղանկարչութիւն, եւ այդ փուլը սկսաւ ջրաներկ, կուաշ, թեմփերա գործերով, յետոյ 1909, 1910 աստեղային թուականները յաջորդած են, երբ ան նուաճած էր նոր բարձունքներ», շեշտեց Ռ. Սարեան ու աւելցուց, որ Մարտիրոս Սարեան երբեք չմնաց նոյն տեղը, հասնելով շատ մեծ նուաճումներու` ան փնտռեց ու գտաւ նորարարութիւն եւ յառաջացաւ:
Ռուզան Սարեան ընդգծեց հեքիաթներու կարեւորութիւնը Սարեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ ըսաւ, որ հեքիաթները մեծ դեր խաղացած են Սարեանի կեանքին մէջ: Պատահական չէ, որ Սարեան եւ Աւետիք Իսահակեան` մեծանուն արուեստագէտն ու գրողը, մտերիմներ էին:
«Իսահակեան «Աբու Լալա Մահարի» պոէմին մէջ քարը քարին չէ ձգած, քննադատած է, նաեւ հրաշալի խօսքեր ըսած է` աշխարհը հեքիաթ է, կեանքը` երազ: Ի զուր չէ, որ այդ երկու փիլիսոփայ, հրաշալի վարպետներու կեանքի ընկալումը կը համընկնի, որովհետեւ Սարեանի համար եւս աշխարհը հեքիաթ էր, կեանքը` երազ: Անոր ջրաներկ աշխատանքները կոչուած են «Հեքիաթներ եւ երազներ», եզրափակեց Ռուզան Սարեան:
Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի Նուիրուած Թանգարանին
Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած մեծ յաղթանակին 80-ամեակին ընդառաջ` Հայաստանի վեթերաններու միաւորման շէնքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Խորհրդային Միութեան մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի նուիրուած թանգարանին եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսին:
Փետրուար 23-ին Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի թանգարանի բացման նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկաները նախ յարգանքի տուրք մատուցեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ ապա ղարաբաղեան պատերազմներու նահատակներու յիշատակին:
Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան Հայաստանի վեթերաններու միաւորման նախագահ Սիմոն Եսայեան իր բացման խօսքին մէջ, ներկայացնելով մարաջախտին մեծ ներդրումը Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած յաղթանակին եւ շարք մը մեծագոյն մարտական գործողութիւններու կազմակերպման գործին մէջ, նշեց, որ հայ մեծանուն մարաջախտին նուիրուած թանգարանային անկիւնի ստեղծումը իրենց պարտքն էր:
«Բացումը կատարելով Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան մարտական փառքի թանգարանին` մենք նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցինք հարիւր հազարաւոր հայ մարտիկներուն, որոնք ուս-ուսի մարտնչեցան այլ ժողովուրդներու կողքին», ընդգծեց Եսայեան:
Նշենք, որ թանգարան-կեդրոնին մէջ ներկայացուեցան Բաղրամեանի կեանքի տարբեր փուլերու դրուագները արտացոլացնող անձնական իրեր, պարգեւներ եւ լուսանկարներ:
Մարսէյ–Երեւան Զուգորդուած Քաղաքներ Հռչակուեցան
Փետրուար 28-ին Մարսէյի Քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Երեւան-Մարսէյ զուգորդուած քաղաքներ հռչակելու քաղաքապետ Պընուա Փայանի առաջարկը:
Ձախէն մինչեւ ծայրայեղ աջ` Հայաստանին, հայերուն եւ Հայոց պատմութեան անխախտ զօրակցութիւն յայտնեցին: «Երեւան արդէն Մարսէյի հետ կապուած էր գործընկերութեան համաձայնագրով մը, որ ստորագրուած էր քաղաքապետ Ռոպեր Վիկուրուի օրով (1986-1995)», յիշեցուց Տիտիէ Բարաքեան. «Դուք պիտի ուրախացնէք հայկական ծագումով 80 հազար մարսէյցիները», ողջունեց Renaissance-ի նախկին երեսփոխանը:
Երկու քաղաքներուն զուգորդութիւնը պաշտօնապէս պիտի իրականանայ Մարսէյի քաղաքապետին Հայաստան այցելութեան ընթացքին` յառաջիկայ ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման առիթով:
Գորիսի Պետական Համալսարանը Հիւրընկալած Է Ֆրանսայի Լիլ Քաղաքի Համալսարանի Ներկայացուցիչները
Փետրուար 18-ին Գորիսի պետական համալսարանը հիւրընկալած է` Ֆրանսայի Լիլ քաղաքի համալսարանի բնապահական գիտութիւններու հիմնարկի (IRePSE) տնօրէն, դասախօս Դանիէլ Դանիէլեանը, լեզուներու, մշակոյթներու եւ ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքի, կիրառական օտար լեզուներու ամպիոնի դասախօս, PECO/CEI միջազգային փոխանակման գծով պատասխանատու Գարիկ Գալստեանը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին նպատակն էր Գորիսի պետական համալսարանի, Լիլի համալսարանի եւ ԳԱԱ-ի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկին միջեւ կրթական ու գիտահետազօտական գործակցութեան կարելիութիւններու քննարկումը, ինչպէս նաեւ` դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխադարձ այցելութիւններուն վերաբերող միասնական ծրագրերու հեռանկարներուն առնչուող հարցերու արծարծումը:
Գորիսի համալսարանի տնօրէն Տիգրան Վանդունց ողջունելով հիւրերը, ընդգծած է համալսարանի գիտակրթական գործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ համալսարանը բաց է նոր գործակցութիւններու համար եւ պատրաստ է աշխուժօրէն ներգրաւուելու միասնական ջանքերով կազմակերպուած կրթական ու գիտահետազօտական ծրագրերու մէջ:
Կողմերը ներկայացուցած են իրենց համալսարաններու գիտակրթական գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները` շեշտելով զբօսաշրջութեան, բուսաբանութեան եւ բնապահութեան մարզերուն մէջ միասնական ծրագրերու կարեւորութիւնը:
Հանդիպման աւարտին համալսարաններու ներկայացուցիչները ծանօթացած են Գորիսի համալսարանի ենթակառոյցներուն: