Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Տիգրան Մանսուրեանի Նուիրուած Մենագրութեան Շնորհահանդէս
Յունուարի 27-ին ամբողջացաւ հայ անուանի երգահան, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 86-ամեակը: Այս առիթով Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ մայեսթրօ Տ. Մանսուրեանը:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեանը:
Նախարարին տեղակալը շնորհաւորեց մայեսթրոյին տարեդարձին առիթով, անոր մաղթեց քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն, երկար տարիներու ստեղծագործական բեղուն կեանք:
Դանիէլ Դանիէլեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկի երաժշտութեան բաժինի յառաջատար գիտական աշխատող, Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան վարչութեան անդամ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Աննա Արեւշատեանին` «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան ստեղծման համար, որ կարեւոր եւ բովանդակալից նուէր է հանրութեան. «Իւրաքանչիւր գիրքի հրատարակութիւնը մեծ հարստութիւն է, կարեւոր քայլ` մեր մշակութային ժառանգութեան համալրման եւ հասարակութեան ինքնաճանաչողութեան բացայայտման, զարգացման գործին մէջ: Այսօրինակ աշխատութիւններու շնորհիւ` կրնանք խորապէս ճանչնալ մեր մեծերը, անոնց ստեղծածը եւ ժառանգութիւնը, որոնք ուղղուած են մեր երիտասարդներուն եւ ապագայ սերունդներուն: Կարդալով «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութիւնը` մեծ բաւականութիւն ստացայ. գիրքը համակողմանի կը բացայայտէ մայեսթրոն, անոր ստեղծագործական կեանքը եւ գործունէութիւնը: Հեղինակը զայն նկարագրած է` իբրեւ երաժիշտ, մտածող, գեղագէտ եւ արարող: Աշխատութիւնը Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած առաջին գիտական հետազօտութիւնն է, որուն մէջ հեղինակը ներկայացուցած է` երգահանին բազմատեսակ ստեղծագործութիւնը, անոր առնչութիւնները 20-րդ դարու համաշխարհային երաժշտութեան, համագործակցութիւնը շարք մը երեւելի երաժիշտ-կատարողներու հետ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առած է երգահանին գեղագիտական հայեացքները»:
Նշենք, որ «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութիւնը հրատարակած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Գիտութիւն» հրատարակչութիւնը: Աշխատութեան խմբագիրն է արուեստագիտութեան դոկտոր Լեւոն Յակոբեանը (Մոսկուա), գրախօսներն են արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Աննա Ասատրեանը եւ արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Մհեր Նաւոյեանը:
Արուեստագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, դոկտոր, փրոֆեսէօր Աննա Ասատրեան եւս շնորհաւորած է Տիգրան Մանսուրեանը` ծննդեան օրուան առիթով եւ նկատած է, որ թէեւ երգահանը ստացած է բազմաթիւ թանկագին նուէրներ, սակայն այս տարեդարձը եզակի է առնուազն 2 պատճառով: Նախ` մայեսթրոն ծննդեան տարեդարձին առիթով շնորհաւորանքներ ընդունած է հայոց գիտութեան կաճառին` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հեղինակաւոր գիտական դահլիճին մէջ, եւ երկրորդ` իբրեւ նուէր հրատարակուած է մենագրութիւնը` երաշխաւորուած Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկի Գիտական խորհուրդին կողմէ:
Աննա Ասատրեան Տիգրան Մանսուրեանին նուիրած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան տպաքանակի առաջին օրինակը, ինչպէս նաեւ` «Դիմանկարը Փարաւոն Միրզոյեանի արուեստում» պատկերագիրքը, որուն մէջ տեղ գրաւած է տաղանդաւոր նկարիչին վրձինով գծուած Տիգրան Մանսուրեանի դիմանկարը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ մենագրութեան հեղինակ Աննա Արեւշատեանը եւ գրախօս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկի երաժշտութեան բաժինի յառաջատար գիտական աշխատող, արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Մհեր Նաւոյեանը:
Կոմիտասի Թանգարան–Հիմնարկը Նշեց Իր Հիմնադրութեան Տասնամեակը
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը, որ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ո՛չ միայն թանգարանին մէջ, այլեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին եւ Հայաստանէն դուրս` նախաձեռնելով եւ իրականացնելով համերգներ, «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնը, յունուար 29-ին տօնեց իր հիմնադրութեան 10-ամեակը:
Զբօսաշրջիկներու սիրած վայրը դարձած թանգարանը յոբելեանը նշեց կառոյցի աջակիցներուն եւ գործընկերներուն ներկայութեամբ:
Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Տաթեւիկ Շախկուլեանի խօսքով, «Թանգարան-հիմնարկը առիթ դարձաւ, որ ամէն ինչ մէկտեղուի, եւ կոմիտասագէտները հաւաքուին մէկ յարկի տակ, աշխատին միասին` քննարկելով նոր գաղափարներ, որոնք անսպառ են: Կրնայ համարուիլ, որ ամէն ինչ ըսուած է, Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրուած են, բայց գործընկերներս կ՛աշխատին արխիւային նիւթերու վրայ եւ կը յայտնաբերեն նորութիւններ, ուստի այս աշխատանքը շարունակական է», նշեց Շախկուլեան:
Ան ընդգծեց` Կոմիտասի վերաբերող շատ նիւթեր կորսուած են, բայց կը հաւատան, որ այդ նիւթերը կը գտնուին, իսկ կոմիտասագիտութիւնը նոր փուլ անցած է:
Երաժշտագէտ-միջնադարագէտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտական խորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեանի համոզումով, նախորդ տասը տարիներուն Հայաստանի մշակութային քարտէսին վրայ ձեւաւորուեցաւ կենսունակ հաստատութիւն, որ քիչ չէ: «Կասկած կար` արդեօք հերթական թանգարանին ստեղծումը չիրականացուի՞ր, որ ունենայ կիսադատարկ սրահներ, ձեւական գոյութիւն. բայց տասը տարին ցոյց տուաւ, որ Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկը ձեւական հաստատութիւն չէ, աւելի՛ն, ան ներառեց երաժշտագիտական գրադարան, հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոն, ձեւաւորուեցաւ բազմաճիւղ համակարգ, ունեցաւ Կոմիտասի արխիւի ելեկտրոնային տարբերակը, որ կարելիութիւն տուաւ թիրախաւորուած եւ արդիւնաւէտ գիտական աշխատանք ունենալու», շեշտեց Նաւոյեան:
Ան ընդգծեց, որ թանգարանին գործունէութիւնը լայն է` համերգներ, հրատարակութիւններ, ցուցադրութիւններ, գիտական աշխատանք, թանգարանային գործ, կրթական բազմապիսի ծրագիրներ` նախատեսուած մանուկ հասակի երեխաներէն մինչեւ մեծահասակ երեխաներու համար:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը:
Ան շնորհաւորեց թանգարան-հիմնարկին աշխատակիցները եւ ըսաւ, որ անոնց քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ ունինք կայացած թանգարան: Փոխնախարարը թանգարանի կայացման գործին մէջ շեշտեց նաեւ նախորդ տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեանի դերը` նշելով, որ ան մեծ աշխատանք տարած է:
Քոչարեանի հաւաստիացումով, թէ՛ Կոստանդեանի, թէ՛ թանգարանի աշխատակիցներու ջանքերով ստեղծուած է վայր մը, որ իր ուրոյն տեղը ունի Երեւանի մշակութային կեանքին մէջ:
Ձեռնարկը իրենց կատարումներով հարստացուցին դաշնակահար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեանը եւ «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը:
«Արեւի Մարդիկ» Ներկայացումը Կամուրջ Մըն Է, Որ Մեր Սրտերը Կը Միացնէ Արցախի Հետ
Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՛ր…» գիրքի պատմութիւններուն հիման վրայ, բեմադրիչ Ռուզաննա Խաչատրեանի կողմէ Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ բեմադրուած «Արեւի մարդիկ» ներկայացումը յունուար 30-ին ունեցաւ իր անդրանիկ ներկայացումը:
Այս ներկայացումը կը պատմէ արեւի մարդոց մասին, որոնք խաղաղ կ՛ապրէին իրենց արեւոտ հայրենիքին մէջ, ներդաշնակ` բնութեան գեղեցկութեան եւ մարդկային հոգատարութեան: Անոնց կեանքը լեցուած էր` սիրով, ծիծաղով, երազներով եւ յոյսով: Սակայն այդ ներդաշնակութիւնը կը խաթարուի, երբ պատերազմի ստուերը կը ծանրանայ անոնց վրայ` խլելով խաղաղութիւնը եւ ստիպելով բախիլ կեանքի դաժան իրականութեան:
«Արեւի մարդիկ» ներկայացումը հանդիսատեսը կը տանի Արցախի հեռաւոր ու գողտրիկ գիւղ մը, ուր արեւը այնքան մօտ կը ծագի, որ կը թուի` կ՛արթննայ ու կը քնանայ մարդոց սրտերուն մէջ: Այնտեղ` Արեւաշէնի մէջ, կողք կողքի կը բնակէին մարդիկ` իրենց ցաւերով, կորուստներով, կամակորութեամբ ու միամտութեամբ: Բայց նոյն պահուն այդ վայրին մէջ կ՛արթննային` անկեղծ երգիծանքը, ապրելու ու արարելու անսպառ կամքը: Այս գիւղին մէջ թաքնուած է Արցախի դիմագիծը` իր գեղեցիկ հմայքով, դաժան ճակատագրով ու ապրելու հանդէպ անսպառ հաւատքով: Ներկայացումը կը պատմէ կեանքի մը մասին, ուր միահիւսուած է հաւատարմութիւնը սեփական հողին:
Թէեւ Արցախը շատերու համար կը նոյնացուի ռազմադաշտի հետ, սակայն «Արեւի մարդիկ» ներկայացումը կը յիշեցնէ, որ Արցախը առաջին հերթին լուսաւոր հայրենիք է` բնօրրան, ուր կ`ապրէին խենթ ու կրակ, միամիտ ու պարզ, ուրախ ու ժրաջան մարդիկ: Հանդիսատեսը իւրաքանչիւր դերակատարի խաղին մէջ, իւրաքանչիւր դրուագի մէջ կը գտնէ իրեն հարազատ յիշողութիւններ, մարդոց ու կեանքի պատմութիւններ:
Ներկայացման շեշտադրումը դրուած է գիւղական կենցաղին եւ մշակոյթին վրայ, սակայն անիկա չի շրջանցեր նաեւ պատերազմի նիւթը:
Ծիծաղի տակ թաքնուած արցունքներ, յուզմունք ու կարօտ` այս բառերը ամենաճիշդը կը նկարագրեն ներկայացումը:
«Արեւի մարդիկ» ներկայացումը հանդիսատեսին կարելիութիւն կու տայ վերադառնալու Արցախ` տեսնելու անոր պայծառութիւնը եւ լսելու անոր ձայնը: Այսօր, երբ Արցախի մասին խօսիլը աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ, «Արեւի մարդիկ» ներկայացումը կը դառնայ կամուրջ մը, որ կը միացնէ մեր սրտերը Արցախի հետ: Այն կը յիշեցնէ մեզի, որ Արցախը մեր հոգիին մասն է, եւ թէ` արեւը, որ կը ծագէր Արցախի մէջ, միշտ պիտի ըլլայ մեր սրտերուն մէջ:
«Աշխարհի համար մենք ընդամէնը մի փոքրիկ բզէզ ենք, բը՜զզ, բըզզում ենք ու անցնում: Ու միայն այստեղ է, որ արեւը մեր բըզզոցից է արթնանում… Բը՜զզ-բը՜զզ… Իրիքնեակը տուսա եկալ…»:
Հաղորդենք, որ ներկայացումը բեմադրուած է 31 յունուարին, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնին մէջ:
Արցախի Ձայնը, Անկախ Աշխարհագրական Սահմաններէն, Կը Շարունակէ Հնչել` Միաւորելով Բոլորը
2021 թուականին, պատերազմի աւարտէն ետք Համազգայինի Արցախի գրասենեակը նախաձեռնեց «Ապրելու ձայնը» ծրագիրը: Այս նախագիծի շրջանակներուն մէջ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած գրողները եօթը օր շարունակ այցելեցին Արցախի տարբեր համայնքներ` մասնակցելով գրական-մշակութային հանդիպումներու:
Ծրագիրը նախատեսուած էր իբրեւ շարունակական նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն էր ամրապնդել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի գրողներու միջեւ կապերը, անոնց ստեղծագործական համագործակցութիւնը խթանելու միջոցով: Ցաւօք, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի իրադարձութիւններուն պատճառով այլեւս կարելի չէ ծրագիրը շարունակել Արցախի մէջ: Հակառակ անոր որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը որոշեց շարունակել հնչեցնել Արցախի ձայնը` նախագիծը տեղափոխելով Հայաստան: Կայացած է ծրագրի երրորդ հանդիպումը. գրողները հաւաքուած էին` բանաստեղծութեան, կիթառի եւ թէյի շուրջ, իրարու հետ կիսուելով իրենց ստեղծագործութիւններով եւ Արցախի մասին պատմութիւններով:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակին կազմակերպած գրական-երաժշտական երեկոյին մասնակցած են Հայաստանի եւ Արցախի Գրողներու միութեան անդամներ: Անոնք կարդացին իրենց բանաստեղծութիւնները, իսկ երաժիշտները հնչեցուցին իրենց կատարումները: Երեկոյին իրենց ստեղծագործութիւններով հանդէս եկան գրողներ` Դաւիթ Մշեցին, Յուսիկ Արան, Ալիսա Պաղտասարեանը, Արմէն Աւոն, Սոնա Համբարձումը, Արմինէ Գրիգորեանը, Սիլվարդ Մարգարեանը, Զարինէ Սառաջեանը եւ շատ ուրիշներ: Այս հանդիպումը ո՛չ միայն գրականութեան եւ արուեստի երեկոյ էր, այլեւ` Արցախի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ սիրոյ ու յարգանքի արտայայտութիւն: Արցախի ձայնը, անկախ աշխարհագրական սահմաններէն, կը շարունակէ հնչել` միաւորելով բոլորը:
Կաւճուտցիներու Երազը Կեանքի Կոչուեցաւ. Դոյլով Սարերէն Ջուր Բերելը Մնաց Անցեալի Մէջ
Կաւճուտցի 75-ամեայ Թամարա տատը տասնամեակներ շարունակ խմելու ջուրի կարօտ եղած է, ջուրը սարերէն դոյլով ու կուժով բերած է: Կաւճուտ գիւղին մէջ 1980-ականներէն այս կողմ խմելու ջուրի խողովակներ մինչեւ վերջերս չեն եղած, գիւղը երբեմն ալ լքած են այդ պատճառով: Թամարա տատի ուրախութեան սահման չկայ` ջուրի հարցը արդէն լուծուած է: Խոհանոցին մէջ ծորակը կը բանայ` անարատ ջուրը կը հոսի: Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան դրամաշնորհային ծրագրով եւ Քաջարանի համայնքապետարանի համաֆինանսաւորումով Կաւճուտի մէջ քաշուած է խմելու ջուրի նոր ջրագիծ, ջուրի դիտահորեր եւ կառուցած են աւազան: Ճափոնի դեսպան Աոկի Իւտակային եւ Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանը անձամբ Թամարա տատի տան ջուրը խմած ու վերահաստատած են, որ համագործակցութիւնը ստացուած է:
«Անհամբեր կը սպասէի, թէ ե՛րբ պիտի գամ Կաւճուտ, որպէսզի խմեմ այդ ջուրը եւ տեսնեմ մեր ծրագիրին արդիւնքը», յայտնեց Ճափոնի դեսպանը` աւելցնելով, որ կը յուսան Քաջարանի հետ համագործակցութեան այլ ծրագիրներ եւս:
Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեան ներկայացնելով կատարուած աշխատանքները` գոհունակութեամբ յայտնեց, որ յուրախութիւն կաւճուտցիներու` ծրագիրը կեանքի կոչուած է, թէեւ յառաջացած են որոշակի դժուարութիւններ: Փարամազեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի դեսպանին` իր նիւթական աջակցութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն համար:
Կաւճուտ բնակավայրի վարչական ղեկավար Ստեփան Պետրոսեանի խօսքով, Կաւճուտ գիւղի ջրագիծի կառուցումը այս գիւղի փրկութիւնն է: «Երեք անգամ ջրագիծ քաշելու փորձեր եղած են, սակայն` ապարդիւն, որովհետեւ աղբիւրներ չեն եղած, եղածն ալ գիւղէն հեռու է: Գիւղացիները կուժերով, դոյլերով ջուր բերած են, ձեւով մը բաւարարած են իրենց կարիքները: Ջրագիծի կառուցման մէջ իր մեծ լուման ունի համայնքի ղեկավարը», նշեց ան:
Արայիկ Մկրտիչեան արդէն 8 տարի է` Կաւճուտ կ՛ապրի: Ան նշեց` տունէն մէկ-երկու քիլոմեթր հեռու սարերէն ջուր բերած են, գիւղի ժողովուրդին համար տան մէջ խմելու ջուր ունենալը հրաշք է: «Գիւղի մէջ ընտանիքներ եղած են, որ ձմրան չեն ապրած` ջուր չունենալու պատճառով: Հիմա մնայուն ջուր պիտի ունենանք, մարդիկ կրնան ձմրան իրենց տունը մնալ եւ շէնցնել գիւղը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ ծրագրի իրականացման համար Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան դրամաշնորհային ծրագրով յատկացուած է 50 միլիոն 898 հազար 470 դրամ, 9 միլիոն 999 հազար 700 դրամ ալ յատկացուցած է Քաջարանի համայնքապետարանը: