Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաբրիէլ Չեմպերճեան Անմեղ` Իրեն Դէմ Ներկայացուած Մեղադրանքի Հարցով

February 3, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Հայաստանի դատական իշխանութեան թիրախ դարձած էր «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ, բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը: Իրաւապահները զայն մեղադրած էին դրամներու լուացման օժանդակելու յանցանքով: Չեմպերճեանին ուղղուած մեղադրանքը կապուած էր Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր` Լեւոն Սարգսեանին առնչուող քրէական գործին հետ:

Սակայն դատական իշխանութիւնը որեւէ ձեւով չկրցաւ ապացուցել Գաբրիէլ Չեմպերճեանին` առնչութիւնը ենթադրեալ դրամներու լուացման հետ: Գաբրիէլ Չեմպերճեանի պաշտպան փաստաբան Աշոտ Սիմոնեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ դատը բացուած է տակաւին վեց տարի առաջ` 2018 թուականին: Այդ թուականին եւ անկէ ետք Չեմպերճեան քանի մը անգամ հարցաքննութեան ենթարկուած է եւ տուած է մանրամասն ցուցմունքներ:

Նախաքննական մարմինը նախնական կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան, սակայն այդ միջնորդութիւնը հիմնազուրկ նկատուած է: Այդ միջնորդութիւնը, ըստ պաշտպան փաստաբանին, Փտածութեան դէմ պայքարի դատարանին ներկայացուած է 5 դեկտեմբեր 2024-ին, բայց անիկա մերժուած է: Այդ մերժումին դէմ բողոքած է գլխաւոր դատախազութեան համապատասխան վարչութիւնը, որ կը հսկէ Փտածութեան դէմ պայքարի դատարանին մէջ գտնուող դատական վարոյթներու օրինականութեան: Վերաքննիչ դատարանը կրկին մերժեց դատախազին բողոքը, եւ Չեմպերճեան անմեղ նկատուեցաւ:

Փաստաբան Աշոտ Սիմոնեան նշեց, թէ որեւէ տուեալ չկայ պնդելու, որ այս դատը քաղաքական հետապնդման տարրեր կը պարունակէ: Ան յայտնեց, որ ամբողջ խնդիրը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ գործ ունինք անձի մը հետ, որ միշտ հայրենանուէր գործունէութիւն ծաւալած է, միշտ տարբեր ծրագիրներ նախաձեռնած, ֆինանսաւորած եւ իրականացուցած է: Գաբրիէլ Չեմպերճեանը չէ սահմանափակուած երբեք որոշ նախագահի կամ իշխանութեան հետ այդ ծրագիրները իրականացնելով, այլ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր աշխուժ կապի մէջ եղած է հայրենիքի հետ, բոլոր իշխանութիւններուն ժամանակաշրջանին: Ան ներկայ իշխանութիւններուն օրով ալ կ՛իրագործէ ծրագիրներ եւ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ նպատակ չէ ունեցած բովանդակային առումով Հայաստանի մէջ պիզնըս գործունէութեամբ զբաղիլ: Ըստ պաշտպան փաստաբանին, Չեմպերճեանը, հակառակ այս դատական հարցին, կը պատրաստուի իր բարեգործական գործունէութիւնը շարունակել ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող, այլ աշխարհասփիւռ հայութեան օգտին:

Յայտնենք, որ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան յայտնի անուն է հայրենիքի եւ սփիւռքի մակարդակով: Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին ան մեծագումար նուիրատուութիւններ կատարած է Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամուլի մարզի եւ ազգանուէր այլ ծրագիրներու իրագործման օգտին:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Երիտասարդ Արուեստագէտ Էմմանուէլ Ճգնաւորեան` Միլանոյի Սիմֆոնիք Նուագախումբի Նոր Երաժշտական Տնօրէն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.