Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 21, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Թշնամին Կ՛ոչնչացնէ Հայկական Մշակոյթը, Իսկ Երեւան Համապատասխան Քայլերու Չի Ձեռնարկեր. Արցախցի Նախկին Նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան

Արցախի մշակոյթի, մարմնակրթութեան, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ, պատմաբան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան «Ապառաժ»-ի խմբագիր Հ. Շինդեանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք մտահոգ է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող մշակութային ցեղասպանութեամբ:

«Ցաւօք սրտի, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները Արցախի պատմական մշակութային արժէքներու պահպանման հարցը ձգած են բարձիթողի: Թէ ի՛նչ կը կատարեն Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւնները, արտաքին գործոց նախարարութիւնը, համապատասխան մարմինները, որոնք կոչուած են ներկայացնելու մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկատմամբ մարտահրաւէրները, որոնք առկայ են, յայտնի չէ: Մինչեւ հիմա, բացի քանի մը ոչինչ ըսող յայտարարութիւններէ, գործնական քայլեր չեն ձեռնարկուած: Գրաւուած տարածքներու մէջ ո՛չ միայն միջնադարեան եկեղեցիները, վանական համալիրները, մատուռները, գերեզմանոցները, տապանաքարերը, խաչքարերը, բերդ-ամրոցները, կամուրջները կ՛ենթարկուին վանտալիզմի եւ ոչնչացման, այլ նաեւ` համեմատաբար նոր կառուցուած յուշարձանները, մասնաւորապէս` Բ. Աշխարհամարտի զոհերուն եւ արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներուն նուիրուած յուշահամալիրները: Մենք այդպիսի յուշարձաններու հիմնայատակ ոչնչացման եւ վանտալիզմի բազմաթիւ փաստեր ունինք, վերջերս Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի մասին տեղեկութիւն տարածուեցաւ», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պէտք է կատարուի պաշտպանելու համար Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը, եւ որո՞նք այդ գործին լծուած են,  Յովհաննիսեան ըսաւ. «Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցն այսօր մնացել է Հայ առաքելական եկեղեցու եւ մի շարք այլ գիտակրթական եւ մշակութային միութիւնների, ինչպէս նաեւ սփիւռքի կառոյցների, հիմնականում ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակների եւ յանձնախմբերի օրակարգում: Արցախի իշխանութիւնների կողմից եւս որոշակի քայլեր ձեռնարկւում են, որպէսզի կարողանանք այդ ամէնին ինչ-որ չափով հակազդել եւ քանդման ու պղծման ընթացքը կանգնեցնել: Ի հարկէ Արցախի թեմը եւս որոշակի քայլեր է կատարում` այդ մասին անընդհատ խօսելով, ինչպէս նաեւ աշխատանքներ է իրականացնում թէ՛ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մատենաշարի հրատարակման, թէ՛ ապագայում ցուցահանդէսների կազմակերպման, ինչպէս նաեւ իր բոլոր հանդիպումներում, այդ թւում նաեւ տարբեր օտարերկրեայ պատգամաւորների, համաշխարհային քրիստոնէական տարբեր կազմակերպութիւնների հետ հանդիպման ժամանակ միշտ բարձրացւում է այդ հարցը: Տարբեր երկրների ղեկավարների առջեւ այդ հարցը բարձրացւում է վեհափառ հայրապետի մակարդակով: Սակայն դա պէտք չէ լինի միայն Հայ առաքելական եկեղեցու Մայր Աթոռի կամ տարբեր կազմակերպութիւնների առաքելութիւնն ու աշխատանքը, այլ նաեւ պէտք է համակարգուի ՀՀ պետութեան կողմից, որն այսօր, ցաւօք սրտի, չի արւում: Ես գտնում եմ, որ միջազգային կազմակերպութիւնների մօտ այդ հարցը համակարգուած ներկայացնելու դէպքում մենք կարող ենք յաջողութիւնների հասնել, որը ցաւօք սրտի, ինչպէս նշեցի, չի արւում: Բայց մենք մեր աշխատանքը կատարում ենք նաեւ Արցախի նկատմամբ սրտցաւ մարդկանց աջակցութեամբ, մեծ աշխատանքներն են տարւում Հայ դատի գրասենեակների միջոցով  Արցախի մշակութային ժառանգութեան յատկապէս հանրահռչակման ուղղութեամբ, նաեւ ինչ-որ ձեւով միջազգային հանրութեանը ներկայացնելով այն ամէնն` ինչ ունենք, որպէսզի միջազգային ճնշման ներքոյ կարողանանք սանձել Ազրպէյճանի էթնոցիդ (ազգասպանութեան) քաղաքականութիւնը: Մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որ միջազգային հանրութիւնը Ազրպէյճանին զսպելու քաղաքականութիւն վարի»:

Artsakh Monuments-ը, իր կարգին, ահազանգեց, որ ազրպէյճանցիները քանդած են բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի 1941-1945-ի Բ. Աշխարհամարտի զոհերու յուշարձանը եւ արցախեան ազատամարտի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարն ու զոհուած ազատամարտիկներու պատկերաքանդակներով յուշապատը:

«Բարբարոս Ազրպէյճանի հակահայ, հակամշակոյթ, աւերիչ քաղաքականութիւնը անարգել շարունակւում է Արցախում: Անխնայ ոչնչացւում է ամէն ինչ, որ հայկական է: Քոչուորները աւերել են Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի 1941-1945 թուականների Բ. Աշխարհամարտի զոհերի յուշարձանը, արցախեան ազատամարտի զոհերի յիշատակը յաւերժացնող խաչքարն ու զոհուած ազատամարտիկների պատկերաքանդակներով յուշապատը», նշուած է Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան Artsakh Monuments-ի Դիմատետրի էջին վրայ:

Գիրքի Շնորհահանդէսի` Նուիրուած Յովհաննէս Քաջազնունիի

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Ճարտարապետներու պալատի համագործակցութեամբ, 15 հոկտեմբեր 2024-ին կայացած էր «Յովհաննէս Քաջազնունին` ճարտարապետ» խորագրով գիտաժողովը, որ կը նպատակադրէր ներկայացնելու Յովհաննէս Քաջազնունիի ճարտարապետական ժառանգութիւնը եւ անոր դերն ու նշանակութիւնը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ:

Մայիս 16-ին ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի նիստերու դահլիճին մէջ կայացաւ գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածուի շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին` Հայաստանի ճարտարապետութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան ոլորտի մասնագէտներ, դասախօսներ, արուեստագէտներ եւ ուսանողներ:

Ռուզան Առաքելեան
Արա Գէորգեան
Տիգրան Պապիկեան

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ներկայ էին` Արտաշէս Շահբազեանը (Հայաստան), Արա Գէորգեանը (Լիբանան) եւ Տիգրան Պապիկեանը (Միացեալ Նահանգներ):

Կեդրոնական վարչութեան անդամները ողջունեցին եւ կարեւոր նկատեցին օրուան նիւթը եւ գիրքին ծնունդը` իբրեւ մեծ հայ մը մշակոյթի ճանապարհով նորովի ճանչնալու եւ բացայայտելու կարելիութիւն:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ ձեռնարկը վարեց Ռուզան Առաքելեանը: Ան նշեց, որ ներկայ սերունդը պէտք է ճանչնայ ո՛չ միայն Քաջազնունի ազգային գործիչը, այլեւ` արուեստի մարդը: Մարդ, որ իր ապրած կեանքով հայրենի երկրին հանդէպ նուիրումի ու հայրենասիրութեան վառ խորհրդանիշն է:

Ներկաները առիթ ունեցան իրենց սրտի խօսքերը արտասանելու գիրքի լոյս ընծայման առիթով` շեշտելով Համազգայինի կատարած նշանակալից աշխատանքը:

Մահացած Է Ռադիկ Մարտիրոսեանը

89 տարեկանին մահացաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը:

Ան 1958 թուականին աւարտած Երեւանի պետական համալսարանի բնագիտութեան-ուսողութեան բաժանմունքը` աստղաբնագէտ որակաւորումով:

1960 թուականներուն ուսանած է Խորհրդային Միութեան ԳԱ Մոսկուայի Պ. Լեբեդեւի անուան բնագիտութեան հիմնարկին մէջ: 1964-1968 թուականներուն եղած է Խորհրդային Միութեան ԳԱ ռատիոֆիզիքայի եւ ելեկտրոնաբանութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, 1968-1970 թուականներուն` տարրալուծարանի բաժինի վարիչ, 1970-1980 թուականներուն` գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն, 1980-2006 թուականներուն` տնօրէն: 1965 թուականէն սկսեալ դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, 1983-1993 թուականներուն` Երեւանի պետական համալսարանի գերբարձր յաճախականութիւններու ուսողութեան ամպիոնի վարիչ, 1993-2006 թուականներուն` Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ: 2006 թուականէն իր ստեղծած ԳԲՀ ռատիոֆիզիքայի եւ հեռահաղորդակցութեան ամպիոնի վարիչն է, 2006-2021 թուականներուն` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ: Մարտիրոսեան եղած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի մէջ գործող գիտական աստիճաններ շնորհող մասնագիտական խորհուրդի նախագահ:

Բացումը Կատարուեցաւ Շուշեցի Սամուէլ Թաւադեանի «Անաւարտ Զրոյց» Անհատական Ցուցահանդէսին

Մայիս 16-ին Dizak Art կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ շուշեցի նկարիչ Սամուէլ Թաւադեանի «Անաւարտ զրոյց» անհատական ցուցահանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան` Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, Արցախի մշակոյթի տարածման եւ պահպանման գործին մէջ աւանդ ունեցող արցախցի գործիչներ, շուշեցիներ, արուեստը գնահատող հայրենակիցներ, ընկերներ:

Ձեռնարկին օրհնութեան խօսք արտասանեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը:

«Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ նախագահ Սերգէյ Շահվերդեանը ներկայ գտնուելով ցուցահանդէսին` իր խօսքին մէջ նշեց, որ 2022 թուականին Սամուէլ Թաւադեան անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերեց Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած արուեստի կորսուած հաւաքածոներու գրացուցակներու վերականգնման գործին մէջ:

Սերգէյ Շահվերդեան Թանգարաններու միջազգային օրուան ընդառաջ` իր խօսքին մէջ եւս մէկ անգամ բարձրաձայնեց բռնագրաւուած Արցախի մէջ մնացած առնուազն 28 թանգարանային եւ արուեստի հաւաքածոներու անյայտ ճակատագրին մասին, որոնցմէ մաս մը թալանուած եւ աւերուած է:

Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Դիզակ արտ» կեդրոնի սաները` արցախեան գեղեցիկ նոթաներով ամբողջացնելով երեկոն:

Ս. Թաւադեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` տեղահանուած արուեստագէտներու կողքին գտնուելնուն եւ աջակցութեան համար, իսկ բոլոր ներկաներուն` իրենց յոյզերն ու ապրումները կիսելնուն համար:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 10 օր, այսպիսով հանդիսատեսին կարելիութիւն պիտի տրուի ծանօթանալու արուեստագէտին ստեղծագործական աշխարհին:

Այնթուրայի Որբանոցի Սանի` Թորոս Թադէոսեանի Ժառանգներու Նուիրատուութիւնը Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ֆոնտերը կը շարունակուին հարստանալ նուիրատուութիւններու միջոցով: Այս անգամ ալ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած, Այնթուրայի թրքական որբանոցին մէջ յայտնուած, հետագային Խորհրդային Հայաստանի մէջ հաստատուած անուանի գիւղատնտես Թորոս (Ժամկոչեան) Թադէոսեանի զաւակները` Պերթա, Հերմէս եւ Արէս Թադէոսեանները, իրենց հայրիկի լուսանկարներէն, ձեռագիր գրառումներէն եւ Թեսաղոնիկէի գիւղատնտեսական քոլեճի աւարտական վկայականը յանձնեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին: Անոնք 10 մայիսին այս նպատակով հիւրընկալուած էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը, ապա Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչ Շուշան Խաչատրեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Թորոս Թադէոսեանի կենսագրութեան Այնթուրայի որբանոցին մէջ ունեցած փորձառութիւնը` իբրեւ բռնի թրքացման ենթարկուած, սակայն հայ ինքնութեան վերադարձած վերապրողի: Ընդգծուեցաւ այն, որ Թորոս Թադէոսեանի պատմութիւնը նոր տեղեկութիւններով լրացուեցաւ Այնթուրայի որբանոցին մէջ բռնի թրքացման ենթարկուած, հայութեան վերադարձած եւ յուշեր ձգած այլ վերապրողներու տեղեկութիւններով:

Իրենց յիշողութիւններով ներկաներուն հետ կիսուեցան նաեւ Թորոս Թադէոսեանի զաւակները: Անոնք պատմեցին իրենց հայրիկին պատմութիւնը` սկսելով ծնունդէն, Սեբաստիա նահանգի Կիւրին քաղաքէն տեղահանուելով, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հարազատները կորսնցնելով, թրքական որբանոցին մէջ յայտնուելով` մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հաստատուիլն ու ընտանիք կազմելը: Այնթուրայի որբանոցի մասին պատմելով` Արէս Թադէոսեան նշեց, որ այնտեղ իրենց հօր անունը փոխած են ու` Ահմետ դրած, արգիլած են հայերէն խօսիլ: Բռնի թրքացման դէմ դիմադրելու համար Թորոս Թադէոսեան ընտրած է առանձնանալու եւ թաքուն հայերէն խօսելու սովորութիւնը, որպէսզի չմոռնայ մայրենի լեզուն: Թորոս Թադէոսեան նաեւ իր զաւակներուն պատմած է իրեն որդեգրող մայրիկին` ամերիկուհի Պերթա Մորլիի մասին, աւելի՛ն, անոր անունով անուանակոչած է իր դստերը:

Պերթա Մորլին 11 հայ որբ որդեգրած է Այնթուրայի որբանոցէն. այդ թիւին մէջ էին` Թորոս Թադէոսեանը, Յարութիւն Ալպոյաճեանը, Թորոս Կարապետեանը, Թագուհի Կիւրճեանը, Վերթայիմ Սվազլեանը:

Թորոս Թադէոսեանի ժառանգները նշեցին, որ թէեւ իրենց համար շատ թանկ են այն լուսանկարներն ու առարկաները, որոնք կը յանձնեն թանգարանին, այնուամենայնիւ, եկած են այն եզրայանգման, որ անոնց տեղը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն է, որպէսզի անոնք ուսումնասիրուին եւ շրջանառուին:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս կարեւոր նուիրատուութեան համար եւ շեշտեց, որ անոնք պիտի օգտագործուին ինչպէս գիտական հետազօտութիւններու, այնպէս ալ թանգարանային ցուցադրութիւններու համար:

Տեղի Ունեցաւ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Ծովային Տեսարան» Ստեղծագործութեան Վըրչուըլ Իրականութեան Շնորհահանդէսը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Աջակցութիւն մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու հանրահռչակման» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակին մէջ 18 մայիսին` Թանգարաններու միջազգային օրը, Դիլիջանի երկրագիտական թանգարան-պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Ծովային տեսարան» ստեղծագործութեան վըրչուըլ իրականութեան շնորհահանդէսը:

Ծրագրի իրականացման նպատակով ընտրուած է հայ մեծանուն նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Ծովային տեսարան» ստեղծագործութիւնը, որ վըրչուըլ  իրականութեան միջոցով այցելուին կարելիութիւն կու տայ մասնակից դառնալու կտաւի ստեղծման: Վըրչուըլ  իրականութեան միջոցով ստեղծուած են ձայնի եւ պատկերի նոր աշխարհներ, որոնք թանգարանի այցելուին կարելիութիւն կ՛ընձեռեն ծանօթանալու բացառիկ փորձառութեան:

Այս ծրագրի միջոցով թանգարանային մասնագէտները կարելիութիւն կ՛ունենան իւրովի ներկայացնելու Այվազովսկիի կտաւը, որ հիմք կը հանդիսանայ թանգարաններ այցելութիւններու համար: Վըրչուըլ իրականութիւնը կը նպատակադրէ յեղափոխել թանգարանի կողմէ մատուցուող պատումը` զայն դարձնելով աւելի ազդեցիկ, պատկերաւոր եւ կրթական:

Հայաստան Եկան Ֆրանսական «Mistral AI» Ընկերութեան Ներկայացուցիչները

14 մայիսին, Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան փոխնախարար Գէորգ Մանթաշեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ ֆրանսական «Mistral AI» ընկերութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ աշխատանիստ մը` «Արհեստական բանականութիւնը` հանրային կառավարման փոխակերպման համար» նիւթին շուրջ:

Փոխնախարարը ողջունելով հիւրերը` անգամ մը եւս վերահաստատեց արհեստական բանականութեան մէջ մասնագիտացած այս ընկերութեան եւ նախարարութեան համագործակցութիւնը` խթանելու համար արհեստական բանականութեան մարզին մէջ միասնական ծրագրերն ու նախաձեռնութիւնները:

«Mistral AI»-ի ներկայացուցիչն ալ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ` իր ղեկավարած ընկերութեան գործունէութեան, արհեստական բանականութեան հիմքերուն ու համաշխարհային նպատակներուն:

Նիստին անդրադարձ կատարուեցաւ մեքենայական ուսուցման եւ ինքնաշխատացման, կառավարման, ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման բնագաւառներուն մէջ համաշխարհային արհեստական բանականութեան միտումներուն, առաջատար կառավարութիւններու` արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած փորձառութեան ուսումնասիրութիւններուն, արհեստական բանականութեան ազդեցութեան` կառավարութեան գործունէութեան եւ քաղաքացիական ծառայութիւններու վրայ, արհեստական բանականութեան կիրարկման միջոցով հանրային ոլորտին մէջ խարդախութեան, գնումներու եւ նիւթական գործառնութիւններու շեղումներու յայտնաբերման, արհեստական բանականութեան միջոցներով խելացի կառավարման եւ տուեալներու վերլուծութեան, արդարադատութեան, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու աջակցութեան ու բարելաւման:

Ըստ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ «Mistral AI» ընկերութեան միջեւ 10 փետրուարին Փարիզի մէջ կնքուած համաձայնագրութեան, կը նախատեսուի` Հայաստանի մէջ բարելաւել արհեստական բանականութեան ենթակառոյցները, աջակցիլ արհեստական բանականութեան հիմքով գործարարական լուծումներուն եւ բարելաւել հանրային կառավարումը արդէն գործող «GovTech» ծրագրի միջոցով` օգտագործելով «Mistral AI» ընկերութեան փորձառութիւնը: Նախարարութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս «Mistral AI» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի ներդրէ իր փորձառութիւնը, իրականացնէ վերապատրաստումներ, առաջարկէ արհեստական բանականութեան նպատակային լուծումներ:

Նախորդը

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?