Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ռուստամեան Սթափելու Եւ Արմատներուն Վերադառնալու Պահը Յարմար Կը Համարէ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, 28 մայիսին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղի ունեցած ծաղիկներու զետեղումէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու իրական կարգաւորում կատարած են մեր նախնիները` Սարդարապատով:
Ան յիշեցուց, որ Սարդարապատի նախօրէին ալ Երեւանի փողոցներուն մէջ թուրքերուն հետ բարեկամութիւն քարոզողներ եղած են, եւ լաւ է, որ ժողովուրդը անոնց չէ հետեւած:
«Ճիշդ ժամանակն է, որ մեր ժողովուրդը սթափի, իր արմատներին վերադառնայ», յայտնեց Ռուստամեան` աւելցնելով. «Ինչպէս Գարեգին Նժդեհն է ասում` ժողովուրդներից է ամէն յաղթանակ, եւ ամէն անկարող ղեկավարութիւնից է պարտութիւնը: Մենք պէտք է համախմբուենք, մեր ժողովուրդն իր ուժի տեղը վերագտնի, ես վստահ եմ, որ յաղթանակները չեն ուշանայ»:
Արձագանգելով Նիկոլ Փաշինեանի` 28 մայիսի յայտարարութեան, թէ` «Մեր ժողովուրդը հայրենիք փնտռելու կարիք չունի այլեւս, հայրենիքի մասին երազելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ մեր երազանքներն իրագործուած են, հայրենիքը գտնուած` ի դէմս Հայաստանի Հանրապետութեան, ի դէմս պետութեան», Ռուստամեան հարցուց, որ արդեօք Փաշինեա՞ն գտած է հայրենիքը, թէ՞ այդ հայրենիքը ինք ստացած է պայքարողներու, Արամ Մանուկեաններու շնորհիւ:
«Այդ հայրենիքը ձեւաւորուել է մեր նախնիների թափած հերոսական արեան շնորհիւ: Իրենք ոչինչ չեն գտել, իրենք եղածը կորցրել են: Ի՞նչ գտնելու մասին են խօսում: Այն, ինչ որ ժառանգել էին, թող պահէին, այն, ինչ ժառանգել են, օր-օրի կորցնելով գնում ենք, ա՛յ սա կանգնեցնելու խնդիր կայ», դիտել տուաւ Ռուստամեան, ըստ որուն, այս իշխանութիւնները պարտութեամբ կը փորձեն իրենց Հայաստանը ստեղծել:
«Իրենց «Իրական Հայաստան»-ի հիմքում ընկած է պարտուողականութիւնը: Իրենց համար երկու բառ ուղղակի սարսափ է առաջացնում` յաղթանակ եւ հայկական: Իրենք այդ երկու բառերից փախչում են, ինչպէս օձը` դաղձից», յայտնեց Ռուստամեան:
Մայիս 28-ին Դաշնակցութեան Ընտանիքը Այցելեց Սարդարապատ, Եւ Տեղի Ունեցաւ 55 Նորագիրներու Երդման Արարողութիւն
28 մայիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ, Սարդարապատի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 107-ամեակը:
Նախ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութիւնը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, ապա օրուան խորհուրդին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը` Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան Սարդարապատի ճակատամարտի վճռորոշ յաղթանակին առիթով Գերագոյն մարմինին անունով շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը:
«Մայիսի 28-ը ոչ միայն անցեալի արժեւորման, այլեւ այսօր հետեւութիւններ անելու, պայքարի ճիշդ ռազմավարութիւն ընտրելու օր է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ մայիս 28-ը ապացոյց է, որ պարտութիւնը կրնայ վերածուիլ յաղթանակի, եթէ կայ միասնութիւն, կայ նպատակ, եւ կայ ազգանուէր առաջնորդութիւն:
«Այսօր մենք կրկին ճակատագրական շրջադարձի առջեւ ենք: 1918 թուականի մայիսը սովորեցրեց մեզ, որ ճակատագիրը կերտում են նրանք, որոնք չեն ենթարկւում` վախին, թուլութեանը, թշնամու հրահանգներին: Սարդարապատի հերոսամարտը ծնուեց ո՛չ միայն հրամանատարների որոշումով, այլեւ ժողովրդական ընդվզումով` յանուն ազգի փրկութեան: Այո՛, մենք այսօր պարտութիւն ենք կրել: Այո՛, ցաւը եւ կորուստը շատ մեծ են: Բայց այն ազգը, որն ունի Սարդարապատ եւ ապրում է այդ ոգով, չի՛ կարող յանձնուել, չի՛ յանձնուելու: Ինչպէս 107 տարի առաջ, հիմա էլ Դաշնակցութեան նպատակը իշխանութիւնը չէ, այս կամ այն ուժին յաղթելը չէ, մեր նպատակը հայ ժողովրդի յարատեւումն է, մեր ազգի ապագան է, մեր ազգային ինքնութեան պաշտպանութիւնն է: Մենք ունենք առաքելութիւն` ոչ թէ բաժանելու, այլ միաւորելու: Ոչ թէ յոյսը մարելու, այլ` հաւատը վերականգնելու եւ ուժեղ Հայաստան կառուցելու», ըսաւ Սաղաթելեան, որ կոչ ուղղեց` նախ եւ առաջ յաղթահարելու յուսալքութիւնը, անվստահութիւնը եւ պառակտուածութիւնը:
«Ինչպէս 107 տարի առաջ, այնպէս էլ այսօր մենք գիտակցում ենք պահի լրջութիւնը, պատրաստ ենք այս պայքարում ներդնել մեր ողջ ներուժը: Այս պայքարում կայ յաղթելու մէկ ճանապարհ` վերստին վերագտնել Սարդարապատի վճռակամութիւնն ու համախմբումը` յանուն մեր պետականութեան, անկախութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան: Միայն այդ դէպքում մեզ կ՛ընդունեն աշխարհում, կը յարգեն, հաշուի կը նստեն», յայտնեց Սաղաթելեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը մեծ եւ փառաւոր յաղթանակին առիթով, ապա դիմելով ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը անցնիլ պատրաստուող 55 նորագիրներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ նորագիրներ, երդման արարողութիւնը ամենակարեւոր, առանցքային իրադարձութիւնն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի կեանքում: Դա առաջին քայլն է, որով դուք միանում էք Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին եւ ոչ միայն գործող դաշնակցականներին, այլեւ` ժողովրդի ոգին պահող եւ այդ ոգով մեզ առաջնորդող բոլոր նահատակներին: Դուք դառնում էք նրանց ընկերը, նրանք դառնում են ձեր ուսուցիչը, դառնում ձեզ ուղղորդողը: Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականի համար սա սոսկ պարզ երդում չէ, սա ուխտ է, որ ամէն անձ անհատապէս որոշում է կայացնում այլեւս ապրելու առաջին հերթին հայրենիքի, ժողովրդի եւ յետոյ միայն իր համար»:
Ռուստամեան ներկայացուց այն խորհրդանիշները, որոնց վրայ պիտի կատարուէր երդման արարողութիւնը` ըսելով. «Այն, ինչի վրայ դուք պէտք է երդուէք, պատմութիւն անցած եւ յաղթանակներ մարմնաւորող առարկաներ են: Այստեղ է Դաշնակցութեան այն դրօշը, որ ծածանուել է Սարդարապատում, այստեղ է այն դրօշը, որը բարձրացուել է Շուշիում, այստեղ է այն ծրագիրն ու կանոնագիրը, որի վրայ երդուելով` չեն շեղուել դրանից մեր մեծերը, պետական եւ կուսակցական այրերը: Այստեղ է նաեւ զօրավար Անդրանիկի «մաուզեր»-ը: Երդուելով այս խորհրդանիշների վրայ` դուք պէտք է ամբողջութեամբ ներծծուէք այդ յաղթանակի ոգով, դառնաք հետեւորդ, կրողը այդ գաղափարների, նուիրուածութեան, քաջութեան, որ ունեցել են մեր քաջորդիները` կուսակցական, պետական, ազգային գործիչները»:
Աւարտին, Արմէն Ռուստամեանի կնքահայրութեամբ, կատարուեցաւ երդման արարողութիւնը:
Սարդարապատի մէջ տօնախմբութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ ընկերային մեծ խրախճանք մը, որուն ընթացքին հնչեցին ազգային-յեղափոխական երգեր:
Արձակագիր, Ազգագրագէտ, Բանահաւաք, Բանագէտ, Հրապարակախօս, ՀԳՄ Անդամ Սերգէյ Վարդանեան Ոչ Եւս Է
Վերջերս կեանքէ հեռացաւ արձակագիր, ազգագրագէտ, բանահաւաք, բանագէտ, հրապարակախօս, ՀԳՄ անդամ Սերգէյ Վարդանեան: Այս մասին տեղեկացուց անոր դուստրը:
Սերգէյ Վարդանեան ծնած է 9 նոյեմբեր 1952-ին, Երեւան: Աւարտած է ԵՄՀ բանասիրական բաժանմունքը: Աշխատած է գրական եւ պարբերական մամուլին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ: Եղած է` Հայաստանի կառավարութեան առընթեր կրօնի գործերու պետական խորհուրդի փոխնախագահ 1991-2002 թուականներուն, «Համշէն» հայրենակցական-բարեգործական ՀԿ փոխնախագահ` 1992-էն ի վեր, «Ձայն համշէնական» թերթի գլխաւոր խմբագիր` 2004-էն ի վեր: Նախաձեռնած է պատանեկան բանահաւաքչական շարժումի` 1978-ին, որուն մասնակցած են Հայաստանի, Վրաստանի, Աբխազիոյ, Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի, Նախիջեւանի, Ռուսիոյ Կրասնոտարի երկրամասի հայկական դպրոցներու աշակերտներ, եւ անոնց հաւաքած բանահիւսական նիւթերով լոյս ընծայած է «Հրեղէն ձին» եւ «Թագաւորի երազները» ժողովածուները: Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի, ազգագրութեան, բանահիւսութեան հարցեր արծարծող անոր յօդուածները թարգմանուած են` անգլերէնի, ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, սլովաքերէնի, թրքերէնի:
Ս. Վարդանեան անդամակցած է Հայաստանի Լրագրողներու միութեան եւ հրապարակած է հետեւեալ երկերը` «Թագաւորի երազները»` Երեւան, 2003-ին, «Հայաստանի մայրաքաղաքները»` Երեւան, 1985 եւ 1995 թուականներուն, «Արեւածաղիկը» (մանկական պատմուածքներու ժողովածու)` Երեւան, 1989-ին եւ Պոլիս` 1994-ին, «Ձայն համշէնական», Երեւան` 1989-ին, «Հրեղէն ձին»` Երեւան, 1981-ին:
Վարդանեան պարգեւատրուած է բազմաթիւ մրցանակներով. 2012-ին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալին, 2012 թուականին արժանացած է Երեւանի քաղաքապետի ոսկեայ մետալին, 2009 թուականին արժանացած է Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին, Ռուսիոյ հայերու միութեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան բարձրագոյն մրցանակին: 1995 թուականին «Հայաստանի մայրաքաղաքները» ուսումնասիրութիւնը արժանացած է Թէքէեան մշակութային միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին, իսկ 1980-ին արժանացած է Հայաստանի Լրագրողներու միութեան մրցանակին:
Հրատարակուեցաւ «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Կ. Պոլսի «Ճակատամարտ» Օրաթերթի Էջերում (1918-1920 թթ.)» Արժէքաւոր Մենագրութիւնը
Վերջերս լոյս տեսաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մարիամ Յովսէփեանի «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Կ. Պոլսի «Ճակատամարտ» օրաթերթի էջերում (1918-1920 թթ.)» վերնագիրով մենագրութիւնը:
Գիրքը Պատմութեան հիմնարկին կողմէ հիմնադրուած «Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Աշճեան» մատենաշարի 253-րդ հատորն է:
Աւելի քան 246 էջէ բաղկացած այս աշխատութեան մէջ իբրեւ սկզբնաղբիւրային նիւթ` օգտագործուած են Կ. Պոլսոյ «Ճակատամարտ» եւ պոլսահայ շարք մը այլ օրաթերթերու հրապարակումները:
Ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առջեւ ծառացած կարեւոր հիմնահարցերուն:
Մեզի համար առաջին անգամ ըլլալով մենագրութեան մէջ ներկայացուած են յիշեալ թերթերու էջերուն մէջ ամփոփուած ու 1918-1920 թուականներու կտրուածքով Հայկական հարցին առնչուող փաստաթուղթեր, գրութիւններ, հրամաններ եւ որոշումներ:
Վերլուծութեան ենթարկուած են իւրաքանչիւր պարբերականի շուրջ համախմբուած որոշակի հանրային շերտի կարծիքն ու մօտեցումները հայոց պետական այրերու վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ: Առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են` խորհրդարանի եւ կառավարութեան աշխատանքները, հայ-վրացական եւ թուրք-հայկական պատերազմները, Միլլի շարժումը, Սեւրի դաշնագիրը եւ Մոսկուայի պայմանագիրը, հայ տարագիրներու հանդէպ պետական քաղաքականութիւնը եւ շարք մը այլ հարցեր:
Պատմութեան հիմնարկի գիտխորհուրդի որոշումով տպագրուած եւ իր ունեցած գիտագործնական նշանակութեամբ ուշադրութիւն գրաւող այս գիրքը նախատեսուած է ոչ միայն հայ մամուլի մասնագէտներու, պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու, այլեւ այս նիւթով հետաքրքրուած ընթերցողներու լայն շրջանակի համար:
Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ Կազմակերպուեցաւ Հանդիպում Մը` Սփիւռքահայ Ցեղասպանագէտ Արա Քեթիպեանի Հետ
Մայիս 29-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամը կազմակերպեց հանդիպում մը` սփիւռքահայ անուանի ցեղասպանագէտ, հետազօտող եւ արխիւագէտ Արա Քեթիպեանի հետ:
Հանդիպումին Արա Քեթիպեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցի թեմաներով տասնամեակներ շարունակ իր կատարած արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները:
Յիշեցնենք, որ 13 մեծադիր եւ ստուարածաւալ հատորներու մէջ Ա. Քեթիպեան զետեղած է ամերիկեան մամուլի մէջ հրատարակուած հազարաւոր նիւթեր («Տը Նիւ Եորք թայմզ», «Տը Ուաշինկթըն փոսթ», «Տը Պոսթըն տէյլի կլոպ», «Տը քրիսթիըն սայընս մոնիթոր»), որոնք կը պահպանուին Միացեալ Նահանգներու արխիւներուն մէջ:
Անոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր շրջաններու` 1894-1896 թուականներուն համիտեան կոտորածներ, 1909-ին Ատանայի ջարդեր, հայերու հանդէպ կովկասեան թաթարներու բռնութիւններու բազմաթիւ վկայութիւններ, բռնի կրօնափոխութիւն, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններ եւ այլն: 1894-1930 թուականներու ժամանակաշրջանը ընդգրկող նիւթերու ծաւալով եւ համակողմանիութեամբ, ասիկա իր տեսակին մէջ եզակի աշխատանք է: Անիկա կարեւոր սկզբնաղբիւր եւ տեղեկատու կը հանդիսանայ ցեղասպանագէտներու, պատմաբաններու եւ այլ հետազօտողներու համար:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ Կայացաւ «Տէր Զօր–Կուլակ» Յուշագրութեան Շնորհահանդէսը
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին գիտաժողովներու դահլիճին մէջ մայիս 17-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Տիգրան Մակարեանի «Տէր Զօր-կուլակ» յուշագրութեան շնորհահանդէսը:
Յուշագրութեան հեղինակ Տիգրան Մակարեան անցած է Տէր Զօրի, իսկ ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն` նաեւ կուլակի համակեդրոնացման ճամբարներով: Նախորդ դարու 20-ական թուականներու առաջին կիսուն Գերմանիոյ մէջ երկրաչափութեամբ մասնագիտանալէ ետք ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, գործուն մասնակցութիւն ունեցած` Խորհրդային Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտի հիմնադրութեան ու զարգացման աշխատանքներուն մէջ: Քանի մը անգամ դատապարտուած, աքսորուած է Սիպերիա, սակայն տարիներ անց վերադառնալով հայրենիք` հասած է իրեն հանդէպ կայացուած անարդար դատավճիռներու չեղարկման, վերականգնուած` աշխատանքին մէջ, հասած է մասնագիտական նոր նուաճումներու: Յայտնենք, որ Տիգրան Մակարեանի թոռնուհին հայ անուանի էսդրատային երգչուհի Էլվինա Մակարեանն է:
Շնորհահանդէսին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու յուշերու հրատարակման շարքի գլխաւոր խմբագիր Յարութիւն Մարութեան: Ան նշեց, որ այս յուշագրութիւնը բացառիկ է անով, որ հեղինակը անցնելով 20-րդ դարու երկու արհաւիրքներու մէջէն` վերապրած է զանոնք եւ գրի առած է իր պատմութիւնը:
Տիգրան Մակարեանի եւ անոր կեանքին մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Ռոպերթ Թաթոյեանը, որ շուրջ 2,5 տարի ուսումնասիրութիւն կատարած է, արխիւներէ եւ գրադարաններէ գտած է նոր փաստաթուղթեր, որոնք ա՛լ աւելի հարստացուցած են նիւթը: Ռոպերթ Թաթոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ուսումնասիրութեան ընթացքին ի յայտ եկած է դրուագ մը, որ ցարդ յայտնի չէր: Դրուագը կը վերաբերի Տէր Զօրի մէջ զէյթունցիներու զինեալ ապստամբութեան, որ թէեւ տեւած է կարճ ժամանակ, որովհետեւ դաժանօրէն ճնշուած է, բայց այնուամենայնիւ հերոսական դրուագ եղած է:
Յայտնենք, որ շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` յուշագրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած Յասմիկ Տէր Կարապետեանը, որ Մակարեաններու հարեւանուհին էր, Տիգրան Մակարեանի ժառանգները, Էլվինա Մակարեանի ընկերները եւ հիւրեր: