Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Միաբանական Համագումարի Մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր, «Եռաբլուր» Եւ Կոմիտասի Անուան Պանթէոն Այցելեցին
Վերջերս Միաբանական համագումարին առիթով Մայր Աթոռի մէջ մէկտեղուած Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերուն ու եկեղեցական կառոյցներուն մէջ սպասաւորող Սուրբ Էջմիածինի միաբանները, մինչ համագումարի պաշտօնական մեկնարկը, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` իրենց խոնարհումը բերելով Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն:
Յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, հոգեւոր հայրերը կատարեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:
Այնուհետեւ եկեղեցականները մեկնեցան «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը ընծայաբերած քաջորդիներու յիշատակին եւ աղօթելու անոնց հոգիներու հանգստութեան ու խաղաղութեան համար:
Միաբանական համագումարի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Կոմիտասի անուան պանթէոն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Կոմիտաս վարդապետի յիշատակին: Միաբանները Հայ եկեղեցւոյ մեծանուն վարդապետի շիրիմին կատարեցին հոգեհանգստեան կարգ:
Ֆերահեանի Աշակերտները Հայաստանի Մէջ Հանդիպեցան Նահատակ Հերոսներու Ընտանիքներուն Հետ
Վերջերս Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները, դպրոցի տնօրէն Սօսի Շանլեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը:
Աշակերտները հոն հանդիպեցան նահատակ հերոսներու 16 ընտանիքներու հետ` անոնց փոխանցելով իրենց անհատական միջոցներով հանգանակուած օգնութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան, տնօրէն Սօսի Շանլեան եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեան:
Աշակերտները եւ արցախցի հայրենակիցները իրարու հետ կիսեցին իրենց զգացումները եւ մտահոգութիւնները:
Ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Դանիա Պապօղլեանը:
Վերահրատարակուեցաւ Մկրտիչ Սարգսեանի Անմահ Գործերէն` «Գրիգոր Նարեկացի» Պատմավէպը
Մեծանուն գրող Մկրտիչ Սարգսեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով վերահրատարակուեցաւ անոր յայտնի գործերէն` «Գրիգոր Նարեկացի» պատմավէպը: Գիրքին հրատարակութիւնը հովանաւորած են Ջաւախքի հայորդիները, որոնք ի խոնարհում Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հանճարին` ձեռնպահ մնացած են իրենց անունները հրապարակելէ: Գիրքի խմբագիրն է բանաստեղծ, հրապարակախօս, Հայաստանի Ազգային ժողովի երեք գումարումներու պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեանը: Յառաջաբանը գրած են Տաճատ Վարդապետեանն ու Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող Վահէ Սարգսեանը: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է գրողի որդին` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վահագն Սարգսեանը:
Հենրիկ Մամեանի 90-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Յունիս 21-ին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Շնչող էջեր» առժամեայ ցուցադրութեան, որ նուիրուած է 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն հայ գծագրութեան նշանաւոր վարպետներէն մէկուն` Հենրիկ Մամեանի (1934 – 2014) ծննդեան 90-ամեակին:
Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ Մամեանի գծագրական ժառանգութեան ամէնէն ուշագրաւ նմուշները` գիրքերու նկարազարդումներ, գծանկարներ, ինչպէս նաեւ կրօնական նիւթերով կոթողական գործեր` հաւաքուած Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի եւ ընտանիքի անհատական հաւաքածոներէն:
Բազմաշերտ ու խորաթափանց, զուսպ ու միեւնոյն ժամանակ զգացական` Մամեանի արուեստը կը դիտուի ո՛չ միայն իբրեւ պատկերազարդման արուեստ, այլեւ` իբրեւ գաղափարի, ոճի եւ ժամանակի ինքնատիպ արձանագրութիւն:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսի համադրողն է Մարգարիտա Խաչատրեանը:
Փրոֆեսէօր Վահրամ Շեմմասեան Արժէքաւոր Նիւթեր Նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը շարունակաբար կը համալրուի բացառիկ եւ արժէքաւոր նիւթերով: Յունիս 18-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հիւրընկալեց բանասիրութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր, Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի (Նորթրիճ, Ամերիկա) դասախօս Վահրամ Շեմմասեանը, որ իր երկարամեայ գիտական ու հաւաքչական գործունէութեան իբրեւ արդիւնք` ձեւաւորած է հարուստ անձնական արխիւ: Արմատներով Մուսա Լեռէն սերող գիտնականը հաւաքած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին արժէքաւոր ու եզակի նիւթեր:
Փրոֆեսէօր Շեմմասեան թանգարանին յանձնեց իր անձնական հաւաքածուէն շարք մը բացառիկ նիւթեր, որոնք կ՛առնչուին հիմնականօրէն Մուսա Լերան հերոսամարտին, մուսալեռցիներու պատմութեան եւ գաղթի ու վերապրման իրենց ճանապարհին: Ներկայացուած նիւթերուն մէջ տեղ գտած են նաեւ 1909-ի Անտիոքի ջարդերէն ետք «Նպաստի յանձնաժողովի Ֆրեզնոյի հանգանակիչ յանձնախումբ»-ին կողմէ Անտիոքի գիւղերուն օգնութիւն հանգանակելու կտրօնը` վաւերացուած Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական կնիքով, 1916-ին Եգիպտոսի կառավարութեան կողմէ Ֆիլեան ընտանիքի երկու անդամներուն տրուած անցագիրները` Փոր Սայիտէն Ամերիկա մեկնելու համար: Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ նաեւ 1920-ականներու Ղազիրի (Լիբանան) որբանոցին մէջ հայ որբուհիներու գործած գորգը, որ Ամերիկայէն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան բերուած էր նախորդ տարուան դեկտեմբերին:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց նուիրատուութեան կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ Վահրամ Շեմմասեանի նուիրատուութիւնները շարունակական պիտի ըլլան, եւ այդ իսկ պատճառով պիտի ստեղծուի առանձին հաւաքածոյ:
Իր խօսքին մէջ փրոֆեսէօր Շեմմասեան ընդգծեց, որ երբեմն ընտանիքներու մէջ պահուող նիւթերն ու յիշողութեան մասունքները շատ աւելի կրնան պատմել որեւէ դրուագի մասին, քան` շատ մը արխիւներ: Ան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձեռքին մէջ ունին Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան առնչուող նիւթեր, միանալ այս գործին եւ կարելիութեան պարագային յանձնել զանոնք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին` օգնելով պահպանելու մեր պատմական հաւաքական յիշողութիւնը:
Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի Մասունքը Տարուած Է Շողակաթի Վանք
Յունիս 19-ին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշած է Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի եւ Սուրբ Աթանագինէ եպիսկոպոսի տօնը, որ նաեւ Վաղարշապատի Սուրբ Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է:
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի մասունքները ամփոփող խաչ-մասունքարանը առաւօտեան Մայր Աթոռէն Սուրբ Շողակաթ վանք տարուած է եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափօրով:
Թափօրը մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կամար գլխաւորած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` մասունքարանով օրհնելով բարեպաշտ ժողովուրդը:
Ապա սրբազան մասունքները նորին սրբութիւնը յանձնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի լուսարարապետ Անանիա վրդ. Ծատուրեանին:
Սուրբ Շողակաթ վանքին առջեւ թափօրը դիմաւորած են բազմաթիւ ուխտաւորներ` Արտակ եպս. Տիգրանեանի գլխաւորութեամբ:
Տօնին առիթով վանքին մէջ մատուցուած է պատարագ, որուն աւարտին Սուրբ Շողակաթ վանքի բակին մէջ Արտակ եպիսկոպոսի նախագահութեամբ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի մասունքները ամփոփող խաչ-մասունքարանով կատարուած է հաւատացեալներու օրհնութիւն եւ անդաստանի կարգ:
Յայտարարուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Շարժանկարի Փառատօնի Դատական Կազմին Անուանացանկը
Վերջերս յայտարարուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնի միջազգային մրցոյթի այս տարուան դատակազմի անուանացանկը, որուն մաս պիտի կազմեն` Սան Սեպասթիանի եւ Թորինոյի փառատօներու մասնակից, «Ոսկէ ծիրան»-ի դափնեկիր, ամերիկահայ բեմագիր եւ բեմադիր Էրիկ Նազարեանը, յունական Նոր ալիքի համահիմնադիր, նշանաւոր «Աթենբպերկ» ժապաւէնի բեմադիր, ինչպէս նաեւ Աթէնքի Ողիմպիական խաղերու հանդիսաւոր արարողութիւններու բեմադիր Աթինա Ռաշէլ Ցանկարի:
Միջինասիական ժամանակակից շարժարուեստի ամենավառ հեղինակներէն մէկը` ժանրային փորձարարութեան եւ հեգնական մռայլութեան վարպետ Ատիլխան Երժանով նոյնպէս դատակազմի անդամներէն է:
Միւս անդամը Ատա Սոլոմոնն է` ռումանական շարժանկարի առաջատար արտադրողներէն մէկը, Պերլինի շարժանկարի փառատօնի «Ոսկէ արջ»-ի դափնեկիր եւ «Օսքար»-ի թեկնածու ներկայացուած ժապաւէններու արտադրող:
Նշենք, որ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի մրցոյթի դատակազմի նախագահն է Քաննի շարժանկարի փառատօնի եւ «Սեզար»-ի մրցանակակիր, մաւրիտանացի վարպետ Ապտերահման Սիսաքօ:
Հաղորդենք, որ «Ոսկէ ծիրան» 22-րդ միջազգային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 13-20: Այս տարի եւս հանրութեան պիտի ներկայացուին մրցութային ժապաւէններ աշխարհի տարբեր երկիրներէն, ինչպէս նաեւ` ամէնէն հեղինակաւոր (Քանն, Պերլին, Վենետիկ…) փառատօներէն: Հայաստան պիտի գան շարժարուեստի համաշխարհային դէմքեր, որոնք իրենց փորձառութիւնն ու արուեստը պիտի ներկայացնեն շարժանկարի սիրահարներուն:
Հնատիպ Գիրքերու Արժէքաւոր Նուիրատուութիւն Մատենադարանին
Ֆրանսա բնակող Եփրեմեան ընտանիքը Մատենադարանին նուիրած է հնատիպ գիրքեր, որոնք 1945 թուականէն ի վեր պատկանած են Սեդրակ Եփրեմեանին: Գիրքերը Ֆրանսա փոխադրուած էին Թուրքիոյ Սեբաստիա նահանգի Քանկալ քաղաքէն:
Հաղորդենք, որ հաւաքածոն կը ներառէ 18-19-րդ դարերուն տպուած գիրքեր եւ այլ արժէքաւոր հրատարակութիւններ: