Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ո՛չ Կը Լրտեսենք, Ոչ Ալ Ոեւէ Մէկուն Վնաս Կը Հասցնենք». Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավար
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Երեւանի մէջ յատկապէս կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին նշեց իր գործունէութեան երկրորդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ առաքելութեան` յաւելեալ 2 տարիով երկարաձգումը:
Առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր ըսաւ, որ այս 2 տարիներուն ընթացքին առաւել քան 4 հազար 5 հարիւր պարեկութիւններ կատարուած են, եւ որ` նաեւ այդ պարեկութիւններուն շնորհիւ Հայաստանի սահմաններուն աւելի քիչ թիւով միջադէպեր արձանագրուած են, քան` 2 տարի առաջ: Ըստ անոր, սահմանին այժմ իրավիճակը հանգիստ է, բայց գալիքը կարելի չէ կանխատեսել:
«Ես չեմ կրնար ըսել, թէ կողմերը ինչի՛ կը պատրաստուին, բայց երկու կողմերն ալ ամրաշինական աշխատանքներ կը կատարեն իրենց դիրքերուն մէջ, իսկ նպատակին մասին հարցումները կրնաք ուղղել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւններուն», ըսաւ Ռիթըր, որ անդրադառնալով Ազրպէյճանէն հնչող մեղադրանքներուն, թէ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը «լրտեսական» գործունէութիւն կը կատարէ, եւ թէ` այդ գործունէութիւնը «չի նպաստեր» խաղաղութեան հաստատման, ընդգծեց, որ իրենց գործունէութիւնը թափանցիկ է, եւ իրենք լրտեսութիւն չեն կատարեր:
«Անշուշտ Պրիւքսելի մէջ եւս գիտեն, որ Ազրպէյճան այնքան ուրախ չէ մեր ներկայութենէն: Ես կրնամ միայն ըսել, որ մենք կը հետեւինք սահմանի իրավիճակին: Մենք չենք լրտեսեր, դիտարկում կը կատարենք, թէ ի՛նչ կ՛ընեն երկու կողմերը, պատկեր կը կազմենք անկէ ու Պրիւքսելին կը զեկուցենք, ո՛չ կը լրտեսենք, ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն վնաս կը հասցնենք», յայտարարեց Ռիթըր:
Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, բազմաթիւ երկիրներու դեսպաններ, որոնց կարգին` Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս, որ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ փուլի մէջ կը գտնուին Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան նոր փաստաթուղթի բանակցութիւնները, եւ ե՞րբ կարելի է անոնց ստորագրութիւնը, ան ըսաւ, որ ըստ երեւոյթին, ամէնէն ուշը աշնան պէտք է այդ փաստաթուղթը ստորագրուած ըլլայ:
«Գործընկերութեան նոր փաստաթուղթը շատ շուտով կը ստորագրենք: Բանակցութիւնները վստահաբար այս տարի պիտի աւարտին, ստորագրութիւնը հաւանաբար կա՛մ նախքան այս ամառ, կա՛մ անկէ ետք տեղի պիտի ունենայ: Բայց կ՛ուզեմ Հայաստանի քաղաքացիներուն ըսել, որ մենք չենք դադրեցներ մեր աշխատանքը, չենք սպասեր այս նոր փաստաթուղթի ստորագրութեան, այս պահուն ալ աշխատանքը կը շարունակուի Հայաստանի հետ», յայտնեց Մարակոս:
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան 30-Ամեակ` Նոյն Եռանդով Շարունակելու Համար
Արցախեան առաջին պատերազմէն անմիջապէս ետք ազատագրուած Արցախի մէջ իր ծիլերը ցանեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը եւ մինչեւ 2023 թուականի բռնի տեղահանութիւնը աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ Արցախի երիտասարդական, հասարակական ու քաղաքական կեանքին մէջ:
Այսօր միութիւնը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ մայր Հայաստանի մէջ` նոյն եռանդով շարունակելու կամքով: Փետրուար 23-ին կայացած ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան 30-ամեակին ձեռնարկը յարգանքի տուրք էր անցեալ տասնամեակներու ընթացքին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կազմաւորման եւ զարգացման գործին մէջ աւանդ ունեցող հազարաւոր երիտասարդներու, նուիրեալներու, որոնք անխոնջ աշխատանքով մասնակցութիւն ունեցան Արցախի երիտասարդական-հասարակական կեանքին մէջ:
Նախքան պաշտօնական բաժինի մեկնարկը` 8 նորագիրներ համալրեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը: Խոստման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի մէջ` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Արտակ Իշխանեանի շիրիմին առջեւ:
««Մեր արմատները գալիս են Արցախից եւ գնում են դէպի Արցախ: Այսուհետեւ այս կարգախօսն է, որ պիտի առաջնորդէ մեզ, այն կը յիշեցնէ մեզ, թէ ո՛վ ենք մենք, ուրկէ՛ կու գանք եւ ո՛ւր պիտի երթանք: Այո՛, մեզի համար նշանակալից այս օրը ստիպուած ենք նշելու մեր հայրենի բնօրրանէն` Արցախէն հեռու: Ֆիզիքապէս հեռու, բայց՛ սրտով միշտ այնտեղ», իր խօսքին մէջ նշեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վ, Խաչատրեանը:
Երդման արարողութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցօղիկ Աշըգեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, տարբեր տարիներու ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան գործունէութիւնը համակարգած գործիչներ: Անոնք կարեւոր նկատեցին Արցախի երիտասարդական միութեան գործունէութիւնը եւ մաղթեցին յաջորդ յոբելեանները նշել Արցախի հողին վրայ:
«Աւետիս Պուլուզեան» Բարեսիրական Կազմակերպութիւնը Կը Շարունակէ Աջակցիլ «Քերոլայն Քոքս»-ի Վերականգնողական Կեդրոնին
«Աւետիս Պուլուզեան» բարեսիրական-հասարակական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին:
Հաղորդենք, որ յատկացուած գումարները կ՛ուղղուին կեդրոնի աշխատանքներուն, որոնց նպատակն է շարունակել ծառայութիւններու մատուցումը Արցախի բնակչութեան խոցելի խումբերուն` տրամադրելով անհրաժեշտ բժշկական պարագաներ:
Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան. «Մենք համոզուած ենք, որ նոյնանման նուիրատուութիւնները եւ համագործակցութիւնները կարեւոր քայլ կը հանդիսանան դէպի արժանապատիւ ապագայ»:
«Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ «Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական կազմակերպութեան ընտանիքին, անձնակազմին, նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան մեր միացեալ աշխատանքին եւ նպատակներուն», նշուած է կեդրոնի Դիմատետրի էջին վրայ:
USAID-ը Յաջողած Է Խոստացուած 250 Միլիոն Տոլարին Շուրջ 50 Տոկոսը Հայաստանին Փոխանցել
2024-ին Հայաստան USAID-ի հետ դրամաշնորհային համաձայնագիրի ընդհանուր ծրարէն նախատեսուած 250 միլիոն տոլարի փոխարէն` ստացած էր 110 միլիոն տոլար` Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ: Այս մասին «Սփութնիք Արմէնիա»-ի գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Վերեւը նշուածը կը վերաբերի Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան առաքելութեան տնօրէն Ճան Ալելոյի միջեւ սեպտեմբեր 2024-ին ստորագրուած փաստաթուղթին, որուն միջոցով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող դրամաշնորհային համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարուեցան: Իբրեւ արդիւնք` USAID-ի (Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ) համաձայնագիրով նախատեսուած գումարի շեմը գրեթէ կրկնապատկուած էր` 120 միլիոն տոլարէն հասնելով 250 միլիոն տոլարի, ինչպէս նաեւ ընդլայնուած էին միացեալ ծրագիրներու ուղղութիւնները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ իրենց եւ ՄԶԳ-ի կողմէ ֆինանսաւորուող արտաքին աջակցութեան բոլոր ծրագիրները սառեցուած են, եւ գերատեսչութիւնը այլեւս գործակալութեան հետ միասին իրականացուելիք ծրագիրներ չունի:
Պաշտօնապէս Բացումը Կատարուեցաւ ԹՈՒՄՕ Կապանի Հիմնական Շէնքին
Մարտ 2-ին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ ԹՈՒՄՕ Կապանի հիմնական շէնքին` Սիւնիքի հարաւը գտնուող ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ցանցը ամբողջացնող կեդրոն-հանգոյցին:
Կեդրոնը տեղակայուած է Կապանի երկաթուղային կայարանի շէնքին մէջ, որ պահպանելով պատմական եւ ճարտարապետական իւրայատկութիւնը` վերածնուած է իբրեւ նորարարական հանգոյց: Կեդրոնը, Մեղրիի եւ Քաջարանի ԹՈՒՄՕ տուփերու հետ կրթական ցանց կազմելով, կը ծառայէ մօտաւորապէս 2 հազար 5 հարիւր պատանիներու: ԹՈՒՄՕ Կապան այսուհետեւ դասընթացքներու եւ աշխատանոցներու պիտի յաճախեն նաեւ պատանիներ Գորիսէն, ուր կը գործարկուի ԹՈՒՄՕ տուփ, եւ ուսանողներուն համար պիտի ապահովուի փոխադրամիջոց:
ԹՈՒՄՕ Կապան նախագիծը իրականացաւ Կապանի համայնքապետարանի, Եւրոպական Միութեան «Դիմակայուն Սիւնիք Թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան եւ ԹՈՒՄՕ-ի նուիրատուներ Ջուդիթ Սարեանի եւ Վիքթոր Զարուգեանի հետ համագործակցութեան շնորհիւ: Մեղրիի եւ Գորիսի տուփերու հովանաւորներն են` Քաշեան ընտանիքը եւ «ContourGlobal» ընկերութիւնը:
Նոր կեդրոնին պաշտօնական բացումը կատարեցին` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը, Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեանը եւ ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը:
Քաղաքապետ Փարսեան նախ ողջունեց Կապանի բոլոր հիւրերը եւ շնորհաւորեց զանոնք ԹՈՒՄՕ Կապանի շէնքին պաշտօնական բացման առիթով եւ նշեց. «Շատ ուրախ ենք, որ ԹՈՒՄՕ կեդրոնը հիմնադրուեցաւ այստեղ, որովհետեւ ժամանակին երկաթուղին մեզի համար եղած է ո՛չ միայն փոխադրական կարեւոր հանգոյց, այլեւ նպաստած է մեր ամբողջ տարածաշրջանի տնտեսութեան եւ մշակոյթի հզօրացման: 21-րդ դարուն չափազանց կարեւոր է գիտելիքի վրայ հիմնուած տնտեսութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացումը: Եւ կը յուսամ, որ մեր պատանիները կ՛օգտագործեն այս կարելիութիւնը` կերտելու մեր Կապանի վաղուան օրը»:
Դեսպան Մարակոս նշեց. «Մարդկային կարողականութեանց, հմտութիւններու, նորարարութեան եւ տարածքային համաչափ զարգացման մէջ ներդրում ունենալը մեզի համար կարեւոր առաջնահերթութիւն է: Այս պարունակին մէջ մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է, որ այսօր Կապանի մէջ բացումը կատարենք ԹՈՒՄՕ կեդրոնի` ճարտարապետական ժառանգութեան գոհար հանդիսացող շէնքին մէջ, որ պահպանուած եւ արդիականացուած է: Բացումը յարմարեցուցինք եւ միացուցինք Բարեկենդանի տօնին հետ: Այսպիսով ցոյց տուինք մշակոյթի եւ տօներու հանդէպ մեր ունեցած գնահատանքը»:
«ԹՈՒՄՕ Կապանը Հայաստանի մէջ նորարարութեան եւ տարածաշրջանային զարգացման աջակցելու Եւրոպական Միութեան յանձնառութեան դրսեւորումն է: Կեդրոնը ո՛չ միայն պիտի օգնէ երիտասարդներուն` ձեռք բերելու այն հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են յաջողութեան հասնելու համար, այլեւ պիտի նպաստէ Սիւնիքի մարզի կայուն տնտեսական զարգացման եւ կայունութեան ամրապնդման: ԹՈՒՄՕ-ի հետ մեր համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան ընդարձակ ծրագրի կարեւոր մասն է, որ ուղղուած է` մարդկային կարողականութեանց զարգացման միտուած ներդրումներուն, տեղական տնտեսութիւններու ամրապնդման եւ յաջորդ սերունդի նորարարներու եւ ձեռներէցներու պատրաստման, որոնք կը ձեւաւորեն Հայաստանի ապագան», նշեց Մարակոսը իր բացման խօսքին մէջ:
«Սիւնիքի բոլոր պատանիներուն թումոյական կեանքեր վերափոխող ուսումնական փորձառութեամբ ապահովելու մեր նպատակին հասնելու ճանապարհը սկսանք 2021-ին մէկ ԹՈՒՄՕ տուփէ` այժմ հասնելով կրթական ցանցի: Այս ծաւալուն նախագիծը իրականութիւն դարձաւ ամուր գործընկերութեան շնորհիւ. ԹՈՒՄՕ-ն յաջողեցաւ գնել տարիներ առաջ սեփականացուած շէնքը, համայնքը եւ Եւրոպական Միութիւնը միաւորեցին ուժերը «Դիմակայուն Սիւնիք Թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեամբ, մեզի միացան մեր հաւատարիմ ընկերները` Ջուդիթն ու Վիքթորը: Յատկանշական է, որ այսօր կը յայտնենք երկար սպասուած նորութիւնը Գորիսի ԹՈՒՄՕ տուփի մասին, որ կը գործարկուի «ContourGlobal» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ: Սիւնիքի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ցանցը ամբողջացնելու համար մեզի կը մնայ միայն հիմնել Սիսիանի կեդրոնը եւ յարակից տուփերը: Յոյս ունինք, որ այդ մարտահրաւէրն ալ կը յաղթահարենք` յուսալի գործընկերներ գտնելով», նշեց ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը:
ԹՈՒՄՕ Կապանի կրթական տարածքը չի սահմանափակուիր միայն մէկ շէնքով: Շինարարութիւնը կը շարունակուի, եւ շուտով ուսանողներու համար կը գործարկուին նախագիծով նախատեսուած նորակառոյց մասնաշէնքերը: Մինչ այդ կրթական գործընթացը կը շարունակուի նաեւ շէնքի կողքը գործող ժամանակաւոր կեդրոն-տուփերով:
ԹՈՒՄՕ Կապանը յատուկ փորձառութիւն պիտի ստեղծէ ոչ միայն պատանիներուն, այլեւ ամբողջ համայնքին: Այստեղ պիտի գործէ նաեւ «ԹՈՒՄՕ լաբեր» ծրագիրը, որ նոյնպէս պիտի իրականացուի Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցաբար: 18 տարեկանէն վեր մարդոց համար ծրագրի ծիրին մէջ պիտի առաջարկուին գործնական նախագիծներ` արհեստագիտութիւններու, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներու մէջ: Առաջին անգամ Կապանի մէջ պիտի սկսի «ԹՈՒՄՕ լաբեր»-ի ուղղորդուած ինքնուսուցման ծրագիրը, որուն օգնութեամբ ուսանողները կրնան անվճար սորվիլ մեքենայական ուսուցում, Python կամ JavaScript ծրագրաւորման լեզուները` առցանց արձանագրուելով tumolabs.am կայքով: Աւելի՛ն. շէնքին մէջ կը գործեն նաեւ ձեռնարկներու, միացեալ աշխատանքի եւ ուսուցման համար յարմարեցուած տարածքներ:
Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Երկրորդ Տարին Ըլլալով Կը Նահանջէ «Իքանամիսթ Ինթելիճընս Եունիթ»
Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ըստ բրիտանական հեղինակաւոր «Իքանամիսթ ինթելիճընս եունիթ» (Economist Intelligence Unit) հետազօտական կեդրոնին, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով նահանջ կ՛արձանագրէ:
Ըստ կազմակերպութեան Ժողովրդավարութեան ցանկին (The Democracy Index) վերջին զեկոյցին, 2024-ին, Հայաստանի ժողովրդավարութեան տուեալը եղած է 5,35` գրեթէ 5 տոկոսով կամ 0,28 միաւորով նուազ 2022-ի ցուցանիշէն:
Ժողովրդավարութեան ցանկի ղեկավար Ճոէն Հաուի «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով` յայտնեց, որ 2024-ի այս ցուցանիշի անկումին պատճառը Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան ցուցանիշի վատթարացումն է: «2022-էն ի վեր Հայաստանի ընդհանուր ցանկի միաւորումին մէջ փոփոխութիւններ եղած են. երկիրը 2022-ին ունեցած է 5,63 միաւոր: Այս ցուցանիշը 2023-ի վերջաւորութեան նուազեցաւ մինչեւ 5,42` այդ տարուան ողբերգական դէպքերէն ետք, երբ փուլ եկաւ կառավարութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը: 2024-ին միաւորը առաւել նուազեցաւ` հասնելով 5,35-ի` կաշառակերութեան ցուցանիշի վատթարացումէն ետք», ըսաւ Հաուի, ըստ որուն, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ բարեփոխումներ կը մնան տեղքայլի մէջ, ինչպէս նաեւ մեծապէս նկատելի է իշխանութեան կեդրոնացումը վարչապետին եւ անոր շրջապատին ձեռքը, իսկ խորհրդարանը լուսանցքի մէջ է, մինչ խորհրդարանը պէտք է անկախ մարմին մը ըլլայ, բայց այլեւս իբրեւ անկախ մարմին չի գործեր Հայաստանի մէջ:
Թէեւ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ համակարգային կաշառակերութիւն չկայ, սակայն վերջերս հրապարակուած «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ»-ի` կաշառակերութեան ընկալման ցանկին մէջ Հայաստան դրական 100 առաւելագոյնէն 47 միաւոր ստացած էր: Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով` Հայաստան անընդմէջ նոյն միաւորը կ՛արձանագրէ: Այս իրավիճակը ոլորտի փորձագէտները «լճացում» բառով կը բնութագրեն:
Քաղաքակրթական եւ մշակութային հետազօտութիւններու կեդրոնի գիտաշխատող, քաղաքագէտ Նարեկ Սուքիասեան դիտել տուաւ, որ Ժողովրդավարութեան ցանկի ցուցանիշին վրայ ազդած են նաեւ ներքաղաքական գործօններ, որոնց կարգին` դատական համակարգի անկախութեան պակասը:
«Թերեւս կրնանք նշել գործադիրի մասնակցութիւնը դատական իշխանութեան մէջ, յատկապէս` պաշտօններու մասով, որ կասկածի տակ դրած է դատական համակարգի անկախութիւնը: Մենք կրնանք քաղաքացիներուն վստահութեան առնչուող հարցերուն մասին ենթադրութիւն կատարել եւ կը նկատենք, որ ըստ այլ հարցումներու, աւելի բաց հարցումներու` վստահութիւնը բարձր մակարդակի վրայ չէ, կը նկատենք ընտրութիւններու մասնակցութեան շատ ցած ցուցանիշ, որ բաւական խօսուն է», ըսաւ Սուքիասեան: