Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Մշակութային Եւ Կրօնական Սրբավայրերը Ոչնչացման Անմիջական Վտանգի Տակ Են. «Ճշմարտութիւն Եւ Արդարութիւն» Կեդրոնի Զեկոյց
«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, թէ «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» կեդրոնը հրապարակած է զեկոյց մը` «Ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերու միտումնաւոր ու համակարգուած ոչնչացումը 2024 թուականին» խորագրով:
Զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ տարածաշրջանին մէջ հայկական ներկայութեան երկար պատմութեան շնորհիւ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական յուշարձաններու զգալի կեդրոնացում կայ: Կան շուրջ 500 պատմական վայրեր, ուր կը գտնուին 600 հազար 12 հայկական յուշարձաններ: 10 ամսուան շրջափակումէ ետք, որուն յաջորդեց սեպտեմբեր 2023-ի ռազմական յարձակումը, որ պատճառ դարձաւ 120 հազար բնիկ հայերու բռնի տեղահանման, Ազրպէյճան շարունակեց հայկական եկեղեցիները ոչնչացնել կամ զանոնք մզկիթի վերածելու գործելակերպը:
«Այս եւ հայկական այլ կրօնական վայրերու կը սպառնայ ոչնչացման կամ ջնջման անմիջական վտանգ: Սոյն զեկոյցին նպատակն է` ներկայացնել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային եւ կրօնական վայրերու համակարգուած եւ համատարած ոչնչացման եւ իւրացման մասին ընդհանուր պատկերացում մը, օրինակ, որ շարունակուած է 2024-ին: Վայրեր, որոնք բոլորն ալ կը հանդիսանան մշակութային իրաւունքները պաշտպանող միջազգային օրէնքներու եւ համաձայնագիրներու ակնյայտ խախտում: Ազրպէյճանի վանտալութիւնը, աւերածութիւններու եւ կրօնափոխութեան գործողութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց բնիկ հողերուն հետ բնիկ հայերու պատմական եւ մշակութային կապերը ջնջելու աւելի լայն, երկարամեայ արշաւի մը մէկ մասն են: Պատմական տեսարժան վայրերու ոչնչացումէն բացի` Ազրպէյճանի գործողութիւնները յարձակում կը գործեն հաւատքին վրայ: Հայկական եկեղեցիները եւ վանքերը վաղ ժամանակներէն եղած են պաշտամունքի, համայնքի եւ հոգեւոր ապաստանի վայրեր: Այս սուրբ վայրերու դիտաւորեալ պղծումը, ոչնչացումը եւ բռնի վերաբաշխումը ոչ միայն մշակութային իրաւունքներու խախտում են, այլ նաեւ յարձակում կրօնական ազատութեան վրայ` զրկելով տեղահանուած հայերը իրենց նախնիներու հայրենիքին մէջ իրենց հաւատքը գործադրելու կարելիութենէն:
Փաստագրուած միջադէպերու եւ իրաւական դաշտի վերլուծութեան միջոցով այս զեկոյցը նպատակ ունի ընդգծել հակամարտութենէն ետք շարունակուող մշակութային ջնջումը եւ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը պաշտպանելու համաշխարհային ջանքերու հրատապ անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկուցումին մէջ:
Արցախցի Երիտասարդներու Անգլերէն Եւ Աշխատանքային Հմտութիւններ Դասընթացքի Հաստատագիրներու Բաշխում
27 յունուարին Երեւանի «Էլիթ փլազա» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներու համար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման դասընթացք»-ի մասնակցած հաստատագրերու բաշխումը:
«Աշխարհի հետ խօսիլ աշխարհի լեզուով» կարգախօսը կրող կրթական վեցամսեայ այս ծրագիրը իրականացաւ` հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, համագործակցութեամբ Երեւանի «Պիկ մայնտ» ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Յակոբ Մաքտիսի:
Երեկոյին բացումը կատարեց ծրագրին ղեկավար Գոհար Աբրահամեան, որ սահիկներով ներկայացուց ծրագրին անցած ճանապարհը: Ապա խօսք առաւ Յակոբ Մաքտիս, որ դիտել տուաւ, թէ ծրագիրը սկիզբ առաւ «Աշխարհի հետ խօսիլ աշխարհի լեզուով գաղափարախօսութեամբ», որմէ ետք հիմնուեցան անգլերէն դասընթացքի եւ աշխատանքային հմտութիւններու վրայ` իւրաքանչիւր մասնակիցի ցուցաբերելով անհատական մօտեցում:
Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը հպարտալի համարեց գտնուիլ մեծ թիւով արցախցի երիտասարդներու մէջ եւ գոհունակութիւն յայտնեց ծրագիրի յաջողութեան ու իրենց հետեւողական մասնակցութեան համար: Ան Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդին անունով անոնց մաղթեց կանաչ ճանապարհ, ուժ, կորով եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը` իրենց ընտրած ճանապարհը յաջողութեամբ շարունակելու համար:
Այնուհետեւ սրտի խօսք ուղղեց ծրագրի մասնակից, գրող-լրագրող Անի Մանկասարեան, որ հաստատեց, թէ իրենք ոչ միայն անգլերէն եւ աշխատանքային հմտութիւններ սորվեցան, այլ իրարու հետ Արցախի բարբառով շփուելով` հոգեւոր սնունդ ստացան:
Մասնակիցները նկատել տուին ծրագրին կարեւորութիւնը եւ առաջարկեցին, որ ծրագիրը շարունակական ըլլայ, որպէսզի մեծ թիւով երիտասարդներ կարելիութիւն ունենան անոր մասնակցելու:
Հաստատագրերու բաշխումէն ետք Յակոբ Մաքտիս շնորհակալագիր մը յանձնեց դոկտ. Թանիա Օհանեանին` խնդրելով, որ ան իր հերթին զայն փոխանցէ սրբազան հօր:
Յայտնենք, որ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանը կարեւոր կը նկատէ այս բնոյթի ծրագիրները, որոնց արդիւնքը կրնայ անկիւնադարձային կայուն դեր խաղալ զարգանալու ձգտում ունեցող արցախցի երիտասարդներու կեանքէն ներս:
Գագիկ Գինոսեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով Անոր Դուստրը Կը Շեշտէ. «Նրա Սէրն Արցախի Նկատմամբ Իւրայատուկ Էր»
«Շնորհակալ եմ կեանքին, որ ինձ այդ առիթը տուել է նման հայր, ընկեր, պարընկեր ունենալու»: 6 փետրուարին Եռաբլուրի մէջ այս հաստատումը կատարեց պարուսոյց, «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի դուստրը` Ծովինար Գինոսեան, անոր մահուան տարելիցին առիթով:
«Նա միայն մերը չէր, տեսէք` որքան մարդիկ են հաւաքուել, եւ սրա հազարապատիկն ամբողջ Հայաստանով մէկ է: Ինչպիսին նրա կեանքն էր, այնպիսին էլ նրա մահն էր, նրանից յետոյ միեւնոյնն է` ապրում է դեռ իր պարը, իր ազգային գաղափարախօսութիւնը, որ տարածում էր պարի հետ: Ինքը համախմբել է բոլորին, ու նոյնիսկ իր մահը շատ շատերին համախմբեց: Նրա սէրը Արցախի նկատմամբ իւրայատուկ էր, դա զգացւում էր` առանց որեւէ բառ ասելու, ընտանիքում էլ էր նա այդ սէրը տարածում: Արցախի հանդէպ այդ նոյն սէրն էր, որ համախմբեց պարախմբի բոլոր տղաներին, ու նրանք միաձայն 2020 թուականին որոշեցին գնալ պատերազմ, դա պատահական չի լինում, ոնց ինքը ապրում է, նոյն ձեւ դաստիարակում է իր շրջապատում եղած բոլոր մարդկանց», յայտնեց Ծովինար Գինոսեան:
Ազրպէյճանի Հերթական Թիրախը Դարձած Է Բռնագրաւուած Արցախի Հադրութի Շրջանի Մարիամաձոր Գիւղը
Ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ֆաշական վարչակարգը կը շարունակէ ոչնչացնել համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող պատմական ճարտարապետական կոթողներ, ամբողջական բնակավայրեր եւ բնակելի թաղամասեր:
Այդ քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Մարիամաձոր գիւղը: Այս բոլոր փաստերը եւս մէկ անգամ կը վկայեն, որ Արցախի տարածքին գտնուող համամարդկային արժէք ներկայացնող ամբողջ ժառանգութիւնը կը գտնուի ամբողջական ոչնչացման եւ իւրացման վտանգի տակ, որ նոյնպէս ցեղասպանութեան դրսեւորում է:
Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ կատարուող վանտալութեան մասին կ՛արձանագրեն նաեւ միջազգային գիտական կեդրոնները, որոնք մեզի կարեւոր հիմք կու տան ազրպէյճանական` ցեղասպան եւ ահաբեկիչ պետութեան միջազգային դատարանի առաջ կանգնեցնելու համար:
Հայ Դերասաններու Մասնակցութեամբ «Անորա»-ն Critics Choice Awards-ի Մէջ Արժանացած Է «Լաւագոյն Ժապաւէն» Մրցանակին
Հայ Դերասաններու Մասնակցութեամբ «Անորա»-ն Critics Choice Awards-ի Մէջ Արժանացած Է «Լաւագոյն ժապաւէն» Մրցանակին
Հայ դերասարաններու մասնակցութեամբ բեմադրիչ Շոն Պէյքըրի «Անորա» ժապաւէնը Critics Choice Awards-ի մէջ արժանացած է «լաւագոյն ժապաւէն» մրցանակին: Այդ մասին «Ինսթակրամ»-ի իրենց էջերուն մէջ տեղեկացուցած են ու լուսանկարներ հրապարակած` ժապաւէնին մէջ նկարահանուած Կարէն Կարագուլեանն ու Վաչէ Թովմասեանը:
Ժապաւէնը նաեւ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան «Տարուան լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին մէջ է:
Կարէն Կարագուլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ` բեմադրիչ Շոն Պէյքըրի «Անորա» ժապաւէնը Քաննի 2024 թուականի շարժափառատօնին «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակին արժանացած է:
Յունական «Էր Նիուզ»-ը Երեւանը Ներկայացուցած Է Իբրեւ Տարուան Զբօսաշրջային Անակնկալը
Յունական «Էր Նիուզ» զբօսաշրջային ամսագիրը ծաւալուն նիւթ հրապարակած է Հայաստանի մասին` մայրաքաղաք Երեւանը ներկայացնելով իբրեւ տարուան զբօսաշրջային անակնկալը: Այս մասին տեղեկացուցած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Պարբերականը խորհուրդ տուած է բացայայտել Երեւանը եւ անոր հմայքը. «Հայաստանի մայրաքաղաքը կը զարմացնէ իր իւրայատուկ մշակոյթով, ճարտարապետութեամբ եւ համեղ խոհանոցով: Արժէ այցելել Հանրապետութեան հրապարակ, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-յուշահամալիր, «Արարատ» քոնեակի թանգարան եւ Քասքատ` քաղաքի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկը: Լաւագոյն խոհանոցային փորձառութիւնները կը սպասեն ձեզ աւանդական ուտեստներով ճաշարաններու մէջ:
«Բացի ատկէ` Երեւանէն միօրեայ ուղեւորութեան համար իտէալական վայր է Սեւանայ լիճը, ուր կրնաք վայելել զարմանալի բնութիւնը եւ այցելել միջնադարեան Հաղարծինի վանքը», գրուած է յօդուածին մէջ:
Ֆրանսայի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ներկայացուցիչները Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան հրաւէրով Հայաստան եկած Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները փետրուար 2-ին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինիի ուղեկցութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէնուհի Լուսինէ Աբրահամեան դիմաւորեց հիւրերը` ներկայացնելով յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: Ֆրանսացի պաշտօնատարները ծաղկեպսակ զետեղեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ անմար կրակին մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ անոնք ծանօթացան մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն` իրենց տպաւորութիւնները գրի առնելով պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
«Արարատ» Թանգարանը` 5-րդ Անգամն Ըլլալով «Ուըրլտ Թրաւըլ Աուըրծ«-ի Մրցանակակիր
«ԱՐԱՐԱՏ» թանգարանը կը շարունակէ պահպանել իր առաջատար դիրքը եւ արդէն 5-րդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ «Ուըրլտ թրաւըլ աուըրծ» բարձրագոյն մրցանակին:
Մրցելով աշխարհի տասնեակ երկիրներու թանգարաններու եւ այցելուներու կեդրոններու հետ` «ԱՐԱՐԱՏ» թանգարանը ճանչցուած է «Ուըրլտ թրաւըլ աուըրծ» 2024 թուականի մրցանակակիր աշխարհի լաւագոյն «Brandy Distillery Tour» անուանակարգին մէջ:
Հաղորդենք, որ «ԱՐԱՐԱՏ» թանգարանը կը հանդիսանայ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ICOM) անդամ: Անիկա տարածաշրջանի եզակի թանգարաններէն է, որ կը պահէ, կ՛ուսումնասիրէ, կ՛իմաստաւորէ եւ կը ներկայացնէ հայկական քոնեակագործութեան պատմութիւնը: Թանգարանին մէջ ամփոփուած է հայկական քոնեակի ժառանգութեան ամբողջ ուղին, ուր կը ներկայացուի քոնեակի արտադրութեան բարդ եւ ստեղծագործ ճանապարհը, համակցելով` քոնեակ համտեսէ նուրբ ծիսակարգով:
Առաքելոց Վանական Համալիրը Եւրոպայի 14 Ամէնէն Վտանգուած Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ
Տաւուշի մարզի Առաքելոց միջնադարեան վանական համալիրը եւ բնակատեղին ընդգրկուած են Europa Nostra-ի Եւրոպայի 14 ամէնէն վտանգուած ժառանգութեան վայրերու կարճ ցանկին մէջ: Առաքելոց վանական համալիրն ու բնակատեղին «Եօթը ամէնէն վտանգուած» ժառանգութեան վայրերու ծրագրին մէջ առաջադրած է Աւստրիոյ Զալցպուրկի համալսարանի Քրիստոնեայ արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հայագիտութեան բաժինի դոկտոր Եասմին Տում-Թրակութը:
Առաջադրման կ՛աջակցին` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, Աճարկուտի համայնքապետարանը, «Կապոյտ վահան Հայաստան»-ը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը: Տեղանքի պահպանութեան, հետազօտութեան ու կայուն զարգացման ուղղութեամբ խորհրդատուական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Կրեմսի շարունակական կրթութեան համալսարանը (Աւստրիա): Ծրագիրը կ՛ենթադրէ` Առաքելոց վանական համալիրի ու բնակատեղիի ամբողջական հետազօտութիւն, տարածքի բարեկարգում ու պահպանութիւն, ինչպէս նաեւ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացում` մասնակցութեամբ տեղական շահառուներու, ներառեալ`7 ակադեմական հաստատութիւններու ու հասարակական կազմակերպութիւններու:
Ծրագրին մաս կազմող կրթական նախաձեռնութիւնները եւ զբօսաշրջային արահետներու բարեկարգումը կը նպատակադրեն շաղկապել տեղի բնակչութիւնն ու միջնադարեան այս գանձերը` հպարտութեան ու գնահատանքի զգացում ձեւաւորելով տարածաշրջանի մշակութային ինքնութեան նկատմամբ:
«Ֆրանս2» Հեռուստաալիքը Երեւանի Մատենադարանի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէն Ցուցադրած Է
«Ֆրանս2» Հեռուստաալիքը Երեւանի Մատենադարանի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէն Ցուցադրած Է
Ֆրանսական «Ֆրանս2» հեռուստաալիքը ցուցադրած է «Մատենադարանի հայերէն ձեռագիրներու գաղտնիքները» վաւերագրական ժապաւէնը:
Նկարագրութեան մէջ նշուած է, որ Մատենադարանին մէջ աւելի քան 16 հազար հնագոյն ձեռագիր կը պահուի: «Այս հայկական յիշողութեան սրբավայր է: Այստեղ կը բացայայտուի հայկական արուեստի գեղագիտութիւնը եւ մեծ ոգեղէնութիւնը», նշուած է ժապաւէնին մէջ: