Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Վերաբացուեցաւ Հայաստանի Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Լսարանը

Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի անուան լսարանի վերաբացման արարողութիւնը: Ժամանակակից սարքերով կահաւորուած լսարանը վերաբացուեցաւ «Արմենիա վայն» ընկերութեան հետ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք:

Թաթուլ Կրպէեան 1987-1990 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ, իսկ ուսումնական չորրորդ տարուան ընթացքին միացած է հայ ազգային-ազատագրական շարժումին:

Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Մխիթար Գաբրիէլեան յայտնեց, որ 21 ապրիլին ամբողջացաւ Թաթուլ Կրպէեանի 60-ամեակը:

«Ան ապրած է ընդամէնը 26 տարի, սակայն այդ 26 տարուան կեանքը բացառիկ օրինակ է հայրենասիրութեան, նուիրումի եւ ամենակարեւորը` պատասխանատուութեան: Եթէ չըլլար այդ պատասխանատուութիւնը, ապա հայրենասիրութիւնն ու նուիրումը կը մնային դատարկ խօսքեր: Պատասխանատուութիւնն էր, որ ընդամէնը 25-26 տարեկան Թաթուլ Կրպէեանին տարաւ Գետաշէն եւ դարձուց Գետաշէնի ու Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան հրամանատար: Այդ պատասխանատուութիւնը դրդեց զինք` փրկելու հազարաւոր գետաշէնցիներու կեանքեր», ըսաւ Գաբրիէլեան եւ ընդգծեց, որ Թաթուլ Կրպէեանի ոգեղէն ներկայութիւնը օգնած է եւ կը շարունակէ օգնել իւրաքանչիւրին` ըլլալու պատասխանատու:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան ընդգծելով, որ Թաթուլ Կրպէեանի անուան լսարանը իր նոր տեսքով նոր բովանդակութիւն պէտք է բերէ, ըսաւ. «Թաթուլ Կրպէեանը բացառիկ հայրենասիրութեան օրինակ եւ առաջիններէն մէկն էր, որ գնաց Գետաշէն եւ ստանձնեց տեղւոյն սերունդին պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն դասաւանդելու գործը: Սակայն հետագայ իրադարձութիւնները դրդեցին անոնց` վերցնելու զէնքը եւ դպրոցէն անցնելու ռազմաճակատ»:

Յովհաննիսեան շեշտեց, որ անկախ ժամանակներէն, արժէքային համակարգի փոփոխութենէն` կայ կարմիր գիծ, որ պէտք է բոլոր սերունդներուն մէջ անխախտ մնայ:

«Այդ «կարմիր գիծը» հայրենասիրութիւնն է` հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը. հայրենասիրութիւնը այն է, երբ իւրաքանչիւրը իր գործը կը կատարէ` առանց բարձրագոչ յայտարարութիւններու», աւելցուց Յովհաննիսեան, որ կարեւոր նկատեց «Արմենիա վայն» ընկերութեան հետ մեկնարկած գործակցութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ընկերութիւնը աջակցած է Երեւանի պետական համալսարանի աւագ դպրոցի նոր շէնքի նախագծման աշխատանքներուն, եւ յայտնեց, թէ ինք կը յուսայ, որ այս գործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական:

Այս պարունակին մէջ Յովհաննիսեան մատնանշեց, որ համալսարանը 15-16 մայիսին պիտի կազմակերպէ Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտներու ֆորումը, որ բաց է բոլոր շրջանաւարտներուն համար:

«Ֆորումը լաւ հարթակ է` հին սերունդը նոր սերունդին հետ կապելու առումով: Երիտասարդները կարելիութիւն կ՛ունենան ծանօթանալու հին սերունդի ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ` նախանշելու համագործակցութեան նոր ուղիներ: Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտ, «Արմենիա վայն» ընկերութեան տնօրէն, ինչպէս նաեւ Թաթուլ Կրպէեանի համադասարանցի Վահագն Մկրտչեանի օրինակը վառ վկայութիւնն է այն բանին, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ համալսարանի շրջանաւարտը», ըսաւ Յովհաննիսեան:

«Արմենիա վայն» ընկերութեան տնօրէն Վահագն Մկրտչեան խօսելով Թաթուլ Կրպէեանի մասին` ընդգծեց, որ Թաթուլը այն անձերէն էր, որոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքը` յանուն հայրենիքի, յանուն ազգային հարցերու` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսով:

«Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի, որ կը գործէ առաջին հերթին իր, իր ընտանիքին, իր ազգին համար, եւ այս լսարանին բացումը կը խորհրդանշէ այս գաղափարը. այստեղ պէտք է ուսանին նոր սերունդներ, իսկ մեր ապագան կ՛որոշուի լսարաններու մէջ», ըսաւ Մկրտչեան:

Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը` Ասպրամ Կրպէեան, յիշատակեց հօր սխրագործութիւններէն մէկը, եւ ան պատմեց, թէ իր հայրը ինչպէ՛ս զոհուեցաւ: «30 ապրիլ 1991-ին Խորհրդային Միութեան եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միացեալ ուժերով իրականացուեցաւ պետական, ահաբեկչական, ցեղասպան գործողութիւն հիւսիսային Արցախի Գետաշէնի ենթաշրջանի հայկական երկու գիւղերու` Մարտունաշէնի եւ Գետաշէնի նկատմամբ: Գետաշէնի ենթաշրջանի պաշտպանութեան կազմակերպիչ եւ հրամանատար Թաթուլ Կրպէեան այդ օրը գործեց աննախադէպ հերոսութիւն. օղակը քաշած նռնակով ան կրցաւ գերի վերցնել խորհրդային բանակի 19 զինուորականներ, այդ թիւին մէջ` յատուկ գործողութեան ղեկավարներէն մէկը` գնդապետ Մաշկովը, որպէսզի զանոնք փոխանակէ մինչ այդ պատանդ վերցուած մօտաւորապէս 6 տասնեակ հայ խաղաղ գիւղացիներու հետ, ինչպէս նաեւ ստիպէ գործողութեան ղեկավարներուն` դադրեցնելու ահաբեկչութիւնը», ըսաւ Ասպրամ Կրպէեան եւ աւելցուց, որ բանակցութիւններու երթալու ընթացքին Թաթուլ Կրպէեան եւ անոր մարտական ընկերները կը զոհուին ազրպէյճանական կողմի արձակած կրակոցներէն:

«Թաթուլ Կրպէեանի սխրագործութեան շնորհիւ կարելի եղաւ մարդկային նուազագոյն կորուստներով ֆիզիքական բնաջնջումէ փրկել մօտաւորապէս 4 հազար հայ մարդու կեանք», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ Թաթուլ Կրպէեան սեպտեմբեր 1996-ին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար արժանացած էր Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչումին եւ պարգեւատրուած` «Հայրենիք» շքանշանով:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորներ Հանդիպում Ունեցան Այգեձորի Եւ Չինարիի Բնակիչներուն Հետ

26 ապրիլին Տաւուշի մարզի Այգեձոր գիւղին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեան եւ մարմինի անդամները, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Այգեձորի եւ սահմանամերձ Չինարիի բնակիչներուն հետ:

«Բաց եւ անկաշկանդ քննարկման ընթացքին խօսեցանք մեր քաղաքացիները յուզող բոլոր հարցերուն մասին, անոնց ներկայացուցինք մեր մօտեցումները, խոստացանք բարձրաձայնել զիրենք յուզող բոլոր հարցերը», տեղեկացուց Սաղաթէլեան:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, իր կարգին, յայտնեց, որ անմիջական եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցներուն իբրեւ արդիւնք` իրենք արձանագրեցին, որ մեր հայրենակիցներուն հիմնական մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ` ապահովական հարցերը, երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները, օրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը, մեր ինքնութեան եւ գերիշխանութեան դէմ սպառնալիքները:

Նշենք, որ Հայաստանի զանազան համայնքներ այցելութիւնները եւ քաղաքացիներու հետ հանդիպումները ունին շարունակական բնոյթ:

Ռուբէն Սեւակի 140-Ամեակի Նուիրուած Ձեռնարկ` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Նահատակուած Գրողներուն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 30 ապրիլին Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական ցերեկոյթ մը` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած գրողներուն:

Նկատի ունենալով, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներէն բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան 140-ամեակը, ձեռնարկը ամբողջութեամբ նուիրուած էր անոր գրական վաստակին, կեանքին եւ գործունէութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, որ կարեւոր նկատեց Ռուբէն Սեւակ գրողին ստեղծագործական հունձքը հայոց գրականութեան անդաստանին մէջ:

Գրողին ստեղծագործական կեանքին անդրադարձան գրականագէտներ Քնարիկ Աբրահամեան եւ Նայիրա Սարգսեան, ինչպէս նաեւ` Գիւմրիի «Կենաց ծառ» կազմակերպութեան նախագահ Լուսինէ Գինոսեան:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Երեւանի Ռուբէն Սեւակի անուան դպրոցի աշակերտները` երգերով եւ թատերական դրուագներով:

Հնչեցին նաեւ Կոմիտաս վարդապետի երգերէն` երգչուհի Մարիա Խաչատրեանի եւ դաշնակահար Ռուզաննա Գրիգորեանի մեկնաբանութեամբ:

Ձեռնարկը վարեց եւ գրողին ստեղծագործութիւններէն ասմունքեց Գայեանէ Սամուէլեան:

Գրական ցերեկոյթը ամփոփուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով, որ ոչ միայն անդրադարձաւ Ռուբէն Սեւակ գրողի ստեղծագործական ուղիին, այլ նաեւ նշեց, թէ ան այն մտաւորականներէն էր, որ իր գործունէութեամբ երբեք անմասն չմնաց ազգի ճակատագիրէն` մնայուն կերպով մնալով ազգային արժէքներով ապրող եւ ազգային գաղափարախօսութեան սերմնացաններէն մէկը:

«Հայաստանի Ոստիկանութիւնը Ցուցարարներու Դէմ Անօրէն Ուժ Կիրարկած Է». «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»

Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ նախորդ տարի ցուցարարներու դէմ կիրարկուած ուժը «որոշ պարագաներու իրաւաչափ չէր», կը հաստատեն աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցներէն մէկուն` «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի (Amnesty International) ներկայացուցիչները:

2024-ին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառի իրավիճակին մասին 29 ապրիլին հրապարակուած զեկոյցի` Հայաստանին նուիրուած հատուածին մէջ իրաւապաշտպանները կ՛ըսեն հետեւեալը. «Վարչապետի հրաժարականի պահանջով ապրիլին եւ մայիսին տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ անօրէն ուժ կիրարկեց: 12 յունիսին Երեւանի կեդրոնին մէջ ծայր առաւ բախում մը ոստիկանութեան եւ սահմանազատման դէմ բողոքող ցուցարարներուն միջեւ: Վիրաւորուեցան 101 անձեր, որոնց կարգին` ոստիկանութեան 17 աշխատակիցներ: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, ձերբակալուեցան 98 անհատներ, որոնցմէ առնուազն 15-ին դէմ հետագային հասարակական կարգը խախտելու եւ խուլիկանութեան մեղադրանքներ առաջադրուեցան: Ոստիկանութեան գործողութիւններուն իրաւաչափութեան եւ օրինականութեան վերաբերեալ հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք` իրաւապահներէն ոչ ոքի դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ»:

Ըստ նոյն իրաւապաշտպաններուն, նախորդ տարուան գարնան սկիզբ առած ցոյցերուն առանձնայատկութիւններէն էին լրագրողներուն դէմ ճնշումները: «Ապրիլին եւ մայիսին տեղի ունեցած ցոյցերը յատկանշուեցան լրագրողներու դէմ ճնշումներով եւ հետապնդումներով, նաեւ` անոնց դէմ վիրաւորանքի եւ սպառնալիքներու դէպքերու աճով: Ըստ Հայաստանի մէջ գործող Խօսքի ազատութեան կոմիտէի տուեալներուն, լրատուամիջոցներու 14 ներկայացուցիչներ վիրաւորուեցան բողոքի ցոյցերու լուսաբանութեան ընթացքին: Այդ բոլորը տեղի ունեցան թէ՛ թիրախային յարձակումներու եւ թէ՛ ամբոխի հրմշտուքներուն պատճառով:  Հրած եւ գետին նետած էին կարգ մը լրագրողներ, ոմանք ալ ոստիկաններուն կողմէ ծեծի ենթարկուած էին` վիրաւորուելով», կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ, որ նաեւ կը յիշեցնէ 22 մարտ 2024-ին ընդդիմութեան աջակիցներ Վազգէն Սաղաթէլեանի եւ Նարեկ Սամսոնեանի ձերբակալութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստանի շուրջ ստեղծուած կացութեան` զեկոյցին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Ազրպէյճանի հետ լարուածութիւնը 2024-ին շարունակուած է` «Հայաստանի մէջ ներքաղաքական խժդժութիւնները սնուցանող գործօն հանդիսանալ»:

Ըստ «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի ներկայացուցիչներուն, Պաքուի հետ սահմանազատման վերաբերեալ համաձայնութեան պատճառով Տաւուշի մարզի չորս գիւղեր մնացին ազրպէյճանական կողմին մէջ:

Անոնք նաեւ կ՛անդրադառնան արցախահայութեան տեղահանութեան` նշելով, որ անոնք Հայաստանի մէջ կը շարունակեն լուրջ հարցերու բախիլ: «Յատկապէս բնակարանային ապահովման, աշխատանքի եւ կրթութեան հարցերը բազմաթիւ գաղթականներու համար կը շարունակեն խնդրայարոյց մնալ: Անոնց (Լեռնային Ղարաբաղ) ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը մնաց չիրականացած», կը յայտնեն «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի ներկայացուցիչները:

 

 

Նախորդը

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Հայաստան

Յաջորդը

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?