Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 16, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Կազմակերպեց Բողոքի Ցոյց Մը` Ի Պաշտպանութիւն Ձերբակալուած Դաշնակցական Ընկերներուն

11 յուլիսին` ի պաշտպանութիւն օր մը առաջ իրենց ձերբակալուած ընկերներուն,  ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Քննչական կոմիտէի շէնքին դիմաց:

Երիտասարդները իրենց հետ բերած էին նշուած խաղին վերաբերող իրեր, ինչպէս նաեւ` շապիկներ, որոնց վրայ գրուած է ՀՅԴ-ի պատմական կարգախօսը` «Մահ կամ ազատութիւն»: Անոնք շեշտեցին, որ Դաշնակցութեան կարգախօսը շուրջ 130 տարիներու պատմութիւն ունի եւ մաս կը կազմէ իրենց գաղափարական ժառանգութեան:

Դաշնակցական երիտասարդները կոչ ուղղեցին իշխանութիւններուն` դադրեցնելու ընդդիմադիրներուն նկատմամբ քաղաքական հետապնդումները:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, եթէ ունէք ջրի ատրճանակներ, ամանորեայ պայթուցիկներ, հրավառութեան որեւէ նիւթ, ապա ապահովուած էք: Բայց եթէ ունէք ընդդիմադիր հայեացքներ, դուք համարւում էք ահաբեկչութիւն նախապատրաստող», նշեցին անոնք` աւելցնելով, որ իրենց բերած իրերը, որոնք «ահաբեկչութեան» վերաբերող նկատուեցան, կը վաճառուին սովորական խանութներուն մէջ` ամենայն պարզութեամբ եւ ազատութեամբ: Կոչ ենք անում իրաւապահներին` զերծ մնալ ապօրինի եւ ծիծաղ առաջացնող գործունէութիւնից եւ անյապաղ ազատ արձակել մեր ձերբակալուած ընկերներին», յայտարարեցին երիտասարդները:

Ցոյցի աւարտէն ետք երիտասարդները Քննչական կոմիտէի Երեւանի վարչութեան շէնքին մօտ նետեցին իրենց հետ բերած իրերը` ՀՅԴ կարգախօս «Մահ կամ ազատութիւն» գրութեամբ շապիկներ եւ սթրայքպոլ խաղին համար նախատեսուած խաղալիք զէնքեր:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւդալեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Անդրանիկ Չամիչեանը բանտարկած են սթրայքպոլ խաղը սիրելուն համար: «Ոչ մի անօրինական բան չի ունեցել իր մօտ: Այն ամէն ինչն, որ Անդրանիկ Չամիչեանը ունեցել է, ամէն պատահած խանութից կարելի է գնել: Սա ուղղակի անհեթեթութիւն է եւ ծիծաղելի: Միւս մեր ընկերների տնից յայտնաբերուած իրերը նոյնպէս օրինական են: Նոյնիսկ հրապարակուած նկարի կողքը այդ իրերի իրաւունքները դրուած են», ըսաւ Աւդալեան:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի, եղածը Դաշնակցութեան դէմ արշաւ է: «Սա նրա համար չէ, որ Անդրանիկ Չամիչեանին ձերբակալեն, դաշնակցականներից մի քանիսին ապօրինի զրկեն ազատութիւնից: Սա Դաշնակցութեան դէմ արշաւ է, ինչպէս եկեղեցու դէմ է արշաւ իրականացւում: Եւ այստեղ հարց է առաջանում` ինչո՞ւ են սա իրականացնում, ի՞նչ են անելու առաջիկայում, որ նման արշաւների կարիք ունեն: ՀՅԴ-ն փակելու մասին յայտարարութիւններն արւում են զուգահեռ այն գործողութիւններին, որոնք իրականացւում են, դրանով իսկ ցոյց են տալիս, որ այս գործողութիւններն իրաւական գործընթացների հետ կապ չունեն, ունեն քաղաքական նպատակ, քաղաքական դրդապատճառ, քաղաքական նպատակադրումներ», ըսաւ Վարդանեան:

Մայր Տաճարի Աւանդատուն-Թանգարանին Մէջ Կը Ցուցադրուի Հայոց Ցեղասպանութենէն Հրաշքով Փրկուած Գանձերէն Մէկը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Ասողիկ աբղ. Կարապետեան կը տեղեկացնէ, որ Տիրոջ ողորմութեամբ եւ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ կը վերաբացուի Սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարի աւանդատուն-թանգարանը: Այս առիթով, առաջին անգամ կը ցուցադրուի նաեւ Կենաց փայտին մասունքը ամփոփող խաչ-մասունքարանը, որուն մէջ զետեղուած է 7-րդ դարու խաչը (պատմութեան մէջ յայտնի Հացունեաց խաչ անունով):

Հայր Ասողիկին համաձայն, ոսկեայ այս խաչը պատկանած է Սիւնեաց Բիւրեղ իշխանուհիին, որուն մէջ ամփոփուած է Քրիստոս Աստուծոյ խաչափայտի մասունքը` իշխանուհիին իսկ խնդրանքով տրուած Բիւզանդիոնի Հերակլիոս Ա. կայսեր կողմէ, երբ 627-ին խաչափայտը, ազատագրուելով պարսից գերութենէն,  հայոց աշխարհով տարուած է Կ. Պոլիս, ապա` Երուսաղէմ: 1846-ին իշխանուհիին խաչը ամրացուած է Վան պատրաստուած սքանչելազարդ խաչ-մասունքարանին մէջ` պահուելով Լիմ անապատի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

«Բանիմաց հայ հոգեւորականներու շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած գանձերէն է, որ այլեւս սրբութեամբ պէտք է պահուի ամբողջ հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ: Շատ շուտով, սիրելինե՛ր, դուք ալ երջանկութիւնը պիտի ունենաք տեսնելու եւ խոնարհելու այս հրաշափառ աստուածային մասունքին առջեւ», յայտնած է Ասողիկ աբղ. Կարապետեան:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Նախնական Ցանկին Մէջ Ընդգրկուած Են Երեւանի Ուրարտական Ժառանգութիւնը, Գառնի Հնագիտական Համալիրը Եւ Քարերու Սիմֆոնիան 

Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի 47-րդ նստաշրջանին քննարկուած են եւ հաւանութեան արժանացած Հայաստանի ներկայացուցած` «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը», «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու երկու դիմումները:

Դիմումները պատրաստուած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան համակարգումով եւ պատուէրով` «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն», «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութիւններուն կողմէ` համապատասխան գիտնականներու ներգրաւումով:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նիստերը կ՛ընթանան Փարիզի մէջ` յուլիս 6-16: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ կազմակերպութեան մէջ դեսպան Արամ Յակոբեան: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն նիստերուն կը մասնակցի Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան նախագահ Յարութիւն Վանեան` իբրեւ 1972-ի համաձայնագրի համակարգող:

Նշենք, որ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ Կոտայքի մարզի «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ Հայաստանի ներկայացուցած 6-րդ եւ 7-րդ դիմումներն են: 1995-ին արձանագրուած են առաջին 4-ը` Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները, 5-րդը 2024-ին` Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային տարածքը (ցանկերուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով` https://whc.unesco.org/en/statesparties/am):

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ արձանագրուած են Սանահինի եւ Հաղբատի վանքերը, Էջմիածինի մայր տաճարը, եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը:

Յիշեցնենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ արձանագրումի համար պարտադիր է տուեալ յուշարձանի մը  ընդգրկումը` կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ, իսկ այս ուղղութեամբ շարունակական աշխատանք կը կատարուի:

Ժընեւի Մարդկային Իրաւանց Ակադեմիայի Ուսանողները Այցելած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկ

Յուլիս 4-ին ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստան եկած Ժընեւի Մարդկային իրաւանց ակադեմիայի շուրջ քսան ուսանողներ այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Վերջիններս Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութիւններու նիւթին շուրջ հանդիպում-քննարկում ունեցած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի` Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչ Յարութիւն Մարութեանի, «Վ. Տատրեան» բաղդատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի վարիչ Սուրէն Մանուկեանի, նոյն բաժինի գիտաշխատող Նարեկ Պօղոսեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան աղբիւրագիտական ուսումնասիրութիւններու բաժինի գիտաշխատող Ռոպերթ Թաթոյեանի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ` Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման, Ազրպէյճանի` պետական մակարդակով վարած հակահայկական քաղաքականութեան եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Կորուստները Փաստագրելով` Նաեւ Ազրպէյճանի Պահանջատիրութեան Դէմ Կը Պայքարինք, Ասիկա Կարեւոր Է. Սերգէյ Շահվերդեան

Երեւանի մէջ կայացաւ «Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ-ի նախաձեռնած` «Փաստագրում` յանուն պահպանութեան» ծրագրի ծիրէն ներս Շուշի քաղաքի չորս կորուսեալ թանգարաններու թուային պատկերագիրքերու ստեղծման աշխատանքներուն աւարտական շնորհահանդէսը:

Կորուսեալ թանգարաններու թուային պատկերագիրքերը ստեղծուած են Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու թագաւորութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ «Այ. Էս. Էս. Դի.» ՀԿ-ի կողմէ իրականացուող «Տեղական կազմակերպութիւններու կարողութիւններու զարգացում գործնական գիտելիքներու փոխանակման միջոցով` աջակցելով Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած ՀԿ-ներուն» ծրագրին ծիրէն ներս` 2022 թուականին Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին կողմէ հաւաքագրուած նիւթերուն հիման վրայ:

 

 

 

 

Նախորդը

Վարդան Աւագեանի «Ոսկին Զատկաճճի Դարձնող Անէծք Մը» Խորագրեալ Ցուցահանդէսը Արուեստասէրը Կը Տանի Ցեղասպանուած Հայութեան «Հետք»-երով

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?